Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 23
  • Փարաւոնին երազները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փարաւոնին երազները
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Յովսէփ բանտ կը նետուի
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Յովսէփի եղբայրները կ’ատեն զինք
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 23
Փարաւոն երազներ կը տեսնէ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 23

Փարաւոնին երազները

ԵՐԿՈՒ տարի կ’անցնի եւ Յովսէփ տակաւին բանտն է։ Մատռուակապետը մոռցած է զինք։ Արդ գիշեր մը, Փարաւոն երկու մասնայատուկ երազներ կը տեսնէ եւ կ’ուզէ անոնց իմաստը հասկնալ։ Կը տեսնէ՞ք զինք որ հոս կը քնանայ։ Յաջորդ օրը ան կը կանչէ իր իմաստունները եւ անոնց կը պատմէ իր երազած բաները։ Բայց անոնք չեն կրնար իր երազներուն իմաստը մեկնել իրեն։

Վերջապէս մատռուակապետը կը յիշէ Յովսէփը։ Ան Փարաւոնին կ’ըսէ. ‘Երբ բանտն էի, հոն մարդ մը կար, որ կրնար երազներու իմաստը մեկնել’։ Փարաւոն անմիջապէս Յովսէփը բանտէն հանել կու տայ։

Եօթը գէր կովեր, եօթը նիհար կովեր

Փարաւոն Յովսէփի կը պատմէ իր երազները. ‘Տեսայ եօթը գէր, գեղեցիկ կովեր։ Յետոյ, տեսայ եօթը շատ նիհար եւ վտիտ կովեր։ Եւ նիհարները գէր կովերուն կերան։

‘Երկրորդ երազիս մէջ տեսայ մէկ ծղօտի վրայ աճող եօթը լեցուն, հասունցած ցորենի հասկեր։ Ապա տեսայ եօթը նիհար ու չորցած ցորենի հասկեր։ Իսկ նիհար հասկերը կլլեցին եօթը աղէկ հասկերը’։

Նիհար, չորցած ցորենի հասկ. լեցուն, հասունցած ցորենի հասկ

Յովսէփ կ’ըսէ Փարաւոնին. ‘Երկու երազներուն իմաստը նոյնն է։ Եօթը գէր կովերը եւ եօթը լեցուն ցորենի հասկերը կը նշանակեն եօթը տարիներ, իսկ եօթը նիհար կովերը եւ եօթը նիհար հասկերն ալ եօթը ուրիշ տարիներ։ Եօթը տարիներ Եգիպտոսի մէջ առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։ Ապա եօթը ուրիշ տարիներ շատ քիչ ուտելիք պիտի ըլլայ’։

Ուստի Յովսէփ կ’ըսէ Փարաւոնին. ‘Իմաստուն մարդ մը ընտրէ եւ զինք եօթը առատ տարիներուն ընթացքին ուտելիք հաւաքելու համար պատասխանատու դիր։ Այդ ատեն գալիք եօթը դժուար տարիներուն երբ շատ քիչ ուտելիք ըլլայ, ժողովուրդը սովամահ պիտի չըլլայ’։

Փարաւոն կը հաւնի գաղափարը։ Ուստի ան Յովսէփը կ’ընտրէ որպէսզի ուտելիքը հաւաքէ եւ զայն մթերէ։ Փարաւոնէն ետք, Յովսէփ Եգիպտոսի ամենէն կարեւոր անձնաւորութիւնը կ’ըլլայ։

Ութը տարի ետք, սովի ժամանակ, Յովսէփ կը տեսնէ որ կարգ մը մարդիկ կու գան։ Գիտէ՞ք որոնք են անոնք։ Անոնք իր 10 աւելի մեծ եղբայրնե՜րն են։ Իրենց հայրը՝ Յակոբ զիրենք Եգիպտոս ղրկած է, քանի որ Քանանու երկրին մէջ ուտելիք չկար։ Յովսէփ կը ճանչնայ իր եղբայրները, բայց անոնք զինք չեն ճանչնար։ Գիտէ՞ք ինչու։ Քանի որ Յովսէփ մեծցած եւ տարբեր ձեւով հագուած է։

Յովսէփ կը յիշէ որ ինք երբ պատանի էր, երազած էր որ իր եղբայրները իր առջեւ խոնարհելու կու գային։ Այս մասին կարդացինք, կը յիշէ՞ք։ Ուստի Յովսէփ կը հասկնայ որ Աստուա՛ծ զինք ղրկած է Եգիպտոս եւ լաւ պատճառով մը։ Արդեօք Յովսէփ ի՞նչ կ’ընէ։ Տեսնենք։

Ծննդոց 41։1–57. 42։1–8. 50։20

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել