Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր
Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը 2008–ի ծառայութեան տարուան համար հետեւեալ բնաբանը պիտի ունենայ՝ «Մենք կաւ ենք ու Եհովա մեր Բրուտն է», հիմնուած՝ Եսայի 64։8–ի վրայ։ Այս յայտագրին միջոցաւ հայթայթուած աստուածաշնչական խրատը պիտի աւելցնէ մեր գնահատութիւնը Եհովայի իմաստութեան, արդարութեան, զօրութեան ու սիրոյն հանդէպ որպէս Մեծ Բրուտը։
Շրջանային տեսուչին դասախօսութիւնը՝ «Ծառայութեան մէջ բաժին բերենք որպէս պատուական անօթներ», ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անհատներ ճշմարտութիւնը ճանչնալու եւ զայն ուրիշներու հետ բաժնելու ճոխ օրհնութիւնը կը վայելեն։ «Խոկալը քեզ պիտի պաշտպանէ» դասախօսութիւնը ցոյց պիտի տայ թէ Եհովայի արդար սկզբունքներուն մասին լրջօրէն խորհրդածելը մեզ ի՛նչպէս կը պաշտպանէ։ Այցելու դասախօսին դասախօսութիւններն են՝ «‘Իրերու այս դրութեան կերպարանքով’ չկերպարանինք» եւ «Մեծ Բրուտին ձեռքով կաղապարուինք»։ Ծնողներ ու դեռատիներ պիտի քաջալերուին սա բաժիններով՝ «Եհովայի պիտանի եղող դեռատիներ» եւ «Ծնողներուն կենսական դերը՝ կաղապարելու գործընթացին մէջ»։ Ցուցադրութիւններու եւ տեսակցութիւններու միջոցաւ, հաճոյքով պիտի լսենք ու տեսնենք թէ մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրենց ծառայութեան մէջ ի՛նչ կ’իրագործեն։ Անոնք որ կը փափաքին Աստուծոյ կատարած իրենց նուիրումը ջուրի մկրտութեամբ խորհրդանշել, կարելի եղածին չափ շուտով վերակացու տեսուչը պէտք է տեղեկացնեն։ Մի մոռնար հետդ բերելու միօրեայ մասնաւոր համաժողովի շաբաթը ուսումնասիրուելիք Դիտարան–ը։
Մեծ Բրուտը ի՛նչ որ նպատակադրէ՝ կ’իրագործէ։ Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է որոշէ թէ ձեւաւորման ի՛նչպէս պիտի ընդառաջէ։ Անոնք որ Եհովայի չափանիշներուն ու յղկումներուն խոհեմօրէն կ’ենթարկուին, կրնան բրուտին անիւին վրայ եղող կաւին նման կաղապարուիլ, յղկուիլ եւ պիտանի անօթի մը վերածուիլ։ Երբ Եհովայի հետ համագործակցինք, իր գերիշխանութիւնը կը պանծացնենք եւ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը ստանանք։