Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կյհ յօդուած 48
  • Անհատ մը կրնա՞յ հրաժարիլ Եհովայի վկայ ըլլալէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Անհատ մը կրնա՞յ հրաժարիլ Եհովայի վկայ ըլլալէ
  • Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եթէ անհատ մը դադրի քարոզելէ կամ ժողովներու ներկայ գտնուելէ, արդեօք կը սեպէ՞ք որ ան հրաժարեցաւ
  • Ժողովքը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Երէցները ինչպէ՞ս ժողովքին կը ծառայեն
    Ներկայիս Եհովայի կամքը որո՞նք կը կատարեն
  • Պէ՞տք է կազմակերպուած կրօնքի պատկանիմ
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
  • Եհովայի վկաները իրենց կրօնքին պատկանող նախկին անդամներէն հեռու կը կենա՞ն
    Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
Տես աւելին
Յաճախ ուղղուած հարցումներ Եհովայի վկաներուն մասին
կյհ յօդուած 48
Տղամարդ մը Թագաւորութեան սրահէն դուրս կ’ելլէ

Անհատ մը կրնա՞յ հրաժարիլ Եհովայի վկայ ըլլալէ

Այո։ Անհատ մը կրնայ մեր կազմակերպութենէն հրաժարիլ երկու կերպերով.

  • Պաշտօնապէս խնդրելով։ Անհատ մը կրնայ բերանացի կամ գրաւոր կերպով յայտնել իր որոշումը, որ ա՛լ չ’ուզեր ճանչցուիլ որպէս Եհովայի վկայ։

  • Վարքով։ Անհատ մը թերեւս վարուի որոշ ձեւով մը, որ ցոյց կու տայ թէ ան ա՛լ չ’ուզեր Եհովայի վկայ մը ըլլալ։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ ան ուրիշ կրօնքի մը հետեւի եւ ցոյց տայ որ կը մտադրէ ատոր մէկ անդամը դառնալ (Ա. Յովհաննէս 2։19)։

Եթէ անհատ մը դադրի քարոզելէ կամ ժողովներու ներկայ գտնուելէ, արդեօք կը սեպէ՞ք որ ան հրաժարեցաւ

Ո՛չ։ Հրաժարիլը կամ մեր ընկերակցութիւնը ձգելը հաւատքի մէջ տկարանալէն տարբեր է։ Շատ անգամ, անոնք՝ որոնք ատեն–ատեն ժողովներէ կը բացակային կամ բնաւ չեն գար, իրենց հաւատքը լքած չեն ըլլար. այլ՝ յուսահատութենէ կը տառապին։ Փոխանակ այսպիսիներէն հեռու կենալու, պէտք է անոնց աջակցինք եւ մխիթարենք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14. Յուդա 22)։ Եթէ անհատը օգնութեան պէտք ունի, գլխաւորաբար ժողովքի երէցները անոր հոգեւորապէս կ’օգնեն (Գաղատացիս 6։1. Ա. Պետրոս 5։1-3)։

Բայց երէցները իրաւասութիւն չունին անհատը ճնշելու կամ ստիպելու, որ Եհովայի վկայ մնայ։ Կրօնքի հարցով, ամէն մարդ ի՛նք պէտք է որոշում առնէ (Յեսու 24։15)։ Մենք համոզուած ենք, որ անոնք՝ որոնք Աստուած կը պաշտեն, պէտք է այս մէկը ընեն կամաւ եւ սրտանց (Սաղմոս 110։3. Մատթէոս 22։37)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել