Հարցումի տուփ
◼ Որո՞նք պէտք է լեցնեն կտրօնները եւ համացանցի միջոցաւ ներկայացուած խնդրանքները։
Հրատարակութիւն մը կամ Եհովայի վկաներու այցելութիւն մը խնդրելու համար, մեր հրատարակութիւնները յաճախ կը պարփակեն կտրօններ՝ որոնք կրնան լեցուիլ եւ մասնաճիւղ ղրկուիլ։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրելու համար, կրնայ գործածուիլ մեր ցանցակայքը՝ www.watchtower.org։ Այս կարգադրութիւնները շատերու կ’օգնեն որ ճշմարտութիւնը սորվին։ Սակայն, խնդիրներ ծագած են երբ հրատարակիչներ գործածած են այս միջոցները որպէսզի կարգադրութիւններ ընեն, որ իրենց ազգականները կամ ուրիշներ հոգեւոր օգնութիւն ստանան։
Ոմանք, որոնց չապսպրուած հրատարակութիւն մը ղրկուած է մասնաճիւղէն, գանգատած են՝ խորհելով որ մեր կազմակերպութիւնը զիրենք կը նեղէ եւ թէ իրենց անունը որոշ հասցէներու ցանկի մը վրայ ունի։ Հրատարակիչներ, որոնք նամակ ստացած են անհատի մը այցելելու, որ անձնապէս այցելութիւն չէ խնդրած, իրենք զիրենք անհաճելի կացութեան մը առջեւ գտած են՝ երբ ան զայրացած է։ Հետեւաբար, խնդրանքները որոնք մեր ցանցակայքին կամ կտրօններու միջոցաւ կը ղրկուին, պէտք է լեցուին հետաքրքրուած անհատներուն կողմէ եւ ոչ թէ հրատարակիչներուն կողմէ՝ ի նպաստ ուրիշներու։ Երբ ի յայտ գայ որ այսպիսի խնդրանքներ հրատարակիչի մը կողմէ լեցուած են, ուրիշ անհատի մը հետ կապի մէջ մնալու համար, մասնաճիւղը ընդհանրապէս զանոնք կ’անտեսէ։
Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ազգականի մը կամ ծանօթի մը հոգեւորապէս օգնել։ Եթէ կ’ուզես որ ան հրատարակութիւն մը ստանայ, ինչո՞ւ զայն ուղղակի իրեն որպէս նուէր չղրկես։ Եթէ ան հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է եւ կը փափաքի՛ որ Վկաները իրեն այցելեն, բայց դուն չես գիտեր տեղական ժողովքի երէցներուն հետ ինչպէ՛ս կապ պահել, հարկ է որ Հաճեցէք այցելել (S-43) պատճէնը տաս ժողովքիդ քարտուղարին, որ զայն աչքէ պիտի անցընէ եւ մասնաճիւղին ուղարկէ։ Սակայն, եթէ հետաքրքրուած անհատը բանտի, արգելարանի, թմրամոլներու օգնելու կեդրոնի, կամ կառավարական հիւանդանոցի մը մէջ արգելափակուած է, պէտք չէ որ իրեն համար դո՛ւն մասնաճիւղին հետ կապ պահես։ Փոխարէն, կրնաս զինք քաջալերել որ կապ պահէ այն եղբայրներուն հետ, որոնք իր վայրը կ’այցելեն, կամ ինք անձամբ մասնաճիւղին նամակ գրէ։