Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 2/1 էջ 7-11
  • «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք»

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • «Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք»
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Օտարասիրութիւն
  • Եհովա՝ Կատարեալ Հիւրընկալը
  • Հրեշտակներ Հիւրընկալող մը
  • Հիւրասէր Ժողովուրդ մը
  • Հիւրասէր ըլլալը թէ՛ շատ պէտք է եւ թէ հաճելի է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ընդունինք զանոնք՝ հիւրասիրութեամբ
    Եհովային գովերգենք
  • «Բարի բաներ» բաժնել՝ հիւրասէր ըլլալով (Մատ. 12։35ա)
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • Քրիստոնէական հիւրասիրութիւն՝ պառակտուած աշխարհի մը մէջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 2/1 էջ 7-11

«Հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք»

«Սուրբերուն պէտքերուն հաղորդ եղէ՛ք. հիւրասիրութեան ետեւէ եղէ՛ք»։—ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 12։13

1. Մարդկային հիմնական կարիքներէն մէկը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչպէս կը յայտնուի։

ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ, ուշ գիշերով օտար թաղամասի մը մէջ ամայի փողոցէ մը քալելը մտատանջող փորձառութիւն մը կրնայ ըլլալ։ Սակայն նոյնքան ճնշիչ կրնայ ըլլալ ամբոխի մը մէջ գտնուիլ ու մէկը չճանչնալ, ոչ ալ անոնցմէ ճանչցուիլ։ Արդարեւ, հոգ տարուելու, ընդունելի ըլլալու, եւ ուրիշներու կողմէ սիրուելու կարիքը մարդկային բնոյթին անբաժանելի մէկ մասը կը կազմէ։ Ո՛չ ոք կը փափաքի որ ուրիշներ իր հետ օտարականի մը կամ դրսեցիի մը պէս վարուին։

2. Եհովա ի՞նչպէս գոհացուցած է ընկերակցութիւն ունենալու մեր կարիքը։

2 Եհովա Աստուած՝ ամէն բաներու Շինողը ու Ստեղծիչը՝ շատ լաւ գիտէ որ մարդիկ ընկերակցութեան կարիքը ունին։ Մարդկային ստեղծագործութեան Ծրագրիչը ըլլալով, Աստուած սկիզբէն իսկ գիտցաւ թէ «աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ», եւ ան այս ուղղութեամբ քայլ մը առաւ։ (Ծննդոց 2։18, 21, 22) Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը լեցուն է Եհովայի ու անոր ծառաներուն կողմէ մարդոց հանդէպ ցուցաբերուած ազնիւ արարքներով։ Ասիկա կարելի կ’ընէ որ մենք ալ սորվինք թէ ի՛նչպէս կրնանք ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլալ’, ուրիշներու ուրախութիւն եւ հաճոյք, իսկ մեզի գոհունակութիւն՝ պատճառելու համար։—Հռովմայեցիս 12։13

Օտարասիրութիւն

3. Բացատրեցէք հիւրասիրութիւն բառին հիմնական իմաստը։

3 Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «հիւրասիրութիւն» բառը թարգմանուած է Յունարէն ֆի·լո·քսէ·նիա բառէն, որ բաղկացած է երկու արմատ բառերէ, որոնց նշանակութիւնն է «սէր» եւ «օտարական»։ Հետեւաբար, հիւրասիրութիւն հիմնականօրէն կը նշանակէ «օտարասիրութիւն»։ Սակայն, ասիկա պարզապէս ձեւակերպութիւն, կամ կենցաղագիտութեան հարց, չէ։ Անիկա կը պարփակէ անհատի մը զգացումներն ու գորովը։ Ըստ Ճէյմս Սթրոնկի Աստուածաշունչի Ամբողջական Համաբարբառին (Անգլերէնով), ֆիլէօ բայը կը նշանակէ «բարեկամ ըլլալ ([անհատի մը կամ առարկայի մը հանդէպ] գորով ունենալ), այսինքն՝ բանի մը հանդէպ խանդաղատանք ունենալ (զգացումէ առթած անհատական կապակցութիւն նշելով)»։ Ուստի, հիւրասիրութիւնը սկզբունքային սէրէն անդին կ’երթայ, թերեւս պարտականութեան կամ պարտաւորութեան զգացումէ մղուած։ Ան սովորաբար հարազատ խանդաղատանքի, գորովի ու բարեկամութեան արտայայտութիւն է։

4. Հիւրասիրութիւնը որո՞նց հանդէպ պէտք է ցուցաբերուի։

4 Այս խանդաղատանքն ու գորովը ստացողը «օտարական»ն է (Յունարէն, քսէնոս)։ Անիկա ո՞վ կրնայ ըլլալ։ Դարձեալ, Սթրոնկի Համաբարբառը քսէնոս բառը կը սահմանէ որպէս ‘օտար (բառացիօրէն՝ պանդուխտ, կամ այլաբանօրէն՝ նորեկ). կիրարկման համաձայն՝ հիւր մը, կամ (հակառակը) օտարական մը’։ Ուստի, Աստուածաշունչի օրինակներէն դատելով, հիւրասիրութիւն կրնայ նշանակել մեր սիրած անձին կամ նոյնիսկ բոլորովին օտարի մը հանդէպ ազնուութիւն ցուցաբերել։ Յիսուս բացատրեց. «Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ առաւելութիւն կ’ունենաք. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն։ Եւ եթէ միայն ձեր եղբայրներուն բարեւ տաք, ի՞նչ աւելի կ’ընէք ուրիշներէն. չէ՞ որ մաքսաւորներն ալ նոյնը կ’ընեն»։ (Մատթէոս 5։46, 47) Իսկական հիւրասիրութիւնը կանխադատումի ու վախի պարտադրած բաժանմունքը ու խտրականութիւնը կ’անտեսէ։

Եհովա՝ Կատարեալ Հիւրընկալը

5, 6. (ա) Յիսուս ի՞նչ բան ի մտի ունէր երբ ըսաւ. «Ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ (բ) Եհովայի առատաձեռնութիւնը ի՞նչպէս կը տեսնուի։

5 Իրար հանդէպ մարդոց ցուցաբերած սիրոյ մէջ թերացումներու մասին վերոյիշեալ ակնարկութիւնը ընելէ ետք, Յիսուս հետեւեալ նշմարը աւելցուց. «Ուրեմն դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրն ալ կատարեալ է»։ (Մատթէոս 5։48) Անշուշտ, Եհովա ամէն մարզի մէջ կատարեալ է։ (Բ. Օրինաց 32։4) Բայց եւ այնպէս, Յիսուս հոս Եհովայի կատարելութեան յատկանշական մէկ երեսակը ցցուն կ’ընէր, ինչպէս նախապէս ըսած էր. «[Աստուած] իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ՛ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։45) Ազնուութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ, Եհովա աչառութիւն չ’ըներ։

6 Որպէս Ստեղծիչ՝ Եհովա ամէն բանի սեփականատէրն է։ «Իմս են անտառին բոլոր գազանները, հազարաւոր լեռներուն անասունները։ Ես կը ճանչնամ լեռներուն բոլոր թռչունները ու դաշտի գազանները իմ քովս են», կ’ըսէ Եհովա։ (Սաղմոս 50։10, 11) Այսուհանդերձ, ան որեւէ բան անձնասիրաբար ինքնիրեն չի պահեր։ Առատաձեռնութեամբ, ան հայթայթումներ կ’ընէ իր բոլոր արարածներուն համար։ Սաղմոսերգուն Եհովայի մասին ըսաւ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։—Սաղմոս 145։16

7. Օտարականներու ու կարօտեալներու հետ Եհովայի վերաբերմունքէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

7 Եհովա մարդոց՝ նոյնիսկ զինք չճանչցողներուն, իրեն օտար եղողներուն կարիքները կը լեցնէ։ Պօղոս եւ Բառնաբաս Լիւստրա քաղաքի կռապաշտներուն յիշեցուցին թէ Եհովա «ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը» լեցուցած է։ (Գործք 14։16) Եհովա ազնիւ ու առատաձեռն է յատկապէս կարօտեալներուն հանդէպ։ (Բ. Օրինաց 10։17, 18) Ուրիշներուն հանդէպ ազնուութիւն ու առատաձեռնութիւն՝ ուրիշ խօսքով, հիւրասիրութիւն՝ ցուցաբերելու մէջ, Եհովայէ շա՜տ բան կրնանք սորվիլ։

8. Եհովա մեր հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու մէջ իր առատաձեռնութիւնը ի՞նչպէս ցոյց տուած է։

8 Իր արարածներուն նիւթական կարիքները առատօրէն հայթայթելէ զատ, Եհովա հոգեւոր գետնի վրայ ալ անոնց կարիքները կը հոգայ։ Մեզմէ ոեւէ մէկը հոգեւորապէս մեր անյոյս վիճակին գիտակցելէ առաջ իսկ, Եհովա ամենայն վեհանձնութեամբ գործի լծուեցաւ ի նպաստ մեր հոգեւոր բարօրութեան։ Հռովմայեցիս 5։8–10–ի մէջ կը կարդանք. «Աստուած իր սէրը որ մեր վրայ ունէր՝ յայտնեց, երբ դեռ մեղաւոր էինք։ Քրիստոս մեզի համար մեռաւ։ . . . Մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը»։ Այս կարգադրութիւնը կարելի կը դարձնէ որ մեղաւոր մարդիկ մեր երկնաւոր Հօրը հետ ընտանեկան ուրախ յարաբերութեան մէջ գան։ (Հռովմայեցիս 8։20, 21) Եհովա նաեւ կարգադրեց որ կեանքի մէջ յաջողելու համար, մեզի պատշաճ առաջնորդութիւն եւ ուղղութիւն մատակարարուի, հակառակ մեր մեղաւոր ու անկատար վիճակին։—Սաղմոս 119։105. Բ. Տիմոթէոս 3։16

9, 10. (ա) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Եհովա կատարեալ հիւրընկալ մըն է։ (բ) Այս առնչութեամբ ճշմարիտ երկրպագուները Եհովայի օրինակին ի՞նչպէս պէտք է հետեւին։

9 Ասոր ի տես, կրնանք ըսել որ Եհովա իրապէս բազմաթիւ կերպերով կատարեալ հիւրընկալ մըն է։ Ան՝ կարօտեալը, խոնարհը ու աղքատը չ’անտեսեր։ Անկեղծ հետաքրքրութիւն եւ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ օտարներուն, նոյնիսկ իր թշնամիներուն հանդէպ, փոխարէն առանց որեւէ նիւթական բան մը ակնկալելու։ Այս բոլոր բաներով, ան կատարեալ հիւրընկալի մը գերագոյն տիպարը չէ՞։

10 Եհովա կ’ուզէ որ իր երկրպագուները զինք ընդօրինակեն որպէս ողորմած ու առատաձեռն Աստուած մը։ Աստուածաշունչի սկիզբէն մինչեւ վերջը, այս քաղցր յատկութեան աչքառու օրինակները կը տեսնենք։ Հրէական Համայնագիտարանը (Անգլերէնով) դիտել կու տայ որ «վաղեմի Իսրայէլի մէջ, հիւրասիրութիւնը պարզապէս քաղաքավարութեան հարց չէր, այլ՝ բարոյական օրէնք մըն էր։ . . . Յոգնած ճամբորդին բարի գալուստ մաղթելու ու օտարականը տան մէջ ընդունելու Աստուածաշունչի բարքերը նախատիպ մը եղան, որմէ զարգացան հիւրասիրութիւնն ու անոր յարակից բոլոր երեսակները, դառնալով մեծապէս գնահատուած առաքինութիւն մը հրէական աւանդութեան մէջ»։ Փոխանակ որոշ ազգութեան մը կամ ցեղային խումբի մը առանձնայատկութիւնը ըլլալու, հիւրասիրութիւնը Եհովայի բոլոր ճշմարիտ երկրպագուներուն յատկանիշը պէտք է ըլլայ։

Հրեշտակներ Հիւրընկալող մը

11. Ո՞ր աչքառու օրինակը ցոյց կու տայ որ հիւրասիրութիւնը չակնկալուած օրհնութիւններ կը բերէ։ (Տես նաեւ՝ Ծննդոց 19։1–3. Դատաւորաց 13։11–16։)

11 Հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու նկատմամբ Աստուածաշունչի ամենէն հանրածանօթ դէպքերէն մէկն է Աբրահամի ու Սառայի պարագան, երբ անոնք վրանաբնակ էին Քեբրոնի մօտերը գտնուող Մամբրէի կաղնիներուն միջեւ։ (Ծննդոց 18։1–10. 23։19) Պօղոս առաքեալ անկասկած այս դէպքը ի մտի ուներ, երբ հետեւեալ խրատը հայթայթեց. «Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու»։ (Եբրայեցիս 13։2) Այս դէպքը ուսումնասիրելը մեզի պիտի օգնէ հասկնալու թէ հիւրասիրութիւնը պարզապէս սովորութեան կամ կրթութեան հարց մը չէ։ Ընդհակառակը, անիկա աստուածային յատկութիւն մըն է, որ հոյակապ օրհնութիւններ կը բերէ։

12. Աբրահամ օտարականներու հանդէպ իր սէրը ի՞նչպէս ցուցաբերեց։

12 Ծննդոց 18։1, 2–ը ցոյց կու տայ որ Աբրահամ ո՛չ կը ճանչնար, ո՛չ ալ կ’ակնկալէր այդ այցելուները, մանաւանդ որ անոնք պարզապէս երեք օտարական անցորդներ էին։ Կարգ մը մեկնաբաններու համաձայն, արեւելքցիներու սովորութիւնն էր որ ճամբորդ մը օտար երկրի մէջ իրաւունք ունենար հիւրասիրութիւն ակնկալելու, նոյնիսկ եթէ ան ոչ մէկը կը ճանչնար այդ շրջանին մէջ։ Սակայն Աբրահամ չսպասեց որ այդ օտարականները իրենց այս իրաւունքը պահանջեն. ի՛նք նախաքայլը առաւ։ Ան «վազեց» այս օտարականները դիմաւորելու, որոնք իրմէ քիչ մը անդին էին. հակառակ անոր որ «օրուան տաք ատեն»ն էր եւ Աբրահամ 99 տարեկան էր։ Կը հասկնա՞ք թէ ինչո՛ւ Պօղոս Աբրահամի ակնարկեց որպէս տիպար մը, զոր պէտք է ընդօրինակենք։ Ասի՛կա է բուն հիւրասիրութիւնը. օտարները սիրել, ու անոնց կարիքներով հետաքրքրուիլ։ Անիկա դրական յատկութիւն մըն է։

13. Աբրահամ ինչո՞ւ «խոնարհութիւն ըրաւ» այցելուներուն։

13 Արձանագրութիւնը նաեւ կ’ըսէ թէ օտարները դիմաւորելէ ետք, Աբրահամ «մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ»։ Բոլորովին օտարներու խոնարհութի՞ւն ընել։ Աբրահամի ըրած խոնարհութիւնը, յարգարժան հիւրի մը կամ բարձրաստիճան անհատի մը բարեւելու կերպ մըն էր, ու պէտք չէ որ զայն շփոթենք պաշտամունքի արարքի մը հետ, որ մի՛միայն Աստուծոյ վերապահուած է։ (Բաղդատել՝ Գործք 10։25, 26. Յայտնութիւն 19։10։) Ոչ թէ պարզապէս գլխու թեթեւ շարժումով մը՝ այլ «մինչեւ գետինը ծռելով» խոնարհութիւն ընելով, Աբրահամ կարեւոր անձնաւորութիւններու տրուելիք պատիւը շնորհեց այս օտարականներուն։ Ան մեծ ու բարգաւաճ նահապետական ընտանիքի մը գլուխը ըլլալով հանդերձ, այս օտարականները իր անձէն աւելի մեծ պատիւի արժանի համարեց։ Ասիկա որքա՜ն տարբեր է առհասարակ օտարականներու հանդէպ կասկածոտ, թէական կեցուածքէն։ Աբրահամ իրապէս հետեւեալ խօսքին իմաստը ցոյց տուաւ. «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք»։—Հռովմայեցիս 12։10

14. Օտարականներուն հանդէպ Աբրահամի ցուցաբերած հիւրասիրութեան մէջ ի՞նչ ջանք ու զոհողութիւն պարփակուած էր։

14 Արձանագրութեան մնացեալ մասը ցոյց կու տայ որ Աբրահամի զգացումները հարազատ էին։ Ճաշը ինքնին բացառիկ էր։ Նոյնիսկ շատ արջառ ունեցող մեծ ընտանիքի մը համար, «մատղաշ ու աղէկ հորթ մը» սովորական ճաշ մը չէ։ Այդ շրջանին մէջ տիրական եղող սովորութիւններուն նկատմամբ, Ճոն Քիթթոյի Աստուածաշունչի Առօրեայ Բացատրութիւններ գիրքը դիտել կու տայ. «Կարգ մը տօներու ընթացքին, կամ երբ օտարական մը ժամանէր, ա՛յն ատեն է որ փարթամութեան կը դիմէին. եւ մի՛միայն այս առիթներով էր որ, նոյնիսկ բազմաթիւ հօտեր եւ արջառներ ունեցողներ, անասունի միս կ’ուտէին»։ Տաք կլիման թոյլ չէր տար որ փճացուելիք որեւէ ուտելիք պահուէր, այնպէս որ, այսպիսի ճաշ մը պատրաստելու համար, ամէն բան տեղւոյն վրայ հարկ էր որ ըլլար։ Զարմանալի չէ որ այս կարճ արձանագրութեան մէջ, «արտորալով» կամ «շուտով» բառը երեք անգամ կը պատահի, ու Աբրահամ բառացիօրէն «վազեց»՝ որպէսզի ճաշը պատրաստ ըլլայ։—Ծննդոց 18։6–8

15. Աբրահամի հանդիսացած օրինակին ի տես, հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու մէջ նիւթական հայթայթումներուն նկատմամբ ի՞նչ է պատշաճ տեսակէտը։

15 Նպատակը, սակայն, պարզապէս մէկը տպաւորելու համար մեծ կոչունք մը ընել չէր։ Թէեւ Աբրահամ ու Սառա մեծ ջանք թափեցին ճաշը պատրաստելու եւ ներկայացնելու համար, բայց նկատի առէք թէ Աբրահամ նախապէս ինչպէ՛ս ակնարկեց ատոր. «Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք. եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ (Ծննդոց 18։4, 5) Այդ «պատառ մը հաց»ը պարարտ հորթով կոչունքի մը վերածուեցաւ, բարակ ալիւրով շինուած շօթերու, կարագի ու կաթի հետ մէկտեղ. իրապէս թագաւորական կոչունք մը։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Երբ հիւրասիրութիւն կը ցուցաբերուի, կարեւոր եղողը, կամ շեշտուելիքը, ո՛չ ուտելիքին ու խմելիքին մեծածախս ըլլալն է, ո՛չ ալ խնամքով պատրաստուած ժամանցը կամ նման բաները։ Հիւրասիրութիւնը՝ սուղ բաներ հայթայթելու կարող ըլլալէն կախեալ չէ։ Այլ՝ անիկա անկեղծօրէն ուրիշներու բարօրութեամբ հետաքրքրուելու եւ անհատին կարողութեան համաձայն, ուրիշներու բարիք ընելու փափաքին վրայ հիմնուած է։ Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով», եւ ասոր մէջ կը կայանայ իսկական հիւրասիրութեան բանալին։—Առակաց 15։17

16. Այցելուներուն ի նպաստ իր կատարած բաներով, Աբրահամ հոգեւոր բաներուն հանդէպ ի՞նչպէս գնահատութիւն ցուցաբերեց։

16 Սակայն, նկատի պէտք է առնենք որ այս ամբողջ դէպքը հոգեւոր բնոյթ մըն ալ ունէր։ Աբրահամ կերպով մը հասկցաւ որ այս այցելուները Եհովայի կողմէ եկած պատգամաւորներ էին։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ անոնց ուղղած իր հետեւեալ խօսքերէն. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ’աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր»։a (Ծննդոց 18։3. Բաղդատել՝ Ելից 33։20։) Աբրահամ նախապէս չէր գիտեր թէ անոնք իրեն տալիք պատգա՞մ մը ունէին, թէ՝ պարզապէս անկէ կ’անցնէին։ Այսուհանդերձ, ան հասկցաւ որ Եհովայի մէկ նպատակին գործադրումը պարփակուած էր անոր մէջ։ Այս անհատները Եհովայի կողմէ որոշ առաքելութիւն մը ստացած էին։ Եթէ ինք կարենար կերպով մը անոր նպաստել, մեծ հաճոյքով պիտի ընէր զայն։ Ան գիտակցեցաւ որ Եհովայի ծառաները լաւագոյնին արժանի էին, ու ինք լաւագոյնը պիտի մատուցանէր պարագաներուն համաձայն։ Այդպէս ընելով, ինք կամ ուրիշ մը հոգեւոր օրհնութիւն պիտի վայելէր։ Արդարեւ, Աբրահամ ու Սառա մեծապէս օրհնուեցան իրենց անկեղծ հիւրասիրութեան համար։—Ծննդոց 18։9–15. 21։1, 2

Հիւրասէր Ժողովուրդ մը

17. Եհովա Իսրայելացիներէն ի՞նչ պահանջեց իրենց մէջ եղող օտարականներուն եւ կարօտեալներուն առնչութեամբ։

17 Աբրահամէ սերած ազգը պէտք չէր մոռնար այս աչքառու օրինակը։ Իսրայէլի տուած Եհովայի Օրէնքը իրենց մէջ գտնուող օտարականներուն հանդէպ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու կարգադրութիւններ կը բովանդակէր։ «Ձեր քով պանդխտացող օտարականը ձեր երկրին բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի եւ քու անձիդ պէս սիրէ՛ զանիկա, վասն զի դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ օտարական էիք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։ (Ղեւտացւոց 19։34) Ժողովուրդը մասնայատուկ կերպով նկատառու պէտք էր ըլլար կարօտեալներուն հանդէպ ու զանոնք պէտք չէր անտեսեր։ Երբ Եհովա զանոնք օրհնէր առատ հունձքով, երբ անոնք ուրախանային իրենց տօներուն, երբ Շաբաթական տարիներու ընթացքին, նաեւ ուրիշ առիթներով իրենց գործերէն հանգստանային, ժողովուրդը պէտք էր յիշէր չքաւորները, այսինքն՝ որբեւայրիները, որբերն ու պանդուխտները։—Բ. Օրինաց 16։9–14. 24։19–21. 26։12, 13

18. Հիւրասիրութիւնը որքա՞ն կարեւոր է Եհովայի հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը ստանալու համար։

18 Ուրիշներու՝ յատկապէս կարօտեալներու, հանդէպ ազնուութիւն, առատաձեռնութիւն եւ հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու կարեւորութիւնը կրնանք տեսնել Իսրայելացիներուն հետ Եհովայի վերաբերած կերպէն, երբ անոնք այս յատկութիւնները ցուցաբերելը անտեսեցին։ Եհովա յստակօրէն հասկցուց իր ժողովուրդին որ օտարականներու ու կարօտեալներու հանդէպ ազնիւ ու առատաձեռն ըլլալը պայմաններէն մէկն էր, իր մշտատեւ օրհնութիւնները ստանալու համար։ (Սաղմոս 82։2, 3. Եսայեայ 1։17. Երեմեայ 7։5–7. Եզեկիէլ 22։7. Զաքարեայ 7։9–11) Երբ ազգը այս եւ ուրիշ պահանջներ գործադրելու մէջ ժրաջան ըլլար, կը բարգաւաճէր եւ նիւթական ու հոգեւոր առատութիւն կը վայելէր։ Երբ անձնասէր հետապնդումներու միջամուխ ըլլար ու կարօտեալներուն հանդէպ այս ազնիւ յատկութիւնները ցուցաբերելը անտեսէր, Եհովայի դատապարտութեան կ’արժանանար եւ ի վերջոյ աննպաստ դատաստան կը ստանար։—Բ. Օրինաց 27։19. 28։15, 45

19. Ի՞նչ բան տակաւին նկատի պէտք է առնենք։

19 Հետեւաբար, որքա՜ն կարեւոր է որ մեր անձերը քննենք ու տեսնենք թէ այս ուղղութեամբ Եհովայի մեզմէ ակնկալածին համաձայն կ’ապրի՛նք թէ ոչ։ Ասիկա ընելը պատշաճ է մասնաւորաբար ներկայիս՝ աշխարհի մէջ գտնուող անձնասէր ու պառակտիչ հոգիին ի տես։ Ի՞նչպէս կրնանք քրիստոնէական հիւրասիրութիւն ցուցաբերել պառակտուած աշխարհի մը մէջ։ Այս նիւթը յաջորդ յօդուածին մէջ նկատի առնուած է։

[Ստորանիշ]

a Այս կէտին լման քննարկութեան համար, տես՝ «Ոեւէ Մէկը Աստուած Տեսա՞ծ Է» յօդուածը, Դիտարան 1 Օգոստոս 1988 էջ 7–9։

Պիտի Յիշէի՞ք

◻ «Հիւրասիրութիւն» թարգմանուած սուրբ գրային բառին իմաստը ի՞նչ է։

◻ Հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու մէջ, Եհովա ի՞նչ կերպերով կատարեալ օրինակն է։

◻ Աբրահամ ո՞ր տարողութեամբ հիւրասիրութիւն ցուցաբերեց։

◻ Ինչո՞ւ բոլոր ճշմարիտ երկրպագուները պէտք է ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլան’։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել