Շրջապատի Ճնշումը եւ Քարոզելու Ձեր Առանձնաշնորհումը
1 Շրջապատի ճնշումը զօրաւոր ազդեցութիւն մը կը բանեցնէ, լաւ կամ գէշ։ Եհովայի ծառաները դրական ազդեցութիւն մը կը բանեցնեն, որ մեզ քրիստոնէական բարի գործերու կը մղէ։ (Եբր. 10։24) Սակայն, Վկայ չեղող ընտանիքի անդամներ, գործակիցներ, դասընկերներ, դրացիներ, կամ ուրիշ ծանօթներ, մեր վրայ ճնշում կրնան բանեցնել որ քրիստոնէական սկզբունքներուն հակառակ եղող ընթացքի մը հետեւինք։ Անոնք կրնան ‘Քրիստոսով եղած մեր բարի վարքը պախարակել’։ (Ա. Պետ. 3։16) Ի՞նչպէս կրնանք քարոզչութիւնը շարունակելու մեր վճռակամութիւնը պահպանել, ի հեճուկս մեր դիմագրաւած բացասական շրջապատի ճնշումին։
2 Ընտանիքի Անդամներ. Երբեմն, Եհովայի Վկայ չեղող ամուսին մը կամ հայր մը կրնայ չուզել որ իր կինը կամ զաւակները հանրային ծառայութեան մասնակցին։ Մեքսիկայի մէջ ընտանիքի մը պարագան այս էր։ Մարդու մը կինը եւ եօթը զաւակները ճշմարտութեան եկան։ Սկիզբը ան հակառակեցաւ, քանի որ չէր ուզեր որ իր ընտանիքը տունէ տուն քարոզէ եւ սուրբ գրային գրականութիւններ բաշխէ։ Ան զգաց թէ ասիկա անոնց արժանապատուութեան կը դպչէր։ Սակայն, անոր կինն ու զաւակները Եհովայի ծառայելու եւ ծառայութեան մէջ կանոնաւորաբար բաժին բերելու իրենց որոշումին վրայ հաստատ մնացին։ Ժամանակի ընթացքին, մարդը քարոզչութեան նկատմամբ Աստուծոյ կարգադրութիւնը ընդունելու արժէքը սկսաւ նկատել եւ ինք ալ Եհովայի նուիրուեցաւ։ 15 տարի տեւեց որ ան ճշմարտութիւնը ընդունի, բայց ան երբեք այս քայլը պիտի առնէ՞ր, եթէ իր ընտանիքը քարոզելու իրենց առանձնաշնորհումին մէջ չյարատեւէին։—Ղուկ. 1։74. Ա. Կորն. 7։16
3 Գործակիցներ. Գործակիցներուն վկայելու ձեր ջանքը կրնայ ոմանց կողմէ լաւ ընդունելութիւն չգտնել։ Քոյր մը պատմեց թէ, երբ գրասենեակին մէջ աշխարհի վերջին մասին նիւթ մը արծարծուեցաւ, ծաղրանքի առարկայ դարձաւ, քանի որ թելադրեց անոնց Մատթէոս 24–րդ գլուխը կարդալ։ Սակայն, քանի մը օր ետք, իր գործակիցներէն մէկը իրեն ըսաւ որ այդ գլուխը զինք տպաւորեց։ Գրականութիւն մը տեղաւորուեցաւ եւ իր ու ամուսնոյն հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կարգադրութիւններ եղան։ Առաջին ուսումնասիրութիւնը մինչեւ առաւօտեան ժամը երկու տեւեց։ Երրորդ ուսումնասիրութենէն ետք, անոնք սկսան ժողովներու յաճախել, իսկ շատ չանցած ծխախոտը ձգեցին եւ ծառայութեան սկսան մասնակցիլ։ Ասիկա տեղի պիտի ունենա՞ր, եթէ մեր քոյրը իր յոյսը ուրիշներու հետ բաժնելու ջանք չթափէր։
4 Դասընկերներ. Սովորական բան մըն է որ պատանի Վկաներ դպրոցին մէջ շրջապատի ճնշումին ենթարկուին եւ վախնան որ ուրիշ պատանիներ զիրենք նուաստացնեն, քանի որ քարոզչութեան գործին կը մասնակցին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, Քրիստոնեայ պատանուհի մը ըսաւ. «Կը վարանէի միւս պատանիներուն վկայելու, վախնալով որ զիս ծաղրեն»։ Ուստի, ան խուսափեցաւ դպրոցին եւ թաղամասին մէջ իր դասընկերներուն վկայելու պատեհութիւններէն։ Ի՞նչպէս կրնաք շրջապատի ճնշումին դէմ դնելու զօրութիւնը մշակել։ Եհովայի ապաւինեցէ՛ք, ջանալով իր հաճութեան ժպիտը ձեռք ձգել։ (Առ. 29։25) Աստուծոյ Խօսքը ծառայութեան մէջ գործածելու ձեր կարողութեամբ հպարտ զգացէք։ (Բ. Տիմ. 2։15) Հոս մէջբերուած պատանուհին սկսաւ Եհովայի աղօթել, օգնութիւն խնդրելով որ իր դասընկերուհիներուն խօսելու փափաքը մշակէ։ Ան սկսաւ դպրոցին մէջ անպաշտօն կերպով վկայել, լաւ արդիւնքներ քաղեց, եւ շատ չանցած ան կը խօսէր իր ճանչցած բոլոր անհատներուն։ Ան եզրափակեց. «Այդ պատանիները ապագայի նկատմամբ յոյսի մը կարիքը եւ փափաքը ունին, իսկ Եհովա անոնց օգնելու համար մեզ կը գործածէ»։
5 Դրացիներ. Թերեւս ունինք դրացիներ կամ այլ ծանօթներ որոնք մեզի երես կը ծռեն, մեր ինքնութեան եւ հաւատալիքներուն պատճառաւ։ Եթէ վախ ունիք թէ անոնք ի՛նչ կը խորհին, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Անոնք յաւիտենական կեանքի առաջնորդող ճշմարտութիւնը գիտե՞ն։ Ի՞նչ կրնամ ընել անոնց սրտին հասնելու համար’։ Շրջանային տեսուչ մը նկատեց որ դրացիներուն չափաւոր կերպով վկայելով հոյակապ արդիւնքներ ձեռք կը ձգուին։ Եհովայէ խնդրեցէք որ ձեզի հարկ եղած զօրութիւնը եւ իմաստութիւնը տայ, որպէսզի շարունակէք պարկեշտ սիրտ ունեցողները փնտռել։—Փիլ. 4։13
6 Բացասական շրջապատի ճնշումին տեղի տալը կրնայ հակառակորդները հաճեցնել, սակայն անոնց կամ մեր լաւագոյն շահերուն կը ծառայէ՞։ Յիսուս իր իսկ հայրենակիցներուն հակառակութեան թիրախը դարձաւ։ Ան նոյնիսկ իր խորթ եղբայրներուն սուր դիտողութիւններուն տոկաց։ Սակայն գիտէր թէ ինք կրնար անոնց օգնել, միա՛յն երբ Աստուծոյ որոշած ընթացքին մէջ յարատեւէր։ Ուստի, Յիսուս «համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն»։ (Եբր. 12։2, 3) Մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։ Վճռեցէք Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու ձեր առանձնաշնորհումէն լաւագոյնս օգտուիլ։ Այսպէս ընելով, «քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն»։—Ա. Տիմ. 4։16