Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ19 թիւ 2 էջ 10-11
  • Պատասխանատուութիւն շալկել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Պատասխանատուութիւն շալկել
  • Զարթի՛ր 2019
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԸԼԼԱԼԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՐՓԱԿԷ
  • ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՇԱԼԿԵԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է
  • ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՇԱԼԿԵԼ
  • 8 Օրինակ ըլլալ
    Զարթի՛ր 2018
  • Աստուածաշունչը կրնա՞յ քեզի օգնել զաւակներդ կրթելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Զաւակդ ինչպէ՛ս դաստիարակել
    Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
  • Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ Եհովան սիրեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2019
զ19 թիւ 2 էջ 10-11
Հայր մը իր տղեկին կ’օգնէ որ բոյս մը ջրէ

ԴԱՍ 4

Պատասխանատուութիւն շալկել

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԸԼԼԱԼԸ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՐՓԱԿԷ

Այն անհատները, որոնք պատասխանատու են, վստահելի են։ Անոնք իրենց նշանակուած գործը լաւ կերպով կ’ընեն եւ ճիշդ ժամանակին կը լրացնեն։

Պզտիկները նոյնիսկ իրենց կանուխ տարիքէն կրնան պատասխանատուութիւն շալկել սորվիլ։ Գիրք մը կ’ըսէ որ երբ պզտիկները 15 ամսու ըլլան, կը սկսին ընել ինչ որ ծնողքը իրենց կ’ըսէ։ Իսկ երբ 18 ամսու ըլլան, կ’ուզեն ընել ինչ որ իրենց ծնողքը կ’ընէ (Parenting Without Borders)։ Անիկա կ’աւելցնէ. «Շատ մը մշակոյթներու մէջ, երբ պզտիկները 5-7 տարեկան ըլլան, իրենց ծնողները կը սկսին ցոյց տալ թէ ինչպէ՛ս կրնան տան գործերուն ձեռք տալ։ Նոյնիսկ այդ տարիքին, պզտիկները կրնան տնային շատ մը գործեր լաւ կերպով կատարել»։

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՇԱԼԿԵԼԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Շատ մը երիտասարդներ չեն կրնար կեանքի դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել, երբ կը սկսին առանձին ապրիլ։ Կարգ մը պարագաներու, ասիկա կ’ըլլայ քանի որ պատանին բնա՛ւ չէ սորված ինչպէ՛ս դրամը ծախսել, տան գործերը ընել կամ առօրեայ պատասխանատուութիւններ շալկել։

Ատոր համար, լաւ է որ հիմակուընէ պզտիկներուդ սորվեցնես պատասխանատուութիւններ շալկել, որպէսզի երբ չափահաս դառնան, գիտնան ի՛նչ ընել։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Չես ուզեր զիրենք մինչեւ 18 տարեկան քեզմէ կախեալ պահել եւ ետքը նետել իրական աշխարհը» (How to Raise an Adult)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՇԱԼԿԵԼ

Տան մէջ իրենց գործեր նշանակէ։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Ամէն աշխատանքի մէջ օգուտ մը կայ» (Առակաց 14։23)։

Երեխաները կը սիրեն իրենց ծնողքին ըրած գործերուն մասնակցիլ։ Այս բնական հակումը օգտագործելով, տան մէջ զաւակներուդ գործեր նշանակէ։

Կարգ մը ծնողներ չեն ուզեր այդպէս ընել։ Անոնք կը մտածեն, որ իրենց դպրոցական զաւակները արդէն ամէն օր սորվելիք բազմաթիւ դասեր ունին. ինչո՞ւ անոնց բեռը աւելցնեն։

Սակայն տան գործեր ընող պզտիկները աւելի հաւանական է որ դպրոցին մէջ յաջողին, քանի որ կը սորվին իրենց տրուած գործը սկսիլ եւ լրացնել։ Ասկէ զատ, գիրք մը կը նշէ, թէ «երբ մեր զաւակներուն չձգենք որ մեզի օգնեն իրենց պզտիկ տարիքին, կը սկսին մտածել որ ուրիշներուն օգնելը կարեւոր բան մը չէ. . . նաեւ կը սկսին ակնկալել որ ուրիշներ իրենց տեղ իրենց պարտականութիւնները ընեն» (Parenting Without Borders)։

