Օտարախօս դաշտը մշակել
1. Մեր նշանակուած թաղամասերուն մէջ ի՞նչ պատեհութիւն ներկայացած է։
1 Յիսուս Քրիստոս նախագուշակեց, թէ աշխարհի տարածքին բարի լուրը պիտի քարոզուէր՝ «բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։ Այս խօսքին կարեւորութեան կը գիտակցի իւրաքանչիւր ծառայ, որ քարոզչութեան եւ աշակերտելու գործին կը մասնակցի (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Քարոզչութեան ընթացքին, կը հանդիպինք օտարախօս անհատներու, որոնք զանազան երկիրներէ եկած են։ Անոնք ալ արժանի են պատեհութիւն ունենալու, որ Թագաւորութեան պատգամը լսեն ու ճշմարտութեան կողքին հաստատ դիրք բռնեն, Եհովայի ահեղ օրը չեկած (Մաղ. 3։18)։ Ի՞նչպէս կրնանք մեզի նշանակուած թաղամասին մէջ օտարախօս դաշտը մշակել։
2. Ի՞նչ կերպով Եհովան կ’ընդօրինակենք, երբ օտարախօս անհատներու կը խօսինք։
2 Օտարախօս անհատներու նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը արտացոլացուր։ Մեր թաղամասին մէջ եղող բոլոր մարդոց հանդէպ Եհովայի սէրը անաչառօրէն ցոյց տալու համար, պէտք է տենչանք անոնց օգնել, որ ճշմարիտ Աստուծոյ մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգեն, առանց նկատի առնելու թէ ի՛նչ լեզու կը խօսին (Սաղ. 83։18. Գործք 10։34, 35)։ Թէեւ գլխաւորաբար կը կեդրոնանանք մեր ժողովքի լեզուն խօսող անհատներուն վրայ, սակայն օտարախօս անհատներու կարիքներուն պէտք է ուշադիր ըլլանք ու կերպեր փնտռենք, որ Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը անոնց հաղորդենք։ Օտարախօս անհատները անտեսելը ներդաշնակ պիտի չըլլայ Եհովայի նպատակին հետ,– բոլոր ազգերէ մարդոց վկայութիւն տալ։ Արդ, ի՞նչպէս կրնանք օտարախօս անհատներուն օգնել։
3. Ի՞նչ պիտանի գործիք մը հայթայթուած է, եւ զայն գործածելու համար ի՞նչպէս կրնանք նախապատրաստուիլ։
3 Բարի լուր՝ բոլոր ազգերուն գրքոյկը գործածէ։ Այս գրքոյկը ծրագրուած է գործածուելու համար, երբ օտարախօս անհատի մը կը հանդիպինք։ Զայն ամէն ատեն ձեռքի տակ պահէ, անոր զանազան երեսակներուն քաջածանօթ եղիր եւ զայն գործածելու նախապատրաստուէ։ Արագ գործածութեան համար, թաղամասիդ մէջ խօսուած լեզուները նշէ։ Եթէ այդ լեզուներով հրատարակութիւններ մատչելի են, գործնական պիտի ըլլայ քանի մը հատ հետդ ունենալ, զանոնք անհատին տալու, գրքոյկին բովանդակած պատգամը գործածելէ ետք։
4. Ի՞նչպէս կրնանք Բոլոր ազգերուն գրքոյկը մեր ծառայութեան մէջ գործածել։
4 Եթէ ծառայութեան մէջ օտարախօս անհատի մը հանդիպիս եւ վստահ չես թէ ի՛նչ լեզու կը խօսի, նախ գրքոյկին կողքը ցոյց տուր։ Կողքին ետեւը գտնուող աշխարհի քարտէսը ցոյց տուր, նշէ թէ ո՛ր երկրին մէջ ես, ապա հասկցուր թէ կը փափաքիս գիտնալ թէ ո՛ր երկրէն եկած է եւ ի՛նչ լեզու կը խօսի։ Անոր խօսած լեզուն ստուգելէ ետք, բովանդակութեան ցանկը բաց, յարմար էջը գտիր, եւ անհատին ուշադրութիւնը ուղղէ էջին վերեւը գտնուող սեւատիպ նախադասութեան, ապա հասկցուր թէ կը փափաքիս որ պատգամը կարդայ։ Պատգամը կարդալէ ետք, անոր լեզուով թերթիկ մը ներկայացուր կամ մատնանշէ մոխրագոյն նախադասութիւնը, որ կ’ըսէ թէ կը փափաքիս վերադառնալ՝ անոր լեզուով հրատարակութիւն մը բերելով։ Յետոյ սեւատիպ «Անունս» բառը մատնանշէ ու յստակօրէն անունդ ըսէ։ Սեւատիպ «ձեր անունը» մատնանշէ ու սպասէ անոր պատասխանին։ Վերայցելութեան հաստատ կարգադրութիւն ըրէ։
