Մեր գանձը՝ կաւէ ամաններու մէջ
«Այս գանձերը մենք ունինք կաւէ ամաններու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ոչ թէ մեզմէ»։ —Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 4։7, Երուսաղէմ
1. Յիսուսի օրինակը ի՞նչպէս պէտք է քաջալերէ մեզ։
ԵՐԿՐԻ վրայ եղած շրջանին մինչ Եհովայի կողմէ կը յղկուէր, Յիսուս փորձառաբար հասկցաւ մարդոց տկարութիւնները։ Ուղղամտութեան իր օրինակը որքա՜ն պէտք է քաջալերէ մեզ։ Առաքեալը մեզի կ’ըսէ. «Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ (Ա. Պետրոս 2։21) Այսպիսի յղկումի ենթարկուելով Յիսուս աշխարհին յաղթեց։ Ան իր առաքեալներն ալ խրախուսեց, որպէսզի յաղթողներ ըլլան։ (Գործք 4։13, 31. 9։27, 28. 14։3. 19։8) Իսկ իր վերջին բանախօսութեան եզրափակման մէջ ի՜նչ մեծ քաջալերութիւն տուաւ անոնց, ըսելով. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէս զի ինծմով խաղաղութիւն ունենաք. աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։—Յովհաննու 16։33
2. Աշխարհի կուրութեան հետ համեմատած, մենք ի՞նչ լոյս ունինք։
2 Նմանապէս, ‘այս աշխարհի աստուծոյն’ կողմէ պատճառուած կուրութիւնը հակադրելով «աւետարանին փառքին լոյս»ին հետ, Պօղոս առաքեալ մեր թանկարժէք ծառայութեան մասին ըսաւ. «Այս գանձերը մենք ունինք կաւէ ամաններու մէջ, որպէսզի զօրութեան գերազանցութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ոչ թէ մեզմէ։ Ամէն կողմէ ճնշուած՝ բայց ոչ ճզմուած, կարօտեալ՝ բայց ոչ յուսահատ, հալածուած՝ բայց ոչ լքուած, չարչարուած՝ բայց ոչ մեռած»։ (Բ. Կորնթացիս 4։4, 7-9, Երուսաղէմ) Թէեւ մենք դիւրաբեկ «կաւէ ամաններ» ենք, բայց Աստուած իր հոգիով մեզ այնպէս մը յղկած է որ կրնանք լիովին յաղթել Սատանայի աշխարհին։—Հռովմայեցիս 8։35-39. Ա. Կորնթացիս 15։57
Վաղեմի Իսրայէլի Յղկումը
3. Եսային ի՞նչպէս կը նկարագրէ Իսրայէլ ազգին յղկումը։
3 Եհովա ոչ միայն անհատներ, այլ ամբողջ ազգեր կը յղկէ։ Օրինակ, երբ վաղեմի Իսրայէլը Եհովայի կողմէ յղկուելու յօժարեցաւ՝ բարգաւաճեցաւ։ Բայց վերջապէս անհնազանդ ընթացքի մը հետեւելով ինքզինք կարծրացուց։ Որպէս հետեւանք, Իսրայէլը Ձեւակերպողը անոր վրայ «վա՜յ» բերաւ։ (Եսայեայ 45։9) Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Եսային Եհովայի պատմեց Իսրայէլի լուրջ մեղքերը, ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ . . . Մեր բոլոր ցանկալի տեղերը ամայացան»։ (Եսայեայ 64։8-11) Իսրայէլ միայն կործանումի արժանի աման մը եղած էր։
4. Երեմիա թատերական ի՞նչ արարք ըրաւ։
4 Դար մը ետք, մինչ հաշուետուութեան օրը կը մօտենար, Եհովա Երեմիայի ըսաւ որ հողէ կուժ մը առնէ եւ Երուսաղէմի քանի մը ծերերու հետ երթայ Ենովմի Ձորը։ Անոր ըսաւ. «Այն կուժը քեզի հետ եկող մարդոց աչքին առջեւ կոտրէ՛ ու անոնց ըսէ՝ զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս ժողովուրդն ու այս քաղաքը այնպէս պիտի կոտրտեմ, ինչպէս մէկը բրուտի ամանը կը կոտրտէ, որ ա՛լ չկրնան նորոգուիլ’»։—Երեմեայ 19։10, 11
5. Իսրայէլի վրայ եկած Եհովայի դատաստանը ո՞րքան ամբողջական էր։
5 Հ.Դ.Ա. 607–ին, Նաբուգոդոնոսոր կործանեց Երուսաղէմն ու անոր տաճարը եւ ողջ մնացած Հրեաները Բաբելոն գերի տարաւ։ Բայց աքսորութեան մէջ 70 տարի մնալէ ետք, զղջացող Հրեաները կրցան վերադառնալ եւ Երուսաղէմն ու անոր տաճարը վերաշինել։ (Երեմեայ 25։11) Սակայն, առաջին դարուն, ազգը անգամ մը եւս հեռացաւ Մեծագոյն Բրուտէն եւ վերջապէս իր մեծագոյն ոճիրը գործեց Աստուծոյ Որդին իսկ սպաննելով։ Հ.Դ. 70–ին, Աստուած Հռովմէական Աշխարհակալ Ոյժը որպէս իր դահիճը գործածեց, հրէական իրերու դրութիւնը բնաջնջելու համար, Երուսաղէմն ու անոր տաճարը փոշիի դէզի մը վերածելով։ Իսրայէլ ազգը անգամ մը եւս Եհովայի ձեռքին մէջ պիտի չյղկուէր, որպէս «սուրբ ու փառաւոր» բան մը։a
Հոգեւոր Ազգի մը Յղկումը
6, 7. (ա) Պօղոս ի՞նչպէս կը նկարագրէ հոգեւոր Իսրայէլին յղկումը։ (բ) «Ողորմութիւն գտնող անօթներուն» լման թիւը ի՞նչ է, եւ անոնք ի՞նչպէս կազմուեցան։
6 Այն Հրեաները որոնք Յիսուսը ընդունեցին, յղկուեցան որպէս նոր ազգի մը՝ «Աստուծոյ [հոգեւոր] Իսրայէլին» հիմը դնող անդամներ։ (Գաղատացիս 6։16) Ուստի, շատ տեղին են Պօղոսի խօսքերը. «Բրուտը իշխանութիւն չունի՞ կաւին վրայ՝ նոյն զանգուածէն ամաններ շինելու։ Ոմանքը՝ պատուի, ուրիշներ՝ անարգանքի համար։ . . . Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց [տուաւ] ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուած։ Եւ կամ եթէ ուզէ իր փառքին ճոխութիւնը ցուցնել ողորմութիւն գտնող անօթներուն, այն փառքին համար, որ նախապէս պատրաստեց»։—Հռովմայեցիս 9։21-23
7 Յարուցեալ Յիսուս հետագային գիտցուց որ «ողորմութիւն գտնող անօթներուն» թիւը պիտի ըլլար 144,000։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1) Քանի որ մարմնաւոր Իսրայէլը այդ թիւը չկրցաւ ամբողջացնել, Եհովա իր ողորմութիւնը երկարեց ոչ–Հրեայ ժողովուրդներուն։ (Հռովմայեցիս 11։25, 26) Քրիստոնէական նորակազմ ժողովքը արագօրէն ընդլայնեցաւ։ 30 տարուան մէջ, բարի լուրը արդէն «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն քարոզուեցաւ»։ (Կողոսացիս 1։23) Ասիկա բազմաթիւ ցրուած ժողովքները լաւ վերատեսչութեան ներքեւ բերելու կարեւորութիւնը զգացնել տուաւ։
8. Առաջին կառավարիչ մարմինը որոնցմէ՞ բաղկացած էր, եւ անիկա ի՞նչպէս զարգացաւ։
8 Յիսուս 12 առաքեալներ պատրաստած էր որ առաջին կառավարիչ մարմինը կազմեն, զանոնք եւ ուրիշները մարզելով քարոզչութեան համար։ (Ղուկաս 8։1. 9։1, 2. 10։1, 2) Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին քրիստոնէական ժողովքը հաստատուեցաւ եւ յարմար ժամանակին անոր կառավարիչ մարմինը բաղկացաւ ‘Երուսաղէմի առաքեալներէն ու երէցներէն’։ Ժամանակ մը ետք, Յիսուսի կէս–եղբայրը՝ Յակոբոս՝ առաքեալ մը չըլլալով հանդերձ, երեւան կու գայ ատենապետի հանգամանքով։ (Գործք 12։17. 15։2, 6, 13. 21։18) Եւսեբիոս պատմաբանին համաձայն, առաքեալները հալածանքի մասնաւոր թիրախ մը դարձան եւ տարբեր շրջաններ ցրուեցան։ Կառավարիչ մարմինին բաղադրութիւնը պարագայի համաձայն կը կազմուէր։
9. Յիսուս տեղի ունենալիք ի՞նչ ցաւալի փոփոխութիւն նախագուշակեց։
9 Առաջին դարու վերջաւորութեան, ‘թշնամին, Սատանան’ սկսաւ ‘որոմներ ցանել’ ցորենանման «երկնքի թագաւորութեան» ժառանգակիցներուն մէջ։ Յիսուս մարգարէացած էր որ ցաւալիօրէն այս փոփոխութիւնը պիտի թոյլատրուէր մինչեւ «աշխարհիս վերջ»ը՝ հունձքի ժամանակը։ Ապա դարձեալ ‘արդարները արեւի պէս պիտի փայլէին իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ’։ (Մատթէոս 13։24, 25, 37-43) Ասիկա ե՞րբ պիտի ըլլար։
Ներկայիս Աստուծոյ Իսրայէլին Յղկումը
10, 11. (ա) Աստուծոյ Իսրայէլի արդի յղկումը ի՞նչպէս սկսաւ։ (բ) Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Աստուածաշունչի ջանադիր Աշակերտներուն միջեւ ի՞նչ հակասական ուսուցումներ կը գտնուին։
10 1870–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ, Փիթցպըրկ քաղաքին մէջ, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.), Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան խումբ մը կազմակերպեց։ 1879–ին, ան սկսաւ ամսաթերթ մը հրատարակել, որ ներկայիս կը կոչուի Դիտարան։ Այս Աստուածաշունչի Աշակերտները, ինչպէս կը կոչուէին այդ ժամանակ, շուտով նշմարեցին որ Քրիստոնեայ Աշխարհը սուրբ գրային չեղող հեթանոսական ուսուցումներ որդեգրած էր, ինչպէս՝ հոգիի անմահութիւնը, դժոխքը, քաւարանը, Երրեակ աստուած մը եւ մանուկներու մկրտութիւնը։
11 Ասկէ կարեւորը, սակայն, Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սիրողները անոր հիմնական ուսուցումները վերականգնեցին, ինչպէս՝ Յիսուսի քաւիչ զոհին շնորհիւ փրկանքը եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ դրախտանման խաղաղ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի համար եղած յարութիւնը։ Մանաւանդ, շեշտ դրուած էր Եհովա Աստուծոյ վերահաս ջատագովման վրայ, որպէս տիեզերքի Գերիշխան Տէրը։ Աստուածաշունչի Աշակերտները կը հաւատային որ Տէրունական Աղօթքը շուտով պիտի պատասխանուէր. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։9, 10) Անոնք Աստուծոյ սուրբ հոգիով յղկուելով խաղաղասէր Քրիստոնեաներու համաշխարհային ընկերութիւն մը կազմեցին։
12. Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչպէս նշմարեցին կարեւոր թուական մը։
12 Դանիէլի 4–րդ գլուխին եւ ուրիշ մարգարէութիւններու խոր ուսումնասիրութիւնը Աստուածաշունչի Աշակերտները համոզեց որ Յիսուսի ներկայութիւնը որպէս Մեսիական Թագաւոր՝ մօտեցած էր։ Անոնք ըմբռնեցին որ 1914–ը «ազգերուն սահմանուած ժամանակներուն» վախճանը դրոշմող թուականը պիտի ըլլար։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ. Եզեկիէլ 21։26, 27) Աստուածաշունչի Աշակերտները անմիջապէս ընդլայնեցին իրենց գործունէութիւնը, ամբողջ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կազմելով Աստուածաշունչի դասարաններ (որոնք հետագային ժողովքներ կոչուեցան)։ Այդ դարուն վերջաւորութեան, անոնց սուրբ գրային դաստիարակչական գործը հասած էր մինչեւ Եւրոպա եւ Աւստրալիա։ Լաւ կազմակերպութեան մը հարկը տեսնուեցաւ։
13. Աստուածաշունչի Աշակերտները ի՞նչ օրինական մարմին մը կազմեցին, եւ Ընկերութեան առաջին նախագահը ի՞նչ ուշագրաւ ծառայութիւն մատուցանեց։
13 Աստուածաշունչի Աշակերտները Միացեալ Նահանգներու մէջ, Սիօնի Դիտարանի ու Թերթիկի Ընկերութիւն անուան ներքեւ օրինագրուեցան 1884–ին, որպէս կեդրոնատեղի ունենալով Փիթցպըրկ, Փէնսիլվանիա։ Անոր վարիչները որպէս կեդրոնական Կառավարիչ Մարմին ծառայեցին, Աստուծոյ Թագաւորութեան համերկրային քարոզչութեան վրայ հսկելով։ Ընկերութեան առաջին նախագահը՝ Չարլզ Թ. Ռասըլ՝ Սուրբ Գրութիւններու Ուսումնասիրութիւններ խորագրով վեց հատորնոց հրատարակութիւն մը պատրաստեց եւ քարոզչական երկար շրջապտոյտներ ըրաւ։ Ան Աստուածաշունչի իր ուսումնասիրութիւնները սկսելէն առաջ կուտակած հարստութիւնն ալ Թագաւորութեան համաշխարհային գործին նուիրեց։ 1916–ին, մինչ Մեծ Պատերազմը աւերներ կը գործէր Եւրոպայի մէջ, ուժաթափ Եղբայր Ռասըլ մահացաւ քարոզչական շրջապտոյտի մը ընթացքին։ Ան իր ամբողջ ունեցածը տուած էր Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին վկայութիւնը ընդլայնելու գործին։
14. Ռատըրֆորտ ի՞նչպէս ‘բարի պատերազմը պատերազմեցաւ’։ (Բ. Տիմոթէոս 4։7)
14 Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ, որ Միսուրիի մէջ ժամանակաւորապէս դատաւոր եղած էր, յաջորդ նախագահը եղաւ։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը խիզախօրէն ջատագովելուն առ ի հետեւանք, Քրիստոնեայ Աշխարհի կղերները ճնշում բանեցուցին քաղաքագէտներու վրայ, ‘սահմանուած օրէնքով չարիք պատրաստելու’ համար։ 21 Յունիս 1918–ին, Եղբայր Ռատըրֆորտ եւ Աստուածաշունչի Աշակերտներու ուրիշ եօթը վարիչները բանտ նետուեցան, 10 կամ 20 տարուան քանի մը համընթաց դատավճիռներով։ Աստուածաշունչի Աշակերտները պայքարեցան։ (Սաղմոս 94։20. Փիլիպպեցիս 1։7) Վերաքննութեան կոչ ընելով, անոնք 26 Մարտ 1919–ին ազատ արձակուեցան եւ հետագային ամբողջովին անմեղ յայտարարուեցան իրենց դէմ եղած մոլորութեան ամբաստանութենէն։b Այս փորձառութիւնը զիրենք յղկեց որպէս ճշմարտութեան չարքաշ ջատագովներ։ Եհովայի օգնութեամբ, անոնք իրենց կարելին ըրին բարի լուրը ծանուցանելու հոգեւոր պատերազմէն յաղթական դուրս գալու համար, ի հեճուկս Մեծ Բաբելոնի հակառակութեան։ Այս պայքարը մինչեւ 1999 թուականը, տակաւին կը շարունակուի։—Համեմատել՝ Մատթէոս 23–րդ գլուխ. Յովհաննու 8։38-47։
15. 1931 տարին ինչո՞ւ պատմականօրէն կարեւոր էր։
15 1920-1930–ական տարիներու ընթացքին, Աստուծոյ օծեալ Իսրայէլի յղկումը շարունակուեցաւ Մեծագոյն Բրուտին առաջնորդութեան ներքեւ։ Սուրբ Գրութիւններէն մարգարէական լոյսեր շողացին, Եհովան պատուելով եւ Յիսուսի Մեսիական Թագաւորութեան վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով։ 1931–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները ուրախութեամբ ընդունեցին Եհովայի Վկաներ նոր անունը։—Եսայեայ 43։10-12. Մատթէոս 6։9, 10. 24։14
16 եւ էջ 27–ի շրջագիծը. 144,000–ին թիւը ե՞րբ ամբողջացաւ եւ ի՛նչ բան ասիկա կ’ապացուցանէ։
16 1930–ական թուականներուն, այնպէս երեւցաւ որ «կանչուած ու ընտրուած եւ հաւատարիմ» եղողներուն 144,000 թիւը ամբողջացած էր։ (Յայտնութիւն 17։14. տես՝ շրջագիծը էջ 27–ի վրայ։) Չենք գիտեր թէ առաջին դարուն օծեալներէն քանի՛ հոգի հաւաքուեցաւ, իսկ, Քրիստոնեայ Աշխարհի մեծ հաւատուրացութեան խաւար դարերու ընթացքին «որոմներ»ուն մէջէն քանի՛ հոգի դուրս եկաւ։ Բայց 1935–ին, համայն աշխարհի մէջ ընդհանուր 56,153 հրատարակիչներէն 52,465 անհատներ իրենց երկնային կոչումը ցոյց տուին Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն մասնակցելով։ Ի՞նչ վիճակուած էր այն շատերուն, որոնք տակաւին պիտի հաւաքուէին։
«Մեծ Բազմութիւն մը»
17. 1935–ին պատմական ի՞նչ դէպք պատահեցաւ։
17 30 Մայիսէն 3 Յունիս 1935–ին Ուաշինկթըն Տի.Սի.–ի մէջ տեղի ունեցող համաժողովի մը ընթացքին, Եղբայր Ռատըրֆորտ պատմական դասախօսութիւն մը տուաւ, որու խորագիրն էր՝ «Մեծ Բազմութիւնը»։ Այս խումբը, «որ մէ՛կը չէր կրնար համրել», ի յայտ պիտի գար, երբ հոգեւոր Իսրայէլի 144,000–ին կնքուիլը վերջանար։ Անոնք ալ հաւատք ի գործ պիտի դնէին Յիսուսի՝ ‘Գառնուկին արեան’ քաւիչ զօրութեան եւ պաշտամունքի համար Եհովայի տաճարի կարգադրութեան մէջ սրբազան ծառայութիւն պիտի մատուցանէին։ Որպէս խումբ, անոնք ողջ պիտի անցնէին «մեծ նեղութենէն», ժառանգելու համար երկրային Դրախտը, ուր ‘ա՛լ մահ պիտի չըլլար’։ Այդ համաժողովէն տարիներ առաջուընէ արդէն այդ խումբին մասին կը խօսուէր որպէս Յովնադաբներ։—Յայտնութիւն 7։9-17. 21։4. Երեմեայ 35։10
