Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 3/1 էջ 28-32
  • Եհովայի օրհնութիւնը մեր ‘երկրին’ վրայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի օրհնութիւնը մեր ‘երկրին’ վրայ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Վերահաստատուած Երկրի մը Մէջ Գետ մը կը Հոսի
  • Օրհնութիւններու Հզօր Հոսանք մը
  • Ջուրը Կեանք կու Տայ
  • Գետը կը Հոսի Դրախտին Մէջ
  • Եզեկիէլի գիրքէն աչքառու կէտեր (մաս 2)
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Աստուծոյ տաճարին ‘ուշադրութիւն ըրէ՛ք’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • «Տաճար»ը եւ «Իշխան»ը այսօր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Եհովան ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 3/1 էջ 28-32

Եհովայի օրհնութիւնը մեր ‘երկրին’ վրայ

«Գետը ուր որ երթայ՝ բոլոր կենդանիները պիտի ապրին»։—ԵԶԵԿԻԷԼ 47։9

1, 2. (ա) Ջուրը ո՞րքան կարեւոր է։ (բ) Եզեկիէլի տեսլական գետի ջուրը ի՞նչ կը պատկերացնէ։

ՋՈՒՐԸ հոյակապ հեղուկ մըն է։ Ֆիզիքական ամէն կեանք անկէ կախեալ է։ Ոեւէ մէկս առանց անոր երկար չենք կրնար ապրիլ։ Մաքրութեան համար ալ անոր կարիքը ունինք, քանի որ ջուրը կեղտերը կը լուծէ ու կը մաքրէ։ Անոր համար մեր մարմինները, հագուստները եւ նոյնիսկ մեր ուտելիքները անով կը լուանք։ Այսպէս ընելը մեր կեանքը կրնայ փրկել։

2 Աստուածաշունչը ջուրը կը գործածէ, կեանքի համար Եհովայի հայթայթումները պատկերացնելու համար։ (Երեմեայ 2։13. Յովհաննու 4։7-15) Այս հայթայթումներուն մաս կը կազմէ Քրիստոսի փրկանքի զոհին եւ Իր Խօսքին մէջ գտնուող Աստուծոյ գիտութեան միջոցաւ՝ Իր ժողովուրդին մաքրութիւնը։ (Եփեսացիս 5։25-27) Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքին մէջ, տաճարէն հոսող հրաշալի գետը այդ կենսատու օրհնութիւնները կը խորհրդանշէ։ Բայց այդ գետը ե՞րբ կը հոսի եւ ներկայիս ի՛նչ իմաստ կը կրէ մեզի համար։

Վերահաստատուած Երկրի մը Մէջ Գետ մը կը Հոսի

3. Եզեկիէլ ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցաւ, ինչպէս տեղեկագրուած է Եզեկիէլ 47։2-12–ի մէջ։

3 Բաբելոնի մէջ գերիներ ըլլալով, Եզեկիէլի ժողովուրդը Եհովայի հայթայթումներուն խիստ մեծ կարիքը ունէր։ Ուստի, Եզեկիէլի համար որքա՜ն քաջալերական էր տեսնել որ սրբարանէն թեթեւ ջուր մը կ’ելլէ եւ տեսլական տաճարէն դուրս կը հոսի։ Հրեշտակ մը հազար կանգուն ընդմիջումով կը չափէ գետակը։ Անոր խորութիւնը նախ գարշապարը կը հասնի, ապա մինչեւ ծունկը, անկէ ետք մինչեւ մէջքը եւ վերջապէս գետ մը կը դառնայ՝ լողալ պահանջելով։ Գետը կեանք ու պարարտութիւն կը բերէ։ (Եզեկիէլ 47։2-11) Եզեկիէլի կ’ըսուի. «Գետին երկու եզերքները ամէն տեսակ պտղաբեր ծառեր պիտի բուսնին»։ (Եզեկիէլ 47։12ա) Երբ գետը ջուրի անկենդան զանգուածի մը՝ Մեռեալ Ծովուն՝ կը հասնի, հոն կեանք կը սկսի. ձուկեր կը վխտան։ Ձկնորսութեան ճարտարարուեստը կը բարգաւաճի։

4, 5. Գետի նկատմամբ Յովէլի մարգարէութիւնը ի՞նչպէս նման է Եզեկիէլի տեսածին, եւ ասիկա ինչո՞ւ յատկանշական է։

4 Այս գեղեցիկ մարգարէութիւնը Հրեայ աքսորեալներուն յիշեցուցած ըլլալու էր աւելի քան երկու դարեր առաջ տրուած ուրիշ մարգարէութիւն մը. «Տէրոջը տունէն աղբիւր պիտի բղխի եւ Սատիմի ձորը պիտի ոռոգէ»։a (Յովելեայ 3։18) Եզեկիէլի նման, Յովէլի մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր որ Աստուծոյ տունէն՝ տաճարէն՝ գետ մը պիտի հոսէր եւ անջրդի շրջանի մը կեանք պիտի բերէր։

5 Դիտարան–ը շատոնց բացատրած է որ Յովէլի մարգարէութիւնը մեր օրերուն կը կատարուի։b Ուստի, վստահաբար նոյնն է պարագան Եզեկիէլի յարանման տեսիլքին։ Ճիշդ ինչպէս որ եղաւ վաղեմի Իսրայէլի մէջ, ներկայիս ալ Աստուծոյ ժողովուրդին վերահաստատուած երկրին մէջ, արդարեւ Եհովայի օրհնութիւնները հոսած են։

Օրհնութիւններու Հզօր Հոսանք մը

6. Տեսլական զոհասեղանին վրայ արեան սրսկումը Հրեաներուն ի՞նչ յիշեցուցած ըլլալու էր։

6 Աստուծոյ վերահաստատուած ժողովուրդին վրայ թափուած օրհնութիւններուն աղբիւրը ի՞նչ է։ Նկատի առէք որ ջուրերը Աստուծոյ տաճարէն կը հոսին։ Այսօր ալ, օրհնութիւնները Եհովայէ կու գան, իր հոգեւոր մեծ տաճարէն՝ մաքուր պաշտամունքի կարգադրութենէն։ Եզեկիէլի տեսիլքը կարեւոր մանրամասնութիւն մը կ’աւելցնէ։ Ներքին գաւիթին մէջ, ջուրերը զոհասեղանին հարաւային կողմէն կը հոսին։ (Եզեկիէլ 47։1) Զոհասեղանը տեսլական տաճարին ճիշդ կեդրոնը կը գտնուի։ Եհովա մանրամասնօրէն կը նկարագրէ զայն Եզեկիէլի եւ պատուէր կու տայ որ զոհի մը արիւնը այդ սեղանին վրայ սրսկուի։ (Եզեկիէլ 43։13-18, 20) Իսրայելացիներուն համար շատ մեծ նշանակութիւն ունէր այդ զոհասեղանը։ Եհովայի հետ իրենց ուխտը երկար ժամանակ առաջ վաւերացուած էր, երբ Մովսէս Սինա լերան ստորոտը զոհասեղանի մը վրայ արիւն սրսկեց։ (Ելից 24։4-8) Տեսլական զոհասեղանին վրայ արեան սրսկուիլը անոնց յիշեցնել տուած ըլլալու էր, որ անգամ մը որ իրենց վերահաստատուած երկիրը վերադառնային, Եհովայի օրհնութիւնները պիտի հոսէին, ա՛յնքան ատեն որ Իր հետ իրենց ուխտը յարգէին։—Բ. Օրինաց 28։1-14

7. Ներկայիս խորհրդանշական զոհասեղանը ի՞նչ իմաստ կը կրէ Քրիստոնեաներուն համար։

7 Այսօր ալ Աստուծոյ ժողովուրդը ուխտի մը՝ աւելի լաւ եղող նոր ուխտին՝ միջոցաւ օրհնուած է։ (Երեմեայ 31։31-34) Անիկա ալ երկար ժամանակ առաջ վաւերացուած էր Յիսուս Քրիստոսի արիւնով։ (Եբրայեցիս 9։15-20) Ներկայիս, ըլլանք օծեալներէն՝ որոնք այդ ուխտին մասնակից են, թէ ուրիշ ոչխարներէն, որոնք անկէ օգտուողներն են, մեզի համար այդ խորհրդանշական զոհասեղանը մեծ նշանակութիւն ունի։ Անիկա կը խորհրդանշէ՝ Քրիստոսի զոհին կապակցաբար Աստուծոյ կամքը։ (Յովհաննու 10։16. Եբրայեցիս 10։10) Ճիշդ ինչպէս որ խորհրդանշական զոհասեղանը հոգեւոր տաճարին ուղղակի կեդրոնը կը գտնուի, Քրիստոսի փրկանքի զոհն ալ մաքուր պաշտամունքին կորիզը կը կազմէ։ Անիկա մեր մեղքերու ներումին եւ հետեւաբար՝ մեր ապագայ բոլոր յոյսերուն հիմը կը կազմէ։ (Ա. Յովհաննու 2։2) Ուստի, նոր ուխտին ընկերակցող օրէնքին՝ «Քրիստոսին օրէնք»ին՝ համաձայն ապրելու ջանք կը թափենք։ (Գաղատացիս 6։2) Այնքան ատեն որ ասիկա կ’ընենք, կեանքի համար Եհովայի հայթայթումներէն պիտի օգտուինք։

8. (ա) Տեսլական տաճարին ներքին գաւիթին մէջ ի՞նչ բան պակաս էր։ (բ) Տեսլական տաճարին մէջ, քահանաները ի՞նչպէս իրենք զիրենք կը մաքրէին։

8 Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածքը՝ այդ օրհնութիւններէն մէկն է։ Տեսլական տաճարին մէջ, ներքին գաւիթին մէջ բան մը պակաս է, որ շատ յատկանշական էր տաղաւարի եւ Սողոմոնի տաճարի գաւիթին մէջ. մեծ աւազանը որ հետագային ծով կոչուեցաւ, ուր քահանաները կը լուացուէին։ (Ելից 30։18-21. Բ. Մնացորդաց 4։2-6) Ուստի, Եզեկիէլի տեսլական տաճարին մէջ քահանաները ի՞նչ կը գործածէին մաքրուելու համար։ Պարզապէս, ներքին գաւիթէն հոսող այդ հրաշալի գետակը։ Այո, Եհովա պիտի օրհնէր զանոնք, անոնց միջոցներ տալով, որպէսզի մաքուր՝ կամ սուրբ՝ կեցուածք մը վայելէին։

9. Օծեալները եւ մեծ բազմութեան անդամները ի՞նչպէս ներկայիս մաքուր կեցուածք մը ունին։

9 Այսօր ալ, օծեալները Եհովայի առջեւ մաքուր կեցուածք մը ունենալու օրհնութիւնը կը վայելեն։ Եհովան սուրբ կը նկատէ զանոնք, արդար կոչելով զանոնք։ (Հռովմայեցիս 5։1, 2) Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ քահանայական ցեղին չպատկանողներով պատկերացուած ‘մեծ բազմութեան’ մասին։ Անոնք դուրսի գաւիթին մէջ պաշտամունք կը մատուցանեն, իսկ նոյն գետակը տեսլական տաճարին այդ մասէն ալ կը հոսի։ Արդ, որքա՜ն տեղին էր որ Յովհաննէս առաքեալ տեսնէր մեծ բազմութիւնը՝ ճերմակ ու մաքուր հանդերձներ հագած, մինչ հոգեւոր տաճարին գաւիթին մէջ պաշտամունք կը մատուցանէ։ (Յայտնութիւն 7։9-14) Այս այլասերած աշխարհին մէջ ի՛նչ վերաբերմունք ալ տեսած ըլլան, անոնք կրնան վստահ ըլլալ որ այնքան ատեն որ Քրիստոսի փրկանքի զոհին հաւատք կ’ընծայեն, Եհովա զիրենք կը նկատէ մաքուր եւ անեղծ։ Անոնք ի՞նչպէս հաւատք ի գործ կը դնեն։ Յիսուսի քայլերուն հետեւելով, փրկանքի զոհին լիովին վստահելով։—Ա. Պետրոս 2։21

10, 11. Այլաբանական ջուրին կարեւոր երեսակներէն մէկը ի՞նչ է, եւ ասիկա գետին անհունօրէն ընդարձակուելուն հետ ի՞նչ կապ ունի։

10 Ինչպէս նախապէս նշեցինք, այս խորհրդանշական ջուրը ուրիշ կենսական երեսակ մըն ալ ունի, որ է գիտութիւնը։ Վերահաստատուած Իսրայէլի մէջ, Եհովա իր ժողովուրդը օրհնեց, քահանաներու միջոցաւ անոնց սուրբ գրային դաստիարակութիւն տալով։ (Եզեկիէլ 44։23) Նոյն կերպով, Եհովա ներկայիս օրհնած է իր ժողովուրդը, ‘թագաւորական քահանայութեան’ միջոցաւ իր ճշմարտութեան Խօսքին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ տալով։ (Ա. Պետրոս. 2։9) Այս վերջին օրերուն, Եհովա Աստուծոյ, մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակներուն, եւ մանաւանդ Յիսուս Քրիստոսի եւ Մեսիական Թագաւորութեան մասին գիտութիւնը առատօրէն հոսած է։ Ի՜նչ հոյակապ է հոգեւոր թարմացումի հետզհետէ խորունկցող այս ջուրը, զոր կը ստանանք։—Դանիէլ 12։4

