Ներկայացումի նմոյշներ
Դիտարան 1 օգոստոս
«Կ’ուզենք նիւթի մը շուրջ ձեր կարծիքը առնել։ Սիրելիի մը մահը մեր դիմագրաւած ամէնէն դժուար խնդիրներէն մէկն է։ Այդպէս չէ՞։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Տեսէք թէ Աստուածաշունչը մեզի ի՞նչ կը խոստանայ։ [Կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4։] Աստուածաշունչը մեզի յոյս կու տայ, որ օր մը մեր սիրելիները ե՛տ կեանքի պիտի բերուին։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ասիկա ինչպէ՛ս պիտի կատարուի»։
Զարթի՛ր օգոստոս
«Մարդոց ցոյց կու տանք յօդուած մը, որ կը քննարկէ թէ մեր բջիջները որքա՜ն շատ տեղեկութիւն կ’ամբարեն։ [Ցոյց տուր Զարթի՛ր–ին կողքը։] Շատեր կը հաւատան թէ կեանքը բարեշրջութեամբ գոյացաւ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը կը նշէ յայտնաբերումներ, որոնք ցոյց տուած են բջիջներուն մեծապէս բարդ ըլլալը, եւ ասիկա կարգ մը գիտնականներ մղած է որ հարց տան, թէ կեանքին ետին ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞»։