Մարտ 10–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՄԱՐՏ 10–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 1 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Աստուծոյ սէրը գլուխ 4, պարբ. 12-21, էջ 42–ի շրջանակը (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Ծննդոց 40-42 (10 վրկ.)
Թիւ 1. Ծննդոց 41։1-16 (4 վրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Միւս մեռելները ինչպէ՞ս կը վերապրին երկրի վրայ (rs էջ 338 պարբ. 2–էջ 339 պարբ. 2 [էջ 327 պարբ. 3–էջ 328 պարբ. 2, արաբ.]) (5 վրկ.)
Թիւ 3. Աբիուդ,– երեւելիութիւնը չ’արդարացներ անհնազանդութիւնը (it-1 էջ 22) (5 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
15 վրկ. Թարմացուցիչ Ընտանեկան պաշտամունք։ Հարցազրոյց ունեցիր ընտանիքի մը հետ, իրենց ընտանեկան պաշտամունքին առնչութեամբ։ Իրենց սովորական յայտագիրը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ինչպէ՞ս կ’որոշեն ի՛նչ քննարկել։ Մեր կայքէն (jw.org) ո՞ր մատչելի միջոցները գործածած են։ Իրենց յայտագիրը ծառայութեան մէջ իրենց ինչպէ՞ս օգնած է։ Անոնք ինչպէ՞ս թոյլ չեն տար ուրիշ գործունէութիւններու, որ իրենց յայտագիրը խանգարեն։ Անոնք ինչպէ՞ս ընտանեկան պաշտամունքի յայտագրէն օգտուած են։
15 վրկ. «Ծառայութեան մէջ հմտութիւնդ բարելաւէ. Խօսակցութիւնը ընդհատող հաւանական առարկութիւններու պատասխանել»։ Քննարկութիւն։ Նկատի առ խօսակցութիւնը ընդհատող երկու կամ երեք հաւանական առարկութիւններ եւ ներկաներուն հարցուր թէ ինչպէ՛ս կրնան անոնց պատասխանել։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր թէ ապրիլ 7–ով սկսող շաբթուան ընթացքին՝ փորձառութիւններ պատմելու պատեհութիւնը պիտի ունենան։
Երգ 97 եւ աղօթք