Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 1 էջ 4
  • Ճնշուածութեան պատճառները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ճնշուածութեան պատճառները
  • Զարթի՛ր 2020
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը
    Զարթի՛ր 2020
  • Ճնշուա՞ծ ես
    Զարթի՛ր 2020
  • Բովանդակութիւն
    Զարթի՛ր 2020
  • Ճնշուածութեան հետ ինչպէ՞ս գլուխ ելլել
    Զարթի՛ր 2020
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 1 էջ 4

ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵՆԷՆ ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՆԳՍՏԱՆԱԼ

Ճնշուածութեան պատճառները

Հանրածանօթ Մայօ Քլինիք կը նշէ, որ «չափահասներու մեծամասնութիւնը կ’ըսէ, թէ երթալով աւելի մեծ ճնշուածութիւն կ’ունենայ։ Արդի կեանքը փոփոխութիւններով եւ անորոշութիւններով լեցուն է»։ Նկատի առ միայն քանի մը փոփոխութիւններ եւ անորոշութիւններ, որոնք ճնշուածութիւն կը պատճառեն.

  • ամուսնալուծում

  • սիրելիի մը մահը

  • ծանր հիւանդութիւն

  • վտանգաւոր արկածներ

  • ոճիր

  • բազմազբաղ կեանք

  • բնական կամ մարդակերտ աղէտներ

  • դպրոցին կամ գործին մէջ ճնշումներ

  • գործ գտնելու եւ եկամուտ ապահովելու վերաբերեալ մտահոգութիւններ

«ԳՈՐԾ ԿՈՐՍՆՑՆԵԼԸ»,

կ’ըսէ Հոգեբաններու ամերիկեան ընկերութիւնը, «կրնայ կործանիչ ըլլալ, անգործ աշխատաւորները ենթարկելով՝ հիւանդութեան, ամուսնական խնդիրներու, մտահոգութեան, ընկճուածութեան եւ նոյնիսկ անձնասպանութեան։ Գործ կորսնցնելը կեանքի իւրաքանչիւր մարզին կ’ազդէ»։

ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Անսովոր բան չէ որ պզտիկներ ճնշուածութենէ տառապին։ Ոմանք տան մէջ կ’անտեսուին կամ դպրոցին մէջ մէկը իրենց կը սպառնայ։ Ոմանց վնաս կը հասցուի ֆիզիքական, զգացական կամ սեռային գետնի վրայ։ Շատեր դպրոցական քննութիւններով եւ նիշերով կը մտահոգուին։ Իսկ ոմանք կը տեսնեն ամուսնալուծումի պատճառաւ իրենց ընտանիքին քայքայուիլը։ Ճնշուած պզտիկները կրնան ցաւատանջ երազներ տեսնել, սորվելու դժուարութիւն ունենալ, ընկճուածութեան ենթարկուիլ կամ մեկուսանալու հակումը ունենալ։ Եւ ոմանք չեն կրնար իրենց զգացումները զսպել։ Ճնշուածութենէ տառապող պզտիկը անմիջական օգնութեան կարիք ունի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել