Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 2 էջ 14-15
  • 5. Օրին մէկը տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 5. Օրին մէկը տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է
  • Պահ մը մտածէ
  • Աստուածաշունչը կ’ըսէ
  • Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
  • Գ. հարցում՝ Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ տառապիմ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Աշխարհածաւալ խնդիր մը, աշխարհածաւալ լուծում մը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Մխիթարութիւն՝ տառապողներուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 2 էջ 14-15
Ընտանիք մը ջուրին քով զբօսախնճոյք կ’ընէ։ Անոնք կը խնդան եւ իրարմէ հաճոյք կ’առնեն։

5. Օրին մէկը տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞

Այս հարցումը ինչո՞ւ կարեւոր է

Եթէ հիմ ունինք հաւատալու, որ տառապանքը վերջ պիտի գտնէ, կեանքին եւ նոյնիսկ Աստուծոյ հանդէպ մեր տեսակէտը կրնայ բարելաւուիլ։

Պահ մը մտածէ

Բազմաթիւ մարդիկ կ’ուզեն տառապանքը մէջտեղէն վերցնել, բայց շատ բան չեն կրնար ընել ատոր նկատմամբ։ Հետեւեալը նկատի առ.

Հակառակ բժշկութեան յառաջդիմութեան՝

  • Սրտի հիւանդութիւնները տակաւին մահուան գլխաւոր պատճառն են։

  • Ամէն տարի, քաղցկեղը միլիոնաւորներ կը սպաննէ։

  • «Աշխարհին շարունակ կը սպառնան վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնք երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունին, նոր ծագում առած են, եւ կրկին մէջտեղ եկած են», գրեց դոկտ. Տէյվիտ Պլում Frontiers in Immunology պարբերաթերթին մէջ։

Հակառակ կարգ մը երկիրներու նիւթական բարգաւաճութեան՝

  • Ամէն տարի միլիոնաւոր պզտիկներ կը մեռնին, մանաւանդ անոնք, որոնք աղքատ շրջաններու մէջ կ’ապրին։

  • Միլիառաւոր մարդիկ կ’ապրին առանց առողջապահութեան նպաստող միջոցներ ունենալու։

  • Հարիւր միլիոնաւորներ մաքուր ջուր չունին։

Հակառակ անոր որ մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ գիտակցութիւնը աւելցած է՝

  • Ստրկավաճառութիւնը շատ մը երկիրներու մէջ կը շարունակուի, եւ այն իշխանութիւնները, որոնք յանցաւորները չեն հետապնդեր, կա՛մ «այդ խնդիրէն տեղեակ չեն, կամ ալ ատոր հետ գլուխ ելլելու համար հարկ եղած միջոցները չունին», կ’ըսէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէկ տեղեկագրութիւնը։

    ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

    Կրնաս դիտել Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վիտէոն, www.jw.org/hyw կայքին մէջ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ

Աստուած մեզ կը հոգայ։

Ան մեր ցաւին ու վիշտին նկատմամբ անտարբեր չէ։

«[Աստուած] չանարգեց ու չքամահրեց տառապեալին տառապանքը ու երեսը անկէ չդարձուց. հապա իրեն կանչած ատենը լսեց» (ՍԱՂՄՈՍ 22։24)։

«Ձեր ամէն հոգը անոր վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ» (Ա. ՊԵՏՐՈՍ 5։7)։

Տառապանքը յաւիտեան պիտի չշարունակուի։

Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրագործուի։

«Աստուած. . . անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։3, 4)։

Աստուած մարդուն տառապանքին պատճառները պիտի ջնջէ։

Ան ասիկա պիտի ընէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ, որ իրական կառավարութիւն մըն է։

«Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի. . . ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (ԴԱՆԻԷԼ 2։44)։

Օրին մէկը տառապանքը վերջ պիտի գտնէ՞

Այո, բայց ո՛չ մարդկային ջանքերով։ Մարդկային կառավարութիւնները կրնան միայն փորձել մեր տառապանքը մեղմացնել, բայց Աստուած կրնայ տառապանքին պատճառները վերցնել։ Ան ասիկա պիտի ընէ իր Թագաւորութեան միջոցաւ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել