Դեկտեմբեր 14–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 14–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգեցողութիւն 85
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 14 պարբ. 1-9
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յեսու 6-8
Թիւ 1. Յեսու 8։1-17
Թիւ 2. Ջուրերը դարձեալ աշխարհը պիտի կործանե՞ն (lr գլուխ 46)
Թիւ 3. Ժողովող 7։21, 22–ը ինչո՞ւ գործնական խրատ մըն է
□ Ծառայութեան ժողով
Երգեցողութիւն 27
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
15 վյրկ. ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՎԱԽՆԱՄ ՀԱՒԱՏՔՍ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱԺՆԵԼԷ։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Զարթի՛ր յուլիս 2009 թիւին վրայ, էջ 24-27։ Պարփակէ ցուցադրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչպէս ծնողներ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն գործածելով իրենց զաւակը կը պատրաստեն՝ դպրոցին մէջ յարուցուած հարցումներուն պատասխանելու։ Անոնք պրպտում կ’ընեն եւ էջ 25–ի վրայ գտնուող հարցումներէն մին կը քննարկեն, ապա կ’ունենան փորձի նիստ մը, որուն ընթացքին զաւակը հարցումին կը պատասխանէ։
15 վյրկ. «Հրատապութեան զգացումով քարոզէ՛»։ Հարց–պատասխանով քննարկում։ Երբ 4–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, Թագաւորութեան նախանձախնդիր հրատարակիչի մը հետ հարցազրոյց ունենալով հետեւեալ հարցումները ուղղէ. ի՞նչ քայլեր առած ես, որ այս աշխարհի անհարկի բաներով չծանրաբեռնուիս։ Հրատապութեան զգացումով քարոզելը ի՞նչպէս քեզի օգուտներ բերած է։
Երգեցողութիւն 129