ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Կրնա՛ս «մարմնի խայթոց»իդ հետ գլուխ ելլել
Այս դժուար վերջին օրերուն մէջ, Աստուծոյ բոլոր ծառաները խայթոցի նման խնդիրներ կ’ունենան (Բ. Տիմ. 3։1)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովային ապաւինիլ եւ մեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլել։ Դիտէ «Կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին» վիտէոն եւ տես թէ Դալիդա Ալնեշին եւ իր ծնողքը ի՛նչ ըրած են, եւ ետքը հետեւեալ հարցումներուն պատասխանէ.
Դալիդային «մարմնի խայթոց»ը ի՞նչ է։
Սուրբ Գիրքին ո՞ր խոստումները օգնած են Դալիդային եւ իր ծնողքին, որ դրական մնան։
Դալիդան գործողութիւն ունենալէն անմիջապէս ետք իր ծնողքը ինչպէ՞ս ցուցուց, որ Եհովային կ’ապաւինի։
Դալիդային ծնողքը ինչպէ՞ս կազմակերպութեան հայթայթած բաները օգտագործած են, որ իրեն օգնեն որ Աստուած սիրէ։
Դալիդան ինչպէ՞ս ցուցուցած է, որ Եհովային աւելի կը մօտենայ, հակառակ անոր որ «մարմնի խայթոց» ունի։
Դալիդային օրինակը ինչպէ՞ս քաջալերեց քեզ։