Աստուծոյ տաճարին ‘ուշադրութիւն ըրէ՛ք’
«Որդի՛ մարդոյ, . . . բոլոր ցուցուցածներուս ուշադրութիւն ըրէ՛ . . . որ տեսածդ Իսրայէլի տանը պատմես»։—ԵԶԵԿԻԷԼ 40։4
1. Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը ինքզինք ի՞նչ վիճակի մէջ գտաւ Հ.Դ.Ա. 593–ին։
ՏԱՐԻՆ՝ Հ.Դ.Ա. 593–ն է. Իսրայէլի աքսորման 14–րդ տարին։ Բաբելոնի մէջ ապրող Հրեաներուն համար, իրենց սիրելի հայրենիքը արդարեւ իրենց աչքին շա՜տ հեռու թուելու էր։ Անոնցմէ շատեր երբ վերջին անգամ տեսան Երուսաղէմը, անիկա բոցերու մէջ էր, անոր հսկայական պարիսպները քանդուած եւ շքեղ շինարարութիւնները աւերուած էին։ Ժամանակ մը քաղաքին փառքը եղող Եհովայի տաճարը՝ համայն երկրի վրայ մաքուր պաշտամունքի միակ կեդրոնը, աւերակներու կոյտ մը եղած էր։ Արդ, կարճ ժամանակ անցած էր, եւ տակաւին Իսրայէլի գերութիւնը երկար պիտի տեւէր։ Խոստացեալ ազատագրման տակաւին 56 տարի կար։—Երեմեայ 29։10
2. Երուսաղէմի Աստուծոյ տաճարին յիշատակները ինչո՞ւ տխրեցուցած ըլլալու էին Եզեկիէլը։
2 Վստահաբար հաւատարիմ Եզեկիէլ մարգարէին խոր վիշտ կը պատճառէր, երբ մտածէր հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռուն գտնուող ու վայրի անասուններու բնակավայր դարձած՝ Աստուծոյ տաճարին աւերուած վիճակը։ (Երեմեայ 9։11) Իր հայրը՝ Բուզի, հոն որպէս քահանայ ծառայած էր։ (Եզեկիէլ 1։3) Եզեկիէլ ինքն ալ այդ նոյն առանձնաշնորհումը պիտի վայելէր, բայց ան Երուսաղէմի ընտրանիներուն հետ աքսորուած էր Հ.Դ.Ա. 617–ին, երբ տակաւին երիտասարդ մըն էր։ Հիմա որ շուրջ 50 տարեկան էր, Եզեկիէլ հաւանաբար գիտէր որ Երուսաղէմը անգամ մը եւս տեսնելու կարող պիտի չըլլար, ոչ ալ անոր տաճարը վերաշինելու մէջ բաժին պիտի ունենար։ Անոր համար երեւակայեցէք որ փառաւոր տաճարի մը տեսիլքը ստանալը ի՜նչ մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Եզեկիէլի համար։
3. (ա) Տաճարի մասին Եզեկիէլի տեսիլքին նպատակը ի՞նչ էր։ (բ) Տեսիլքին չորս գլխաւոր երեսակները որո՞նք են։
3 Այս երկար տեսիլքը, որ Եզեկիէլի գրքին ինը գլուխներ կը լեցնէ, աքսորեալ Հրեաներուն հաւատք զօրացնող խոստում մը հայթայթեց։ Մաքուր պաշտամունքը պի՛տի վերահաստատուէր։ Անկէ ի վեր, մինչեւ մեր օրերը, այս տեսիլքը Եհովան սիրողներուն համար քաջալերութեան աղբիւր մը եղած է։ Ի՞նչպէս։ Քննենք թէ այս մարգարէական տեսիլքը ի՛նչ նշանակութիւն ունեցաւ աքսորեալ Իսրայելացիներուն համար։ Անիկա չորս գլխաւոր երեսակներ ունի. տաճարը, քահանայութիւնը, իշխանը եւ երկիրը։
Վերահաստատուած Տաճարը
4. Իր տեսիլքին սկիզբը, Եզեկիէլ ո՞ւր տարուեցաւ, հոն ի՞նչ տեսաւ, եւ ո՞վ անոր շրջապտոյտ մը կատարել տուաւ։
4 Նախ, Եզեկիէլ «խիստ բարձր լեռ»ան մը վրայ կը տարուի։ Լերան հարաւը հսկայ տաճար մը կար, պարսպաւոր քաղաքի մը նման։ Հրեշտակ մը, որու «երեւոյթը պղնձի պէս էր», մարգարէն կ’առնէ եւ տաճարին շուրջ լաւ մը կը պտըտցնէ։ (Եզեկիէլ 40։2, 3) Մինչ տեսիլքը գործընթացի մէջ է, Եզեկիէլ կը տեսնէ որ հրեշտակը բծախնդրօրէն կը չափէ տաճարին իրարու նմանող երեք կրկնակ դռները, անոնց խուցերը, դուրսի գաւիթը, ներսի գաւիթը, ճաշասրահները, զոհասեղանը, եւ տաճարի սրբավայրը իր Սուրբ եւ Սրբութիւն Սրբութեանց մասերով։
5. (ա) Եհովա Եզեկիէլի ի՞նչ երաշխիք կու տայ։ (բ) Ի՞նչ էին «թագաւորներուն դիակները» որոնք տաճարէն պէտք էր հանուէին, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր էր։
5 Ապա, ուղղակի Եհովան կը տեսնուի տեսիլքին մէջ։ Ան տաճար կը մտնէ եւ Եզեկիէլի կ’ըսէ որ հոն պիտի բնակի։ Բայց Եհովա կը պահանջէ որ իր տունը մաքրուի, ըսելով. «Հիմա թող իրենց պոռնկութիւնը ու իրենց թագաւորներուն դիակները ինծմէ հեռացնեն, այն ատեն յաւիտեան անոնց մէջ պիտի բնակիմ»։ (Եզեկիէլ 43։2-4, 7, 9) Հաւանաբար, «թագաւորներուն դիակներ» ըսելով, կուռքերու կ’ակնարկէր։ Երուսաղէմի ըմբոստ կառավարիչներն ու ժողովուրդը Աստուծոյ տաճարը կուռքերով պղծած ու զանոնք նոյնիսկ թագաւորներ ըրած էին։ (Համեմատել՝ Ամովսեայ 5։26։) Անոնք փոխանակ կենդանի աստուածներ կամ թագաւորներ ըլլալու, Եհովայի աչքին անկենդան, պիղծ բաներ էին։ Անոնք պէտք էր վերցուէին։—Ղեւտացւոց 26։30. Երեմեայ 16։18
6. Տաճարին չափուիլը ի՞նչ կը նշանակէր։
6 Տեսիլքին այս մասին մէջի ցցուն եղող կէտը ի՞նչ էր։ Անիկա աքսորեալներուն երաշխիք կու տար որ Աստուծոյ տաճարին մէջ մաքուր պաշտամունքը ամբողջովին պիտի վերահաստատուէր։ Ասկէ զատ, տաճարին չափուիլը աստուածային հաւաստիք մըն էր որ տեսիլքը անպայմանօրէն պիտի կատարուէր։ (Համեմատել՝ Երեմեայ 31։39, 40. Զաքարեայ 2։2-8։) Կռապաշտութեան ամէն հետք պիտի մաքրուէր։ Եհովա անգամ մը եւս պիտի օրհնէր իր տունը։
Քահանայութիւնը եւ Իշխանը
7. Ղեւտացիներուն եւ քահանաներուն նկատմամբ ի՞նչ տեղեկութիւն կը տրուի։
7 Քահանայութիւնն ալ մաքրութեան կամ զտումի պիտի ենթարկուէր։ Ղեւտացիները պէտք էր յանդիմանուէին, քանի որ կռապաշտութեան միջամուխ եղած էին, մինչդեռ Սադովկի քահանայական որդիները պիտի գովուէին եւ վարձատրուէին, որովհետեւ մաքուր մնացած էին։a Սակայն, թէ՛ քահանաները եւ թէ Ղեւտացիները Աստուծոյ վերահաստատուած տան մէջ ծառայութեան պաշտօններ պիտի ունենային. անկասկած, անհատաբար իրենց հաւատարմութենէն կախեալ ըլլալով։ Ասկէ զատ, Եհովա պատուիրեց. «Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն»։ (Եզեկիէլ 44։10-16, 23) Հետեւաբար, քահանայութիւնը պիտի վերահաստատուէր եւ քահանաներուն հաւատարիմ համբերութիւնը պիտի վարձատրուէր։
8. (ա) Վաղեմի Իսրայէլի իշխանները որո՞նք էին։ (բ) Եզեկիէլի տեսիլքին իշխանը ի՞նչ կերպերով մաքուր պաշտամունքին մէջ գործօն մասնակցութիւն մը ունէր։
8 Տեսիլքը նաեւ կ’ակնարկէ մէկու մը, որ կոչուած է «իշխան»։ Մովսէսի օրերէն ի վեր, Իսրայէլ ազգը իշխաններ ունեցած է։ «Իշխան»ի համար գործածուած Եբրայերէն բառը՝ նա·սի, կրնայ ակնարկել ընտանիքի մը, ցեղի մը, կամ նոյնիսկ ազգի մը, գլխաւորին։ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, Իսրայէլի կառավարիչները, որպէս դասակարգ, յանդիմանութիւն կը ստանան, քանի որ ժողովուրդը կը հարստահարեն, եւ անոնց յորդոր կը տրուի որ անաչառ եւ արդար ըլլան։ Իշխանը՝ քահանայական դասէն չըլլալով հանդերձ՝ մաքուր պաշտամունքին մէջ ուշագրաւօրէն գործօն մէկն է։ Ան քահանայ չեղող ցեղերուն հետ դուրսի գաւիթը կը մտնէ ու կ’ելլէ, Արեւելեան Դրան նախագաւիթին մէջ կը նստի, եւ ժողովուրդին համար կարգ մը զոհեր կը հայթայթէ։ (Եզեկիէլ 44։2, 3. 45։8-12, 17) Այս կերպով տեսիլքը երաշխաւորութիւն կու տար Եզեկիէլի ժողովուրդին, թէ վերահաստատուած ազգը օրինակելի առաջնորդներով պիտի օրհնուէր, տղամարդիկ, որոնք քահանայութեան թիկունք պիտի կանգնէին, Աստուծոյ ժողովուրդը կազմակերպելով եւ հոգեւոր հարցերու մէջ օրինակելի ըլլալով։
Երկիրը
9. (ա) Երկիրը ի՞նչպէս պիտի բաժնուէր, բայց ո՞վ ժառանգութիւն պիտի չստանար։ (բ) Սուրբ ընծան ի՞նչ էր, եւ անիկա ի՞նչ կը պարունակէր։
9 Վերջապէս, Եզեկիէլի տեսիլքը Իսրայէլի երկրին ընդհանուր քննութիւն մը կը ներփակէր։ Անիկա պէտք էր բաժնուէր, իւրաքանչիւր ցեղին բաժին յատկացնելով։ Իշխանն ալ ժառանգութիւն պիտի ունենար։ Սակայն քահանաները պիտի չունենային, քանի որ Եհովա ըսած էր. «Անոնց ժառանգութիւնը ես եմ»։ (Եզեկիէլ 44։10, 28. Թուոց 18։20) Տեսիլքը ցոյց կու տար որ իշխանին յատկացուած հողամասը սուրբ ընծայ կոչուած մասնաւոր շրջանի մը երկու կողմերը պիտի ըլլար։ Այս մասնաւոր շրջանը քառակուսի հողամաս մըն էր, որ բաժնուած էր երեք հողաշերտերու. վերի մասը զղջացած Ղեւտացիներու համար, մէջտեղը քահանաներուն համար, իսկ վարի մասը, իր շրջակայ արօտավայրերով եւ բերրի հողերով՝ քաղաքին պիտի պատկանէր։ Եհովայի տաճարը քահանաներու հողաշերտին մէջ պիտի գտնուէր, քառակուսի հողամասին կեդրոնը։—Եզեկիէլ 45։1-7
10. Երկրին բաժանումին մասին մարգարէութիւնը ի՞նչ իմաստ կը կրէր աքսորութեան մէջ եղող հաւատարիմ Հրեաներուն համար։
10 Այս բոլորը որքա՜ն ոգեւորած ըլլալու էին աքսորեալները։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի երաշխիք տրուած էր որ երկրէն ժառանգութիւն պիտի ունենար։ (Համեմատել՝ Միքիայ 4։4։) Մաքուր պաշտամունքը վեհ, կեդրոնական տեղ մը պիտի գրաւէր հոն։ Իսկ նշմարեցէք որ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, իշխանը քահանաներուն նման, ժողովուրդին կողմէ ընծայուած հողամասին վրայ պիտի բնակէր։ (Եզեկիէլ 45։16) Ուստի, վերահաստատուած երկրին մէջ, ժողովուրդը պէտք էր աջակցէր եւ հլու հնազանդ սատար կանգնէր անոնց, զորս Եհովա պիտի նշանակէր որպէս առաջնորդներ։ Ամէն բանի մէջ, այս երկիրը կազմակերպութեան, համագործակցութեան եւ ապահովութեան ընդհանուր պատկեր մը կը պարզէր։
11, 12. (ա) Եհովա մարգարէաբար ի՞նչպէս երաշխիք տուաւ իր ժողովուրդին որ իրենց վերահաստատուած հայրենիքը պիտի օրհնէր։ (բ) Գետին երկու ափերուն գտնուող ծառերը ի՞նչ կը պատկերացնէին։
11 Եհովա պիտի օրհնէ՞ր իրենց երկիրը։ Մարգարէութիւնը այս հարցումին կը պատասխանէ սիրտ տոգորող նկարագրութեամբ։ Տաճարէն գետակ մը կը հոսի ու հետզհետէ աւելի կը լայննայ, եւ մինչեւ Մեռեալ Ծով հասնի՝ յորդահոս գետի մը կը վերածուի։ Հոն, անիկա անկենդան ջուրերը կը վերակենդանացնէ եւ անոր ափին որոշ երկարութեան վրայ ձկնորսութեան ճարտարարուեստը կը ծաղկի։ Գետին երկու ափերուն բազմաթիւ պտղատու ծառեր կան, որոնք ամբողջ տարին սնունդ եւ բուժում կու տան։—Եզեկիէլ 47։1-12
12 Աքսորեալներուն համար, այս խոստումը իրենց սիրելի եղող եւ նախապէս տրուած վերահաստատումի մարգարէութիւններուն կրկնումը եւ հաստատումն էր։ Բազմիցս, Եհովայի կողմէ ներշնչուած մարգարէներ վերահաստատուած, վերաբնակուած Իսրայէլ մը նկարագրած էին, դրախտանման պայմաններու ներքեւ։ Անկենդան շրջաններու վերակենդանացումը, կրկնուող նիւթ մը եղած էր մարգարէութեան մէջ։ (Եսայեայ 35։1, 6, 7. 51։3. Եզեկիէլ 36։35. 37։1-14) Ուստի, ժողովուրդը կրնար ակնկալել որ Եհովայի կեանք պարգեւող օրհնութիւնները գետի մը նման հոսէին վերահաստատուած տաճարէն։ Հետեւաբար, հոգեւորապէս մեռած ազգ մը պիտի վերակենդանանար։ Վերահաստատուած ժողովուրդը պիտի օրհնուէր հոգեւոր յատկանիշներ ունեցող տղամարդոցմով. տղամարդիկ՝ որոնք տեսիլքին մէջի գետափի ծառերուն նման հաստատ եւ արդար պիտի ըլլային, տղամարդիկ, որոնք աւերուած երկիրը վերակառուցանելու մէջ առաջնորդութիւն պիտի առնէին։ Եսային ալ գրած էր «արդարութեան բեւեկնիներ»ու մասին, որոնք ‘հին աւերակները պիտի շինէին’։—Եսայեայ 61։3, 4
Տեսիլքը Ե՞րբ կը Կատարուի
13. (ա) Եհովա ի՞նչ առումով իր վերահաստատուած ժողովուրդը օրհնեց «արդարութեան բեւեկնիներ»ով։ (բ) Մեռեալ Ծովուն մասին մարգարէութիւնը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։
13 Վերադարձող աքսորեալները յուսախաբ եղա՞ն։ Բնա՛ւ երբեք։ Վերահաստատուած մնացորդ մը իր երկիրը վերադարձաւ Հ.Դ.Ա. 537–ին։ Ժամանակի ընթացքին, Եզրաս դպիրին, Անգէ եւ Զաքարիա մարգարէներուն եւ Յեսու քահանայապետին նման այս «արդարութեան բեւեկնիներ»ու առաջնորդութեան ներքեւ, երկար ժամանակէ աւերուած վայրերը վերաշինուեցան։ Նէեմիայի եւ Զօրաբաբէլի նման իշխաններ անաչառօրէն եւ արդարօրէն իշխեցին երկրին։ Եհովայի տաճարը վերահաստատուեցաւ եւ կեանքի համար իր կարգադրութիւնները՝ իր ուխտին համաձայն ապրողներուն վրայ թափուած օրհնութիւնները, անգամ մը եւս սկսան հոսիլ։ (Բ. Օրինաց 30։19. Եսայեայ 48։17-20) Այդ օրհնութիւններէն մէկը՝ գիտութիւնն էր։ Քահանայութիւնը պաշտօնի գլուխ անցաւ եւ քահանաները ժողովուրդին սորվեցուցին Օրէնքը։ (Մաղաքեայ 2։7) Որպէս հետեւանք, ժողովուրդը հոգեւոր գետնի վրայ վերակենդանացաւ եւ դարձեալ Եհովայի պտղաբեր ծառաները եղան, որ Մեռեալ Ծովուն բուժումով եւ ձկնորսութեան ճարտարարուեստին ծաղկելով պատկերացուած էր։
14. Եզեկիէլի մարգարէութիւնը ինչո՞ւ շատ աւելի մեծ կատարում մը պիտի ունենար, քան ինչ որ տեղի ունեցաւ Բաբելոնի աքսորէն վերադարձողներուն պարագային։
14 Այս դէպքերը Եզեկիէլի տեսիլքին միա՞կ կատարումն էին։ Ո՛չ. անիկա շատ աւելի մեծ բանի մը կը մատնանշէր։ Հետեւեալ կէտերը նկատի առէք. Եզեկիէլի տեսած տաճարը կարելի չէր կառուցանել նկարագրուածին համաձայն։ Ճիշդ է որ Հրեաները այդ տեսիլքը լուրջի առած եւ անոր կարգ մը մանրամասնութիւնները բառացիօրէն կիրարկած էին։b Սակայն, տեսլական տաճարը այնքան մեծ էր, որ նոյնիսկ չէր բաւեր Մօրիա լերան վրայ, ուր կառուցուած էր նախկին տաճարը։ Ասկէ զատ, Եզեկիէլի տաճարը քաղաքին մէջ չէր, այլ քանի մը քիլոմեթր անդին, անջատ հողաշերտի մը վրայ էր. մինչդեռ երկրորդ տաճարը շինուեցաւ նախկինին կանգնած տեղը, Երուսաղէմ քաղաքին մէջ։ (Եզրասայ 1։1, 2) Ասկէ զատ, Երուսաղէմի տաճարէն որեւէ ժամանակ բառացի գետ մը չէ հոսած։ Ուստի, վաղեմի Իսրայէլը, Եզեկիէլի մարգարէութեան միայն փոքր կատարումը տեսաւ։ Ասիկա կը թելադրէ որ այս տեսիլքը աւելի մեծ եւ հոգեւոր կատարում մը պէտք է ունենայ։
15. (ա) Եհովայի հոգեւոր տաճարը ե՞րբ ի զօրու եղաւ։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եզեկիէլի տեսիլքը Քրիստոսի երկրային կեանքի ընթացքին չկատարուեցաւ։
15 Որոշ է ուրեմն, որ Եհովայի հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ Եզեկիէլի տեսիլքին գլխաւոր կատարումով պէտք է հետաքրքրուինք, որու մասին Պօղոս առաքեալ մանրամասն կը խօսի Եբրայեցիս գրքին մէջ։ Այդ տաճարը ի զօրու եղաւ, երբ Յիսուս Քրիստոս օծուեցաւ որպէս անոր Քահանայապետը՝ Հ.Դ. 29–ին։ Բայց, Եզեկիէլի տեսիլքը Յիսուսի օրերուն կատարուեցա՞ւ։ Բացայայտօրէն ոչ։ Յիսուս, որպէս Քահանայապետ, Քաւութեան Օրուան մարգարէական իմաստը իրագործեց իր մկրտութեամբ, իր զոհաբերական մահով եւ Սրբութիւն Սրբութեանցը՝ բուն երկինքը՝ մտնելով։ (Եբրայեցիս 9։24) Հետաքրքրական է սակայն, որ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ բնաւ չէ յիշուած քահանայապետի եւ Քաւութեան Օրուան մասին։ Ուստի, անհաւանական է որ այս տեսիլքը Հ.Դ. առաջին դարուն մատնանշէր։ Արդ, անիկա ո՞ր ժամանակաշրջանին կը կիրարկուի։
16. Եզեկիէլի տեսիլքին նկարագրութիւնը մեզի ի՞նչ մարգարէութիւն կը յիշեցնէ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կ’օգնէ որ Եզեկիէլի տեսիլքին գլխաւոր կատարումին ժամանակը հասկնանք։
16 Ասոր պատասխանը ստանալու համար, վերադառնանք տեսիլքին։ Եզեկիէլ գրեց. «Զիս Աստուծոյ տեսիլքներով Իսրայէլի երկիրը տարաւ եւ խիստ բարձր լերան մը վրայ դրաւ։ Հոն՝ հարաւային կողմը՝ քաղաքի մը նման շինուածք մը կար»։ (Եզեկիէլ 40։2) Այս տեսիլքին տեսարանին մէջ ‘բարձր լեռը’ մեզի կը յիշեցնէ Միքիայ 4։1–ը. «Վերջին օրերը Տէրոջը տանը լեռը լեռներուն գլխուն վրայ պիտի հաստատուի, բլուրներէն վեր պիտի բարձրանայ, ժողովուրդները հեղեղի պէս անոր պիտի դիմեն»։ Այս մարգարէութիւնը ե՞րբ կը կատարուի։ Միքիայ 4։5–ի համաձայն, ասիկա կը սկսի երբ ազգերը տակաւին սուտ աստուածներ կը պաշտեն։ Արդարեւ, մեր օրերուն՝ «վերջին օրեր»ուն՝ է որ մաքուր պաշտամունքը բարձրացած եւ Աստուծոյ ծառաներուն կեանքին մէջ իրեն պատշաճող տեղը գրաւած է։
17. Մաղաքեայ 3։1-5–ի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ Եզեկիէլի տեսիլքի տաճարը ե՛րբ մաքրուեցաւ։
17 Այս վերահաստատումը ի՞նչպէս կարելի եղած է։ Յիշեցէք Եզեկիէլի տեսիլքին ամենէն յատկանշական իրադարձութիւնը. Եհովա տաճար կու գայ եւ կը պահանջէ որ իր տունը մաքրուի կռապաշտութենէ։ Աստուծոյ հոգեւոր տաճարը ե՞րբ մաքրուեցաւ։ Մաղաքեայ 3։1-5–ի խօսքերով, Եհովա կը գուշակէ ժամանակ մը, երբ ինք «իր տաճարը պիտի գայ», իր «ուխտի հրեշտակ»ին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ ընկերակցութեամբ։ Ի՞նչ նպատակով։ «Անիկա հալեցնողին՝ կրակին պէս ու թափիչներուն օճառին պէս պիտի ըլլայ»։ Այս զտումը սկսաւ, առաջին աշխարհամարտի ընթացքին։ Ի՞նչ արդիւնքով։ Եհովա իր տան մէջ բնակեցաւ եւ 1919–էն սկսեալ իր ժողովուրդին հոգեւոր «երկիր»ը օրհնեց։ (Եսայեայ 66։8) Հետեւաբար, կրնանք եզրակացնել որ Եզեկիէլի տաճարի մարգարէութիւնը կարեւոր կատարում մը ունի վերջին օրերու ընթացքին։
18. Տաճարի տեսիլքին վերջնական կատարումը ե՞րբ պիտի ըլլայ։
18 Վերահաստատման միւս մարգարէութեանց նման, Եզեկիէլի տեսիլքը յաւելեալ, վերջին կատարում մը պիտի ունենայ Դրախտին մէջ։ Միայն այն ժամանակն է որ արդարամիտ մարդկութիւնը լիովին պիտի օգտուի Աստուծոյ տաճարի կարգադրութենէն։ Այն ատեն Քրիստոս իր փրկանքի զոհին արժէքը պիտի մատակարարէ, իր 144,000 երկնային քահանաներու ընկերակցութեամբ։ Քրիստոսի իշխանութեան ներքեւ եղող բոլոր հնազանդ անհատները կատարելութեան պիտի հասնին։ (Յայտնութիւն 20։5, 6) Սակայն, Դրախտը չի կրնար Եզեկիէլի տեսիլքի կատարման գլխաւոր ժամանակը ըլլալ։ Ինչո՞ւ։
Տեսիլքը Մեր Օրերուն Վրայ կը Կեդրոնանայ
19, 20. Տեսիլքին գլխաւոր կատարումը ինչո՞ւ հիմա է եւ ոչ թէ Դրախտին մէջ։
19 Եզեկիէլ տաճար մը տեսաւ որ կռապաշտութենէ եւ հոգեւոր պոռնկութենէ մաքրուելու կարիքը ունէր։ (Եզեկիէլ 43։7-9) Ասիկա վստահաբար կարելի չէ կիրարկել Դրախտին մէջ Եհովայի պաշտամունքին։ Ասկէ զատ, տեսիլքին մէջ նկարագրուած քահանաները կը պատկերացնեն օծեալ քահանայական դասակարգը, երբ տակաւին երկրի վրայ են եւ ոչ թէ իրենց երկնային յարութենէն ետք, կամ Հազարամեայի ընթացքին։ Ինչո՞ւ։ Նկատի առէք որ քահանաները նկարագրուած են որպէս ներքին գաւիթին մէջ ծառայողներ։ Դիտարան–ի նախկին համարներու մէջ կարգ մը յօդուածներ ցոյց տուած են որ այս գաւիթը կը պատկերացնէ Քրիստոսի ենթաքահանաներուն հոգեւոր յատուկ կեցուածքը, երբ անոնք տակաւին երկրի վրայ են։c Նկատի առէք նաեւ որ տեսիլքը քահանաներուն անկատարութիւնը կը շեշտէ։ Ըսուած է որ անոնք իրենց մեղքերուն համար զոհեր մատուցանեն։ Անոնք հոգեւորապէս եւ բարոյապէս անմաքուր ըլլալու վտանգին դէմ ազդարարուած են։ Ուստի, անոնք յարուցեալ օծեալները չեն պատկերացներ, որոնց մասին Պօղոս առաքեալ գրեց. «Փողը պիտի հնչուի ու մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան»։ (Ա. Կորնթացիս 15։52. Եզեկիէլ 44։21, 22, 25, 27) Տեսիլքին մէջ քահանաները ուղղակիօրէն ժողովուրդին կը խառնուին եւ անոնց կը ծառայեն։ Դրախտին մէջ ասիկա կարելի պիտի չըլլայ, քանի որ քահանայական դասը երկինքը պիտի ըլլայ։ Հետեւաբար, տեսիլքը հոյակապ պատկեր մը կը ներկայացնէ թէ ներկայիս երկրի վրայ օծեալները ի՛նչպէս սերտօրէն կը գործեն ‘մեծ բազմութեան’ հետ։—Յայտնութիւն 7։9. Եզեկիէլ 42։14
20 Ուստի, Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը կը գուշակէ հոգեւոր մաքրութեան օգտակար ազդեցութիւնները, որ կը կատարուի ներկայիս։ Բայց ասիկա ի՞նչ իմաստ կը կրէ ձեզի համար։ Ասիկա պարզապէս վերացական աստուածաբանական առեղծուած մը չէ։ Այս տեսիլքը սերտ կապակցութիւն ունի միակ ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ մատուցած ձեր առօրեայ պաշտամունքին հետ։ Յաջորդ յօդուածով պիտի տեսնենք թէ ի՛նչպէս։
[Ստորանիշ]
a Ասիկա հաւանաբար անձնապէս ազդած ըլլալու էր Եզեկիէլի, քանի որ ըստ ոմանց, ինք ալ Սադովկի քահանայական ընտանիքին մաս կը կազմէր։
b Օրինակ, հին Միշնան կը թելադրէ որ վերահաստատուած տաճարին մէջ, զոհասեղանը, տաճարին դրան երկկողմանի փեղկերը եւ եփելու մասերը Եզեկիէլի տեսիլքին յարմարելու համար շինուած էին։
c Տես՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1996, էջ 13. 1 Դեկտեմբեր 1972, էջ 718 (Անգլերէն)։
Կը յիշէ՞ք
◻ Եզեկիէլի տեսիլքի տաճարին եւ քահանայութեան առաջին կատարումը ի՞նչ էր։
◻ Եզեկիէլի տեսիլքի երկրին բաժանումը ի՞նչ նախնական կատարում մը ունեցաւ։
◻ Վաղեմի Իսրայէլի վերահաստատման մէջ, որո՞նք որպէս հաւատարիմ իշխաններ գործեցին, իսկ որո՞նք՝ որպէս «արդարութեան բեւեկնիներ»։
◻ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը ինչո՞ւ վերջին օրերու ընթացքին գլխաւոր կատարումը կ’ունենայ։