«Հոգիով բորբոքեցէ՛ք»
1. Մեր քարոզչութիւնը ի՞նչ բանով պէտք է յատկանշուի։
1 Մեր քրիստոնէական ծառայութեան ո՛չ մէկ երեսակը լճացած պէտք է ըլլայ։ Փոխարէն, մեզի քաջալերութիւն տրուած է. «Հոգիով բորբոքեցէ՛ք. Տէրոջը ծառայեցէ՛ք» (Հռով. 12։11)։ Սակայն շատ բաներ կան, որոնք մեր ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը կրնան նուազեցնել։ Ուստի ի՞նչպէս կրնանք Թագաւորութեան ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնն ու խանդավառութիւնը ‘արծարծել’ (Բ. Տիմ. 1։6, 7)։
2. Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կապ ունի նախանձախնդիր ծառայութեան հետ։
2 Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն։ Թագաւորութեան ատակ քարոզիչը Աստուծոյ օրէնքը կը սիրէ եւ անոր ճշմարտութիւններէն մեծապէս կ’ազդուի (Սաղ. 119։97)։ Անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին աստուածաշնչական գանձեր գտնելով, մեր սիրտը կ’ոգեւորուի եւ մեր նախանձախնդրութիւնը կ’աւելնայ։ Այսպիսի ճշմարտութիւններ Հայթայթողին հանդէպ սէրը եւ ուրիշներու հետ բարի լուրը բաժնելու մեր խոր փափաքը, մեզ կը մղեն Աստուած փառաբանելու եւ հանրապէս իր անունը ծանուցանելու (Եբ. 13։15)։ Բացայայտօրէն, բարի լուրը ջերմեռանդօրէն ներկայացնելը, անոր արժէքին հանդէպ մեր խոր գնահատութիւնը կ’արտացոլացնէ։
3. Աստուծոյ հոգին ի՞նչպէս կրնայ մեր ծառայութեան ազդել։
3 Աղօթքով Աստուծոյ հոգին խնդրէ։ Ազդու ծառայութիւնը մեր ուժով չ’իրագործուիր։ Աստուծոյ հոգիին անարգել հոսումը իսկական նախանձախնդրութիւն յառաջ կը բերէ (Ա. Պետ. 4։11)։ «Սաստիկ զօրութեան» Աղբիւրին աւելի մօտենալը, մեզի հոգեւոր զօրութիւն պիտի տայ, որ համարձակօրէն վկայենք (Եսա. 40։26, 29-31)։ Երբ Պօղոս առաքեալ ծառայութեան մէջ հակառակութիւն դիմագրաւեց, ‘Աստուծմէ օգնութիւն հասաւ’ իրեն (Գործք 26։21, 22)։ Եհովայի կազդուրիչ սուրբ հոգին կրնայ մեզի օգնել, որ ծառայութեան մէջ բորբոքինք, ուստի անոր համար պէտք է աղօթենք (Ղուկ. 11։9-13)։
4. Նախանձախնդրութիւնը ի՞նչ լաւ բաներ կրնայ յառաջացնել, բայց ի՞նչ զգուշացում տեղին է։
4 Թագաւորութեան քարոզչութեան հանդէպ մեր կրակոտ նախանձախնդրութիւնը յաճախ քրիստոնեայ հաւատակիցներուն մէջ աւելի նախանձախնդրութիւն կը յառաջացնէ (Բ. Կոր. 9։2)։ Թաղամասին մէջ հաւանական է, որ մարդիկ ա՛լ աւելի ընդառաջեն պատգամի մը, որ խանդավառութեամբ ու համոզումով կը ներկայացուի։ Սակայն նախանձախնդրութեան միշտ պէտք է ընկերանան փափկանկատութիւնն ու հեզութիւնը (Տիտ. 3։2)։ Ամէն ատեն կը ջանանք տանտէրը պատուել եւ իր ազատ կամքը յարգել։
5. Ներշնչեալ ո՞ր յորդորը պէտք է ջանանք գործադրել։
5 Որպէս Թագաւորութիւնը ծանուցանողներ, միշտ ‘հոգիով բորբոքինք’։ Նախանձախնդրութիւն մշակենք Աստուածաշունչը անձնապէս ուսումնասիրելով եւ Եհովայի ջերմեռանդօրէն աղօթելով, որ կրնայ զօրեղ սուրբ հոգին մեզի տալ։ Այս կերպով, կրնանք մեր ծառայութիւնը նախանձախնդրութեամբ կատարել՝ «Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ» (Ա. Թես. 1։5)։