Դեկտեմբեր 29–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 29–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 37 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 17, պարբ. 1-10 (30 վրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Յեսու 12-15 (10 վրկ.)
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ (20 վրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Ամսուան բնաբանը. Մեզի վստահուած բարի գանձէն «բարի բաներ» փոխանցեցէք (Մատ. 12։35ա)։
20 վրկ. Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ հաւատացեալ զաւակներուն աստիճանաբար «բարի բաներ» սորվեցուր (Մատ. 12։35ա)։ Քննարկութիւն։ Հետեւեալ համարները գործածէ ցոյց տալու համար թէ ի՛նչ պէտք է ակնկալենք Աստուածաշունչի աշակերտներէն եւ հաւատացեալ զաւակներէն. Ա. Կորնթացիս 13։11 եւ Ա. Պետրոս 2։2, 3, ԱԾ։ Բացատրէ՛ թէ ինչ կը նշանակէ ‘Աստուծոյ խօսքին կաթը համտեսել’ եւ ինչպէ՛ս կրնանք մեր աշակերտներուն եւ զաւակներուն օգնել որ ասիկա ընեն։ Բացատրէ՛ Մարկոս 4։28–ի սկզբունքը (տե՛ս Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 2014 թիւը, էջ 12, պարբ. 6-8)։ Հարցազրոյց ունեցիր փորձառու հրատարակիչի կամ ծնողի մը հետ, որ կրնայ բացատրել թէ ինչպէս օգնած է Աստուածաշունչի աշակերտի կամ զաւակի մը, որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ (Եփ. 4։13-15, տե՛ս Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մայիս 2014 թիւին «Հարցումի տուփ»ը։
10 վրկ. «‘Բարի բաներ’ բաժնել՝ հիւրասէր ըլլալով» (Մատ. 12։35ա)։ Քննարկութիւն։ Ոմանք հիւրասիրութեան առ ի արդիւնք ի՞նչ օգուտներ կամ փորձառութիւններ ունեցած են։ Ներկաներէն խնդրէ որ ըսեն թէ ինչպէ՛ս կրնանք հիւրասիրութիւն ցուցաբերել ուրիշներու հանդէպ, մանաւանդ լիաժամ ծառայողներու հանդէպ։ Նշէ այցելու դասախօսին ճաշի հրաւիրելու տեղական կարգադրութիւնը։
Երգ 124 եւ աղօթք