Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 17-էջ 20 պարբ. 3
  • Կրնաք Բարելաւել Ձեր Յիշողութիւնը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնաք Բարելաւել Ձեր Յիշողութիւնը
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հետաքրքրուեցէք
  • Վերաքաղ Ընելու Ժամանակ Յատկացուցէք
  • Կարեւոր Բաներուն Վրայ Խոկացէք
  • Աստուծոյ Հոգիին Դերը
  • «Չմոռնաս»
  • Հոգեւոր բաներու վրայ շարունակ խոկա՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Կարդալու Հետամուտ Եղէք
    Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Միտք դիր կարդալու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • «Հոգին. . . կը քննէ Աստուծոյ խորունկ բաները»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 17-էջ 20 պարբ. 3

Կրնաք Բարելաւել Ձեր Յիշողութիւնը

ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԱԾ մարդկային ուղեղը ստեղծած է յիշելու հոյակապ կարողութեամբ։ Ան ծրագրած է որ անիկա ամբար մը ըլլայ, որմէ կարելի ըլլայ տեղեկութիւն դուրս քաշել, առանց վնաս հասցնելու անոր մէջ դրուած թանկարժէք բաներուն։ Ուղեղին ծրագրումը կը համապատասխանէ Աստուծոյ նպատակին, թէ՝ մարդիկ պէտք է յաւիտեան ապրին։—Սաղմ. 139։14. Յովհ. 17։3

Բայց կրնաք այն զգացումը ունենալ որ ձեր մտքին մէջ մթերուած բաներուն մեծ մասը կը կորսուի։ Երբ անոր պէտք ունենաք, կարծէք թէ հոն չէ։ Ձեր յիշողութիւնը բարելաւելու համար ի՞նչ կրնաք ընել։

Հետաքրքրուեցէք

Հետաքրքրութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է յիշողութիւնը բարելաւելու մէջ։ Եթէ լաւ դիտող մը ըլլալու, եւ մարդոցմով ու մեր շուրջի անցուդարձերով հետաքրքրուելու վարժութիւնը զարգացնենք, մեր միտքը պիտի խթանուի։ Այն ատեն մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ նոյնանման հետաքրքրութիւն ցոյց տալ, երբ մնայուն արժէք ունեցող բան մը կը կարդանք կամ կը լսենք։

Անսովոր չէ որ անհատ մը մարդոց անունները յիշելու դժուարութիւն ունենայ։ Բայց որպէս Քրիստոնեաներ գիտենք որ մեզի համար կարեւոր են մարդիկ՝ մեր հաւատակիցները, մեր վկայած անհատները եւ ուրիշներ, որոնց հետ գործառնութիւն կ’ունենանք, մինչ կեանքի անհրաժեշտ հարցերով կը զբաղինք։ Ի՞նչ կրնանք ընել մտաբերելու համար այն անունները, զորս պէ՛տք է յիշենք։ Պօղոս առաքեալ ժողովքի մը գրած իր նամակին մէջ, հոն գտնուող 26 անհատներու անունները յիշեց։ Անոնց հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը ցոյց կը տրուի այն իրողութեամբ, թէ ան ո՛չ միայն անոնց անունները գիտէր, այլ նաեւ՝ անոնցմէ շատերուն մասին կարգ մը մանրամասնութիւններ կը յիշէր։ (Հռովմ. 16։3-16) Ներկայ Եհովայի Վկաներու ճամբորդող տեսուչներէն ոմանք անունները շատ լաւ կը յիշեն, հակառակ անոր որ ամէն շաբաթ մէկ ժողովքէն միւսը կը փոխադրուին։ Ի՞նչ բան կ’օգնէ անոնց։ Թերեւս անոնք քանի մը անգամ անհատին անունը կը գործածեն, երբ առաջին անգամ անոր հետ կը խօսին։ Անոնք կը ջանան անհատին անունը իր դէմքին հետ կապել։ Ասկէ զատ, անոնք տարբեր անհատներու հետ ժամանակ կ’անցընեն դաշտի ծառայութեան մէջ եւ երբ միասնաբար կը ճաշեն։ Երբ անհատի մը հանդիպիք, անոր անունը պիտի յիշէ՞ք։ Նախ անոր անունը յիշելու լաւ պատճառ մը ունեցէք. ապա վերոյիշեալ թելադրութիւններէն ոմանք գործադրեցէք։

Ձեր կարդացածը յիշելն ալ կարեւոր է։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել ձեզի որ այս ուղղութեամբ բարելաւում ընէք։ Ասոր մէջ հետաքրքրութիւնն ու ըմբռնողութիւնը դեր մը ունին։ Ձեր կարդացածին հանդէպ բաւական հետաքրքրութիւն պէտք է ունենաք, որպէսզի ձեր լման ուշադրութիւնը անոր վրայ կեդրոնացնէք։ Չէք կրնար տեղեկութիւնը ձեր միտքը պահել, եթէ կարդալու ատեն ձեր միտքը թափառի։ Ձեր ըմբռնողութիւնը կը բարելաւուի, եթէ տեղեկութիւնները ձեզի ծանօթ եղող, կամ ձեր գիտցած բաներուն հետ կապէք։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Կեանքիս մէջ այս տեղեկութիւնը ի՞նչպէս եւ ե՛րբ կրնամ կիրարկել։ Ուրիշի մը օգնելու համար զայն ի՞նչպէս կրնամ գործածել’։ Ձեր ըմբռնողութիւնը կը բարելաւուի նաեւ, եթէ քանի մը բառ միասնաբար կարդաք, փոխանակ բառերը մէկ առ մէկ կարդալու։ Շատ աւելի հեշտութեամբ պիտի կարենաք գաղափարները ըմբռնել եւ գլխաւոր միտքերը հասկնալ. հետեւաբար, զանոնք վերյիշելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։

Վերաքաղ Ընելու Ժամանակ Յատկացուցէք

Կրթական ասպարէզին մէջ եղող մասնագէտներ կը շեշտեն վերաքաղի կարեւորութիւնը։ Ուսումնասիրութեան մը մէջ, համալսարանի փրոֆէսէօր մը ցոյց տուաւ որ անմիջապէս վերաքաղ ընելու համար գործածուած մէկ վայրկեանը, կրկին չափով տեղեկութիւն ամբարելու կը նպաստէ։ Ուստի, ձեր ընթերցանութիւնը՝ կամ անոր մեծ մասը՝ վերջացնելէ անմիջապէս ետք, մտովին վերաքաղ ըրէք գլխաւոր գաղափարները, զանոնք ձեր մտքին մէջ դրոշմելու համար։ Խորհեցէք որ ձեր սորված նոր կէտերը ի՛նչպէս ձեր անձնական բառերով պիտի բացատրէիք։ Գաղափար մը կարդալէ անմիջապէս ետք երբ ձեր յիշողութիւնը թարմացնէք, աւելի երկար ժամանակ պիտի կարենաք կէտը յիշել։

Ապա յաջորդ քանի մը օրերուն, ձեր կարդացածը վերաքաղ ընելու առիթ փնտռեցէք, տեղեկութիւնը ուրիշի մը հետ բաժնելով։ Ասիկա կրնաք ընել ընտանիքի անդամի մը հետ, ժողովքէն մէկու մը հետ, գործակիցի մը, դասընկերի մը, դրացիի մը, կամ դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր հանդիպած մէկ անհատին հետ։ Փորձեցէք ո՛չ միայն գլխաւոր գաղափարները կրկնել, այլ նաեւ՝ անոնց հետ կապուած սուրբ գրային պատճառաբանութիւնը։ Ասիկա ընելով, նախ դուք պիտի օգտուիք՝ այս կարեւոր բաները ձեր մտքին մէջ դրոշմելով, նաեւ ուրիշներուն օգտակար պիտի ըլլաք։

Կարեւոր Բաներուն Վրայ Խոկացէք

Ձեր կարդացածը վերաքաղ ընելէն ու անոր մասին ուրիշներուն խօսելէն զատ, ձեր սորված կարեւոր բաներուն վրայ խոկալն ալ օգտակար պիտի գտնէք։ Աստուածաշունչը գրողներէն Ասափ եւ Դաւիթ ասիկա ըրին։ Ասափ ըսաւ. «Տէրոջը գործերը պիտի յիշեմ. յիրաւի քու հին օրերու հրաշքներդ պիտի յիշեմ։ Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։ (Սաղմ. 77։11, 12) Դաւիթ նոյնպէս գրեց՝ «Գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ», եւ՝ «Նախկին օրերը կը յիշեմ, քու բոլոր գործերուդ վրայ կը մտածեմ»։ (Սաղմ. 63։6. 143։5) Դուք ալ ասիկա կ’ընէ՞ք։

