Ի՞նչ է հոգին
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուածաշունչին մէջ «հոգի» թարգմանուած բառը կու գայ եբրայերէն նէֆէշ եւ յունարէն փսի·խէ բառերէն։ Եբրայերէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «շունչ առնող էակ» եւ յունարէն բառը կը նշանակէ՝ «ապրող էակ»a։ Ուրեմն հոգին մարմինէն անկախ չէ, ոչ ալ բան մըն է որ կը շարունակէ ապրիլ՝ մարմինին մեռնելէն ետք։ Ատիկա նոյն ինքը անձն է։ Տես թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս ասիկա ցոյց կու տայ.
Ադամին հոգի չտրուեցաւ, հապա ան «կենդանի հոգի եղաւ»
Երբ Եհովա Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը՝ ստեղծեց, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «մարդը կենդանի հոգի եղաւ» (Ծննդոց 2։7)։ Ադամին ոչ թէ հոգի տրուեցաւ, հապա ան հոգի կամ անձ եղաւ։
Հոգին անմա՞հ է
Ոչ, հոգին կը մեռնի։ Աստուածաշունչի շատ մը համարներ յստակ կը դարձնեն որ հոգին կամ նէֆէշ–ը կը մեռնի։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
«Գիտցած եղէք թէ ան, որ մեղաւորը իր մոլորութեան ճամբայէն կը դարձնէ, հոգի մը մահուանէ կ’ազատէ ու մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Յակոբոս 5։20)։
Անցեալին, Իսրայէլի մէջ, լուրջ յանցանքներով պատժուողին «հոգին [կամ անձը] պէտք էր կտրուէր» (Ելից 12։15, 19)։ Այդ անձը ‘անշուշտ պիտի մեռնէր’ (Ելից 31։14)։
Անձ մը մեռնելէ ետք, «մեռած հոգի» բառացի արտայայտութիւնը կը գործածուի դիակի համար կարգ մը համարներու մէջ (Ղեւտացւոց 21։11. Թուոց 6։6)։ Կարգ մը Աստուածաշունչեր, մէջը ըլլալով Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչը այս համարին մէջ անցած «հոգի» բառը թարգմանած են «մեռած մարմին» կամ «մեռած մարդ», բայց եբրայերէն բառը նէֆէշ է կամ՝ «հոգի»։
«Հոգի» կրնայ նշանակել «կեանք»
Աստուածաշունչը «հոգի» բառը կը գործածէ որպէս «կեանք» բառի հոմանիշ։ Նոյնպէս, Աստուածաշունչը յստակ կը դարձնէ որ անձի մը հոգին կամ կեանքը կրնայ վտանգուիլ կամ կորսուիլ (Ելից 4։19. Փիլիպպեցիս 2։30)։
«Հոգի» բառին այս գործածութիւնը մեզի կ’օգնէ հասկնալու համարներ, ուր հոգիին համար կ’ըսուի որ ‘կ’ելլէ’ (Ծննդոց 35։18)։ Այս փոխաբերական խօսքերը ցոյց կու տան որ մէկու մը կեանքը կը վերջանայ։ Կարգ մը Աստուածաշունչերու մէջ, Ծննդոց 35։18–ը թարգմանուած է՝ «իր վերջին շունչը առաւ» (Good News Translation, New Jerusalem Bible)։
Հոգիի անմահութեան գաղափարը ուրկէ՞ եկած է
Եկեղեցիներուն սորվեցուցած հոգիի անմահութիւնը կու գայ ոչ թէ Աստուածաշունչէն հապա հին յունական փիլիսոփայութենէ։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ, որ Աստուածաշունչին մէջ «հոգի» կը նշանակէ բան մը որ կը շնչէ։ Ատիկա չի նշանակեր անտեսանելի բան մը որ մարմինէն անկախ է։ Եկեղեցիները հոգիին մարմինէն անկախ ըլլալու գաղափարը առին անցեալի յոյներէն (Encyclopædia Britannica)։
Աստուած չընդունիր որ իր սորվեցուցածները խառնուին մարդոց փիլիսոփայութիւններուն հետ, ինչպէս օրինակ՝ հոգիի անմահութեան գաղափարը։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ թէ մէկը ձեզ գերի դարձնէ փիլիսոփայութիւնով ու փուճ խաբէութիւնով, որ մարդոց աւանդութեան պէս է» (Կողոսացիս 2։8)։
a Տե՛ս այս բառարանները. The New Brown, Driver, and Briggs Hebrew and English Lexicon of the Old Testament, էջ 659 եւ Lexicon in Veteris Testamenti Libros, էջ 627։ Շատ մը Աստուածաշունչեր նէֆէշ եւ փսի·խէ բառերը նիւթին համաձայն տարբեր կերպերով կը թարգմանեն եւ կը գործածեն այս բառերը. «հոգի», «կեանք», «անձ», «էակ» կամ «մարմին»։