Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Յունուար 1—Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան [վերատեսչութեան (ՆԱ)] կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ։—Ա. Տիմոթէոս 3։1, Դիտ. 11/1/90 1, 2
Յունուար 2—Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։—Սաղմոս 145։1
Յունուար 3—Հարուստ ըլլալու մի՛ աշխատիր, քու խորհուրդէդ ետ կեցի՛ր։ Աչք պիտի տնկե՞ս այն բանին, որ ոչինչ է։ Անիկա անշուշտ իրեն թեւեր կը շինէ ու արծիւի պէս օդը կը թռչի։—Առակաց 23։4, 5
Յունուար 4—Արքայութեան այս աւետարանը [թագաւորութեան այս բարի լուրը] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ։—Մատթէոս 24։14
Յունուար 5—իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին։—Եբրայեցիս 10։24, 25
Յունուար 6—Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. վասնզի ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ։ Վասնզի [օրինագիրքը] ... այս խօսքին մէջ կը բովանդակուի. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ Սէրը ընկերին գէշութիւն չըներ. ուրեմն օրէնքին լրումը սէրն է։—Հռովմայեցիս 13։8–10, Դիտ. 1/1/91 17–19
Յունուար 7—Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։—Հռովմայեցիս 8։6, Դիտ. 5/1/91 5, 6ա
Յունուար 8—Տէրոջը [Եհովայի] յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ։ Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող։—Սաղմոս 37։5, 25, Դիտ. 2/1/91 18, 19
Յունուար 9—Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը [Եհովայի] ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։—Առակաց 3։5, Դիտ. 3/1/91 11, 12
Յունուար 10—Յիսուս ... վար եղած էր մահուան չարչարանքին համար, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ։—Եբրայեցիս 2։9, Դիտ. 4/1/91 13
Յունուար 11—Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ հոգւոյն սրբոյ։—Մատթէոս 28։19, Դիտ. 12/1/90 9–11ա
Յունուար 12—Շատեր գացին [Պօղոսի] բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք։—Գործք 28։23
Յունուար 13—Բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով։—Գործք 14։16
Յունուար 14—Անիւներուն երեւոյթը ու անոնց շինուածքը ... այնպէս էր, որպէս թէ անիւ անիւի մէջ եղած ըլլար։—Եզեկիէլ 1։16
Յունուար 15—Իմ յանդիմանութեանս դարձէ՛ք։ Ահա իմ հոգիս ձեր վրայ պիտի թափեմ, իմ խօսքերս ձեզի պիտի հասկցնեմ։—Առակաց 1։23, Դիտ. 6/1/91 8, 9
Յունուար 16—Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան [վերակացութեան] կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ, ուստի եպիսկոպոսը [վերակացուն] պէտք է անարատ ըլլայ։—Ա. Տիմոթէոս 3։1, 2, Դիտ. 11/1/90 5ա
Յունուար 17—Լսեր էք որ ըսուեցաւ, «Շնութիւն մի ըներ»։ Բայց ես ձեզի կ’ըսեմ. Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ։—Մատթէոս 5։27, 28
Յունուար 18—Քու փառքիդ մեծութեանը վայելչութիւնը ու քու հրաշալի գործերդ պիտի յայտնեմ։—Սաղմոս 145։5
Յունուար 19—Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ։—Առակաց 27։11, Դիտ. 1/1/91 12
Յունուար 20—Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասնզի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։—Հռովմայեցիս 13։1
Յունուար 21—Մովսէս շատ հեզ մարդ մըն էր՝ երկրի վրայ եղած բոլոր մարդոցմէ աւելի։—Թուոց 12։3
Յունուար 22—«Որո՞ւ կը նմանցնէք զիս, որ ես անոր հաւասար ըլլամ», կ’ըսէ Սուրբը։—Եսայեայ 40։25, Դիտ. 3/1/91 3, 4, 6
Յունուար 23—Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու։—Մատթէոս 20։28, Դիտ. 4/1/91 6, 7
Յունուար 24—Վասնզի եթէ մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը, ո՜րչափ աւելի մեր հաշտուած ատենը պիտի ապրինք անոր կեանքովը։—Հռովմայեցիս 5։10, Դիտ. 5/1/91 12, 13
Յունուար 25—Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր»։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 4, 8, 9
Յունուար 26—Տէրոջը [Եհովայի] աչքերը բոլոր երկիրը կը դիտեն, որպէսզի իրեն ուղիղ սրտով յարողները ուժովցնէ։—Բ. Մնացորդաց 16։9
Յունուար 27—Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը [Եհովայի] առջեւ պիղծ են ու թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին, անպատիժ պիտի չմնան։—Առակաց 16։5, Դիտ. 11/1/90 6
Յունուար 28—Մեծ ու խիստ գովելի է Տէրը [Եհովան] ու անոր մեծութիւնը անքննելի է։—Սաղմոս 145։3
Յունուար 29—Երանի՜ իրենց հոգեւոր կարիքին գիտակից եղողներուն, վասնզի երկնքի թագաւորութիւնը անոնց կը պատկանի։—Մատթէոս 5։3, ՆԱ։
Յունուար 30—Ուրեմն ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։—Հռովմայեցիս 13։2
Յունուար 31—Ուստի հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է։—Ա. Կորնթացիս 13։13, Դիտ. 1/1/91 7