ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ
Ժողովները համացանցի վրայ
26 ՅՈՒՆԻՍ 2020
Աշխարհի չորս կողմը շատ մը կառավարութիւններ պահանջած են որ մարդիկ ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահեն, ինչպէս նաեւ արգիլած են հանրային հաւաքոյթներ։ Անշուշտ, Եհովայի վկաները կը հնազանդին կառավարութիւններուն, բայց միեւնոյն ժամանակ անոնք կը շարունակեն իրենց ժողովները ապահով կերպով ունենալ։ Ինչպէ՞ս։ Շատ մը ժողովքներ իրենց ժողովները կ’ունենան՝ գործածելով տարբեր վիտէօ էփ–եր, ինչպէս՝ Zoom–ը։
Որպէսզի կարենանք ժողովները կանոնաւոր եւ ապահով կերպով վայելել, Կառավարիչ մարմինը իր հաւանութիւնը տուաւ որ նուիրատուութիւնները գործածուին՝ ժողովքներուն համար Zoom–ի հաշիւներ գնելու համար։ Ասիկա շա՛տ օգտած է ժողովքներուն։ Կարգ մը ժողովքներ ձրի էփ–եր կը գործածէին, քանի որ չէին կրնար հաշիւ գնել (ընդհանրապէս այդ էփ–երուն հաշիւը 15-20$ է կամ աւելի)։ Բայց ձրի էփերը միայն որոշ քանակով անհատներու թոյլ կու տան որ իրարու հետ կապի մէջ մտնեն, եւ ատոնք պէտք եղածին չափ ապահով չեն։ Իսկ այն հաշիւները որոնք Zoom–ի վրայ գնուեցան, թոյլ կու տան ժողովքներուն որ իրե՛նք զատեն ապահովութեան աստիճանը, ինչպէս նաեւ ատիկա առիթ կու տայ շատերու որ ժողովները առցանց դիտեն։ Մինչեւ այսօր, աւելի քան 65,000 ժողովքներ կ’օգտուին Zoom–էն աւելի քան 170 երկիրներու մէջ։
Օրինակ, Քայրակի ժողովքը, որ կը գտնուի Մանատոյի մէջ (Հիւսիսային Սուլաուիսի, Ինտոնեզիա) ձրի էփ կը գործածէր։ Բայց հիմա անիկա Zoom–ի վրայ հաշիւ ունի։ Եղբայր Հէտի Սանթօզոն կ’ըսէ. «Հիմա բոլորը կրնան ժողովները վայելել, նոյնիսկ այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք չեն գիտեր ինչպէ՛ս ելեկտրոնային սարքեր գործածել. քանի որ այլեւս պէտք չունին քանի մը անգամ զանգելու մէկ ժողովի ընթացքին»։
Լէսթեր Ճիճոն, որ կը ծառայէ որպէս երէց Կուայաքանս Օէսթի ժողովքին մէջ (Կուայաքիլ, Էքուատոր) կ’ըսէ. «Շատ մը եղբայրներ ու քոյրեր ցաւալի տնտեսական վիճակ ունին։ Անոր համար, անկարելի էր որ կարգ մը ժողովքներ Zoom–ի վրայ հաշիւ գնէին։ Հիմա, կազմակերպութեան շնորհիւ, կրցանք Zoom–ի վրայ հաշիւ ունենալ, ինչ որ մեծ թիւով անհատներու առիթ կու տայ, որ մասնակցին ժողովին։ Մենք նաեւ շատեր կը հրաւիրենք առցանց ժողովներու, առանց հոգ ընելու որ ներկաներուն թիւը շատ պիտի ըլլայ»։
Ճոնսըն Մուանզան, որ կը ծառայէ որպէս երէց Ընուիրիրի հիւսիսի ժողովքին մէջ (Լուսաքա, Զամպիա) կը պատմէ. «Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր կ’ըսեն. ‘Այս նոր կարգադրութեան շնորհիւ, կը զգանք որ մեր ժողովքի եղբայրներուն ու քոյրերուն աւելի՛ մօտիկ ենք։ Մենք նաեւ կը զգանք թէ Եհովան որքա՜ն մեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ’»։
Մենք Zoom–ի հաշիւները կը գնենք աղէտներէ տուժածներուն տրամադրուած գումարներով։ Իսկ այդ գումարները համաշխարհային գործին տրամադրուած նուիրատուութիւններէն կու գան։ Այս նուիրատուութիւններուն մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ donate.jw.org կայքին միջոցաւ։ Շատ շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւններուն համար, որոնք նաեւ օգտակար են ուրիշ աղէտներու հետ գլուխ ելլելու համար (Բ. Կորնթացիս 8։14)։