Ներկայացումի նմոյշներ
Յուլիս ամսուան առաջին շաբաթ օրը՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար
«Մեր միջավայրին մէջ գրեթէ ամէն մարդ կը փափաքի ուրախ եւ երկար կեանք մը ունենալ։ Անոր համար կ’ուզենք այս հարցումին շուրջ ձեր կարծիքը առնել։ Ի՛նչ կը խորհիք. արդեօք գիտութիւնը եւ բժշկութիւնը օր մը օրանց մեզի կարող պիտի դարձնե՞ն ուրախ եւ անվերջ կեանք մը վայելելու։ [Թոյլ տուր պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ հոս ի՛նչ կ’ըսէ»։ Ցոյց տուր Դիտարան–ի 1 յուլիս թիւին ետեւի կողքը եւ միասնաբար նկատի առէք առաջին հարցումին տակ գտնուող նիւթը ու նշուած համարներէն առնուազն մէկը։ Պարբերաթերթերը առաջարկէ եւ յաջորդ հարցումը քննարկելու համար վերադառնալու կարգադրութիւն ըրէ։
Նշմար. այս ներկայացումը պէտք է ցուցադրուի յուլիս 6–ին կայացող դաշտի ծառայութեան ժողովին ընթացքին։
Դիտարան 1 յուլիս
«Շատեր, որոնց հետ կը խօսակցինք, իրենց անձնական կրօնքը ունին։ Բայց ուրիշներ կ’ըսեն թէ կրօնքի հանդէպ այլեւս հաւատք չունին։ Ձե՞ր կարծիքը ինչ է կրօնքին մասին։ [Թոյլ տուր պատասխանէ։] Յիսուս տուաւ չափանիշ մը, որ մեզի կ’օգնէ երբ կը քննենք որոշ կրօնք մը։ [Կարդա՛ Ղուկաս 6։44ա։] Այս պարբերաթերթը կը քննարկէ կրօնքին յառաջ բերած կարգ մը վատ պտուղները։ Անիկա նաեւ կը պատասխանէ այս հարցումին. Արդեօք կա՞յ կրօնք մը որ վստահելի է»։
Զարթի՛ր յուլիս
«Մենք մեր դրացիները կ’այցելենք մտահոգող խնդրի մը մասին խօսելու համար, որն է անարդարութիւնը։ Կարգ մը մարդիկ անարդարութեան դէմ կը պայքարին ցոյցեր ընելով։ Կը կարծէ՞ք թէ անոնք, որոնք ցոյցեր կ’ընեն, կը յաջողին փոփոխութիւններ յառաջ բերելու։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առէք թէ ըստ Աստուածաշունչին, ի՛նչն է որ երկրին վիճակը իսկապէս պիտի փոխէ։ [Կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10։] Այս պարբերաթերթը կը պատասխանէ այս հարցումին. Լուծումը ցոյցեր ընե՞լն է»։
Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
«Մենք ձեր շրջանի ընտանիքներուն կ’այցելենք, անոնց հետ Աստուածաշունչէն քաջալերական կէտ մը բաժնելու համար։ Շատեր, որոնց հետ կը խօսինք, հարց կու տան թէ սիրալիր Աստուած մը ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ աշխարհին մէջ ա՛յսքան տառապանք ըլլայ։ Կը կարծէ՞ք թէ սկիզբէն իսկ Աստուած մտադրած էր որ երկրի վրայ տառապանք ըլլայ»։ Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ եւ քննարկէ՛ 5–րդ դասին առաջին երկու պարբերութիւնները եւ շեղագիր համարները։ Գրքոյկը առաջարկէ, եւ վերադառնալու կարգադրութիւններ ըրէ՝ յաջորդ սեւատիպ հարցումը նկատի առնելու համար։