Ուսումնասիրութիւն 6
Պատշաճ Իմաստի Շեշտ
ԵՐԲ կը խօսիք կամ բարձրաձայն կը կարդաք, կարեւոր է ոչ միայն ամէն մէկ բառը շիտակ արտասանել, այլ նաեւ՝ բանալի բառերը եւ միտք պարունակող արտայայտութիւնները ա՛յնպէս շեշտել, որ գաղափարները յստակօրէն փոխանցուին։
Պատշաճ իմաստի շեշտը քանի մը բառերու կամ նոյնիսկ շատ բառերու վրայ յաւելեալ շեշտ դնելէն աւելին կը պարփակէ։ Շիտակ բառերը պէտք է շեշտուին։ Եթէ սխալ բառերը շեշտուին, ձեր խօսքերը թերեւս բացայայտ չըլլան ունկնդիրներուն, եւ անոնք կրնան թոյլ տալ որ իրենց միտքը տարբեր տեղեր թափառի։ Նիւթը հետաքրքրական իսկ ըլլայ, զեկուցում մը՝ որուն իմաստի շեշտը տկար է, ունկնդիրները խթանելու մէջ նուազ ազդու պիտի ըլլայ։
Յաւելեալ շեշտ կրնայ դրուիլ զանազան կերպերով, որոնք յաճախ միասնաբար կը գործածուին. Ձայնը աւելի բարձրացնելով, աւելի զգացում դնելով, դանդաղ եւ կշռուած կերպով արտայայտուելով, խօսքէ մը առաջ կամ վերջ դադար գործածելով (կամ երկուքն ալ), եւ շարժուձեւերով ու դէմքի արտայայտութիւններով։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, շեշտը կրնայ հաղորդուիլ նաեւ ձայնին թոնը ցածցնելով կամ ձայնաստիճանը բարձրացնելով։ Նիւթը եւ պարագաները նկատի առէք, որոշելու համար թէ ո՛ր կերպը յարմարագոյնն է։
Երբ կ’որոշէք թէ ի՛նչ պիտի շեշտէք, հետեւեալը նկատի առէք. (1) Որեւէ նախադասութեան մէջ, շեշտուելիք բառերը ո՛չ միայն նախադասութեան մնացեալ մասէն կախեալ են, այլ նաեւ՝ նիւթին բովանդակութենէն։ (2) Իմաստի շեշտ կրնայ գործածուիլ շեշտելու համար նոր գաղափարի մը սկիզբը, անիկա ըլլայ գլխաւոր կէտ մը, թէ՝ պատճառաբանութեան եզրի մը փոփոխութիւնը։ Անիկա կրնայ նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրել պատճառաբանութեան եզրի մը աւարտին վրայ։ (3) Դասախօս մը կրնայ իմաստի շեշտ գործածել, հարցի մը մասին իր զգացումը ցոյց տալու համար։ (4) Պատշաճ իմաստի շեշտը կրնայ գործածուիլ նաեւ դասախօսութեան մը գլխաւոր կէտերը ցցուն ընելու համար։
Իմաստի շեշտը այս կերպերով գործածելու համար, դասախօս մը կամ հանրային ընթերցող մը պէտք է յստակ կերպով հասկցած ըլլայ իր նիւթը եւ սրտանց փափաքի որ իր ունկնդիրները իւրացնեն զայն։ Եզրասի օրերուն տրուած ուսուցումին մասին Նէեմեայ 8։8–ն կը նշէ. «Անոնք Աստուծոյ օրէնքի գիրքը յստակ կերպով կարդացին ու մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին»։ Բացայայտ է որ այդ առթիւ Աստուծոյ Օրէնքը կարդացող ու բացատրող անհատները իրազեկ էին, որ իրենց ունկնդիրներուն օգնութիւն պէտք էր տրուէր որ անոնք կարդացուածին իմաստը ըմբռնէին, զայն իրենց միտքը պահէին եւ գործադրէին։
Ի՛նչ Բան Կրնայ Խնդիր Յարուցանել։ Շատեր կրնան իրենց բնական, առօրեայ խօսակցութեան մէջ իրենց միտքը լաւ կերպով հասկցնել։ Բայց երբ ուրիշի մը կողմէ գրուած նիւթ մը կարդան, թերեւս դժուարանան որոշելու թէ ո՛ր բառերը կամ արտայայտութիւնները պէտք է շեշտուին։ Ասոր գաղտնիքը՝ նիւթը յստակօրէն հասկնալու մէջ է։ Ասիկա կը պահանջէ գրութիւնը ուշադիր կերպով ուսումնասիրել։ Ուստի, եթէ ձեզմէ խնդրուի որ ժողովքային հանդիպումի մը մէջ նիւթ մը կարդաք, ջանադրութեամբ պէտք է պատրաստէք զայն։
