Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհհ հրց. 6 էջ 18-20
  • Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնել
  • Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Պատանինե՛ր, հասակակիցներու ճնշումին դիմադրեցէ՛ք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Աստուածաշունչը ինչո՞ւ քննել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Շրջապատի Ճնշումը եւ Քարոզելու Ձեր Առանձնաշնորհումը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Պատանիները հետաքրքրող 10 հարցումներ
պհհ հրց. 6 էջ 18-20
Պատանիի մը ծխախոտ կը հրամցուի

ՀԱՐՑՈՒՄ 6

Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնել

ՀԱՐՑԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երբ վճռակամ ըլլաս, կեանքդ դո՛ւն կը ղեկավարես,– եւ ոչ թէ ուրիշները։

ԴՈՒՆ ԻՆՉ Կ’ԸՆԷԻՐ

Երեւակայէ այս պարագան։ Մինչ երկու աշակերտներ Պրայընին կը մօտենան, անոր ստամոքսը կը պրկուի։ Այս շաբաթ, ասիկա երրո՛րդ անգամն է որ անոնք կը փորձեն Պրայընը համոզել որ ծխէ։

Տղաներէն մէկը կ’ըսէ.

«Պրայըն, եկուր քեզի բան մը պիտի տամ»։

«Բան» բառը ըսած ատեն, ան Պրայընին աչք կ’ընէ եւ գրպանէն բան մը հանելով՝ անոր կը հրամցնէ։

Պրայընը կը տեսնէ որ անիկա ծխախոտ է։ Հիմա անոր ստամոքսը ա՛լ աւելի կը պրկուի։

Ան կ’ըսէ. «Ձեզի չըսի՞ որ ես չեմ. . . »։

Երկրորդ տղան Պրայընին խօսքը կ’ընդմիջէ, ըսելով. «Դուն ալ շա՛տ վախկոտ ես»։

«Վախկոտ չե՛մ», կ’ըսէ Պրայըն քաջաբար։

Երկրորդ տղան ձեռքը Պրայընին ուսին վրայ կը դնէ եւ կ’ըսէ. «Լաւ ա՛ռ»։

Առաջին տղան ծխախոտը Պրայընին քիթին տակ կը դնէ եւ ցած ձայնով կ’ըսէ. «Մէկու մը չենք ըսեր։ Մէկը պիտի չգիտնայ»։

Եթէ Պրայընին տեղը ըլլայիր, դո՛ւն ինչ կ’ընէիր։

ՊԱՀ ՄԸ ՄՏԱԾԷ

Արդեօք Պրայընին ընկերները իրենց ըրածին մասին մտածա՞ծ էին։ Երբ անցեալին անոնք նոյն պարագային առջեւ գտնուեցան, կրցա՞ն անձնական որոշում առնել։ Թերեւս ո՛չ։ Այնպէս կ’երեւի թէ անոնք ճնշումին տեղի տուած էին։ Քանի՛ որ անոնք կ’ուզեն ուրիշներուն կողմէ ընդունուած ըլլալ, անոնք անո՛նց ուզածին պէս կը քալեն։

Եթէ այսպիսի պարագայի մը մէջ գտնուէիր, ինչպէ՞ս կրնայիր ընկերներուդ ճնշումին դէմ դնել։

  1. 1 ՀԵՌԱՏԵՍ ԵՂԻՐ

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին» (Առակաց 22։3)։

    Երբեմն վտանգը կրնաս սկիզբէն տեսնել։ Օրինակ, երեւակայէ որ հեռուէն կը տեսնես խումբ մը դպրոցակիցներ կը ծխեն։ Եթէ տեսնես որ կրնայ խնդիր մը ծագիլ, պատրաստ կ’ըլլաս ատոր դէմ դնելու։

  2. 2 ՄՏԱԾԷ

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մաքուր խղճմտանք ունեցէք» (Ա. Պետրոս 3։16)։

    Դուն քեզի հարց տուր. ‘Եթէ ուրիշներուն ուզածին պէս քալեմ, ժամանակ մը ետք ինչպէ՞ս պիտի զգամ’։ Ճիշդ է որ այդ վայրկեանին ընկերներդ պիտի ուրախացնես, բայց արդեօք ետքը ինչպէ՞ս պիտի զգաս։ Պատրա՞ստ ես համոզումներդ զոհելու պարզապէս դասընկերներդ հաճեցնելու համար (Ելից 23։2)։

  3. 3 ՈՐՈՇԷ

    Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առակաց 14։15)։

    Ուշ կամ կանուխ, պէտք է ընտրութիւն մը ընենք եւ անոր հետեւանքները կրենք,– ըլլան անոնք լաւ կամ գէշ։ Աստուածաշունչը կը խօսի Յովսէփին, Յոբին եւ Յիսուսին մասին, որոնք ճիշդ որոշումներ առին։ Անիկա նաեւ կը խօսի Կայէնին, Եսաւին եւ Յուդային մասին, որոնք սխալ որոշումներ առին։ Դուն ինչ որոշում պիտի առնես։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ քիչ բանի մէջ հաւատարիմ է, շատի մէջ ալ հաւատարիմ կ’ըլլայ» (Ղուկաս 16։10)։ Եթէ արդէն իսկ մտածած ես հետեւանքներուն մասին եւ ըստ այնմ որոշում մը առած ես, պիտի զարմանաս որ որքա՜ն դիւրին է որոշումդ ընկերներուդ ըսել։ Իսկ արդիւնքը վարձատրելի պիտի ըլլայ։

Հոգ մի՛ ըներ։ Պէտք չունիս ընկերներուդ դասախօսութիւն տալու։ Բաւարար է Ո՛Չ ըսել։ Կամ, կեցուածքդ յստակ դարձնելու համար, կրնաս պարզապէս ըսել.

  • «Չե՛մ ուզեր»։

  • «Ես ասանկ բաներ չեմ ըներ»։

  • «Դեռ չէ՞ք գիտեր որ ես ատիկա ընողը չեմ»։

Կարեւորը շատ արագ եւ համոզումով պատասխանելն է։ Այսպիսով պիտի զարմանաս որ ընկերներդ որքա՛ն արագ ետ պիտի կենան քեզ ճնշելէ։

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՍ ԵԹԷ ՔԵԶ ԾԱՂՐԵՆ

Պատանի մը ուրիշ պատանի մը կը ղեկավարէ, կարծես իր ձեռքին մէջ խաղալիք ըլլայ

Եթէ ընկերներուդ ճնշումին տեղի տաս, անոնց ձեռքին մէջ խաղալիք կը դառնաս

Եթէ ընկերներդ քեզ ծաղրեն, ըսելով՝ «Վախկո՛տ», գիտցիր որ ասիկա մէկը ճնշելու սովորական ձեւն է։ Արդեօք ի՞նչ կրնաս ընել։ Առնուազն երկու բան.

  • Ծաղրանքը կ’ընդունիս։ Օրինակ, կ’ըսես. «Ճի՛շդ էք, կը վախնամ» եւ յետոյ պատճառը կու տաս։

  • Ճնշումին դէմ կը դնես։ Կ’ըսես թէ ինչո՛ւ կը մերժես եւ յետոյ անոնց անակնկալի կը բերես։ Օրինակ, կ’ըսես. «Ես ալ բնաւ չէի ակնկալեր որ դո՛ւք կը ծխէք»։

Եթէ ընկերներդ շարունակեն քեզ ծաղրել, անոնցմէ հեռացիր։ Յիշէ թէ որքա՛ն երկար մնաս, այնքա՛ն ճնշումը կը զօրանայ։ Երբ ձգես–քալես, ցոյց կու տաս որ չես ուզեր որ ուրիշները քեզ փոխեն։

Ճնշումներէ չես կրնար փախչիլ։ Բայց կրնա՛ս որոշել թէ ինչ կ’ուզես ընել, որոշումդ ընկերներուդ ըսել եւ պարագան քո՛ւ հակակշռիդ տակ առնել։ Վերջ ի վերջոյ դո՛ւն կ’ընտրես ինչ ընել (Յեսու 24։15)։

ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՍ

  • Ինչպէ՞ս կրնամ ընկերներուս ճնշումին դէմ դնելու պատրաստուիլ։

  • Եթէ ընկերներս ճնշեն որ սխալ բան մը ընեմ, ի՞նչ պիտի ընեմ։

ԱՒԵԼԻՆ ԳԻՏՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ընկերներուդ ճնշումին տեղի մի՛ տար

Դիտէ Ընկերներուդ ճնշումին տեղի մի՛ տար տեսաերիզը www.jw.org կայքին վրայ (նայէ՛ BIBLE TEACHINGS > TEENAGERS եւ ընտրէ արեւմտահայերէն լեզուն)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել