Ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պէտք է պահպանենք
1 Եհովայի Վկաները, 1992–էն ի վեր, ամէն տարի նախանձախնդրաբար աւելի քան մէկ միլիառ ժամ տրամադրած են Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու համաշխարհային գործին։ Ո՜րքան ուրախ ենք որ այդ հրաշալի իրագործումին մէջ պզտիկ բաժին մը բերած ենք։—Մատթ. 28։19, 20
2 Անշուշտ, շնորհակալութիւնն ու փառաբանութիւնը Եհովայի կ’երթայ, որ այս «չար ժամանակներ»ուն ընթացքին մեր ծառայութեան մէջ մեզի թիկունք կանգնած է։ (Բ. Տիմ. 3։1) Եթէ կ’ուզենք շարունակել այս կարեւոր գործին նախանձախնդրաբար մասնակցիլ, մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։
3 Նախանձախնդրութեան հիմ մը. Աստուծոյ ու ընկերին հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ մեր նուիրումին համաձայն ապրելու սրտագին փափաքը, մեր Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ մեզ խթանող ազդակներ են։ (Մատթ. 22։37-39. Ա. Յովհ. 5։3) Սէրը մեզ կը մղէ զոհողութիւններ ընելու, որպէսզի կարենանք քարոզչութեան մէջ ամբողջական մասնակցութիւն ունենալ։—Ղուկ. 9։23
4 Ջանա՛ նախանձախնդրութիւն պահպանել. Մեր հակառակորդը՝ Բանսարկուն, ամէն ջանք կը թափէ ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը մարելու համար։ Մեր թաղամասին մէջ գտնուող մարդոց անտարբերութիւնը, աշխարհին զբաղումները, առօրեայ կեանքին ճնշումները եւ մեր վատթարացող առողջութեան նկատմամբ մեր մտահոգութիւնը, քանի մը բաներ են զորս ան կը գործածէ մեզ վհատեցնելու համար։
5 Հետեւաբար, մեր նախանձախնդրութիւնը վառ պահելու համար պէտք է ծանր աշխատինք։ Կարեւոր է որ մեր «առաջուան սէր»ը մշակենք։ Ասիկա կը պարփակէ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալ եւ անոր վրայ խոկալ, նաեւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ եղած հոգեւոր բոլոր հայթայթումներէն օգտուիլ։—Յայտ. 2։4. Մատթ. 24։45. Սաղմ. 119։97
6 Ինչպէս Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տան, ամբարիշտ մարդիկը կործանելու Եհովայի օրը արագօրէն կը մօտենայ։ (Բ. Պետ. 2։3. 3։10) Ասիկա յստակօրէն ի մտի ունենալով, ծանր աշխատինք ծառայութեան հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը պահպանելու, ներկայիս տեղի ունեցող Թագաւորութեան քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին մէջ ամբողջական մասնակցութիւն բերելով։