Պահապան հրեշտակ մը ունի՞ք
ՊԱՀԱՊԱՆ հրեշտակի մը գոյութեան կը հաւատա՞ք։ Շատեր կը հաւատան։ Կ’ըսուի որ Արեւմտեան Գանատայէն կին մը, հրեշտակներու կապակցաբար մասնաւոր պարգեւ մը ունի։ Ան կ’ըսէ որ եթէ իրեն տաք ձեր լման անունը եւ 200 գանատական տոլար, ձեզ շփման մէջ կը դնէ ձեր պահապան հրեշտակին հետ։ Ան, նախ մոմի բոցին վրայ սեւեռելով իր աչքերը՝ կը խոկայ։ Ապա, տեսիլքի մը միջոցաւ ան պատգամներ կը ստանայ ձեր հրեշտակէն, որպէսզի ձեզի փոխանցէ։ Յաւելեալ ըլլալով, կինը կը նկարագրէ թէ ձեր հրեշտակը ի՛նչ երեւոյթ ունի։
Ոմանց համար, ասիկա Ֆրանսացի Լուի Թ. Թագաւորին մասին եղած պատմութեան համարժէք է։ Իբրեւ թէ ան Միքայէլ Հրեշտակապետին թեւերէն ինկած շատ թանկարժէք փետուրներ գնած է։ Շատեր այդ պատմութիւնը կասկածելի նկատելով հանդերձ, պահ մը իսկ չեն կասկածիր Գանատացի կնոջ ըսածներուն մասին։
Հրեշտակներուն Հանդէպ Սուր Հետաքրքրութիւն
Վերջերս, հրեշտակներու հանդէպ սուր հետաքրքրութիւն մը զարգացած է։ Հեռատեսիլի, շարժապատկերներու, գիրքերու, պարբերաթերթերու եւ լրագիրներու մէջ, կը խօսուի հրեշտակներու մասին, որոնք լուրջ հիւանդութենէ տառապողները եւ սգաւորները կը մխիթարեն, իմաստութիւն կու տան եւ անհատները մահուընէ կը խնայեն։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, շուրջ 20 միլիոն անհատներ հեռատեսիլի շաբաթական յայտագրի մը կը հետեւին, որ կը նկարագրէ թէ հրեշտակները ի՛նչպէս մարդոց կեանքին կը միջամտեն։ Գրավաճառատուն մը աւելի քան 400 գիրքերու ցանկ մը ունի, որոնք հրեշտակներու մասին կը խօսին։
Վերջերս լոյս տեսած գիրք մը կը պատմէր թէ պահապան հրեշտակներ ի՛նչպէս զինուորներու կեանքը փրկած են պատերազմի ընթացքին։ Ինքնաշարժի վրայ փակցուելիք պիտակներ կը նշեն որ պահապան հրեշտակներ կը պաշտպանեն վարիչները։ Կազմակերպութիւններ, խորհրդաժողովներ եւ գիտաժողովներ հրեշտակներու ուսումնասիրութիւնը կը քաջալերեն, անոնց հետ հաղորդակցելու համար մարդոց օգնութիւն առաջարկելով։
Իլին Ֆրիման հրեշտակներու մասին երեք հատորնոց գրքի մը հեղինակը եւ միմիայն հրեշտակներու յատկացուած լրագրի մը հրատարակիչն է։ Ան հետեւեալը կը պնդէ. «Ես կը հաւատամ որ երկրի վրայ նոյնքան շատ պահապան հրեշտակներ կան, որքան հրեշտակներ կան երկնքի մէջ, որոնց պարտականութիւնը միայն երկնքի մէջ Աստուած փառաբանել չէ, այլ նաեւ՝ երկրի վրայ մարդ արարածներուն եւ կեանքի ուրիշ տեսակներուն հոգ տանիլն է։ Մեր յղացումէն իսկ, ամէն մէկուս համար պահապան հրեշտակ մը նշանակուած է, որ արգանդին մէջ մեր աճումին, մեր ծնունդին, այս աշխարհի մէջ մեր կեանքին վրայ կը հսկէ, մինչեւ որ այս աշխարհի կապանքէն մեզ ազատելով, երկնային փառքի առաջնորդէ»։ Ասիկա լաւ կերպով կը նկարագրէ պահապան հրեշտակներու մասին ժողովրդական տեսակէտը։
Ճնշումներով եւ դժուարութեամբ լեցուն այս աշխարհին մէջ, իրապէս մխիթարական է հաւատալ թէ մեր անձնական պահապան հրեշտակը ունինք, որու պարտականութիւնն է մեզ պաշտպանել։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին։ Հրեշտակներուն հետ շփման մէջ գալու փորձեր պէ՞տք է ընենք։ Անոնք մեր բարոյական չափանիշներուն եւ կրօնական հաւատալիքներուն հոգ կը տանի՞ն։ Անոնցմէ ի՞նչ օգնութիւն կրնանք ակնկալել։ Այս հարցումներուն պատասխանները պիտի ստանանք յաջորդ յօդուածով։