Ի՛նչպէս պարբերաթերթերը առաջարկել
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 նոյեմբեր
«Բոլորս ալ կեանքի մէջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք։ [Նշէ կարգ մը տեղական մարտահրաւէրներ։] Կը խորհի՞ս թէ Աստուած կրնայ մեզի օգնել անոնց հետ գլուխ ելլելու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս համարին մէջ Յիսուս կը բնորոշէ կերպերէն մէկը, որով Աստուած մեզի կ’օգնէ։ [Կարդա՛ Ղուկաս 11։13–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ, թէ սուրբ հոգին ի՛նչ է եւ ի՛նչպէս կրնայ մեզի օգտակար ըլլալ»։
ԴԻՏԱՐԱՆ 1 դեկտեմբեր
«Սարքեր, ինչպէս՝ բջիջային հեռաձայնը եւ համակարգիչը, առօրեայ կեանքին մէկ մասը դարձած են։ Քու կարծիքովդ, արուեստագիտութեան գործածութիւնը ժամանակը կը խնայէ՞ թէ կը վատնէ։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Շատեր կ’ընդունին այս տրուած քաջալերութիւնը, որ ժամանակը իմաստութեամբ գործածենք։ [Կարդա՛ Եփեսացիս 5։15, 16–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ, թէ ի՛նչպէս կրնանք հաւասարակշռութեամբ ու զգուշութեամբ արուեստագիտութիւնը գործածել»։