Քրիստոնէական հիւրասիրութիւն՝ պառակտուած աշխարհի մը մէջ
«Մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները [«հիւրասիրութեամբ», ՆԱ] ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք»։—Գ. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 8
1. Ստեղծիչը ո՞ր ամենացանկալի պարգեւները տուած է մարդկութեան։
«ՄԱՐԴ արեւուն տակ ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն»։ (Ժողովողի 8։15) Այս խօսքերով, վաղեմի Եբրայեցի ժողովողը մեզի կ’ըսէ թէ Եհովա Աստուած ոչ միայն կը փափաքի որ իր մարդկային ստեղծագործութիւնը ուրախ ըլլայ, այլեւ՝ ուրախ ըլլալու միջոցներ ալ կը հայթայթէ անոնց։ Մարդկային պատմութեան ամբողջ տեւողութեան՝ ամէնուրեք մարդոց փափաքը եղած է կեանքը վայելել եւ հաճելի ժամանակ անցընել։
2. (ա) Մարդկութիւնը ի՞նչպէս չարաչար գործածած է այն ի՛նչ որ Եհովա իրենց համար նպատակադրած էր։ (բ) Ասոր արդիւնքը ի՞նչ եղած է։
2 Ներկայիս կ’ապրինք հաճոյապաշտ ընկերութեան մը մէջ, ուր մարդիկ հաճոյքներ եւ հաճելի ժամանցներ հետապնդելով զբաղած են։ Մարդոց մեծամասնութիւնը «անձնասէր, . . . աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» դարձած է, ինչպէս Աստուածաշունչը նախագուշակած էր։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1–4) Անշուշտ ասիկա Եհովա Աստուծոյ նպատակադրածէն շատ մեծ շեղում մըն էր։ Երբ հաճելի պահեր հետապնդելը ինքնին գլխաւոր նպատակակէտ մը կը դառնայ, կամ երբ ինքնայագեցումը միակ նպատակը կ’ըլլայ, իսկական գոհունակութիւն չըլլար, ու ‘ամէն բան ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք կ’ըլլայ’։ (Ժողովողի 1։14. 2։11) Այս պատճառով ալ աշխարհը լեցուն է մեկուսացած եւ յուսախաբ մարդոցմով, ու ասիկա իր կարգին ընկերութեան մէջ բազմաթիւ խնդիրներու դուռ կը բանայ։ (Առակաց 18։1) Մարդիկ իրարմէ կը կասկածին եւ ազգային, ցեղային, ընկերային ու տնտեսական գետնի վրայ պառակտուած վիճակ մը ունին։
3. Ի՞նչպէս կրնանք իսկական ուրախութիւն ու գոհունակութիւն գտնել։
3 Վիճակները որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլային, եթէ մարդիկ ուրիշներու հետ ազնիւ, առատաձեռն ու հիւրասէր ըլլալով Եհովայի վարուելակերպը ընդօրինակէին։ Ան յստակօրէն ցոյց տուաւ որ իսկական ուրախութեան գաղտնիքը մեր անհատական ցանկութիւնները յագեցնելու մէջ չի կայանար։ Ընդհակառակը, ահա՛ւասիկ բանալին. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։ (Գործք 20։35) Իսկական ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն գտնելու համար, պէտք է մեզի արգելք հանդիսացող խոչընդոտները ու բաժանումները յաղթահարենք։ Նաեւ՝ մեր հետ Եհովայի ծառայողներուն օգնութեան ձեռք երկարենք։ Կարեւոր է որ այս խրատին անսանք. «Մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները [«հիւրասիրութեամբ», ՆԱ] ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք»։ (Գ. Յովհաննու 8) Մեր պարագաներուն ներած չափով արժանի եղողներուն հիւրասիրութիւն ցուցաբերելը, երկողմանի առաւելութիւն ունի. անիկա օգտակար է թէ՛ տուողներուն եւ թէ ստացողներուն։ Հետեւաբար, ‘հիւրասիրութեամբ ընդունելու’ արժանի եղողները, որո՞նք են։
«Որբերուն ու Որբեւարիներուն Այցելել»
4. Ընտանեկան կառոյցին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ կը տեսնուին, նոյնիսկ Եհովայի ժողովուրդին կարգ մը անդամներուն մէջ։
4 Ներկայիս հազուագիւտ է գտնել կայուն ընտանիքներ եւ ուրախ ամուսնութիւններ։ Համայն աշխարհի մէջ ամուսնալուծումներու ու չամուսնացած մայրերու երթալով աւելցող թիւը հիմնովին փոխած է աւանդական ընտանիքը։ Ասոր որպէս հետեւանք, վերջին տարիներուն Եհովայի Վկաներէն շատեր քայքայուած ընտանիքներէ եկած են։ Անոնք ամուսնալուծուած կամ բաժնուած են իրենց ամուսնական կողակիցներէն, կամ ալ կ’ապրին մէկ ծնողով ընտանիքներու մէջ։ Ասկէ զատ, ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, իր սորվեցուցած ճշմարտութիւնը բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ բաժանումներ պատճառած է։—Մատթէոս 10։34–37. Ղուկաս 12։51–53
5. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, որ քաջալերութեան աղբիւր մը կրնայ ըլլալ բաժնուած ընտանիքներու անդամներուն։
5 Մեր սրտերը կը տոգորուին, երբ տեսնենք ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնող նորեկներ, որոնց յաճախ կը մխիթարենք Յիսուսի քաջալերական խոստումով. «ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’»։—Մարկոս 10։29, 30
6. Ի՞նչպէս կրնանք մեր մէջ եղող «որբերուն ու որբեւարիներուն» համար ‘եղբայրներ, քոյրեր, մայրեր եւ որդիներ’ դառնալ։
6 Սակայն, որո՞նք են այս ‘եղբայրները եւ քոյրերը ու մայրերը եւ որդիները’։ Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ մեծ թիւով՝ յաճախ հարիւր կամ աւելի՝ հաւաքուած մարդիկ տեսնելը, որոնք ինքզինքնին եղբայրներ ու քոյրեր կը կոչեն, ինքնաբերաբար անհատի մը զգացնել չի տար թէ անոնք ի՛ր եղբայրները, քոյրերը, մայրերը եւ որդիներն են։ Նկատի առէք հետեւեալ կէտը. Յակոբոս առաքեալ մեզի կը յիշեցնէ որ մեր պաշտամունքը Եհովայի ընդունելի ըլլալու համար, պէտք է ‘որբերուն ու որբեւարիներուն այցելենք նեղութեան ատենը ու մեր անձը անարատ պահենք աշխարհէն’։ (Յակոբու 1։27) Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք չէ թոյլ տանք որ աշխարհային տեսակէտներ, ինչպէս՝ հարուստ ըլլալու հպարտութիւնը եւ ընկերային բարձր դասակարգի պատկանելիութիւնը՝ մեր գութը գոցեն այսպիսի ‘որբերու ու որբեւարիներու’ հանդէպ։ Ընդհակառակը, անոնց հետ ընկերակցելու ու զանոնք հիւրասիրելու նախաձեռնութիւնը պէտք է առնենք։
7. (ա) «Որբերուն ու որբեւարիներուն» հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տալու բուն պատճառը ի՞նչ է։ (բ) Որո՞նք կրնան նաեւ քրիստոնէական հիւրասիրութիւն ցուցնելու մէջ բաժին բերել։
7 «Որբերուն ու որբեւարիներուն» հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տալը միշտ անոնց նիւթական պակասները լեցնել չի պարփակեր։ Մէկ ծնողով կամ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքները անպայմանօրէն նիւթական խեղճ վիճակի մէջ չեն։ Սակայն, օգտակար ընկերակցութիւնը, ընտանեկան մթնոլորտը, տարբեր տարիքի անհատներու հետ ընկերակցիլը, ինչպէս նաեւ իրարու հետ հոգեւոր ընտիր բաներ բաժնեկցիլը, կեանքի երեսակներ են, որոնք թանկարժէք են։ Հետեւաբար, յիշենք որ ո՛չ թէ առիթին շքեղութիւնը, այլ սիրոյ եւ միութեան հոգին է կարեւորը. որքա՜ն սքանչելի է որ երբեմն նոյնիսկ ‘որբեր ու որբեւարիներ’ իրենց հաւատակից Քրիստոնեաները հիւրասիրելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել։—Բաղդատել՝ Գ. Թագաւորաց 17։8–16։
Մեր մէջ Օտարականներ Կա՞ն
8. Եհովայի Վկաներու շատ մը ժողովքներուն մէջ ի՞նչ փոփոխութիւն կը տեսնուի։
8 Կ’ապրինք զանգուածային գաղթի ժամանակաշրջանի մը մէջ։ «Աւելի քան 100 միլիոն մարդիկ, աշխարհի տարածքին, կ’ապրին երկիրներու մէջ որոնց հպատակները չեն, եւ 23 միլիոն ալ իրենց հայրենիքներէն իսկ տեղահան եղած են», կ’ըսէ Համաշխարհային Մամուլէն Քաղուածքներ (Անգլերէնով)։ Ասոր ուղղակի հետեւանքը այն եղած է որ բազմաթիւ շրջաններու մէջ՝ յատկապէս մեծ քաղաքներու մէջ՝ Եհովայի ժողովուրդին ժողովքները, որոնք ատեն մը մեծաւ մասամբ մէկ ցեղի կամ ազգի պատկանող անհատներէ բաղկացած էին, ներկայիս կազմուած են աշխարհի զանազան մասերէ եկած անհատներէ։ Թերեւս ձեր ժողովքին մէջ ալ պարագան այս է։ Հետեւաբար, ի՞նչ աչքով պէտք է դիտենք այս «պանդուխտները» եւ «օտարականները»՝ ինչպէս աշխարհ կ’անուանէ զանոնք՝ որոնց լեզուն, սովորութիւնները ու կենցաղը մերինէն տարբեր կրնան ըլլալ։
9. Քրիստոնէական ժողովքին մաս կազմող «պանդուխտներ»ու եւ «օտարականներ»ու հանդէպ մեր տեսակէտին առնչութեամբ ո՞ր լուրջ թակարդին մէջ կրնանք իյնալ։
9 Կրնանք պարզօրէն ըսել թէ պէտք չէ թոյլ տանք որ օտարատեացութեան որեւէ հակում մեզ զգացնել տայ թէ մենք ձեւով մը աւելի արժանի ենք ճշմարտութիւնը ճանչնալու առանձնաշնորհումին, քան օտար, կամ այդպէս կոչուած հեթանոս, երկիրներէ եկողները. ոչ ալ պէտք է խորհինք որ այս նորեկները Թագաւորութեան Սրահը կամ ուրիշ ստացուածքներ կը շահագործեն։ Պօղոս առաքեալ առաջին դարուն այսպիսի տեսակէտներու կառչող հրէական ծագում ունեցող կարգ մը Քրիստոնեաներու ստիպուեցաւ յիշեցնել թէ իրականութեան մէջ ո՛չ ոք արժանի էր ասոր. հապա, Աստուծոյ անարժան ողորմութեան շնորհիւ անհատներ փրկութեան կ’արժանանան։ (Հռովմայեցիս 3։9–12, 23, 24) Պէտք է ուրախանանք որ Աստուծոյ անարժան ողորմութիւնը ներկայիս այսքան շատ մարդոց կը հասնի, որոնք այս կամ այն պատճառով, բարի լուրը լսելու պատեհութենէն զրկուած էին։ (Ա. Տիմոթէոս 2։4) Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ որ իրենց հանդէպ մեր սէրը հարազատ է։
10. Ի՞նչպէս ցոյց կրնանք տալ որ մեր մէջ եղող «օտարականներ»ուն հանդէպ իրապէս հիւրասէր ենք։
10 Կրնանք Պօղոսի խրատին հետեւիլ. «Մէկզմէկ ընդունեցէք, ինչպէս Քրիստոս մեզ ընդունեց Աստուծոյ փառքին համար»։ (Հռովմայեցիս 15։7) Գիտակցելով որ ուրիշ երկիրներէ կամ միջավայրերէ եկողները յաճախ աննպաստ պայմաններ ունին, անոնց հանդէպ ազնուութիւն եւ հետաքրքրութիւն պէտք է ցուցաբերենք, երբ ի վիճակի ենք ատիկա ընելու։ Անոնց պէտք է ընդունինք մեր մէջ, իւրաքանչիւրին հետ վարուելով ‘բնիկի մը պէս’, ‘մեր անձին պէս սիրելով զանոնք’։ (Ղեւտացւոց 19։34) Ասիկա ընելը թերեւս դիւրին չըլլայ, սակայն պիտի յաջողինք՝ եթէ յիշենք այս խրատը. «Մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։—Հռովմայեցիս 12։2
Սուրբերու Պէտքերուն Հաղորդ Եղէ՛ք
11, 12. Եհովայի ծառաներէն ոմանց մասնայատուկ ի՞նչ նկատառութիւն տրուեցաւ (ա) վաղեմի Իսրայէլի մէջ (բ) առաջին դարուն։
11 Մեր նկատառութեան ու հիւրասիրութեան իրապէս արժանի եղողներուն մաս կը կազմեն այն հասուն Քրիստոնեաները, որոնք ծանր կ’աշխատին մեր հոգեւոր բարօրութեան համար։ Եհովա մասնայատուկ հայթայթումներ ըրաւ վաղեմի Իսրայէլի քահանաներուն ու Ղեւտացիներուն համար։ (Թուոց 18։25–29) Առաջին դարուն, Քրիստոնեաներուն յորդոր տրուած էր, որ մասնայատուկ մարզերու մէջ իրենց ի նպաստ ծառայողներուն հոգ տանին։ Գ. Յովհաննու 5–8–ի արձանագրութիւնը ակնարկ մը կը նետէ առաջին Քրիստոնեաներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սիրոյ սերտ կապին վրայ։
12 Տարեց Յովհաննէս առաքեալ մեծապէս արժեւորեց ժողովքը այցելելու ղրկուած ճամբորդող եղբայրներէն ոմանց հանդէպ Գայիոսի ցուցաբերած ազնուութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը։ Այս եղբայրները, մէջը ըլլալով Դեմետրիոսը՝ որ հաւանաբար ինք տարաւ այս նամակը՝ նախապէս բոլորն ալ Գայիոսի համար օտարներ, կամ անծանօթներ էին։ Սակայն անոնք հիւրասիրութեամբ ընդունուեցան, քանի որ ‘Աստուծոյ անուանը համար ճամբայ ելած էին’։ Յովհաննէս հարցը հետեւեալ կերպով ներկայացուց. «Ուստի մենք պարտաւոր ենք այնպիսիները [«հիւրասիրութեամբ», ՆԱ] ընդունիլ, որպէս զի ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք»։—Գ. Յովհաննու 1, 7, 8
13. Ներկայիս մեր մէջէն յատկապէս որո՞նք արժանի են ‘հիւրասիրութեամբ ընդունուելու’։
13 Ներկայիս, Եհովայի կազմակերպութեան մէջ, կան շատեր, որոնք իրենց անձերը ամբողջովին տրամադրած են բոլոր եղբայրներուն։ Անոնց մաս կը կազմեն ճամբորդող տեսուչները, որոնք շաբաթէ–շաբաթ իրենց ժամանակը ու կորովը կը տրամադրեն ժողովքները կերտելու համար. կան միսիոնարները՝ որոնք իրենց ետին կը ձգեն ընտանիքներ ու բարեկամներ, որպէսզի օտար երկիրներու մէջ քարոզեն. կան Պէթէլի տուներու կամ մասնաճիւղերու մէջ ծառայողները, որոնք իրենց ծառայութիւնները յօժարակամօրէն կը մատուցանեն աշխարհածաւալ քարոզչութեան գործին թիկունք կանգնելու համար. կան նաեւ ռահվիրայական ծառայութեան մէջ եղողները, որոնք իրենց ժամանակին ու կորովին մեծ մասը դաշտի ծառայութեան կը տրամադրեն։ Հիմնականօրէն, այս բոլորը ծանր կ’աշխատին, ոչ թէ անձնական փառքի կամ շահու համար, այլ Քրիստոնեայ եղբայրներուն ու Եհովայի հանդէպ սէրէ մղուած։ Անոնք իրենց սրտանց նուիրումին համար, մեր կողմէ ընդօրինակուելու ու անկասկած՝ ‘հիւրասիրութեամբ ընդունուելու’ արժանի են։
14. (ա) Երբ հաւատարիմ անհատներու հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տանք, ի՞նչպէս աւելի լաւ Քրիստոնեաներ կ’ըլլանք։ (բ) Յիսուս ինչո՞ւ ըսաւ որ Մարիամ «աղէկ բաժինը» ընտրեց։
14 Յովհաննէս առաքեալ մատնանշեց որ երբ ‘այնպիսիները հիւրասիրութեամբ ընդունինք’, այն ժամանակ ‘ճշմարտութեանը գործակից կ’ըլլանք’։ Ուրիշ խօսքով, աւելի լաւ Քրիստոնեաներ կ’ըլլանք, քանի որ քրիստոնէական գործերը իրենց մէջ կ’ընդգրկեն հաւատակիցներուն բարիք ընել։ (Առակաց 3։27, 28. Ա. Յովհաննու 3։18) Ուրիշ կերպով ալ վարձատրութիւններ կը ստանանք։ Երբ Մարիամ ու Մարթա Յիսուսը իրենց տունը հրաւիրեցին, Մարթա ուզեց լաւ կերպով հիւրընկալել, Յիսուսի համար «շատ բաներ» պատրաստելով։ Մարիամ տարբեր կերպով հիւրասիրութիւն ցոյց տուաւ։ Ան «եկաւ Յիսուսին ոտքերուն քով նստաւ, անոր խօսքերը մտիկ կ’ընէր», իսկ Յիսուս գովեց զինք, քանի որ ան «աղէկ բաժինը ընտրեց»։ (Ղուկաս 10։38–42) Երկար տարիներու փորձառութիւն ունեցող անհատներու հետ երեկոյ մը անցընելու ընթացքին անոնց հետ խօսակցիլը յաճախ շատ հաճելի է։—Հռովմայեցիս 1։11, 12
Մասնայատուկ Առիթներով
15. Ի՞նչպիսի մասնայատուկ առիթներ կրնան ուրախ ժամանակներ ըլլալ Եհովայի ժողովուրդին համար։
15 Թէեւ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ժողովրդական սովորութիւններու, աշխարհային տօներու կամ տօնահանդէսներու չեն հետեւիր, սակայն կարգ մը առիթներով անոնք կը հաւաքուին իրարու ընկերակցութիւնը վայելելու համար։ Օրինակի համար, Յիսուս հարսանիքի մը ներկայ եղաւ Կանայի մէջ ու անոր ուրախութեան նպաստեց, հոն իր առաջին հրաշքը կատարելով։ (Յովհաննու 2։1–11) Նոյնպէս ներկայիս, Եհովայի ժողովուրդը միասնաբար ուրախ ժամանակներ կ’անցընէ նոյնանման մասնաւոր առիթներով, իսկ պատշաճ կերպով տօնակատարելը ու խրախճանք սարքելը մեծապէս կը նպաստէ այսպիսի առիթներու յաջողութեան։ Ուստի, ի՞նչ բաներ պատշաճ են։
16. Նոյնիսկ մասնայատուկ առիթներու համար, պատշաճ վարքի ի՞նչ ուղեգծեր ունինք։
16 Աստուածաշունչի մեր ուսումնասիրութենէն կը սորվինք թէ Քրիստոնեաներուն համար ի՛նչ է պատշաճ վարքը եւ անոր կը հետեւինք ամէն ժամանակ։ (Հռովմայեցիս 13։12–14. Գաղատացիս 5։19–21. Եփեսացիս 5։3–5) Ընկերային հաւաքոյթները՝ ըլլան անոնք հարսանիքի կամ ուրիշ որեւէ առիթով՝ արտօնութիւն չեն տար որ մեր քրիստոնէական չափանիշները անտեսենք, կամ սովորաբար մեր չըրած բանը ընենք. ոչ ալ պարտաւորուած ենք մեր ապրած երկրին բոլոր սովորութիւններուն հետեւիլ։ Ասոնց մեծ մասը կրօնական սխալ սովորութիւններու կամ նախապաշարումներու վրայ հիմնուած է, իսկ ուրիշներ՝ կապ ունին Քրիստոնեաներուն կողմէ յստակօրէն անընդունելի համարուող վարքի հետ։—Ա. Պետրոս 4։3, 4
17. (ա) Ի՞նչ ազդակներ ցոյց կու տան որ Կանայի հարսանիքը լաւ կազմակերպուած ու պատշաճօրէն վերահսկուած էր։ (բ) Ի՞նչ ցոյց կու տայ թէ Յիսուս այդ առիթին համամիտ էր։
17 Երբ Յովհաննու 2։1–11 կը կարդանք, դժուար չէ տեսնել որ առիթը շքեղօրէն պատրաստուած էր ու բաւական մեծ թիւով հիւրեր հոն ներկայ էին։ Սակայն, Յիսուս ու իր առաքեալները ‘կանչուած’ հիւրեր էին. անոնք պարզապէս անկոչ հիւրեր չէին, թէեւ անոնցմէ առնուազն մի քանին շատ հաւանաբար հիւրընկալին ազգականներն էին։ Նաեւ նկատի կ’առնենք որ հոն կային «սպասաւորներ» ինչպէս նաեւ «սեղանապետ» մը, որ հրամցուելիք կամ կատարուելիք բաներու մասին ուղղութիւններ կու տար։ Այս բոլորը կը մատնանշեն թէ առիթը լաւ կազմակերպուած ու պատշաճօրէն վերահսկուած էր։ Արձանագրութիւնը կ’եզրափակուի յիշելով թէ Յիսուս հարսանեկան կոչունքի ընթացքին կատարած հրաշքով «իր փառքը յայտնեց»։ Արդեօք ան այդ առիթը ընտրած պիտի ըլլա՞ր այս հրաշքը ընելու, եթէ անիկա անառակ ու անզուսպ հաւաքոյթ մը եղած ըլլար։ Անկասկած ո՛չ։
18. Ի՞նչ բան լրջօրէն նկատի պէտք է առնուի ընկերային որեւէ առիթի նկատմամբ։
18 Ուստի, ի՞նչ կրնանք ըսել, երբ մասնայատուկ առիթներով հիւրեր կ’ընդունիք։ Հոս կ’ուզենք յիշել թէ ուրիշները հիւրասիրելու մեր նպատակն է որ բոլորս ալ «ճշմարտութեանը գործակից ըլլանք»։ Հետեւաբար, բաւարար չէ որ առիթ մը «Վկաներու» հաւաքոյթ պիտակենք։ Կրնանք հարց տալ. Այս առիթը իրապէս մեր ո՛վ ըլլալուն եւ ի՛նչ բանի հաւատալուն մասին կը վկայէ՞։ Այսպիսի առիթներ պէտք չէ բնա՛ւ որպէս պատեհութիւններ նկատենք, փորձելու համար թէ ո՛ր աստիճան կրնանք ընդօրինակել այս աշխարհի ճամբաները, ‘մարմնի ցանկութեան ու աչքերու ցանկութեան եւ այս կեանքին ամբարտաւանութեան’ մէջ անձնատուր ըլլալով։ (Ա. Յովհաննու 2։15, 16) Այլ, նման առիթներ, որպէս Եհովայի Վկաներ, պատշաճօրէն մեր դերը պէտք է ցոլացնեն, ու վստահ պէտք է ըլլանք որ մեր վարքը, փառք ու պատիւ կը բերէ Եհովայի։—Մատթէոս 5։16. Ա. Կորնթացիս 10։31–33
«Հիւրասիրութիւն Ցուցուցէ՛ք Առանց Տրտունջ Ընելու»
19. Ինչո՞ւ կարիքը ունինք ‘իրարու հանդէպ հիւրասիրութիւն ցուցնելու առանց տրտունջ ընելու’։
19 Մինչ աշխարհի վիճակները կը շարունակեն վատթարանալ ու մարդկութիւնը երթալով աւելի բաժան–բաժան կ’ըլլայ, մեր ամբողջ կարելին պէտք է ընենք զօրացնելու համար այն սերտ կապը որ գոյութիւն ունի ճշմարիտ Քրիստոնեաներու միջեւ։ (Կողոսացիս 3։14) Այս նպատակով ալ պէտք է «իրարու հանդէպ սրտանց սէր» ունենանք, ինչպէս Պետրոս յորդորեց։ Ապա, գործնականօրէն խօսելով, ան աւելցուց. «Իրարու հիւրասիրութիւն ցուցուցէ՛ք առանց տրտունջ ընելու»։ (Ա. Պետրոս 4։7–9) Մեր եղբայրներուն հանդէպ հիւրասիրութիւն ցոյց տալու մէջ նախաձեռնութիւնը առնելու յօժա՞ր ենք, ջանալով ազնիւ ու ձեռնտու ըլլալ։ Կամ, արդեօք կը տրտնջա՞նք երբ այսպիսի պատեհութիւն մը ներկայանայ։ Եթէ այո, ուրեմն բարիք ընելէն ձեռք ձգուելիք ուրախութիւնը, կամ անկէ առթած հաճելի վարձատրութիւնը կը կորսնցնենք։—Առակաց 3։27. Գործք 20։35
20. Ի՞նչ օրհնութիւններ կը սպասեն մեզի եթէ հիւրասէր ըլլանք այս պառակտուած աշխարհին մէջ։
20 Մեր հաւատակից Քրիստոնեաներուն հետ սերտօրէն գործակցիլը, իրարու հանդէպ ազնիւ ու հիւրասէր ըլլալը, անսահման օրհնութիւններ պիտի բերէ։ (Մատթէոս 10։40–42) Եհովա այսպիսի անհատներուն խոստացաւ որ «իր վրանը պիտի տարածէ անոնց վրայ։ Այսուհետեւ ո՛չ պիտի անօթենան ու ո՛չ ծարաւին»։ Եհովայի վրանին ներքեւ ըլլալը կը նշանակէ իր պաշտպանութիւնը ու հիւրասիրութիւնը վայելել։ (Յայտնութիւն 7։15, 16. Եսայեայ 25։6) Այո՛, Եհովայի հիւրասիրութիւնը յաւիտեան վայելելու հեռանկարը մեզ կը սպասէ։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Եթէ իսկական ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կ’ուզենք գտնել, ի՞նչ բան պէտք չէ անտեսենք։
◻ Որո՞նք են ‘որբերը ու որբեւարիները’, եւ ի՞նչ իմաստով պէտք է անոնց ‘այցելենք’։
◻ Մեր մէջ եղող «պանդուխտները» ու «օտարականները» ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։
◻ Ներկայիս որո՞նք մասնայատուկ նկատառութեան արժանի են։
◻ Մասնայատուկ առիթները ի՞նչպէս պէտք է ցոլացնեն հիւրասիրութեան իսկական հոգին։