«Բարի բաներ» բաժնել՝ հիւրասէր ըլլալով (Մատ. 12։35ա)
Անկասկած, բոլորս ալ կ’ուզենք ուրիշներու հետ «բարի բաներ» բաժնել՝ ‘հիւրասիրութեան ետեւէ ըլլալով’ (Հռով. 12։13)։ Այս մարզին մէջ երէցները առաջնորդութիւն կ’առնեն՝ կարգադրութիւններ ընելով որ այցելու դասախօսներուն հիւրասիրութիւն ցուցաբերուի եւ անոնց ճամբու ծախսին հոգ տարուի։ Բայց կրնայ ըլլալ որ անձամբ կը վարանինք հիւրասիրութիւն ցուցաբերելու, քանի որ սահմանափակ միջոցներ ունինք կամ ալ քանի որ ջղագրգիռ կ’ըլլանք երբ ուրիշներ մեր տունը գան։ Երբ Մարթային ուղղած Յիսուսի խրատը լուրջի առնենք, կրնա՛նք այսպիսի զգացումներու հետ գլուխ ելլել (Ղուկ. 10։39-42)։ Յիսուս շեշտեց թէ հիւրասիրութեան «աղէկ բաժինը» ընկերակցութիւնն ու փոխադարձ քաջալերութիւնն է, եւ ոչ թէ փարթամ ճաշ մը պատրաստելը կամ տունը հոյակապ կերպով զարդարելը։ Այս աստուածաշնչական խրատը կիրարկելով, բոլորս ալ կրնանք մեր եղբայրներուն հետ «բարի բաներ» բաժնել (Գ. Յովհ. 5-8)։