Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ՝ սեպտեմբեր եւ հոկտեմբեր. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ վերայցելութիւններ կ’ընէք, ներկայացուցէք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը կամ, եթէ անհատին կարիքներուն աւելի յարմար է, Աստուծոյ մտիկ ըրէ կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը, եւ ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Նոյեմբեր եւ դեկտեմբեր. Հրատարակիչները կրնան հետեւեալ թերթիկներէն մէկը ներկայացնել. Ինչո՛ւ կրնաք Աստուածաշունչին վստահիլ, Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ կամ Ներկայ աշխարհը պիտի վերապրի՞։ Եթէ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը, Աստուծոյ մտիկ ըրէ գրքոյկը կամ Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս գրքոյկը։
◼ 2013–ի Յիշատակատօնի շրջանին, հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի ապրիլ 1–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դասախօսութեան թեման յետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւն կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, յաջորդ շաբաթ պիտի ունկնդրեն մասնաւոր դասախօսութիւնը։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը ապրիլ 1–էն առաջ պէտք չէ ունկնդրէ։