Խնդիրները ի՛նչպէս լուծել խաղաղութեամբ
ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ վայրագութեան պատմութիւնը մարդկութեան չափ հին է։ Աստուածաշունչը վայրագութեան մասին կը խօսի Կայէնի օրերէն սկսեալ, որ մարդկային առաջին զոյգին անդրանիկ զաւակը ու Աբէլի եղբայրն էր։ Երբ Աստուած Աբէլի զոհը նախընտրեց, Կայէն «խիստ բարկացաւ»։ Ան պարագան ի՞նչպէս ձեռք առաւ։ «Կայէն իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա»։ Անկէ ետք, ան Աստուծոյ հետ լուրջ հարց ունեցաւ։ (Ծննդոց 4։5, 8-12) Վայրագութիւնը, իր Ստեղծիչին առջեւ Կայէնի գէշ կեցուածքին հարցը չլուծեց։
Խնդիրներ լուծելու համար ֆիզիքական ոյժի դիմելու Կայէնի ընթացքէն ի՞նչպէս կրնանք խուսափիլ։
Վայրագութենէ՝ Հանդուրժողութիւն
Նկատի առէք մարդ մը որ Քրիստոնեայ առաջին մարտիրոսին՝ Ստեփանոսին՝ սպանութիւնը հաճութեամբ կը դիտէր։ (Գործք 7։58. 8։1) Այս մարդը՝ Տարսոնցի Սօղոս, Ստեփանոսի կրօնական համոզումին հետ համաձայն չէր եւ վայրագ սպանութեան թիկունք կանգնեցաւ, որպէս անոր գործունէութեան վերջ դնելու արդարացի կերպ մը։ Հաւանաբար, Սօղոս իր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ վայրագ չէր։ Սակայն, ան վայրագութեան յօժարեցաւ, որպէս խնդիրներ լուծելու կերպ մը։ Ստեփանոսի մահէն անմիջապէս ետք, Սօղոս «եկեղեցիին [քրիստոնէական ժողովքին] շատ վնաս կու տար, տուները կը մտնէր, այրեր ու կիներ կը քաշէր՝ բանտ դնել կու տար»։—Գործք 8։3
Աստուածաշունչի ուսումնական Ալպըրթ Պարնզի համաձայն, հոս «շատ վնաս կու տար» թարգմանուած Յունարէն բառը, առիւծի ու գայլի նման գազաններու պատճառած աւերումներուն կ’ակնարկէ։ Պարնզ կը բացատրէ. «Սօղոս գազանի մը նման կատղած էր եկեղեցիին դէմ. զօրաւոր արտայայտութիւն մը որ ցոյց կու տայ թէ ան որքան եռանդով ու կատաղութեամբ կը հալածէր»։ Երբ Սօղոս Դամասկոս կ’երթար աւելի մեծ թիւով Քրիստոսի հետեւորդներ հաւաքելու համար, ան տակաւին ‘Տէրոջը [Քրիստոսի] աշակերտներուն դէմ սպառնալիք եւ մահ կը փչէր’։ Ճամբուն վրայ, յարուցեալ Յիսուս անոր հետ խօսեցաւ ու ասիկա պատճառ եղաւ որ Սօղոս Քրիստոնեայ մը դառնայ։—Գործք 9։1-19
Դարձի գալէն ետք, ուրիշներու հետ Սօղոսի վերաբերմունքը փոխուեցաւ։ 16 տարի ետք պատահած դէպք մը այս փոփոխութիւնը ապացուցանեց։ Խումբ մը մարդիկ իր ծննդավայրի՝ Անտիոքի՝ մէջ եղող ժողովքը եկան եւ հոն եղող Քրիստոնեաներէն պահանջեցին որ Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուին։ Հետեւանքը «շատ մը հակառակութիւն» եղաւ։ Սօղոս, որ այդ ժամանակ ճանչցուած էր որպէս Պօղոս, այս վէճին մէջ դիրք բռնեց։ Ըստ երեւոյթին խնդիրը տաքցաւ, բայց Պօղոս վայրագութեան չդիմեց։ Ընդհակառակը, ան ժողովքի որոշումին ենթարկուեցաւ, որ հարցը առաքեալներուն եւ Երուսաղէմի ժողովքի երէցներուն տարուի։—Գործք 15։1, 2
Երուսաղէմի մէջ, երէցներուն ժողովին դարձեալ «շատ վիճաբանութիւն» եղաւ։ Պօղոս սպասեց որ «բոլոր ժողովուրդը լուռ» կենայ, ապա անթլփատ հաւատացեալներուն մէջ Աստուծոյ հոգիին կատարած սքանչելի գործերուն մասին տեղեկագրութիւն մը ներկայացուց։ Առաքեալները եւ Երուսաղէմի երէցները սուրբ գրային զրոյց մը ունենալէն ետք, «միաբանութեամբ» համաձայնեցան որ անթլփատ հաւատացեալներուն վրայ անհրաժեշտ չեղող բեռ չդնեն, այլ զանոնք յորդորեն որ «ետ կենան կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ»։ (Գործք 15։3-29) Արդարեւ, Պօղոս փոխուած էր։ Ան սորված էր հարցերը լուծել՝ առանց վայրագութեան դիմելու։
Վայրագ Հակումներու Հետ Գլուխ Ելլել
Պօղոս հետագային յորդորեց. «Տէրոջը ծառան պէտք չէ կռուի, հապա հեզահոգի ըլլայ ամենուն, սորվեցնող, ոխ չպահող. քաղցրութեամբ խրատէ հակառակ կեցողները»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25) Պօղոս Տիմոթէոսին՝ աւելի երիտասարդ տեսուչի մը, խրատեց որ դժուար պարագաները հանդարտութեամբ ձեռք առնէ։ Պօղոս իրապաշտ էր։ Ան գիտէր թէ նոյնիսկ Քրիստոնեաներուն միջեւ յոյզերը կրնային բորբոքիլ։ (Գործք 15։37-41) Ուստի, յարմար տեսաւ հետեւեալ խրատը տալ. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ (Եփեսացիս 4։26) Բարկութիւնը զսպելը, առանց անզուսպօրէն պոռթկալու, այսպիսի յուզումներու հետ գլուխ ելլելու պատշաճ կերպն է։ Սակայն ի՞նչպէս կարելի է իրագործել ասիկա։
Ներկայիս, դիւրին չէ բարկութիւնը զսպել։ Բժշկուհի Տէպօրա Բրոթրօ–Սդիդ, Հանրային Առողջապահութեան Հարվըրտ Դպրոցի օգնական տնօրէնուհին ըսաւ. «Բիրտ ըլլալը ժողովրդական է։ . . . Իրականութեան մէջ, իրարու հետ հաշտ ապրելու հմտութիւնները՝ խորհրդակցիլը, համակերպիլը, կարեկցիլը, ներելը՝ սովորաբար վախկոտներուն վերագրուած են»։ Սակայն ասոնք վեհանձն յատկութիւններ են, եւ մեր մէջ գլուխ ցցող վայրագ հակումներ զսպելու համար կենսական են։
Քրիստոնեայ ըլլալէն ետք, Պօղոս տեսակէտի տարբերութիւններուն հետ գլուխ ելլելու աւելի լաւ կերպ մը սորվեցաւ։ Անիկա Աստուածաշունչի ուսուցումներուն վրայ հիմնուած էր։ Հրէականութեան մասին լաւ տեղեկութիւն ունեցող ուսումնական մը ըլլալով, Պօղոս Եբրայերէն Գրութիւններուն քաջածանօթ էր։ Ան լաւ գիտնալու էր այսպիսի համարներ. «Բռնաւոր մարդուն մի՛ նախանձիր ու անոր ճամբաները բնաւ մի՛ ընտրեր»։ «Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ է ու իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն»։ «Իր ոգին չզսպող մարդը՝ փլած ու անպարիսպ քաղաքի պէս է»։ (Առակաց 3։31. 16։32. 25։28) Բայց եւ այնպէս, դարձի գալէն առաջ, այս գիտութիւնը զինք ետ չէր պահած Քրիստոնեաներուն հետ վայրագութեամբ վարուելէ։ (Գաղատացիս 1։13, 14) Սակայն, ի՞նչ բան օգնեց Քրիստոնեայ Պօղոսի, որ դիւրաբորբոք հարցեր լուծելու համար, տրամաբանութեան եւ համոզումի դիմէ, փոխանակ՝ վայրագութեան։
Պօղոս իր մատը պատճառին վրայ դրաւ, երբ ըսաւ. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին»։ (Ա. Կորնթացիս 11։1) Ան մեծապէս գնահատեց իրեն համար Յիսուս Քրիստոսի ըրածը։ (Ա. Տիմոթէոս 1։13, 14) Քրիստոս իրեն համար ընդօրինակուելիք տիպար մը հանդիսացաւ։ Ան գիտէր թէ Յիսուս մեղաւոր մարդկութեան համար որքա՜ն տառապեցաւ։ (Եբրայեցիս 2։18. 5։8-10) Պօղոս կրնար փաստել թէ Մեսիայի մասին Եսայիի մարգարէութիւնը կատարուեցաւ Յիսուսի վրայ. «Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ այնպէս իր բերանը չբացաւ»։ (Եսայեայ 53։7) Պետրոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուս] կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր»։—Ա. Պետրոս 2։23, 24
Լարուած պարագաները ձեռք առնելու Յիսուս Քրիստոսի կերպին հանդէպ Պօղոսի գնահատութիւնը, զինք մղեց որ փոխուի։ Ան կրնար իր հաւատակիցները խրատել. ‘Իրարու համբերեցէք եւ իրարու ներեցէք՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս [«Եհովա», ՆԱ] ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք’։ (Կողոսացիս 3։13) Բաւարար չէ գիտակցիլ թէ վայրագ պէտք չէ ըլլալ։ Մեզի համար Եհովայի ու Յիսուս Քրիստոսի ըրած բաներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնն է որ վայրագ հակումները յաղթահարելու համար հարկ եղած շարժառիթը ունենալու կ’օգնէ։
Կարելի՞ Է
Ճափոնի մէջ ապրող մարդ մը, այսպիսի զօրաւոր շարժառիթի մը կարիքը ունէր։ Անոր հայրը՝ դիւրաբորբոք բնաւորութեամբ զինուոր մը, իր ընտանիքին վրայ վայրագութեամբ կը տիրէր։ Վայրագութեան զոհ դառնալով ու իր մօրը տառապանքն ալ տեսնելով այս մարդը վայրագ բնաւորութիւն մը զարգացուց։ Ան իրարմէ տարբեր երկարութեամբ երկու սամուրայական սուրեր կը կրէր, զորս կը գործածէր խնդիրներ լուծելու, ինչպէս նաեւ մարդոց սպառնալու համար։
Երբ իր կինը սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, ան առանց լուրջի առնելու ուսումնասիրութեան ներկայ եղաւ։ Սակայն, Թագաւորութեան Այս Բարի Լուրըa խորագրով գրքոյկ մը կարդալէն ետք, ան փոխուեցաւ։ Ինչո՞ւ։ Ան կը բացատրէ. «Երբ ‘Յիսուս Քրիստոս’ ու ‘Փրկանք’ ենթագլուխներուն ներքեւ եղած տեղեկութիւնները կարդացի, ամչցայ։ . . . Թէեւ կամակոր կեանք մը կ’ապրէի, բայց տակաւին կը փափաքէի բարեկամներուս հետ ազնիւ կերպով վարուիլ։ Հաճոյք կ’առնէի ընկերներս ուրախացնելէ, մինչեւ այն ատեն որ անիկա իմ անձնական կեանքիս չէր ազդեր։ Բայց Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս՝ յօժարեցաւ իր կեանքը զոհել մարդկութեան համար, մէջը ըլլալով ինծի նման անհատներու համար։ Ցնցուեցայ, կարծես թէ փայտէ մուրճով հարուած մը կերած ըլլայի»։
Ան իր նախկին բարեկամներուն հետ ընկերակցութիւնը դադրեցուց եւ շատ չանցած Եհովայի Վկաներու ժողովքի մը մէջ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց արձանագրուեցաւ։ Այս դպրոցը անոր մէջ մասնակցութիւն բերողներուն կ’օգնէ որ Աստուածաշունչը ուրիշներուն սորվեցնելու արուեստը ձեռք ձգեն։ Այս դասընթացքը յաւելեալ օգուտներ բերաւ այս մարդուն։ Ան կը վերյիշէ. «Երբ անչափահաս էի, սպառնալիքներու ու վայրագութեան կը դիմէի, քանի որ զգացումներս ուրիշներու չէի կրնար հաղորդել։ Երբ սորվեցայ մտքիս մէջինը ուրիշներուն հաղորդել, սկսայ անոնց հետ տրամաբանել, փոխանակ վայրագութեան դիմելու»։
Պօղոսի նման ինքն ալ Քրիստոսի ապրելակերպը իւրացո՞ւց։ Անոր հաւատքը փորձուեցաւ, երբ իր նախկին ընկերներէն մէկը, որու հետ ան եղբայրական փոխադարձ ուխտի մը մէջ մտած էր, փորձեց արգելք հանդիսանալ իր Քրիստոնեայ մը ըլլալուն։ Այս «ընկերը» իրեն զարկաւ ու իր Աստուծոյն՝ Եհովայի՝ հայհոյեց։ Նախապէս վայրագ եղող այս մարդը ինքզինք զսպեց եւ ներողութիւն խնդրեց ուխտը չպահելուն համար։ Յուսախաբ եղած, իր «եղբայրը» ձգեց ու հեռացաւ։
Իր վայրագ հակումները յաղթահարելով, նախապէս ցասկոտ այս մարդը բազմաթիւ հոգեւոր եղբայրներ ու քոյրեր շահած է, որոնք Աստուծոյ ու դրացիի հանդէպ սիրով միացած են։ (Կողոսացիս 3։14) Իրականութեան մէջ, նուիրուած Քրիստոնեայ մը ըլլալէն աւելի քան 20 տարի ետք, այժմ ան կը ծառայէ որպէս Եհովայի Վկաներու ճամբորդող տեսուչ մը։ Անոր համար ի՜նչ ուրախութիւն է կարենալ Աստուածաշունչէն ցոյց տալ թէ գազանանման բնաւորութեամբ մարդիկ կրնան իրենց խնդիրները լուծել առանց վայրագութեան դիմելու, ինչպէս ի՛նք սորվեցաւ ընել։ Իսկ ի՜նչ առանձնաշնորհում կը սեպէ կարենալ հետեւեալ մարգարէութեան հոյակապ կատարումը ցոյց տալ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։9
Պօղոս առաքեալին եւ նախապէս վայրագ այս մարդուն նման, դո՛ւք ալ կրնաք սորվիլ դիւրաբորբոք պարագաներ ձեռք առնել, խնդիրները խաղաղութեամբ լուծելով։ Ձեր շրջանին մէջ բնակող Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի։
[Ստորանիշ]
a Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Պօղոս իրապաշտ էր։ Ան գիտէր թէ նոյնիսկ Քրիստոնեաներուն միջեւ յոյզերը կրնային բորբոքիլ
[Նկար՝ էջ 7]
Մեզի համար Աստուծոյ ըրած բաները գնահատելը խաղաղ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