5. Հետաքրքրութիւն ցուցաբերող օտարախօս անհատներուն պատշաճօրէն հոգ տանելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
5 Հետաքրքրութիւնը հետապնդելու կարգադրութիւններ։ Ամէն ջանք պէտք է թափուի վերայցելելու համար անոնց՝ որոնք Թագաւորութեան պատգամով կը հետաքրքրուին, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց լեզուն։ Անգամ մը որ վստահ եղանք, թէ անհատը Աստուծմով եւ Աստուածաշունչով հետաքրքրուած է, պէտք է Հաճեցէք այցելել (S-43) պատճէնը լեցնենք ու փութով տանք ժողովքի քարտուղարին, որպէսզի զայն մասնաճիւղ ուղարկէ, այնպէս որ անհատը կարենայ այցելութիւն մը ստանալ իր լեզուն խօսող մէկու մը կողմէ։ Մասնաճիւղը այս պատճէնը պիտի յանձնէ յարմար լեզուական խումբին, որ անյապաղ կապ պիտի պահէ հետաքրքրուած անհատին հետ։ Քարտուղարը պատճէնին մէկ օրինակը ծառայութեան տեսուչին պիտի տայ, որպէսզի ան շարունակ գիտնայ որոշ լեզուական խմբակի մը ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը։ Այս պատճէնը պէտք է գործածուի միայն երբ անհատը իսկական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ։
6. Եթէ օտարախօս անհատ մը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունինք։
6 S-43 պատճէնը քարտուղարին յանձնելէ ետք, կրնայ բաւական ժամանակ անցնիլ մինչեւ որ հետաքրքրուած անհատը այցելութիւն մը ստանայ իր լեզուն խօսող հրատարակիչի մը կողմէ։ Հետեւաբար, ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը մշակելու համար, S-43 պատճէնը յանձնող հրատարակիչը կրնայ շարունակել անհատին այցելել եւ կարգ մը պարագաներուն՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել։ Սակայն այս միջոցին, հրատարակիչը ի՞նչպէս կրնայ հետաքրքրուած անհատին լեզուով հրատարակութիւններ ձեռք ձգել։
7. Ո՞ր կարգադրութեան միջոցով կրնանք օտար լեզուներով հրատարակութիւններ ձեռք ձգել։
7 Օտար լեզուներով հրատարակութիւններ։ Ժողովքը օտար լեզուներով հրատարակութիւններու մեծ քանակ մը պէտք չէ ամբարէ։ Սակայն, եթէ ծառայութեան տեսուչը նկատէ, թէ որոշ լեզուական խումբ մը սկսած է ճշմարտութեամբ հետաքրքրուիլ, կրնայ որոշել որ այդ լեզուով փոքրաթիւ հրատարակութիւններ պահուին, հրատարակիչներուն կողմէ գործածուելու համար։ Եթէ ժողովքը ոչ մէկ հրատարակութիւն ունի, կարելի է զանոնք ապսպրել։ Օտար լեզուով հրատարակութիւններուն հասնիլը ժամանակ կ’առնէ։ Հետեւաբար, կարելի է www.watchtower.org ցանցակայքէն հրատարակութիւններ տպել։ Հարիւրաւոր լեզուներով հրատարակութիւններ մատչելի են, որոնցմէ անմիջապէս կ’օգտուի հրատարակիչը կամ հետաքրքրուած անհատը։ Անկասկած այս մեթոտը պիտանի պիտի ըլլայ, երբ օտարախօս անհատներու ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը կը մշակենք։
8. Օտարախօս անհատներու ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը մշակելու մէջ ժողովքը ի՞նչ դեր կը խաղայ։
8 Ժողովքին դերը։ Կարգ մը պարագաներուն, օտարախօս մեծ հաւաքականութիւն մը կը զարգանայ, բայց այդ լեզուով ժողովներ վարող մօտակայ ժողովք մը չի գտնուիր։ Ուստի օտարախօս հետաքրքրուած անհատները հրաւիրէ, որ ժողովքիդ ժողովներուն ներկայ գտնուին։ Ջերմ ընդունելութիւնը եւ անոնցմով անձնապէս հետաքրքրուիլը կրնան զիրենք քաջալերել, որ ժողովքին կանոնաւորաբար ընկերակցին։ Սկիզբը գուցէ լեզուական ու մշակութային արգելքներ ըլլան, բայց Եհովայի վկաներու համաշխարհային ընկերակցութեան մէջ իսկական քրիստոնէական սէրը ամէն խոչընդոտ կը յաղթահարէ (Սոփ. 3։9. Յովհ. 13։35)։ Եթէ օտար լեզու մը սահունօրէն կը խօսիս ու կ’ուզես այդ լեզուով վերայցելութիւններ ընել, հաճիս ժողովքիդ քարտուղարին իմացուր, որպէսզի այս տեղեկութիւնը մասնաճիւղին փոխանցէ։ Ասիկա օգտակար պիտի ըլլայ, երբ մասնաճիւղը հրատարակիչ մը փնտռէ, որ գտնուած հետաքրքրութիւնը մշակէ։
9. Ե՞րբ օտար լեզուի դասարան մը կը հաստատուի եւ ի՞նչպէս։
9 Նոր լեզու սորվիլ։ Երբ օտարախօս անհատներու կ’օգնես, լաւագոյն բանն է զիրենք քաջալերել, որ սկսին իրենց լեզուով վարուող ժողովներուն ներկայ գտնուելու, եթէ ասիկա իրենց համար կարելի է։ Սակայն, երբ այդ մէկը անկարելի է, թերեւս կարգ մը հրատարակիչներ որոշեն օտար լեզուն սորվիլ, որպէսզի կարենան հետաքրքրուած անհատներուն աւելի օգտակար դառնալ։ Եթէ մօտակայ ժողովք մը չկայ եւ գաղթական կամ բնիկ մեծ համայնք մը կայ, մասնաճիւղը կրնայ որոշել, որ օտար լեզուն սորվեցնելու համար դասարան մը հաստատուի։ Այս պարագային, մասնաճիւղը մօտակայ ժողովքները տեղեակ կը պահէ առկայ կարիքին եւ կը ծանուցանէ դասարանին հաստատուիլը։ Անոնք որոնք կը փափաքին այդ լեզուական դասընթացքներուն հետեւիլ, պէտք է նպատակակէտ ունենան՝ տուեալ խումբին կամ ժողովքին փոխադրուիլ, որպէսզի այդ լեզուական դաշտը մշակեն։
10. Ե՞րբ օտարախօս խումբ մը կարելի է կազմել, եւ ասիկա ի՞նչպէս կ’որոշուի։
10 Խումբ մը կազմել։ Որոշ լեզուով խումբ մը կազմելու համար, չորս հիմնական պահանջներու գոհացում պէտք է տրուի։ 1) Տուեալ լեզուի դաշտին մէջ բաւարար հետաքրքրութիւն եւ աճման կարելիութիւն պէտք է ըլլան։ 2) Հրատարակիչներու խմբակ մը տուեալ լեզուն գիտէ կամ կը սորվի։ 3) Որակեալ երէց կամ օգնական ծառայ մը մատչելի է, որպէսզի առաջնորդութիւնը առնէ եւ տուեալ լեզուով շաբաթը առնուազն մէկ ժողով վարէ։ 4) Երէցներու մարմին մը պատրաստ է խումբին հոգ տանելու։ Երբ այս պահանջներուն տրամաբանական չափով գոհացում տրուի, երէցներու մարմինը մասնաճիւղը տեղեակ պիտի պահէ խումբին մանրամասնութիւններուն եւ պիտի խնդրէ պաշտօնապէս ընդունիլ, որ ժողովքը օտարախօս խումբին վրայ վերահսկէ (Տե՛ս Կազմակերպուած, էջ 106-107)։ Առաջնորդութիւն առնող երէցը կամ օգնական ծառան պիտի նկատուի «խումբի տեսուչ» կամ «խումբի ծառայ», որուն պատասխանատուութիւնն է՝ խումբին հոգ տանիլ։
11. Մեզի նշանակուած թաղամասերուն մէջ օտարախօս դաշտը մշակելը ինչո՞ւ առանձնաշնորհում մըն է։
11 Մեզի նշանակուած թաղամասին մէջ օտարախօս դաշտը մշակելը կենսական մէկ մասն է այն համաշխարհային քարոզչական արշաւին, որուն սկիզբ տուաւ մեր Տիպարը՝ Յիսուս Քրիստոս։ Նախանձախնդրաբար մեր բաժինը կատարենք ու տեսնենք թէ Եհովա ի՛նչպէս կը շարունակէ ազգերը շարժել եւ իրեն ցանկալի եղողները բերել (Ան. 2։7)։ Ի՜նչ գոհունակութիւն է՝ այս աշխատանքին մէջ լիովին համագործակցիլը։ Թող Եհովա մեր միացեալ ջանքերը օրհնէ, որպէսզի մեր թաղամասերուն մէջ օտարախօս դաշտը մշակենք, միշտ ի մտի ունենալով, թէ լեզուական ի՛նչ խոչընդոտներ ալ ըլլան, Աստուած կրնայ զայն աճեցնել (Ա. Կոր. 3։6-9)։