Յիշատակատօնի շրջանին Եհովային ու Յիսուսին նախանձախնդրութիւնը պիտի ընդօրինակե՞ս
1. Յիշատակատօնի շրջանին Եհովայի վկաները մասնաւոր ջանք կը թափեն ի՞նչ ընելու։
1 Եհովան նախանձախնդրօրէն իր նպատակը կ’իրագործէ։ Ակնարկելով Աստուծոյ Թագաւորութեան կարգ մը օրհնութիւններուն, Եսայի 9։7–ն կ’ըսէ. «Զօրքերու Տէրոջը նախանձը [«նախանձախնդրութիւնը», ՆԱ] պիտի ընէ ասիկա»։ Նմանապէս Աստուծոյ Որդին իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, ճշմարիտ պաշտամունքին հանդէպ շատ նախանձախնդիր էր (Յովհ. 2։13-17. 4։34)։ Ամէն տարի, Յիշատակատօնի շրջանին, աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր հրատարակիչներ մասնաւոր ջանք կը թափեն, որ Եհովային ու Յիսուսին նախանձախնդրութիւնը ընդօրինակեն՝ ծառայութեան մէջ իրենց գործունէութիւնը աւելցնելով։ Դուն ալ անոնց պէս պիտի ընե՞ս։
2. Մեր նախանձախնդրութիւնը մեզ պիտի մղէ որ մարտ 7–էն սկսեալ ի՞նչ ընենք։
2 Յիշատակատօնի արշաւ։ Յիշատակատօնը ծանուցանելու այս տարուան արշաւը պիտի սկսի շաբաթ, մարտ 7–ին։ Հիմակուընէ ծրագրէ նախանձախնդրօրէն ծառայութեան մասնակցիլ։ Մինչ ժողովքները ժրաջանօրէն իրենց թաղամասը կարելի եղածին չափ կը ծածկեն, խանդավառութեամբ պիտի լեցուին։ Մասնաւոր ջանք թափէ հրաւիրելու Աստուածաշունչի աշակերտներդ, վերայցելութիւններդ, գործակիցներդ, ազգականներդ եւ դպրոցակիցներդ՝ իրենց հրաւիրագիր տալով կամ jw.org կայքը գործածելով։
3. Մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն ընթացքին ինչպէ՞ս կրնանք մեր ծառայութիւնը աւելցնել։
3 Օժանդակ ռահվիրայութիւն։ Նախանձախնդիր ըլլալը նաեւ մեզ պիտի քաջալերէ որ մեր ծառայութիւնը աւելցնենք։ Անկասկած, շատեր պիտի կարենան օժանդակ ռահվիրայ ըլլալ մարտ եւ ապրիլ ամիսներուն ընթացքին, քանի որ մեզի առիթ պիտի տրուի 30 ժամով ռահվիրայութիւն ընել։ Ընտանեկան պաշտամունքիդ կամ անձնական ուսումնասիրութեանդ ընթացքին, աղօթքով նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ասիկա ընել (Առ. 15։22)։ Արշաւին նկատմամբ խանդավառ ըլլալդ կրնայ ուրիշները մղել, որ նախանձախնդրօրէն ծառայեն։ Եթէ ծառայութեան աւելի մասնակցելու համար ճշդումներ ընես, Յիսուսի նախանձախնդրութիւնը ընդօրինակած պիտի ըլլաս (Մար. 6։31-34)։
4. Եհովային ու Յիսուսին նախանձախնդրութիւնը ընդօրինակելով ի՞նչ վարձատրութիւններ կը ստանանք։
4 Յիշատակատօնի շրջանին Եհովային ու Յիսուսին նախանձախնդրութիւնը ընդօրինակելը ճոխ վարձատրութիւններ պիտի բերէ։ Թաղամասին մէջ շատեր վկայութիւն պիտի ստանան։ Պիտի վայելենք այն ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը, որոնք Եհովային ծառայելէն եւ ուրիշներուն տալէն յառաջ կու գան (Գործք 20։35)։ Ամէնէն կարեւորը, պիտի հաճեցնենք մեր նախանձախնդիր Աստուածը եւ իր Որդին։