Կարգ մը անհատներ իմաստի շեշտին տեղ կը գործածեն ինչ որ կը կոչուի՝ «պարբերական շեշտ»։ Անոնք որոշ հեռաւորութեան վրայ բառեր կը շեշտեն, այս շեշտը իմաստալից ըլլայ կամ ոչ։ Ուրիշներ պաշտօն կատարող բառերը կը շեշտեն, թերեւս չափազանցուած շեշտ դնելով յետադրութիւններու կամ շաղկապներու վրայ։ Երբ շեշտը գաղափարները յստակացնելու չի նպաստեր, անիկա խանգարիչ ոճ կը դառնայ։
Իմաստի շեշտ գործածելու համար, կարգ մը դասախօսներ իրենց ձայնածաւալը ա՛յնպիսի կերպով մը կը բարձրացնեն, որ ունկնդիրները ուղղակի յանդիմանուած կը զգան։ Անշուշտ, ասիկա լաւ արդիւնք չի տար։ Եթէ իմաստի շեշտը բնական չըլլայ, այն տպաւորութիւնը կը թողու թէ դասախօսը կը տիրապետէ իր ունկնդիրներուն վրայ։ Ո՛րքան նախընտրելի է սիրով կոչ ընել անոնց եւ օգնել որ տեսնեն թէ ըսուածը թէ՛ սուրբ գրային է եւ թէ՝ տրամաբանական։
Ի՛նչպէս Բարելաւել։ Անհատ մը որ իմաստի շեշտի առնչութեամբ դժուարութիւն ունի, յաճախ ինք անձնապէս չի գիտակցիր անոր։ Ուրիշ մը պէտք է ասիկա իր ուշադրութեան յանձնէ։ Եթէ այս մարզին մէջ կ’ուզէք բարելաւուիլ, ձեր դպրոցի տեսուչը կրնայ օգնել ձեզի։ Նաեւ կրնաք որեւէ լաւ դասախօսէ օգնութիւն խնդրել։ Իրմէ խնդրեցէք որ ուշադիր կերպով լսէ ձեր ընթերցանութիւնը եւ խօսուածքը, ապա բարելաւման համար թելադրութիւններ տայ։
Սկսելու համար, ձեր խրատատուն կրնայ թելադրել որ Դիտարան–ի յօդուած մը գործածէք՝ փորձի համար։ Ան անկասկած ձեզի պիտի ըսէ որ իւրաքանչիւր նախադասութիւն վերլուծէք, որոշելու համար թէ ո՛ր բառերը կամ խօսքերը պէտք է շեշտուին, իմաստը դիւրըմբռնելի դարձնելու համար։ Թերեւս ձեզի յիշեցնէ որ մասնաւոր ուշադրութիւն տաք շեղագիր բառերուն։ Մի՛ մոռնաք որ նախադասութեան մը բառերը իրարու հետ առնչութիւն ունին։ Յաճախ բառերու խումբ մըն է որ պէտք է շեշտուի եւ ո՛չ թէ անջատ բառեր։ Կարգ մը լեզուներու մէջ, աշակերտին քաջալերութիւն կրնայ տրուիլ որ տրոհանիշերուն շատ ուշադիր ըլլայ, իմաստի շեշտը տեղին դնելու համար։
Ինչ բան շեշտելու մէջ որպէս յաջորդ քայլ, ձեր խրատատուն կրնայ քաջալերել որ ո՛չ թէ միայն նախադասութիւնը, հապա բովանդակութիւնը նկատի առնէք։ Ամբողջ պարբերութեան մէջ ի՞նչ հիմնական միտք մշակուած է։ Անիկա ի՞նչպէս պէտք է ազդէ իւրաքանչիւր նախադասութեան մէջ ձեր շեշտելիք կէտին։ Ձեր նիւթին խորագրին եւ սեւատիպ ենթագլուխներուն նայեցէք։ Ասոնք ի՞նչ կերպով կ’ազդեն ձեր շեշտելիք արտայայտութիւններու ընտրութեան։ Այս բոլորը նկատի առնուելիք ազդակներ են։ Բայց ուշադիր եղէք որ շատ բառերու վրայ սուր շեշտ չդնէք։