18. 1938 տարին ի՞նչ կերպով ճակատագրական էր։
18 Այս երկու դասակարգերը յստակօրէն բնորոշելու համար 1938 տարին ճակատագրական եղաւ։ Դիտարան–ի 15 Մարտ եւ 1 Ապրիլ 1938–ի համարները, «Իր Հօտը» խորագրով երկու մասէ բաղկացած ուսումնասիրութիւն մը ներկայացուցին, որ յստակ կերպով ցոյց տուաւ օծեալ մնացորդին եւ անոնց ընկերակիցներուն՝ մեծ բազմութեան, պատկան տեղերը։ Ապա, 1 եւ 15 Յունիսի համարները՝ «Կազմակերպութիւն» խորագրով ուսումնասիրութեան յօդուածներ ներկայացուցին, Եսայեայ 60։17–ի վրայ հիմնուած։ Բոլոր ժողովքներուն ըսուեցաւ որ Կառավարիչ Մարմինէն խնդրեն որ իրենց ժողովքներուն մէջ ծառաներ նշանակէ, հաստատելով բարելաւուած, աստուածատուր, աստուածպետական կարգադրութիւն մը։ Ժողովքները ճիշդ այդպէս ըրին։
19 եւ ստորանիշը. Ի՞նչ իրողութիւն կը հաստատէ որ «ուրիշ ոչխարներ»ու ընդհանուր կոչը սկսած է աւելի քան 60 տարիէ ի վեր։
19 Եհովայի Վկաներու 1939–ի Տարեգիրք–ը կը նշէր. «Յիսուս Քրիստոսի օծեալ հետեւորդները, որոնք ներկայիս երկրի վրայ են, թիւով քիչ են, եւ անոնց թիւը բնաւ պիտի չաւելնայ։ Աստուածաշունչին մէջ անոնց ակնարկուած է որպէս Սիօնի՝ Աստուծոյ կազմակերպութեան որդիներուն ‘մնացորդ’ը։ (Յայտ. 12։17, ՆԱ) Ներկայիս Տէրը կը հաւաքէ իր ‘ուրիշ ոչխարներ’ը, որոնք ‘մեծ բազմութիւն’ը պիտի կազմեն։ (Յովհ. 10։16) Ներկայիս հաւաքուողները մնացորդին ընկերակիցներն են, որոնք իրեն հետ կ’աշխատին։ Ասկէ ետք, ‘ուրիշ ոչխարներուն’ թիւը հետզհետէ պիտի աւելնայ, մինչեւ որ ‘մեծ բազմութիւն’ը հաւաքուի։ Օծեալ մնացորդը յղկուած էր մեծ բազմութեան հաւաքումին հոգ տանելու համար։ Հիմա ուրիշ ոչխարներն ալ պէտք է յղկուին»։c
20. 1942–էն սկսեալ կազմակերպչական ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։
20 Յունուար 1942–ին, երբ Բ. Աշխարհամարտը իր բարձունքին մէջ էր, Ճոզէֆ Ռատըրֆորտ մեռաւ եւ որպէս նախագահ անոր յաջորդեց Նաթան Նորը։ Ընկերութեան երրորդ նախագահը խանդաղատանքով կը յիշուի ժողովքներուն մէջ աստուածպետական դպրոցներ, եւ միսիոնարներ մարզելու համար Գաղաադու Դպրոցը հաստատելուն համար։ Ընկերութեան 1944–ի տարեկան ժողովին, ան ծանուցանեց որ Ընկերութեան իրաւագիծը վերատեսութեան պիտի ենթարկուէր, որպէսզի անոր անդամակցութիւնը ոչ թէ նիւթական նուիրատուութենէն կախեալ ըլլար, այլ՝ հոգեւորականութենէն։ Յաջորդ 30 տարիներու ընթացքին, դաշտի մէջ աշխատողներուն թիւը աւելցաւ. համայն աշխարհի մէջ 156,299–էն հասաւ 2,179,256–ի։ 1971-1975, կազմակերպչական յաւելեալ փոփոխութիւններու կարիքը տեսնուեցաւ։ Այլեւս որպէս նախագահ ծառայող մէկ մարդու պիտի չտրուէր համայն աշխարհի Թագաւորութեան գործին վերատեսչութիւնը։ Փոխն ի փոխ ատենապետութիւնը ստանձնող Կառավարիչ Մարմինը ընդլայնուելով 18 օծեալ անդամներ ունեցաւ, որոնցմէ գրեթէ կէսն արդէն իրենց երկրային ընթացքը աւարտած են։
21. Պզտիկ հօտի անդամները ի՞նչ բանով որակելի եղած են Թագաւորութեան համար։
21 Պզտիկ հօտի մնացեալ անդամները տասնամեակներու փորձութիւններով յղկուած են։ Անոնք շատ քաջ են, անվարանօրէն ստացած ըլլալով ‘հոգիին վկայութիւնը’։ Յիսուս անոնց ըսած էր. «Դուք անոնք էք՝ որ միշտ ինծի հետ կը կենայիք իմ փորձութիւններուս մէջ. ես կ’ուխտեմ ձեզի թագաւորութիւն մը, ինչպէս իմ Հայրս ինծի թագաւորութիւն մը տալ ուխտեց. որպէս զի դուք իմ սեղանէս ուտէք ու խմէք իմ թագաւորութեանս մէջ եւ աթոռներու վրայ նստիք Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու»։—Հռովմայեցիս 8։16, 17. Ղուկաս 12։32. 22։28-30
22, 23. Պզտիկ հօտը եւ ուրիշ ոչխարները ի՞նչպէս յղկուած են։
22 Քանի որ երկրի վրայ օծեալ մնացորդին թիւը նուազած է, համայն աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովքներուն հոգեւոր վերատեսչութիւնը մեծ բազմութեան մէջէն հասուն եղբայրներու տրուած է։ Իսկ մինչեւ որ տարեց օծեալ Վկաներու վերջինները իրենց երկրային ընթացքը ձգեն, ուրիշ ոչխարներու իշխանազուն սա·րիմ–ները լաւ կերպով մարզուած պիտի ըլլան վարչական պարտականութիւններ ստանձնելու, երկրի վրայ իշխան դասակարգ կազմելով։—Եզեկիէլ 44։3. Եսայեայ 32։1
23 Պզտիկ հօտը եւ ուրիշ ոչխարները նմանապէս կը շարունակեն յղկուիլ, պատուական անօթներ ըլլալու համար։ (Յովհաննու 10։14-16) Մեր յոյսը հիմնուած ըլլայ «նոր երկինք»ի՝ թէ ‘նոր երկրի’ մը վրայ, թող որ սրտանց ընդառաջենք Եհովայի հրաւէրին. «Դուք իմ ստեղծագործութիւնովս յաւիտեանս յաւիտենից ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք. վասն զի ահա ես Երուսաղէմը՝ ցնծութեան համար ու անոր ժողովուրդը ուրախութեան համար կը ստեղծեմ»։ (Եսայեայ 65։17, 18) Մեր նման դիւրաբեկ մարդիկ թող որ միշտ խոնարհութեամբ ծառայեն, յղկուելով ‘գերազանց զօրութեամբ’՝ Աստուծոյ սուրբ հոգիով։—Բ. Կորնթացիս 4։7, Երուսաղէմ. Յովհաննու 16։13
[Ստորանիշներ]
a Վաղեմի Իսրայէլով նախապատկերացուած դասալիք Քրիստոնեայ Աշխարհը թող ազդարարուի. Եհովա զինք ալ նոյն կերպով պիտի դատէ։—Ա. Պետրոս 4։17, 18
b Մէնթըն Դատաւորը, Կաթողիկէ մը որ մերժեց Աստուածաշունչի Աշակերտները երաշխաւորութեամբ դուրս հանել, ինք հետագային բանտարկուեցաւ, կաշառք ստանալու յանցանքով։
c 1938–ին, համայն աշխարհի մէջ Յիշատակատօնի ներկաներուն թիւն էր 73,420, որու 39,225–ը՝ 53 տոկոսը, խորհրդանիշերուն մասնակցեցաւ։ 1998–ին, ներկաներուն թիւը հասած է 13,896,312, որոնցմէ միայն 8,756 հոգի խորհրդանիշերուն մասնակցած է. միջին հաշուով՝ ամէն 10 ժողովքներու մէջ 1–է նուազ մասնակցող։
Կը յիշէ՞ք
◻ Իր Հօրը կողմէ յղկուելու յօժար գտնուելով, Յիսուս ի՞նչպէս մեր Տիպարը եղած է։
◻ Վաղեմի Իսրայէլի մէջ ի՞նչ յղկում տեղի ունեցաւ։
◻ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը ի՞նչպէս կը յղկուի մինչեւ օրս։
◻ «Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ նպատակի համար յղկուած են։
[Շրջանակ՝ էջ 26]
Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ յաւելեալ յղկում
Աթէնքէն, Յունաստան, Էսոշիէյթըտ Փրէս–ի թղթակից մը հետեւեալը տեղեկագրեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին վերջերս նշանակուած առաջնորդին համար. «Ան պէտք է որ խաղաղութեան պատգամաբեր մը ըլլայ։ Բայց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիին առաջնորդը աւելի կը նմանի պատերազմի համար պատրաստուող զօրավարի մը։
«‘Եթէ հարկ ըլլայ, մենք արիւն թափելու եւ զոհեր ընելու պատրաստ ենք։ Մենք՝ որպէս եկեղեցի, խաղաղութեան համար կ’աղօթենք, . . . բայց երբ պարագան պահանջէ՝ սրբազան զէնքերը կ’օրհնենք’, ըսաւ վերջերս Արգեպիսկոպոս Քրիստոդուլոսը, Յունաստանի զինեալ ուժերու տօնակատարութեան զուգադիպող Կոյսի Համբարձման սուրբ օրուան առթիւ»։
[Շրջանակ՝ էջ 27]
«Յաւելեալ անհատներ չկան»
Այն ատեն Դիտարանի Ընկերութեան փոխնախագահը եղող Ֆրետերիք Ֆրանզ 1970–ի Գաղաադու շրջանաւարտներուն ըսաւ, որ իրենք բոլորը երկրային յոյս ունեցող ուրիշ ոչխարներէն ըլլալով հանդերձ, թերեւս մկրտեն մէկը որ դաւանի օծեալ մնացորդէն ըլլալ։ Ասիկա կարելի՞ է։ Ան բացատրեց որ Յովհաննէս Մկրտիչ ալ ուրիշ ոչխարներէն էր եւ Յիսուսը ու առաքեալներէն ոմանց մկրտեց։ Ապա շարունակեց, հարցնելով թէ արդեօք տակաւին մնացորդէն ուրիշներ հաւաքելու կոչ մը կա՞յ։ «Ո՛չ, յաւելեալ անհատներ չկան», ըսաւ ան։ «Այդ կոչը վերջացաւ 1931-1935–ի շրջանին։ Յաւելեալ անհատներ չկան։ Արդ, որո՞նք են այս նոր ընկերակցողներէն ոմանք, որոնք Յիշատակատօնի խորհրդանիշերուն կը մասնակցին։ Անոնք եթէ մնացորդէն են, ուրեմն փոխարինողներ են։ Անոնք օծեալներուն շարքին վրայ աւելցողներ չեն, այլ ինկողները փոխարինողներ են»։
[Նկար՝ էջ 23]
Ծառայութեան մեր գանձը որքա՜ն կ’արժեւորենք
[Նկար՝ էջ 24]
Վաղեմի Իսրայէլը միայն կործանումի արժանի անօթ մը եղաւ