Ինչպէս որ այդ մէջբերումը ցոյց կու տայ, երբ պզտիկները տեւական կ’օգնեն տան գործերուն մէջ, կը սորվին ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնել եւ անձնասէր չըլլալ։ Եւ այսպէս կը զգան որ ընտանիքին կարեւոր մէկ մասն են ու կը հասկնան որ պատասխանատուութիւն ունին որ տնային գործեր ընեն։

Պզտիկներուդ օգնէ որ իրենց սխալներուն պատասխանատուութիւնը ընդունին։

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛, որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս» (Առակաց 19։20)։

Երբ պզտիկներդ սխալներ ընեն, օրինակ՝ եթէ տղադ կամ աղջիկդ սխալմամբ ուրիշին ապրանքին վնաս հասցնէ, եղածը ծածկելու մի՛ նայիր։ Պզտիկները կրնա՛ն իրենց ըրածին հետեւանքը ընդունիլ. այս պարագային, ներողութիւն խնդրելով եւ թերեւս հատուցում ընելով։

Երբ պզտիկները հասկնան որ պատասխանատու են իրենց սխալներուն համար, կը սորվին՝

  • պարկեշտ ըլլալ եւ իրենց սխալները խոստովանիլ

  • ուրիշները չմեղադրել

  • պատճառաբանութիւններ չընել

  • ներողութիւն խնդրել, երբ տեղին է

Հայր մը իր տղեկին կ’օգնէ որ բոյս մը ջրէ

ՀԻՄԱԿՈՒԸՆԷ ՄԱՐԶԷ

Այն պզտիկները, որոնք պատասխանատուութիւն շալկել կը սորվին, երբ մեծնան, պիտի կարենան յաջող կերպով իրենց կեանքը վարել

Օրինակովդ սորվեցուր

  • Աշխատասէր, կազմակերպուած եւ ճշդապա՞հ եմ։

  • Պզտիկներս կը տեսնե՞ն որ տան մէջ գործեր կ’ընեմ։

  • Սխալներս կ’ընդունի՞մ, նոյնիսկ ներողութիւն խնդրելով երբ պէտք ըլլայ։

Ծնողներ կը պատմեն

«Պզտիկներս կանուխ տարիքէն ինծի կ’օգնէին, երբ ճաշ պատրաստէի։ Երբ լուացքը ծալէի, իրենք ալ կը ծալէին։ Երբ փոշիները առնէի, իրենք ալ կ’առնէին։ Գործը իրենց համար հաճոյք եղաւ։ Միայն իմ հետս ըլլալը եւ ըրածս ընելը զիրենք շատ կ’ուրախացնէր։ Այսպէս սորվեցան պատասխանատուութիւն շալկել» (Լորա)։

«Օր մը պզտիկ տղուս ըսի, որ մեր ընտանիքի բարեկամին հեռաձայնէ եւ իրմէ ներողութիւն խնդրէ իր կոշտ ըլլալուն համար։ Տարիներու ընթացքին, բազմաթիւ առիթներով ստիպուեցաւ ներողութիւն խնդրել, անկեղծօրէն բայց անքաղաքավար կերպով արտայայտուելուն համար։ Իսկ հիմա սորված է յօժարաբար ներողութիւն խնդրել երբ սխալ մը ընէ» (Տեպրա)։

ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

«Պզտիկները սխալներ կ’ընեն։ Եւ երբ ատիկա պատահի, կարեւոր է որ ծնողները ի մտի ունենան որ անոնք իրենց սխալներէն արժէքաւոր դասեր պիտի սորվին», կը գրէ դաստիարակուհի Ճեսիքա Լէյհի Atlantic պարբերաթերթին մէջ։ «Ամէն տարի կ’ունենայի աշակերտներ, որոնք սխալներ կ’ընէին եւ ծնողները զիրենք չէին պաշտպաներ հետեւանքներէն։ Փոխարէն, կ’օգնէին որ իրենց սխալները սրբագրեն։ Անոնք ամէնէն ուրախ եւ ամէնէն յաջող աշակերտներն էին»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել