Հրատապութեան զգացումով քարոզէ՛
1. Պօղոսի ո՞ր յորդորը մեր ուշադրութեան արժանի է ներկայիս։
1 «Խօսքը քարոզէ՛, մտադրութեամբ [«հրատապութեան զգացումով», ՆԱ] գործիդ պարապէ՛» (Բ. Տիմ. 4։2)։ Պօղոսի յորդորը ինչո՞ւ շատ կարեւոր է ներկայիս։ Այս խօսքերը ի՞նչպէս կրնան թէ՛ մեր եւ թէ ուրիշներուն կեանքին ազդել։
2. Ինչո՞ւ փութաջանօրէն կը փնտռենք բարի լուրը չլսողները։
2 Կեանքեր պարփակուած են։ Աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ տակաւին պէտք է լսեն բարի լուրը, որ իրենց փրկութեան կրնայ առաջնորդել (Հռով. 10։13-15. Ա. Տիմ. 4։16)։ Տակաւին պարկեշտամիտ անձերու կը հանդիպինք՝ յաճախ աշխատցուած թաղամասերու մէջ։ Եթէ տարբեր օր մը կամ օրուան ուրիշ մէկ ժամուն այցելենք, կրնանք տարբեր անհատ մը տունը գտնել։ Այսպիսի փութաջան փնտռտուք մը ընելով՝ մեր խիղճը մաքուր պիտի պահենք եւ արիւնապարտութենէ զերծ պիտի ըլլանք (Գործք 20։26)։
3. Ի՞նչպէս կրնանք ծառայութեան մէջ մեր ժամանակը խոհեմութեամբ գործածել։
3 Հակառակ վայրագ հակառակութեան, առաջին դարու քրիստոնեաները ‘Երուսաղէմը իրենց ուսմունքովը լեցուցին’ (Գործք 5։28)։ Մենք ալ վճռա՞ծ ենք «հիմնովին վկայութիւն տալ» (Գործք 10։42, ՆԱ)։ Երբ ծառայութեան կը մասնակցինք, ժամանակը խոհեմութեամբ կը գործածե՞նք։ Մինչ մեր ընկերակիցները վերայցելութիւն մը կ’ընեն, նախաձեռնութիւնը կ’առնե՞նք սպասման ժամանակը օգտագործելով անցորդներուն հետ խօսելու։
4. Հրատապութեան զգացումով քարոզելը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ զգաստ մնալու։
4 Մեր արթնութիւնը կ’աւելցնէ։ Մինչ իրերու այս դրութեան վախճանը կը մօտենայ, պէտք է արթուն ու զգաստ ըլլանք (Ա. Թես. 5։1-6)։ Երբ Թագաւորութեան մեր յոյսին մասին կանոնաւորաբար կը խօսինք, այս իրերու դրութեամբ ծանրաբեռնուելէ կը խուսափինք (Ղուկ. 21։34-36)։ Իր կարգին, մինչ Եհովայի օրը «մեր մտքին մէջ ամուր կը պահենք», կը մղուինք քարոզչութեան փրկաբեր գործին մէջ մեր մասնակցութիւնը աւելցնելու (Բ. Պետ. 3։11, 12, ՆԱ)։
5. Կեանքի հանդէպ յարգանքը ի՞նչպէս կը խթանէ մեզ ծառայութեան մէջ։
5 Երբ հրատապութեան զգացումով քարոզենք, կեանքի նկատմամբ Եհովայի տեսակէտը կ’արտացոլացնենք. «[Ան] չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն» (Բ. Պետ. 3։9. Եզեկ. 33։11)։ Վճռենք մեր թաղամասին մէջ կարելի եղածին չափ շատ անձերու հետ խօսիլ, Եհովայի փառաբանութեան համար (Սաղ. 109։30)։