ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Սայլակով վկայելուն օգուտները ամբողջ աշխարհի մէջ
Գործք գրքին հինգերորդ գլուխին համաձայն, առաջին դարու քրիստոնեաները բարի լուրը քարոզելու համար տաճար գացին,– հանրային վայր մը՝ որ մարդոցմով խճողուած կ’ըլլար (Գործք 5։19-21, 42)։ Մեր օրերուն, շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած ենք, երբ հանրային վայրերու մէջ սայլակով վկայած ենք։
ԴԻՏԷ ՍԱՅԼԱԿՈՎ ՎԿԱՅԵԼՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՎԻՏԷՈՆ ԵՒ ՅԵՏՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ։
Սայլակով վկայելը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ։
Ցուցասեղանին հետ բաղդատած, սայլակը շատ անգամ ի՞նչ առաւելութիւն ունի։
Մի Ճոնկ Իուին փորձառութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։
Հաքոպ Սալոմէին փորձառութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ սայլակով վկայելուն օգտակար ըլլալը։
Անիզին եւ իր ամուսինին փորձառութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ սայլակով ազդու կերպով վկայելու մասին։