Յանպատրաստից խօսելու թէ կարդալու պարագային, ձեր խրատատուն կրնայ նաեւ ձեզ քաջալերել որ իմաստի շեշտ գործածելու մէջ պատճառաբանութեան եզրը ձեզի ուղղութիւն տայ։ Պէտք է գիտնաք թէ պատճառաբանութեան եզրը ե՛րբ կ’աւարտի, կամ ձեր ներկայացումը ո՛ւր կարեւոր մտքէ մը ուրիշ մտքի կ’անցնի։ Ունկնդիրները պիտի գնահատեն, երբ ձեր զեկուցումին մէջ ասոնք իրենց ուշադրութեան յանձնէք։ Ասիկա կարելի է ընել շեշտելով այսպիսի բառեր՝ նախ եւ առաջ, անկէ ետք, վերջապէս, այսպիսով, հետեւաբար, եւայլն։
Ձեր խրատատուն նաեւ ձեր ուշադրութիւնը պիտի դարձնէ այն գաղափարներուն վրայ, որոնց մէջ մասնայատուկ զգացում կ’ուզէք դնել։ Ասիկա ընելու համար, կրնաք շեշտել կարգ մը բառեր, ինչպէս՝ շատ, բացարձակապէս, ամէն կերպով, անկարելի է, կարեւոր է, միշտ, եւայլն։ Ասիկա, ձեր ըսածներուն հանդէպ ձեր ունկնդիրներուն զգացումին կրնայ ազդել։ Այս մասին շատ աւելին պիտի ըսուի Ուսումնասիրութիւն 11–ին մէջ՝ «Ջերմութիւն եւ Զգացում»։
Իմաստի շեշտը բարելաւելու համար, ձեզի նաեւ քաջալերութիւն պիտի տրուի որ ձեր մտքին մէջ յստակ ըլլան գլխաւոր կէտերը, զորս կ’ուզէք որ ձեր ունկնդիրները յիշեն։ Ասիկա յաւելեալ կերպով նկատի պիտի առնուի հանրային ընթերցանութեան տեսանկիւնէն, Ուսումնասիրութիւն 7–ին մէջ՝ «Գլխաւոր Գաղափարները Շեշտուած», եւ՝ խօսելու տեսանկիւնէն, Ուսումնասիրութիւն 37–ին մէջ՝ «Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու»։
Եթէ կը ջանաք դաշտի ծառայութեան մէջ աւելի լաւ ըլլալ, մասնաւորաբար ուշադիր եղէք թէ ի՛նչպէս կը կարդաք համարները։ Վարժութիւն դարձուցէք դուք ձեզի հարց տալ. ‘Այս համարը ինչո՞ւ կը կարդամ’։ Եթէ ուսուցիչ մը միայն բառեր ըսէ, անիկա բաւարար չ’ըլլար։ Նոյնիսկ համար մը զգացումով կարդալը բաւարար չէ։ Եթէ մէկու մը հարցումին կը պատասխանէք, կամ անոր հիմնական ճշմարտութիւն մը կը սորվեցնէք, լաւ է որ համարին մէջ շեշտէք այն բառերը կամ արտայայտութիւնները, որոնք ծեծուած նիւթին թիկունք կը կանգնին։ Ապա թէ ոչ, կէտը պիտի վրիպի անհատէն։
Քանի որ իմաստի շեշտը իր մէջ կը պարփակէ որոշ բառեր կամ խօսքեր յաւելեալ կերպով շեշտել, անփորձ դասախօս մը կրնայ չափազանց շեշտել զանոնք։ Արդիւնքը նման պիտի ըլլայ նուագարան մը նոր նուագել սորվող անհատի մը ըրածին։ Բայց յաւելեալ փորձեր ընելով, «ձայնանիշներ»ուն իւրաքանչիւրը գեղեցիկ կերպով արտաբերուող «երաժշտութեան» մաս պիտի կազմէ։
Հիմնական կարգ մը բաներ սորվելէ ետք, փորձառու դասախօսներուն ուշադրութիւն ընելով՝ պիտի կարենաք օգտուիլ։ Շատ չանցած պիտի անդրադառնաք որ շեշտի աստիճանը փոխելով ինչ կ’իրագործուի։ Իսկ ըսուածին իմաստը յստակ դարձնելու համար շեշտի այլազան կերպեր գործածելու արժէքը պիտի գնահատէք։ Պատշաճ իմաստի շեշտ մշակելը, ձեր ընթերցանութիւնն ու խօսակցութիւնը շատ աւելի ազդեցիկ պիտի դարձնէ։
Իմաստի շեշտին մասին միայն մէջէն ելլելու չափ սորվելով մի՛ գոհանաք։ Ազդեցիկ խօսող մը ըլլալու համար, շարունակեցէք անոր վրայ աշխատիլ, մինչեւ որ իմաստի շեշտին տիրապետէք եւ զայն ա՛յնպիսի կերպով մը գործածէք, որ լսողներուն ականջներուն բնական հնչէ։