Հաղորդակցող Անհատ մը Եղէք
1 Քարոզելու եւ աշակերտելու մեր յանձնարարութիւնը կատարելու համար, պէտք է ուրիշներու տեղեկութիւններ հաղորդենք։ (Մատթ. 24։14. 28։19, 20) Հաղորդակցութիւնը կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ նոյնիսկ բարեկամներու մէջ։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնել որ բարի լուրը օտարներու հաղորդենք։
2 Օտարէ մը՝ Բարեկամի. Փորձեցէք դուք ձեզ ծառայութեան մէջ ձեր հանդիպած մարդոց տեղը դնել։ Ներկայ աշխարհին մէջ, հասկնալի է որ ոմանք օտարներու հանդէպ կասկածամիտ ըլլան, կամ նոյնիսկ անոնցմէ վախնան։ Ասիկա կրնայ հաղորդակցութեան արգելք հանդիսանալ։ Ի՞նչպէս կրնաք ձեր հանդիպած անհատներուն ունեցած սկզբնական վախը փարատել։ Բառ մը ըսելէն առաջ, արդէն կը հաղորդակցինք մեր պատշաճ անձնական երեւոյթով։ Մեր կոկիկ հագուելակերպը եւ լուրջ վերաբերմունքը կրնան օգնել վախերը վանելու։—Ա. Տիմ. 2։9, 10
3 Հաղորդակցութեան նաեւ կը նպաստէ հանդարտ ու բարեկամական ոճը։ Ասիկա կ’օգնէ ուրիշները հանգստացնելու եւ զանոնք մտիկ ընելու աւելի հակամէտ կը դարձնէ։ Այս ուղղութեամբ լաւ պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է։ Երբ մեր ըսելիքը մեր մտքին մէջ յստակ ըլլայ, նուազ ջղագրգիռ կ’ըլլանք։ Իսկ մեր այս խաղաղ տրամադրութիւնը կրնայ ուրիշները մեր պատգամին քաշել։ Կին մը քրոջ մը տուած այցելութեան մասին հետեւեալը ըսաւ. «Կը յիշեմ իր ժպտուն երեսը, որ խաղաղութիւն կը ներշնչէր։ Հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ»։ Ասիկա ճամբան հարթեց որ կինը բարի լուրին ականջ տայ։
4 Հրապուրիչ Յատկութիւններ. Պէտք է ուրիշներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերենք։ (Փիլ. 2։4) Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ խօսակցութեան ղեկը մեր ձեռքը չառնել։ Ի վերջոյ, հաղորդակցութիւնը նաեւ կը պարփակէ լսել։ Երբ խնդրենք որ մեր ունկնդիրները արտայայտուին եւ անոնց ըսածներուն ուշի ուշով մտիկ ընենք, կը զգան թէ իրենցմով հետաքրքրուած ենք։ Ուստի, երբ ձեր ունկնդիրները խօսին, մի՛ աճապարէք ձեր պատրաստած ներկայացման դառնալու։ Զանոնք անկեղծութեամբ գովեցէք եւ ջանացէք անոնց ըսածներուն վրայ կերտել։ Եթէ զիրենք մտահոգող բան մը արտայայտեն, ձեր ներկայացումը անոր յարմարցուցէք։
5 Համեստութիւնն ու խոնարհութիւնը հաղորդակցութեան գիծերը բաց կը պահեն։ (Առ. 11։2. Գործք 20։19) Մարդիկ Յիսուսի մօտեցան, քանի որ ‘հեզ ու սրտով խոնարհ’ էր։ (Մատթ. 11։29) Միւս կողմէ, մեծամիտ կեցուածքը կը խորշեցնէ։ Ուստի, թէեւ հաստատօրէն համոզուած ենք թէ ճշմարտութիւնը ունինք, իմաստութեամբ կը խուսափինք կտրական կերպով խօսելէ։
6 Ի՞նչ կրնանք ընել եթէ անհատին խօսքերը ցոյց տան հաւատալիքներ, որոնք Աստուածաշունչի սորվեցուցածին հետ ներդաշնակ չեն։ Պարտաւո՞ր ենք զինք սրբագրել։ Այո՛, յարմար ժամանակին, բայց ստիպուած չենք ասիկա ընել առաջին հանդիպումին։ Յաճախ աւելի օգտակար է հասարակաց գաղափարներու վրայ շինել, իր հետ Աստուածաշունչի այնպիսի ուսուցումներ բաժնելէ առաջ, զորս կրնայ դժուարութեամբ ընդունիլ։ Ասիկա համբերութիւն եւ փափկանկատութիւն կը պահանջէ։ Պօղոս ընտիր օրինակ մը հանդիսացաւ այս ուղղութեամբ, երբ Արիսպագոսի դատաւորներուն կը վկայէր։—Գործք 17։18, 22-31
7 Ամէն բանէ վեր, անձնուրաց սէրը պիտի օգնէ մեզի որ ազդու հաղորդակցողներ ըլլանք։ Յիսուսի նման, պէտք է խղճանք այն մարդոց վրայ, որոնք ‘յոգնած ու ցիրուցան եղած են հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս’։ (Մատթ. 9։36) Ասիկա մեզ կը մղէ որ բարի լուրը անոնց տանինք եւ օգնենք որ կեանքի ճամբուն մէջ քալեն։ Մեր պատգամը սիրոյ պատգամ մըն է, ուստի շարունակենք զայն հաղորդել սիրալիր կերպով։ Ասիկա ընելով, կ’ընդօրինակենք Եհովա Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոսը. տիեզերքի մեծագոյն Հաղորդակցողները։