Աստուածպետութեան կապուած մնացէք
«Մեր դատաւորը Տէրն է, մեր օրէնսդիրը Տէրն է, մեր թագաւորը Տէրն է»։—ԵՍԱՅԵԱՅ 33։22
1. Կառավարութեան նիւթը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ մարդոց մեծամասնութիւնը։
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ նիւթը մեծապէս կը հետաքրքրէ բոլորը։ Լաւ կառավարութիւն մը խաղաղութիւն եւ բարգաւաճութիւն կը բերէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարութեա՛մբ թագաւորը կը հաստատէ իր երկիրը»։ (Առակաց 29։4) Իսկ գէշ կառավարութիւն մը անիրաւութեան, ապականութեան եւ հարստահարութեան կ’առաջնորդէ։ «Երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ»։ (Առակաց 29։2) Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ այլազան կառավարութիւններ փորձած են, եւ դժբախտաբար, յաճախ մարդիկ ‘հեծած’ են իրենց կառավարիչներուն հարստահարութեան պատճառաւ։ (Ժողովողի 8։9) Պիտի ըլլա՞յ կառավարութիւն մը որ յաջողի իր հպատակներուն մնայուն գոհունակութիւն բերել։
2. «Աստուածպետութիւն» բառը ինչո՞ւ լաւ կերպով կը բնութագրէ վաղեմի Իսրայէլի կառավարութիւնը։
2 Յովսեպոս պատմաբանը մասնայատուկ կառավարութիւն մը յիշեց, երբ գրեց. «Կարգ մը ժողովուրդներ քաղաքական գերագոյն զօրութիւնը վստահած են միապետներու, ուրիշներ՝ սակաւապետութիւններու, իսկ ուրիշներ՝ ամբոխներու։ Մեր օրէնսդիրը [Մովսէս] սակայն, այս պետութիւններէն որեւէ մէկով չհրապուրուեցաւ, այլ իր սահմանադրութեան տուաւ այն ձեւը, զոր՝ հարկադրուած ենք ըսել՝ կարելի է կոչել ‘աստուածպետութիւն’, ամէն գերիշխանութիւն եւ հեղինակութիւն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ դնելով»։ (Ընդդէմ Ափիոնի, Բ., 164-165, Անգլերէն) Հայոց Լեզուի Նոր Բառարան–ին համաձայն, աստուածպետութիւն կը նշանակէ՝ «իշխանութիւն, որ ենթակայ է Աստուծոյ»։ Աստուածաշունչին մէջ այս բառը չկայ, բայց անիկա շատ տեղին ըլլալով կը բնութագրէ վաղեմի Իսրայէլի կառավարութիւնը։ Թէեւ Իսրայելացիները վերջապէս տեսանելի թագաւոր մը ունեցան, բայց անոնց իրական կառավարիչը Եհովան էր։ Իսրայելացի Եսայի մարգարէն ըսաւ. «Մեր դատաւորը Տէրն է, մեր օրէնսդիրը Տէրն է, մեր թագաւորը Տէրն է»։—Եսայեայ 33։22
Ի՞նչ Է Իրական Աստուածպետութիւնը
3, 4. (ա) Իրական աստուածպետութիւնը ի՞նչ է։ (բ) Շատ շուտով, աստուածպետութիւնը ի՞նչ օրհնութիւններ պիտի բերէ ամբողջ մարդկութեան։
3 Յովսեպոս այս բառը յօրինելէն ի վեր, շատ մը ազգեր նկարագրուած են որպէս աստուածպետութիւններ։ Անոնցմէ ոմանք անհանդուրժող, մոլեռանդ եւ անգթօրէն հարստահարող եղած են։ Անոնք իրական աստուածպետութիւննե՞ր էին։ Յովսեպոսի գործածած բառին առումով անոնք աստուածպետութիւններ չէին։ Խնդիրը այն է որ «աստուածպետութիւն» բառին իմաստը ընդլայնուած է։ Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա–ն (Անգլերէն) զայն կը բնութագրէ որպէս «կառավարութեան ձեւ մը, ուր պետութիւնը կը կառավարուի քահանայի մը կամ քահանաներու կողմէ, եւ որու մէջ քահանայութիւնը հեղինակութիւն ունի քաղաքացիական եւ կրօնական հարցերու մէջ»։ Սակայն, իրական աստուածպետութիւնը քահանաներու կողմէ իշխուած կառավարութիւն մը չէ։ Անիկա իրապէս Աստուծոյ իշխանութիւնն է, տիեզերքի Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ՝ կողմէ եղած կառավարութիւն մը։
4 Մօտ ապագային, համայն երկիր աստուածպետութեան ներքեւ պիտի գայ, եւ անիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ։ «Աստուած ինք [մարդկութեան] հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան»։ (Յայտնութիւն 21։3, 4) Անկատար մարդոց կողմէ քահանայական ո՛չ մէկ իշխանութիւն կրնայ այսպիսի ուրախութիւն բերել։ Միմիայն Աստուծոյ իշխանութիւնը կրնայ։ Հետեւաբար, ճշմարիտ Քրիստոնեաները աստուածպետութիւնը քաղաքական շարժումներով չեն ջանար բերել։ Անոնք համբերութեամբ կը սպասեն որ Աստուած համաշխարհային աստուածպետութիւն մը հաստատէ իր ուզած ժամանակին եւ իր ուզած կերպով։—Դանիէլ 2։44
5. Ո՞ւր իրական աստուածպետութիւն մը կը տիրէ այսօր, եւ անոր մասին ի՞նչ հարցումներ կը յարուցուին։
5 Մինչ այդ սակայն, իրական աստուածպետութիւն մը կը տիրէ։ Ո՞ւր։ Անոնց մէջ, որոնք յօժարակամօրէն կ’ենթարկուին Աստուծոյ իշխանութեան եւ իր կամքը կատարելու համար կը համագործակցին։ Այսպիսի հաւատարիմներ հաւաքուած են կազմելով համաշխարհային հոգեւոր «ազգ» մը, իր հոգեւոր ‘երկրին’ մէջ։ Անոնք «Աստուծոյ Իսրայէլ»ի մնացորդը եւ անոնց ընկերակցող աւելի քան հինգուկէս միլիոն Քրիստոնեայ ընկերակիցներն են։ (Եսայեայ 66։8. Գաղատացիս 6։16) Անոնք ենթակայ են Յիսուս Քրիստոսի, Եհովա Աստուծոյ՝ «յաւիտենական Թագաւորին»՝ կողմէ գահակալուած երկնային Թագաւորին։ (Ա. Տիմոթէոս 1։17. Յայտնութիւն 11։15) Ի՞նչ կերպով այս կազմակերպութիւնը աստուածպետական է։ Անոր անդամները աշխարհային կառավարութիւնները ի՞նչպէս կը նկատեն։ Իսկ աստուածպետութեան սկզբունքը ի՞նչպէս պահպանուած է իրենց հոգեւոր համայնքին մէջ հեղինակութիւն ի գործ դնող անհատներու կողմէ։
Աստուածպետական Կազմակերպութիւն մը
6. Տեսանելի, մարդկային կազմակերպութիւն մը ի՞նչպէս կրնայ Աստուծոյ կողմէ ղեկավարուիլ։
6 Մարդկային կազմակերպութիւն մը ի՞նչպէս կրնայ կառավարուիլ Եհովայի կողմէ, որ անտեսանելի երկնքի մէջ կը բնակի։ (Սաղմոս 103։19) Ասիկա կարելի է, քանի որ անոր հետ ընկերակցողները ներշնչեալ հետեւեալ խրատին կը հետեւին. «Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր»։ (Առակաց 2։6. 3։5) Անոնք թոյլ կու տան որ Աստուած իշխէ իրենց վրայ, մինչ իրենք կը պահեն «Քրիստոսին օրէնքը» եւ կը կիրարկեն Աստուածաշունչի սկզբունքները իրենց առօրեայ կեանքին մէջ։ (Գաղատացիս 6։2. Ա. Կորնթացիս 9։21. Բ. Տիմոթէոս 3։16. տես՝ Մատթէոս 5։22, 28, 39. 6։24, 33. 7։12, 21։) Ասիկա ընելու համար, անոնք պէտք է Աստուածաշունչի աշակերտներ ըլլան։ (Սաղմոս 1։1-3) Վաղեմի «աւելի ազնիւ» Բերիացիներու նման, անոնք մարդոց չեն հետեւիր, այլ իրենց սորված բաները անդադար կը ստուգեն Աստուածաշունչով։ (Գործք 17։10, 11. Սաղմոս 119։33-36) Անոնք սաղմոսերգուին նման հետեւեալ աղօթքը կը մատուցանեն. «Բարի իմաստութիւն ու գիտութիւն սորվեցուցիր ինծի, վասն զի քու պատուիրանքներուդ հաւատացի»։—Սաղմոս 119։66
7. Աստուածպետութեան մէջ ի՞նչ է վերատեսչութեան շարքը։
7 Ամէն կազմակերպութեան մէջ, պէտք է ըլլան հեղինակութիւն ի գործ դնողներ կամ առաջնորդութիւն տուողներ։ Եհովայի Վկաները բացառութիւն չեն կազմեր, եւ անոնք Պօղոս առաքեալի ուրուագծած հեղինակութեան կառոյցին կը հետեւին. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։ (Ա. Կորնթացիս 11։3) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, միայն որակելի տղամարդիկ որպէս երէցներ կը ծառայեն ժողովքներուն մէջ։ Իսկ թէեւ «ամէն այր մարդու գլուխը» եղող Յիսուս երկինքն է, բայց երկրի վրայ կան իր օծեալ եղբայրներուն ‘մնացորդը’, որոնք իր հետ երկնքի մէջ իշխելու յոյսը ունին։ (Յայտնութիւն 12։17, ՆԱ. 20։6) Ասոնք կը կազմեն բաղադրեալ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։ Քրիստոնեաները Յիսուսի, հետեւաբար անոր գլուխին՝ Եհովայի, հանդէպ իրենց հպատակութիւնը ցոյց կու տան, «ծառայ»ին վերատեսչութիւնը ընդունելով։ (Մատթէոս 24։45-47. 25։40) Այս կերպով, աստուածպետութիւնը կարգապահօրէն կ’ընթանայ։ «Աստուած խռովութեան Աստուած չէ, հապա խաղաղութեան»։—Ա. Կորնթացիս 14։33
8. Քրիստոնեայ երէցներ աստուածպետութեան սկզբունքին ի՞նչպէս թիկունք կը կանգնին։
8 Քրիստոնեայ երէցներ աստուածպետութեան սկզբունքին թիկունք կը կանգնին, քանի որ կը գիտակցին որ Եհովայի հաշիւ պիտի տան թէ իրենց սահմանափակ հեղինակութիւնը ի՛նչպէս ի գործ կը դնեն։ (Եբրայեցիս 13։17) Իսկ որոշումներու յանգելու համար, անոնք Աստուծոյ իմաստութեան կ’ապաւինին եւ ոչ թէ՝ իրենց։ Այս մարզին մէջ, Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Ան ցարդ ապրած ամէնիմաստուն մարդն էր։ (Մատթէոս 12։42) Ասով հանդերձ, ան Հրեաներուն ըսաւ. «Որդին ինքնիրմէ բան մըն ալ չի կրնար ընել, միայն այն՝ ինչ որ Հայրը կ’ընէ»։ (Յովհաննու 5։19) Երէցներն ալ Դաւիթ Թագաւորի կեցուածքը ունին։ Ան ծանրակշիռ հեղինակութիւն բանեցուց աստուածպետութեան մը մէջ։ Սակայն, ան ուզեց Եհովայի ճամբուն հետեւիլ եւ ոչ թէ՝ իր։ Ան աղօթեց. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբադ ինծի սորվեցուր ու շիտակ ճամբուն մէջ ինծի առաջնորդէ»։—Սաղմոս 27։11
9. Նկատի ունենալով աստուածպետութեան մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր յոյսերն ու տարբեր առանձնաշնորհումները, նուիրուած Քրիստոնեաները ի՞նչ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունին։
9 Ոմանք հարց տուած են որ արդեօք արդարութի՞ւն է որ ժողովքին մէջ հեղինակութիւնը միայն որակելի տղամարդոց կողմէ ի գործ կը դրուի, եւ թէ՝ ոմանք երկնային յոյս ունին, մինչ ուրիշներ՝ երկրային։ (Սաղմոս 37։29. Փիլիպպեցիս 3։20) Նուիրուած Քրիստոնեաները կը գնահատեն սակայն, որ այս կարգադրութիւնները Աստուծոյ Խօսքին մէջ ուրուագծուած են։ Անոնք աստուածպետական են։ Իսկ անոնց նկատմամբ այսպիսի հարցումներ հարցնողները, սովորաբար Աստուածաշունչի սկզբունքներէն տեղեակ չեն։ Ասկէ զատ, Քրիստոնեաները գիտեն որ Եհովայի աչքին կիներն ու տղամարդիկը հաւասար են՝ փրկութեան հարցին մէջ։ (Գաղատացիս 3։28) Ճշմարիտ Քրիստոնեաներու համար, տիեզերքի Գերիշխանին երկրպագուները ըլլալը մեծագոյն առանձնաշնորհումն է եւ անոնք ուրախ են, իրենց համար Եհովայի ուրուագծած որեւէ դերով։ (Սաղմոս 31։23. 84։10. Ա. Կորնթացիս 12։12, 13, 18) Ասկէ զատ, յաւիտենական կեանքը՝ ըլլայ երկնքի մէջ թէ երկրի վրայ՝ իրապէս հոյակապ յոյս մըն է։
10. (ա) Յովնաթան ի՞նչ գեղեցիկ կեցուածք մը ցուցաբերեց։ (բ) Ներկայիս Քրիստոնեաները ի՞նչպէս Յովնաթանի նման կեցուածք մը ցոյց կու տան։
10 Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները կը նմանին Սաւուղ Թագաւորի աստուածավախ որդւոյն՝ Յովնաթանի։ Հաւանաբար Յովնաթան սքանչելի թագաւոր մը կրնար ըլլալ։ Բայց Սաւուղի անհաւատարմութեան պատճառաւ, Եհովա Դաւիթը ընտրեց որպէս Իսրայէլի յաջորդ թագաւորը։ Ասիկա դառնացո՞ւց Յովնաթանը։ Ո՛չ. ան Դաւիթի լաւ բարեկամը եղաւ, եւ նոյնիսկ զինք պաշտպանեց Սաւուղէն։ (Ա. Թագաւորաց 18։1. 20։1-42) Նոյն կերպով, երկրային յոյս ունեցողները, երկնային կեանք ունեցողներուն չեն նախանձիր։ Իսկ ճշմարիտ Քրիստոնեաները ժողովքին մէջ աստուածպետական հեղինակութիւն ունեցողներուն չեն նախանձիր։ Ընդհակառակը, իրենց հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն ի նպաստ անոնց ծանր աշխատանքին գիտակցելով, ‘զանոնք մեծ սիրով կը պատուեն’։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12, 13
Աշխարհային Իշխանութեան Հանդէպ Աստուածպետական Տեսակէտ
11. Աստուածպետական իշխանութեան ենթարկուող Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կը նկատեն աշխարհային հեղինակութիւնները։
11 Եթէ Եհովայի Վկաները Աստուծոյ իշխանութեան՝ աստուածպետութեան ներքեւ են, անոնք ի՞նչպէս կը նկատեն ազգային կառավարիչները։ Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները «այս աշխարհին չեն պատկանիր»։ (Յովհաննու 17։16, Անթիլիաս) Այսուհանդերձ, Քրիստոնեաները կը գիտակցին որ «Կայսրին»՝ աշխարհային կառավարութեանց՝ հանդէպ պարտք մը ունին։ Յիսուս ըսաւ որ անոնք պէտք է ‘զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տան եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տան’։ (Մատթէոս 22։21) Աստուածաշունչի համաձայն, մարդկային կառավարութիւնները «Աստուծմէ կարգուած են»։ Ամէն հեղինակութեան Աղբիւրը եղող Եհովան կը թոյլատրէ որ կառավարութիւններ իրենց գոյութիւնը շարունակեն, եւ անոնցմէ կ’ակնկալէ որ իրենց հեղինակութեան ներքեւ եղողներուն բարիքին ծառայեն։ Երբ այսպէս վարուին, անոնք «Աստուծոյ սպասաւոր»ները կ’ըլլան։ Քրիստոնեաները իրենց ապրած երկրին կառավարութեան կ’ենթարկուին՝ «խղճմտանքի համար»։ (Հռովմայեցիս 13։1-7) Անշուշտ, երբ պետութիւնը Աստուծոյ օրէնքին հակասող բան մը պահանջէ, Քրիստոնեաները ‘առաւել Աստուծոյ կը հնազանդին, քան թէ՝ մարդոց’։—Գործք 5։29
12. Երբ Քրիստոնեաները կը հալածուին հեղինակութիւններու կողմէ, որո՞նց օրինակին կը հետեւին։
12 Իսկ եթէ կառավարական հեղինակութիւնները ճշմարիտ Քրիստոնեաները հալածեն. . .։ Այդ պարագային անոնք նախկին Քրիստոնեաներու օրինակին կը հետեւին, որոնք կծու հալածանքի ալիքներու տոկացին։ (Գործք 8։1. 13։50) Հաւատքի այս փորձութիւնները կ’ակնկալուէին, քանի որ Յիսուս ազդարարած էր թէ անոնք պիտի գային։ (Մատթէոս 5։10-12. Մարկոս 4։17) Այսուհանդերձ, նախկին Քրիստոնեաները զիրենք հալածողներէն վրէժ չառին, ոչ ալ իրենց հաւատքը տկարացաւ ճնշումի ներքեւ։ Անոնք Յիսուսի օրինակին հետեւեցան. «Ան . . . կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։ (Ա. Պետրոս 2։21-23) Այո, քրիստոնէական սկզբունքները յաղթանակ տարին Սատանայի դրդումներուն վրայ։—Հռովմայեցիս 12։21
13. Եհովայի Վկաները ի՞նչպէս ընդառաջած են հալածանքի եւ իրենց դէմ եղող զրպարտիչ արշաւներուն։
13 Վերոյիշեալը այսօր ալ ճշմարիտ է։ Այս դարու ընթացքին, Եհովայի Վկաները մեծապէս տառապած են միահեծան կառավարիչներու ձեռքով, ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս նախագուշակած էր։ (Մատթէոս 24։9, 13) Կարգ մը երկիրներու մէջ, ոմանք սուտեր եւ սխալ ներկայացումներ կը տարածեն, փորձելով ճնշում բանեցնել հեղինակութիւններու վրայ որ այս անկեղծ Քրիստոնեաներու դէմ քայլեր առնեն։ Բայց հակառակ այս «պարսաւանք»ին, Վկաները իրենց ընտիր վարքով իրենց անձերը կ’ընծայեն որպէս Աստուծոյ ծառաները։ (Բ. Կորնթացիս 6։4, 8) Երբ կարելի է, անոնք իրենց դատը կը ներկայացնեն կառավարիչներու եւ դատարաններու, որպէսզի իրենց անմեղութիւնը ապացուցանեն։ Անոնք ամէն կարելի միջոցի կը դիմեն, որպէսզի բարի լուրը հանրապէս պաշտպանեն։ (Փիլիպպեցիս 1։7) Սակայն, օրէնքի համաձայն իրենց ձեռքէն եկածը ընելէն ետք, անոնք հարցերը Եհովայի ձեռքը կը ձգեն։ (Սաղմոս 5։8-12. Առակաց 20։22) Իսկ եթէ հարկ ըլլայ, անոնք նախկին Քրիստոնեաներու նման, արդարութեան համար տառապելէ չեն վախնար։—Ա. Պետրոս 3։14-17. 4։12-14, 16
Աստուծոյ Փառքը Առաջ Դասեցէք
14, 15. (ա) Աստուածպետութեան սկզբունքը ջատագովողներուն համար կարեւորագոյն բանը ի՞նչ է։ (բ) Սողոմոն իր վերատեսչական դիրքին մէջ ի՞նչ առիթով խոնարհութեան գեղեցիկ օրինակ մը հանդիսացաւ։
14 Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն աղօթել սորվեցուց, անոր յիշած առաջին բանն էր Եհովայի անուան սրբացումը։ (Մատթէոս 6։9) Ասոր հետ ներդաշնակ ըլլալով, աստուածպետութեան ներքեւ ապրողներն ալ Աստուծոյ փառքը կը փնտռեն եւ ոչ թէ՝ իրենց փառքը։ (Սաղմոս 29։1, 2) Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ թէ առաջին դարուն, ասիկա կարգ մը անհատներուն գայթակղելուն պատճառ եղաւ եւ անոնք Յիսուսի հետեւելէ ետ կեցան, քանի որ «մարդոց փառքը . . . սիրեցին», այսինքն, կը սիրէին մարդոց կողմէ փառաւորուիլ։ (Յովհաննու 12։42, 43) Արդարեւ, հեզութիւն կը պահանջէ որ Եհովան մեր անձնագոհութենէն առաջ դասենք։
15 Այս ուղղութեամբ Սողոմոն լաւ հոգի մը ցուցաբերեց։ Իր կառուցանած փառաւոր տաճարի նաւակատիքին արտասանած իր խօսքերը բաղդատեցէք Նաբուգոդոնոսորի շինարարական քաջագործութիւններու մասին իր ըրած արտայայտութեան հետ։ Չափազանց հպարտութեամբ, Նաբուգոդոնոսոր յոխորտաց. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։ (Դանիէլ 4։30) Ասոր հակառակը, Սողոմոն համեստօրէն նսեմացուց իր իրագործումները, ըսելով. «Միթէ Աստուած իրաւցնէ երկրի վրայ մարդոց հետ պիտի բնակի՞։ Ահա երկինքն ու ամենաբարձր երկինքը քեզ չեն կրնար պարունակել. ո՞ւր կը մնայ այս իմ շինած տունս»։ (Բ. Մնացորդաց 6։14, 15, 18. Սաղմոս 127։1) Սողոմոն ինքզինք չբարձրացուց։ Ան գիտէր թէ ինք պարզապէս Եհովայի ներկայացուցիչն էր եւ գրեց. «Երբ հպարտութիւնը գայ, անարգութիւնն ալ կու գայ, բայց իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է»։—Առակաց 11։2
16. Երէցները իրենք զիրենք չփառաւորելով, ի՞նչպէս իրական օրհնութիւն մը եղած են։
16 Քրիստոնեայ երէցներն ալ Եհովան կը բարձրացնեն եւ ոչ թէ իրենց անձերը։ Անոնք կը հետեւին Պետրոսի խրատին. «Եթէ մէկը մատակարարութիւն ընէ, որպէս թէ Աստուծոյ շնորհներու զօրութենէն թող ընէ, որպէս զի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ (Ա. Պետրոս 4։11) Պօղոս առաքեալ ‘տեսչութիւնը’ կը բացատրէ ոչ թէ որպէս կարկառուն դիրք մը, այլ որպէս ‘բարի գործ’ մը։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1, ՆԱ) Երէցները նշանակուած են ծառայելու եւ ոչ թէ իշխելու համար։ Անոնք Աստուծոյ հօտին ուսուցիչները եւ հովիւներն են։ (Գործք 20։28. Յակոբու 3։1) Հեզ, անձնազոհ երէցներ օրհնութիւն մըն են ժողովքի մը մէջ։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) «Այնպիսիները պատուականներու կարգը բռնեցէք», իսկ շնորհակալ ենք Եհովայի որ այս «վերջին օրեր»ուն այսքան շատ որակելի երէցներ հայթայթած է, որպէսզի թիկունք կանգնին աստուածպետութեան։—Փիլիպպեցիս 2։29. Բ. Տիմոթէոս 3։1
«Աստուծոյ Նմանող Եղէք»
17. Աստուածպետութեան ներքեւ եղողները ի՞նչ կերպերով Աստուած կ’ընդօրինակեն։
17 Պօղոս առաքեալ յորդորեց՝ «Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս»։ (Եփեսացիս 5։1) Աստուածպետութեան ենթարկուողները կը ջանան անկատար մարդոց համար կարելի եղած չափով Աստուծոյ նմանողներ ըլլալ։ Օրինակ, Աստուածաշունչը Եհովայի մասին կ’ըսէ. «Աստուծոյ գործը կատարեալ է. քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. անիկա արդար եւ ուղիղ է»։ (Բ. Օրինաց 32։3, 4) Այս ուղղութեամբ Աստուծոյ նմանելու համար, Քրիստոնեաները հաւատարմութեան, իրաւունքի եւ հաւասարակշռուած չափով արդարութեան ետեւէ պէտք է ըլլան։ (Միքիայ 6։8. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 3։6. Ա. Յովհաննու 3։7) Անոնք կը խուսափին շատ մը բաներէ որոնք ընդունելի դարձած են աշխարհի մէջ, ինչպէս՝ անբարոյութիւնը, անյագութիւնը եւ ագահութիւնը։ (Եփեսացիս 5։5) Քանի որ Եհովայի ծառաները աստուածային չափանիշներու կը հետեւին եւ ոչ թէ մարդոց, անոր համար իր կազմակերպութիւնը աստուածպետական, մաքուր եւ ապահով է։
18. Աստուծոյ գերազանց յատկութիւնը ո՞րն է, եւ Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կ’արտացոլացնեն զայն։
18 Եհովա Աստուծոյ գերազանց յատկութիւնը՝ սէրն է։ Յովհաննէս առաքեալ կ’ըսէ՝ «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Քանի որ աստուածպետութիւն կը նշանակէ Աստուծոյ իշխանութիւնը, հետեւաբար անիկա կը նշանակէ սիրալիր իշխանութիւն։ Յիսուս ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք»։ (Յովհաննու 13։35) Այս դժուարին վերջին օրերուն, աստուածպետական կազմակերպութիւնը ուշագրաւօրէն սէր ցոյց տուած է։ Ափրիկէի ջարդերու ընթացքին, Եհովայի Վկաները բոլորին հանդէպ սէր ցոյց տուին, առանց նկատի ունենալու անոնց ազգատոհմը։ Նախկին Եուկոսլաւիոյ պատերազմին ընթացքին, ամէն շրջանի Եհովայի Վկաները իրարու օգնեցին, մինչ միւս կրօնքները ազգատոհմային մաքրագործութեան կը մասնակցէին։ Եհովայի Վկաները անձնական գետնի վրայ կը ջանան Պօղոսի հետեւեալ խրատը պահել. «Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։ Եւ իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի»։—Եփեսացիս 4։31, 32
19. Աստուածպետութեան ենթարկուողներուն դիմաց հիմա եւ ապագային ի՞նչ օրհնութիւններ կան։
19 Աստուածպետութեան ենթարկուողները մեծ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Աստուծոյ եւ իրենց Քրիստոնեայ ընկերակիցներուն հետ խաղաղութեան մէջ են։ (Եբրայեցիս 12։14. Յակոբու 3։17) Անոնք կեանքի մէջ նպատակ մը ունին։ (Ժողովողի 12։13) Անոնք հոգեւոր ապահովութիւն եւ ապագայի վստահ յոյս մը ունին։ (Սաղմոս 59։9) Արդարեւ, անոնք աստուածպետական իշխանութեան ներքեւ ամբողջ մարդկութեան ունենալիք վիճակը հիմակուընէ կը վայելեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ այն ատեն «անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։ (Եսայեայ 11։9) Ի՜նչ փառաւոր ժամանակ մը պիտի ըլլայ ատիկա։ Թող որ բոլորս այդ ապագայ Դրախտին մէջ մեր տեղերը ապահովենք, հիմակուընէ աստուածպետութեան կապուած մնալով։
Կրնա՞ք Բացատրել
◻ Իրական աստուածպետութիւնը ի՞նչ է եւ ներկայիս ո՛ւր կը գտնուի։
◻ Մարդիկ իրենց կեանքի տեւողութեան ի՞նչպէս կը հպատակին աստուածպետական իշխանութեան։
◻ Աստուածպետութեան ներքեւ եղողները ի՞նչ կերպերով Աստուծոյ փառքը իրենց փառքէն առաջ կը դասեն։
◻ Ի՞նչ են աստուածային կարգ մը յատկութիւնները զորս աստուածպետութեան թիկունք կանգնողները կ’ընդօրինակեն։
[Նկար՝ էջ 25]
Սողոմոն Աստուծոյ փառքը իր անձէն առաջ դասեց