Հոկտեմբեր 1–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 103 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Վկայութիւն տանք գլուխ 27 պարբ. 10-18 (30 վյրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Դանիէլ 4-6 (10 վյրկ.)
Թիւ 1. Դանիէլ 4։18-28 (4 վյրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՛ւ ոգեհարցութեան միջամուխ ըլլալէ կը խուսափին (5 վյրկ.)
Թիւ 3. Անցեալին Աստուած իր երկրային ծառաներուն ինչպէ՞ս ցուցմունքներ հաղորդեց (rs էջ 281 պարբ. 1-2 [էջ 405 պարբ. 2-3, արաբ.]) (5 վյրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
5 վյրկ. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիր ամսուան առաջին շաբաթ օրը։ Այս էջին ներկայացումի նմոյշը գործածելով, ցուցադրէ թէ հոկտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթ օրը ինչպէ՛ս կարելի է ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Բոլորը քաջալերէ որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն։
15 վյրկ. Անցեալ տարի ինչպէ՞ս ծառայեցինք։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ Վերաքաղ ըրէ թէ ժողովքը անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին ի՛նչ բաներ իրագործեց, լաւ կէտերուն վրայ կեդրոնացիր եւ պատշաճ կերպով ժողովքը գովէ։ Հարցազրոյց ունեցիր մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ, որոնք լաւ փորձառութիւններ ունեցան։ Ծառայութեան մէկ կամ երկու երեսակներ յիշէ, որոնց վրայ ժողովքը կրնայ աշխատիլ յաջորդ տարին, եւ գործնական առաջարկներ տուր։
10 վյրկ. Հոկտեմբեր ամսուան մէջ պարբերաթերթերը առաջարկելու գաղափարներ։ Քննարկութիւն։ Կէս կամ մէկ վայրկեան տրամադրէ նշելու, թէ պարբերաթերթերը ինչո՛ւ հետաքրքրական պիտի ըլլան թաղամասի մարդոց համար։ Ապա Դիտարան–ի կողքի յօդուածաշարքը գործածելով ներկաներէն խնդրէ, որ հետաքրքրութիւն արթնցնող հարցում մը, ապա՝ համար մը առաջարկեն։ Նոյնը ըրէ Զարթի՛ր–ի կողքի յօդուածաշարքին համար։ Եւ եթէ ժամանակը ներէ, նկատի առ յաւելեալ յօդուած մը Դիտարան–էն կամ Զարթի՛ր–էն։ Ցուցադրէ թէ ինչպէ՛ս կարելի է իւրաքանչիւր թիւ ներկայացնել։
Երգ 85 եւ աղօթք