Եհովայի գործերուն, յատկութիւններուն եւ իր կամքին յայտնաբերումներուն մասին այսպէս խոր ու կեդրոնացած կերպով խորհիլը, միայն իրողութիւնները յիշելէն աւելին կ’իրագործէ։ Եթէ այսպէս խորհիլը վարժութիւն դարձնէք, իրապէս կենսական բաները ձեր սրտին մէջ պիտի դրոշմուին։ Անիկա ձեր ներքին մարդը պիտի ձեւաւորէ։ Պահուած յիշատակները ձեր ներքնագոյն խորհուրդները պիտի ներկայացնեն։—Սաղմ. 119։16

Աստուծոյ Հոգիին Դերը

Երբ փորձենք Եհովայի գործունէութիւններուն եւ Յիսուս Քրիստոսի խօսած բաներուն մասին ճշմարտութիւններ յիշել, մենք մեր գլխուն ձգուած չենք ըլլար։ Իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, քանի որ ձեր քովն եմ, բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին՝ որ Հայրս իմ անունովս պիտի ղրկէ, անիկա ձեզի բոլորը պիտի սորվեցնէ եւ ինչ որ ձեզի ըսի՝ մտքերնիդ պիտի բերէ»։ (Յովհ. 14։25, 26) Մատթէոսն ու Յովհաննէսը հոն ներկայ եղողներուն մէջ էին։ Սուրբ հոգին այսպիսի օգնական մը եղա՞ւ անոնց համար։ Ա՛րդարեւ։ Շուրջ ութ տարի ետք, Մատթէոս ամբողջացուց առաջին մանրամասն պատմագրութիւնը Քրիստոսի կեանքին մասին, մէջը ըլլալով Լերան Քարոզին, Քրիստոսի ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին մանրամասն նշանին նման անգին յիշատակութիւններ։ Յիսուսի մահուընէ վաթսունհինգ տարի ետք, Յովհաննէս առաքեալ իր Աւետարանը գրեց, նախ քան Իր կեանքը տալը, իր առաքեալներուն հետ անցուցած վերջին գիշերը Յիսուսի տուած կարգ մը մանրամասնութիւնները պարփակելով։ Անկասկած, թէ՛ Մատթէոսի եւ թէ Յովհաննէսի մտքին մէջ վառ էին Յիսուսի ըսած ու ըրած բաները՝ երբ իրենց հետ էր, բայց սուրբ հոգին մեծ դեր խաղցաւ, հոգ տանելով որ չմոռնային այն կարեւոր մանրամասնութիւնները, որ Եհովա կ’ուզէր որ պահուէին իր գրաւոր Խօսքին մէջ։

Սուրբ հոգին այսօր ալ Աստուծոյ ծառաներուն համար որպէս օգնական կը գործէ՞։ Վստա՛հաբար։ Անշուշտ, սուրբ հոգին մեր մտքին մէջ չի դներ բաներ, զորս բնաւ սորված չենք, բայց անիկա որպէս օգնական կը գործէ, մեր միտքը բերելով կարեւոր բաներ, զորս անցեալին ուսումնասիրած ենք։ (Ղուկ. 11։13. Ա. Յովհ. 5։14) Ապա՝ երբ կարիքը տեսնուի, մեր մտածելու կարողութիւնը կը խթանուի, որպէսզի «նախապէս սուրբ մարգարէներէն ըսուած խօսքերը եւ մեր՝ այսինքն Տէրոջը ու Փրկչին առաքեալներուն՝ պատուէրները» յիշենք։—Բ. Պետ. 3։1, 2

«Չմոռնաս»

Եհովա կրկին անգամ զգուշացուց Իսրայէլը, ըսելով՝ «չմոռնաս»։ Ինք չէր ակնկալեր որ անոնք ամէն բան կատարելապէս յիշէին։ Բայց անոնք անձնական հետապնդումներով ա՛յնքան տարուած պէտք չէր ըլլային, որ Եհովայի անցեալի բոլոր գործերը իրենց ետին ձգէին։ Անոնք իրենց մտքին մէջ պէտք էր միշտ վառ պահէին Եհովայի ազատագրման յիշատակները, երբ իր հրեշտակը Եգիպտացիներուն բոլոր անդրանիկները սպաննեց, ինչպէս նաեւ երբ Եհովա Կարմիր Ծովը բացաւ ու ապա գոցեց, Փարաւոնն ու իր զօրքը խեղդամահ ընելով։ Իսրայելացիները պէտք էր վերյիշէին թէ Աստուած Սինա Լերան վրայ իր Օրէնքը տուաւ իրենց եւ թէ անապատին մէջէն առաջնորդելով, զիրենք մինչեւ Աւետեաց Երկիրը տարաւ։ Անոնք պէտք չէր մոռնային, այն առումով որ այս բաները պէտք էր շարունակէին խոր ազդեցութիւն ունենալ իրենց առօրեայ կեանքին վրայ։—Բ. Օր. 4։9, 10. 8։10-18. Ել. 12։24-27. Սաղմ. 136։15

Մենք ալ զգոյշ պէտք է ըլլանք որ չմոռնանք։ Մինչ կեանքի ճնշումներուն դէմ կը պայքարինք, պէտք է յիշենք Եհովան, մեր մտքին մէջ պահելով իր ի՛նչպիսի Աստուած մը ըլլալը եւ իր ցոյց տուած սէրը՝ մատուցանելով իր Որդին, որ մեր մեղքերուն համար փրկանքը հայթայթէ, որպէսզի կարենանք յաւիտեան կատարեալ կեանք մը վայելել։ (Սաղմ. 103։2, 8. 106։7, 13. Յովհ. 3։16. Հռովմ. 6։23) Կանոնաւոր Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը եւ ժողովքային հանդիպումներուն ու դաշտի ծառայութեան մէջ գործօն մասնակցութիւն բերելը, այս թանկարժէք ճշմարտութիւնները վառ պիտի պահեն մեր մէջ։

Երբ մեծ կամ պզտիկ որոշումներու դիմաց գտնուիք, այս կենսական ճշմարտութիւնները յիշեցէք եւ թոյլ տուէք որ անոնք ձեր մտածումին ազդեն։ Մի՛ մոռնաք։ Եհովայի դիմեցէք առաջնորդութեան համար։ Փոխանակ հարցերը զուտ ֆիզիքական տեսանկիւնէ դիտելու, կամ անկատար սրտին դրդումներուն վստահելու, դուք ձեզի հարց տուէք՝ ‘Աստուծոյ Խօսքին ո՞ր խրատները կամ սկզբունքները կրնան ազդել որոշումիս’։ (Առ. 3։5-7. 28։26) Չէք կրնար յիշել բաներ, որ բնաւ կարդացած կամ լսած չէք։ Բայց մինչ ճշգրիտ գիտութեան եւ Եհովայի սիրոյն մէջ հասակ կը նետէք, ձեր ունեցած գիտութեան պաշարը պիտի ընդարձակուի, ուրկէ Աստուծոյ հոգին ձեզի կրնայ օգնել որ մտաբերէք, իսկ Եհովայի հանդէպ հետզհետէ աճող ձեր սէրը պիտի մղէ ձեզ որ անոր համաձայն գործէք։

ՁԵՐ ԸՆԹԵՐՑԱԾԸ ՅԻՇԵԼՈՒ ՁԵՐ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՔ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ

  •  Հատուած մը կարդալէ ետք, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Հիմա կարդացածիս գլխաւոր կէտը ի՞նչ է’։ Եթէ գլխաւոր կէտը չէք կրնար վերյիշել, ետ դարձէք ու նիւթին մէջ փնտռեցէք զայն

  •  Երբ ամբողջ գլուխի մը կամ յօդուածի մը ընթերցանութիւնը աւարտէք, դարձեալ դուք ձեզի փորձ մը ըրէք։ Բոլոր գլխաւոր կէտերը թուեցէք։ Եթէ չկարենաք դիւրութեամբ յիշել զանոնք, նորէն նայեցէք եւ ձեր կարդացածը վերաքաղ ըրէք

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել