Մեծագոյն Բրուտը եւ անոր գործը
«Պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, . . . ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած»։—Բ. ՏԻՄՈԹԷՈՍ 2։21
1, 2. (ա) Մարդուն ու կնկան Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ի՞նչպէս ուշագրաւ գործ մըն էր։ (բ) Մեծագոյն Բրուտը ի՞նչ նպատակի համար շինեց Ադամն ու Եւան։
ԵՀՈՎԱ Մեծ Բրուտն է։ Անոր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցներէն մէկն էր մեր առաջին ծնողը՝ Ադամ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ», այսինքն, «շնչող արարած» մը եղաւ։ (Ծննդոց 2։7, ՆԱ, ստորանիշ) Մարդկային այդ առաջին արարածը կատարեալ էր, ուղղակի Աստուծոյ պատկերովը՝ աստուածային իմաստութեան եւ ճշմարիտ արդարութեան ու իրաւունքի հանդէպ սիրոյ հիման վրայ շինուած։
2 Ադամի կողոսկրի նիւթէն գործածելով, Աստուած մարդուն լրացուցիչ եւ օգնական մըն ալ կազմեց՝ կինը։ Եւայի անարատ սիրունութիւնը ներկայ կիներուն ամենագեղեցիկէն շատ աւելի գերիվեր էր։ (Ծննդոց 2։21-23) Ասկէ զատ, մարդկային առաջին զոյգին այնպիսի մարմիններ ու կարողութիւններ տրուած էին, որ կարենային այս երկիրը դրախտի վերածելու իրենց նշանակուած ծրագիրը կատարելապէս իրագործել։ Նաեւ, անոնց զօրութիւն տրուած էր, Ծննդոց 1։28–ի մէջ նշուած Աստուծոյ պատուէրը կատարելու համար. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ Ի վերջոյ, այս համերկրային պարտէզը միլիառաւոր ուրախ մարդոցմով պիտի բնակուէր, սիրոյ՝ «միութեան կատարեալ կապ»ով իրարու կապուած։—Կողոսացիս 3։14, ՆԱ։
3. Մեր առաջին ծնողները ի՞նչպէս անարգանքի ամաններ եղան եւ ի՛նչ հետեւանքով։
3 Դժբախտաբար, մեր առաջին ծնողները կամովին ընտրեցին իրենց Գերիշխան Ստեղծիչին, Մեծագոյն Բրուտին դէմ ըմբոստանալ։ Անոնց ընթացքը նման էր Եսայեայ 29։15, 16–ի մէջ նկարագրուածին. «Վա՜յ անոնց, որ խորունկ տեղ կը փնտռեն իրենց խորհուրդը Տէրոջմէ պահելու համար ու իրենց գործը մութին մէջ կ’ընեն ու կ’ըսեն. ‘Մեզ ո՞վ կը տեսնէ ու մեզ ո՞վ կը ճանչնայ’։ . . . Միթէ բրուտը կաւին տեղ կը դրուի՞. քանզի կարելի՞ է, որ առարկան զինք շինողին համար ըսէ. ‘Անիկա զիս չշինեց’։ Ու ստեղծուածը՝ զինք ստեղծողին համար ըսէ. ‘Անիկա իր ըրածը չի գիտեր’»։ Անոնց կամակորութիւնը աղէտի առաջնորդեց՝ յաւիտենական մահուան դատավճիռ ստանալով։ Միեւնոյն ատեն իրենցմէ սերած մարդկային ամբողջ ցեղը մեղքն ու մահը ժառանգեց։ (Հռովմայեցիս 5։12, 18) Մեծագոյն Բրուտին ստեղծագործութեան գեղեցկութիւնը խոր կերպով եղծանուեցաւ։
4. Պատուաբեր ի՞նչ նպատակի համար կրնանք ծառայել։
4 Այսուհանդերձ, նոյնիսկ մեր ներկայ անկատար վիճակով, մեղաւոր Ադամէ սերածներս կրնանք Եհովան փառաբանել Սաղմոս 139։14–ի խօսքերը արձագանգելով. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ»։ Ի՜նչ մեղք սակայն, որ Մեծագոյն Բրուտին սկզբնական ձեռագործը ա՛յս աստիճան արատաւորուեցաւ։
Բրուտը Իր Գործը կ’Ընդլայնէ
5. Մեծագոյն Բրուտին հմտութիւնը ի՞նչպէս պիտի գործածուէր։
5 Բարեբախտաբար, որպէս Բրուտ մեր Ստեղծիչին հմտութիւնը պարզապէս մարդկութիւնը ստեղծելէն շատ աւելի անդին կ’երթայ։ Պօղոս առաքեալ մեզի կ’ըսէ. «Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ հակառակ պատասխան կու տաս։ Միթէ ստեղծուածը իր Ստեղծողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Զիս ինչո՞ւ այդպէս շինեցիր’։ Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար»։—Հռովմայեցիս 9։20, 21
6, 7. (ա) Շատեր ներկայիս ի՞նչպէս կը նախընտրեն անարգանքի համար ձեւաւորուիլ։ (բ) Արդարները ի՞նչպէս պատուական գործածութեան համար կը յղկուին։
6 Այո, Մեծագոյն Բրուտին գործերէն ոմանք պատուական գործածութեան, իսկ ուրիշներ ոչ–պատուական գործածութեան համար պիտի ձեւաւորուէին։ Անոնք որոնք կ’ընտրեն աշխարհի կողմէ քշուիլ՝ մինչ անիկա հետզհետէ աւելի կը մխրճուի ամբարշտութեան ճահիճին մէջ՝ կործանումի համար կը ձեւաւորուին։ Երբ փառաւոր Թագաւորը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ դատաստանի համար գայ, անարգանքի համար եղած այսպիսի անօթները մաս պիտի կազմեն այծանման յամառ մարդոց, որոնք, ինչպէս նշուած է Մատթէոս 25։46–ի մէջ (ՆԱ), ‘յաւիտենական բնաջնջումի պիտի երթան’։ Բայց ոչխարանման «արդարները»՝ «պատուական» գործածութեան համար շինուածները, պիտի ժառանգեն «յաւիտենական կեանքը»։
7 Այս արդարները խոնարհաբար ենթարկուած են աստուածային յղկումին։ Անոնք Աստուծոյ ընդունելի ճամբուն մէջ մտած են։ Անոնք ընդունած են Ա. Տիմոթէոս 6։17-19–ի մէջ գտնուած խրատը. «Անստոյգ հարստութեան վրայ յոյսերնի[դ] չդն[էք], հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու»։ Անոնք ջանադիր եղած են որ «բարիք գործեն, բարի գործերով հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին պիտոյքներուն հաղորդակից ըլլան։ Հանդերձեալին համար կարենան անձին բարի հիմ դնել, որպէս զի յաւիտենական կեանքը ձեռք ձգեն»։ Անոնք աստուածային ճշմարտութեամբ յղկուած են եւ անխախտ հաւատք ունին Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ եղած Եհովայի կարգադրութեան հանդէպ. Յիսուս «իր անձը ամենուն տեղ [«համապատասխան», ՆԱ] փրկանք տուաւ», որպէսզի Ադամի մեղքին միջոցաւ բոլոր կորսուածները վերահաստատէ։ (Ա. Տիմոթէոս 2։6) Ուստի, որքա՜ն յօժարութեամբ պէտք է ենթարկուինք Պօղոսի հետեւեալ խրատին. «Հագէ՛ք այն նորը [«նոր անձնաւորութիւնը», ՆԱ] գիտութիւնով նորոգուած՝ իր Ստեղծողին պատկերին պէս»։—Կողոսացիս 3։10
Դուք Ի՞նչպիսի Անօթ մը Պիտի Ըլլաք
8. (ա) Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ անհատ մը ինչպիսի անօթ մը պիտի ըլլայ։ (բ) Ի՞նչ երկու ազդակներ անհատ մը կը յղկեն։
8 Ի՞նչ բան կ’որոշէ թէ անհատ մը ի՛նչպիսի անօթ մը պիտի ըլլայ։ Իր վարքն ու բարքը։ Ասոնք սրտին փափաքներով ու հակումներով կը ձեւաւորուին։ Իմաստուն Սողոմոն Թագաւորը ըսաւ. «Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ, բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը»։ (Առակաց 16։9) Երկրորդ, անոնք կը ձեւաւորուին իրենց լսած ու տեսած բաներով, ընկերակցութեամբ ու փորձառութեամբ։ Ուստի, որքա՜ն կարեւոր է սա խրատին անսալ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Ինչպէս Բ. Պետրոս 1։16–ը կը զգուշացնէ մեզ, պէտք է խուսափինք ‘վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալէ’, կամ ինչպէս Նոգսի թարգմանութիւնը կ’ըսէ՝ «մարդու կողմէ հնարուած առասպելներ»է։ Անոնք կրնան հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհի ուսուցումներ եւ կրօնական տօներ պարունակել։
9. Մեծագոյն Բրուտին կողմէ յղկուելուն ի՞նչպէս կրնանք նպաստաւոր կերպով ընդառաջել։
9 Մեր ընդառաջումին համաձայն, Աստուած կրնայ մեզ յղկել։ Եհովայի առջեւ խոնարհաբար կրնանք կրկնել Դաւիթի աղօթքը. «Փորձէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած ու գիտցի՛ր իմ սիրտս. զիս քննէ՛ ու գիտցի՛ր իմ մտածումներս եւ նայէ՛ թէ արդեօք չար ճամբու մէ՞ջ եմ եւ զիս դէպի յաւիտենական ճամբան առաջնորդէ»։ (Սաղմոս 139։23, 24) Եհովա Թագաւորութեան պատգամը քարոզել կու տայ։ Մեր սրտերը գնահատութեամբ ընդառաջեցին բարի լուրին եւ անոր յաւելեալ ցուցմունքներուն։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, բարի լուրի քարոզչութեան կապակցաբար մեզի բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ կը մատուցանէ. զանոնք ստանձնե՛նք եւ անոնց վրայ գուրգուրա՛նք։—Փիլիպպեցիս 1։9-11
10. Հոգեւոր յայտագիրներու հետեւելու համար ի՞նչպէս ջանադիր պէտք է ըլլանք։
10 Ասիկա ա՛յնքան կարեւոր է որ յարատեւաբար ուշադրութիւն կ’ընծայենք Աստուծոյ Խօսքին, Աստուածաշունչի ընթերցանութեան առօրեայ յայտագրի մը հետեւելով եւ մեր ընտանիքներուն ու բարեկամներուն հետ Սուրբ Գրութիւններն ու Եհովայի ծառայութիւնը մեր խօսակցութեան կորիզը դարձնելով։ Եհովայի Վկաներու Պէթէլի իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ միսիոնարական տուներու մէջ, նախաճաշի ընթացքին առտուան պաշտամունքի յայտագիրը սովորաբար կը պարունակէ ամէն շաբաթ փոխն ի փոխ Աստուածաշունչի, կամ ընթացիկ տարեգիրք–ի ընթերցանութիւն։ Ձեր ընտանիքին մէջ ալ այսպիսի կարգադրութիւն կարելի՞ է ընել։ Նաեւ, բոլորս ալ որքան կ’օգտուինք քրիստոնէական ժողովքին հետ մեր ընկերակցութենէն, իրարու հետ ժողվուելով եւ մանաւանդ Դիտարան–ի շաբաթական Ուսումնասիրութեան մասնակցելով։
Փորձութիւններ Դիմագրաւելու Համար Յղկուած
11, 12. (ա) Մեր առօրեայ կեանքի փորձութիւններուն նկատմամբ Յակոբոսի խրատները ի՞նչպէս կրնանք կիրարկել։ (բ) Յոբի փորձառութիւնը ի՞նչպէս մեզ կը քաջալերէ որ ուղղամիտ մնանք։
11 Մեր առօրեայ կեանքին մէջ Աստուած կարգ մը պարագաներ կը թոյլատրէ, զորս ոմանք դժուարին կը գտնեն։ Զանոնք ի՞նչպէս պէտք է նկատենք։ Ինչպէս Յակոբու 4։8–ը կը խրատէ, բնաւ չդառնանանք, այլ աւելի մօտենանք Աստուծոյ, բոլոր սրտով իրեն վստահելով, քաջ գիտնալով որ երբ մենք ‘իրեն մօտենանք, ինքն ալ մեզի պիտի մօտենայ’։ Ճիշդ է որ դժուարութիւններու ու փորձութիւններու պէտք է տոկանք, բայց անոնք թոյլատրուած են, որպէսզի մեր ձեւաւորման նպաստեն, ուրախ արդիւնքի մը յանգելով։ Յակոբու 1։2, 3–ն մեզի կ’ըսէ. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ»։
12 Յակոբոս նաեւ կ’ըսէ. «Չըլլայ թէ մէկը, որ փորձութեան մէջ է, ըսէ. ‘Աստուծմէ կը փորձուիմ’. վասն զի Աստուած չար բաներով չի փորձուիր, ո՛չ ալ ինք մէկը կը փորձէ։ Սակայն ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած»։ (Յակոբու 1։13, 14) Մեր փորձութիւնները կրնան շատ ու բազմապիսի ըլլալ, բայց Յոբի պարագային նման, անոնց բոլորն ալ մեր ձեւաւորման կը նպաստեն։ Աստուածաշունչը ի՜նչ մեծ երաշխիք կու տայ Յակոբու 5։11–ի մէջ. «Ահա համբերողներուն երանի՜ կու տանք։ Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք, որ Տէրը բազմագութ ու ողորմած է»։ Մեծագոյն Բրուտին ձեռքին մէջ եղած անօթներու նման, թող որ շարունակենք ամէն ատեն պահել մեր ուղղամտութիւնը, վերջնական արդիւնքին վրայ յոբանման վստահութիւն մը ունենալով։—Յոբայ 2։3, 9, 10. 27։5. 31։1-6. 42։12-15
Մեր Երիտասարդները Յղկենք
13, 14. (ա) Ծնողներ ե՞րբ պէտք է սկսին իրենց զաւակները յղկել, եւ ի՞նչ արդիւնքի հասնելու համար։ (բ) Ի՞նչ ուրախ հետեւանք կրնաք յիշել։
13 Ծնողներ կրնան իրենց երախաներուն ձեւաւորման մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերել անոնց մանկութենէն իսկ, եւ մեր երիտասարդները հոյակապ կերպով ուղղամիտ անհատներ կրնան դառնալ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։14, 15) Նոյնիսկ խիստ փորձութեանց դիմաց այսպիսի արդիւնքներ ձեռք ձգուած են։ Քանի մը տարիներ առաջ, երբ բուռն հալածանք կար ափրիկեան երկրի մը մէջ, վստահելի ընտանիք մը բակին մէջ գտնուող հիւղակի մը մէջ, թաքուն կերպով Դիտարան–ը կը տպէր։ Օր մը զինուորները այդ փողոցին մէջ տունէ տուն կ’երթային, բանակ տանելու համար երիտասարդներ հաւաքելու համար։ Այս տան երկու տղաքը տակաւին պահուըտելու ժամանակ ունէին, բայց եթէ պահուըտէին՝ զինուորները խուզարկելու ժամանակ տպագրամեքենան վստահաբար երեւան պիտի հանէին։ Ասիկա ամբողջ ընտանիքին տանջուելուն եւ հաւանաբար սպաննուելուն կրնար առաջնորդել։ Ի՞նչ պիտի ընէին։ Երկու տղաքը խիզախօրէն իրենց կարծիքը յայտնեցին, Յովհաննու 15։13–ը մէջբերելով, ուր կ’ըսէ. «Ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը բարեկամներուն համար դնէ»։ Անոնք որոշեցին նստասենեակին մէջ կենալ։ Զինուորները զիրենք պիտի գտնէին եւ անկասկած բրտօրէն պիտի չարչարէին կամ նոյնիսկ սպաննէին, քանի որ զինուորագրութիւնը պիտի մերժէին։ Բայց գոնէ անոնք տունը պիտի չխուզարկէին։ Տպագրամեքենան եւ ընտանիքի միւս անդամները պիտի խնայուէին։ Սակայն ուշագրաւ հետեւանքը տեսէք. զինուորները այս տունը զանց ընելով յաջորդ տունը գացին։ Պատուական գործածութեան համար յղկուած այս մարդկային անօթները ողջ մնացին տպագրամեքենային հետ, ժամանակայարմար հոգեւոր կերակուրի հրատարակութիւնը շարունակելու համար։ Երկու տղոցմէ մէկը եւ անոր քոյրը ներկայիս Պէթէլի մէջ կ’աշխատին. ան տակաւին հին մեքենային վրայ կը գործէ։
14 Երախաներուն կարելի է աղօթել սորվեցնել, եւ Աստուած կը պատասխանէ անոնց աղօթքներուն։ Այսպիսի ուշագրաւ պարագայ մը եղաւ Ռուանտայի ջարդերուն ժամանակ։ Երբ յեղափոխականները վեց տարեկան աղջնակ մը եւ իր ծնողները պատրաստեցին որպէսզի ձեռնառումբով սպաննեն, աղջնակը բարձրաձայն ու ջերմեռանդօրէն աղօթեց որ խնայուին, որպէսզի շարունակեն Եհովայի ծառայել։ Անոնք որ զիրենք պիտի սպաննէին յուզուեցան ու խնայեցին զիրենք, ըսելով. «Այս աղջնակին պատճառաւ չենք կրնար սպաննել ձեզ»։—Ա. Պետրոս 3։12
15. Պօղոս ի՞նչ ապականիչ ազդեցութեան դէմ զգուշացուց։
15 Մեր անչափահասներուն մեծամասնութիւնը վերոյիշեալ դժուար կացութիւններուն նման կացութիւններ չի դիմագրաւեր, բայց անոնք շատ մը փորձութիւններ կը դիմագրաւեն դպրոցը եւ ներկայ ապականած ընկերութեան մէջ. աղտոտ լեզու, պոռնկագրութիւն, ստորնացուցիչ զբօսանք, եւ սխալ ընթացքի հետեւելու համար շրջապատի զօրաւոր ճնշումը հետզհետէ կ’աւելնայ շատ մը վայրերու մէջ։ Պօղոս առաքեալ անդադար զգուշացուց այսպիսի ազդեցութիւններու դէմ։—Ա. Կորնթացիս 5։6. 15։33, 34. Եփեսացիս 5։3-7
16. Անհատ մը ի՞նչպէս պատուական գործածութեան համար անօթ մը կրնայ ըլլալ։
16 ‘Ոմանք պատիւի համար ու ոմանք անարգանքի համար’ շինուած ամաններուն ակնարկելէ ետք, Պօղոս կ’ըսէ. «Եթէ մէկը իր անձը անարգ բաներէ մաքրէ, անիկա պատուական անօթ մը պիտի ըլլայ, սրբուած ու իր Տէրոջը պիտանի, ամէն բարի գործերու համար պատրաստուած»։ Ուստի, մեր պատանիները քաջալերենք որ իրենց ընկերակցութեան ուշադիր ըլլան։ Թող որ անոնք ‘երիտասարդական ցանկութիւններէն փախի՛ն ու երթան արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան ետեւէ անոնց հետ որ Տէրոջը անունը կը կանչեն մաքուր սրտով’։ (Բ. Տիմոթէոս 2։20-22) ‘Իրար կերտելու’ համար ընտանեկան յայտագիր մը մեծ դեր կը խաղայ անչափահասները ձեւաւորելու մէջ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11, ՆԱ. Առակաց 22։6) Ընկերութեան յարմար գրականութիւնները գործածելով, Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը եւ ուսումնասիրութիւնը կրնայ մեծապէս օգտակար ըլլալ այս ուղղութեամբ։
Բոլորս Յղկելու Համար
17. Կրթութիւնը ի՞նչպէս կը յղկէ մեզ եւ ի՛նչ ուրախ արդիւնքով։
17 Եհովա մեզ յղկելու համար իր Խօսքին եւ իր կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի խրատներ կու տայ։ Բնաւ մի՛ ընդդիմանաք այսպիսի աստուածային խրատներու։ Իմաստուն կերպով անոնց ընդառաջեցէք եւ թոյլ տուէք որ անոնք ձեզ ձեւաւորեն, որպէսզի Եհովա պատուաբեր նպատակի համար գործածէ ձեզ։ Առակաց 3։11, 12–ը կը խրատէ. «Որդեա՛կ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անոր յանդիմանութենէն մի՛ թուլնար. վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ, ինչպէս հայր մը իր սիրական զաւկին կ’ընէ»։ Հայրական յաւելեալ խրատ մը տրուած է Եբրայեցիս 12։6-11–ի մէջ. «Տէրը իր սիրածը կը խրատէ . . . Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն»։ Այսպիսի կրթութեան գլխաւոր աղբիւրը պէտք է ըլլայ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը։—Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17
18. Ղուկաս 15–րդ գլուխէն ի՞նչ կը սորվինք զղջումի մասին։
18 Եհովա ողորմած ալ է։ (Ելից 34։6) Նոյնիսկ ամենալուրջ մեղքի համար երբ անհատ մը սրտանց զղջայ, ան թողութիւն կու տայ։ Նոյնիսկ արդի ‘անառակներ’ կրնան յղկուիլ եւ պատուական գործածութեան անօթներ դառնալ։ (Ղուկաս 15։22-24, 32) Մեր մեղքերը թերեւս անառակ որդիին մեղքերուն չափ լուրջ չըլլան։ Բայց սուրբ գրային խրատներուն խոնարհութեամբ ընդառաջելը մեզ այնպէս մը պիտի յղկէ որ պատուական գործածութեան համար ամաններ ըլլանք։
19. Ի՞նչպէս կրնանք շարունակել Եհովայի ձեռքերուն մէջ որպէս պատուական անօթներ ծառայել։
19 Երբ սկիզբը ճշմարտութիւնը լսեցինք, յօժարեցանք որ Եհովա մեզ ձեւաւորէ։ Աշխարհային ճամբաները լքեցինք, սկսանք նոր անձնաւորութիւնը հագնիլ եւ նուիրուած ու մկրտուած Քրիստոնեաներ եղանք։ Եփեսացիս 4։20-24–ի խրատին հնազանդեցանք, ‘խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած հին անձնաւորութիւնը հանելով, եւ նոր անձնաւորութիւնը հագնելով, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է’։ Թող որ անհատապէս շարունակենք Եհովայի՝ Մեծագոյն Բրուտին, ձեռքերուն մէջ շաղուիլ, միշտ ծառայելով որպէս պատուական գործածութիւն ունեցող անօթներ։
Վերաքաղի համար
◻ Երկրին նկատմամբ ի՞նչ է Մեծագոյն Բրուտին նպատակը։
◻ Պատուական գործածութեան համար ի՞նչպէս կրնաք յղկուիլ։
◻ Մեր զաւակները ի՞նչ կերպով կրնան յղկուիլ։
◻ Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր տեսակէտը կրթութեան նկատմամբ։
[Նկար՝ էջ 19]
Պատուական գործածութեան համար պիտի յղկուի՞ք թէ ոչ պիտի մերժուիք
[Նկար՝ էջ 20]
Երախաներ կրնան իրենց մանկութենէն յղկուիլ