11 Ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակին չափած գետը աստիճանաբար կը խորունկնար, նոյն կերպով Եհովայէ եկած կենարար օրհնութիւնները յատկանշական կերպով աւելցած են, մեր օրհնեալ հոգեւոր երկրին մէջ խուժող մարդոց դիւրութիւններ տալու համար։ Վերահաստատման ուրիշ մարգարէութիւն մը կը նախագուշակէր. «Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ [«արագացնեմ», ՆԱ] ասիկա»։ (Եսայեայ 60։22) Այս խօսքերը իրականացած են, քանի որ միլիոնաւորներ եկած ու մաքուր պաշտամունքին միացած են։ Եհովա առատ «ջուր» հայթայթած է բոլոր իրեն դարձողներուն։ (Յայտնութիւն 22։17) Ինք հոգ կը տանի որ իր երկրային կազմակերպութիւնը Աստուածաշունչեր եւ սուրբ գրային գրականութիւններ ցրուէ համայն աշխարհի մէջ, հարիւրաւոր լեզուներով։ Նոյն կերպով, քրիստոնէական ժողովներու եւ համաժողովներու կարգադրութիւններ եղած են համայն աշխարհի մէջ, որպէսզի բոլորին ակնվանիի նման ճշմարտութեան ջինջ ջուրեր հայթայթուին։ Այս հայթայթումները ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենան մարդոց վրայ։

Ջուրը Կեանք կու Տայ

12. (ա) Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի ծառերը ինչո՞ւ այսպիսի պտուղներ կրնային տալ։ (բ) Վերջին օրերուն, ի՞նչ կը ներկայացնեն այս պտղատու ծառերը։

12 Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի գետը կեանք եւ առողջութիւն կու տայ։ Երբ Եզեկիէլ կը տեղեկանայ որ գետին երկու կողմերը ծառեր պիտի բուսնին, անոր կ’ըսուի. «Որոնց տերեւը պիտի չթառամի ու պտուղը չհատնի։ . . . Անոնց պտուղը կերակուրի համար եւ տերեւները բուժարար պիտի ըլլան»։ Այս ծառերը ինչո՞ւ այսպիսի ապշեցուցիչ արտադրութիւն մը ունին։ «Վասն զի անոր ջուրերը սրբարանէն կ’ելլեն»։ (Եզեկիէլ 47։12բ) Այս խորհրդանշական ծառերը կը պատկերացնեն, Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ, մարդկութիւնը ետ կատարելութեան հասցնելու համար Աստուծոյ ըրած բոլոր հայթայթումները։ Ներկայիս, երկրի վրայ օծեալ մնացորդը ինք առաջնորդութիւնը ստանձնած է հոգեւոր սնունդ եւ բուժում հայթայթելու մէջ։ 144,000–ի բոլոր անդամները իրենց երկնային վարձատրութիւնը ստանալէ ետք, որպէս Քրիստոսի իշխանակիցներ իրենց քահանայական ծառայութեան օգուտները պիտի շարունակուին ապագային, վերջապէս ադամական մահը ամբողջովին նուաճելով։—Յայտնութիւն 5։9, 10. 21։2-4

13. Մեր օրերուն, ի՞նչ բուժում իրագործուած է։

13 Տեսլական գետը կը հոսի մինչեւ Մեռեալ Ծով եւ ուրկէ՛ որ անցնի, ամէն բան կը բուժէ։ Այս ծովը կը պատկերացնէ հոգեւորապէս մեռած միջավայր մը։ Սակայն «գետը ուր որ երթայ»՝ հոն կեանք կը վխտայ։ (Եզեկիէլ 47։9) Նոյն կերպով, վերջին օրերուն, կենաց ջուրը ո՛ւր որ մտած է, մարդիկ հոգեւորապէս կեանք ստացած են։ 1919–ին, օծեալ մնացորդը առաջին վերակազդուրուողը եղաւ։ Անոնք իրենց մահանման, անգործունեայ վիճակէն, հոգեւորապէս ետ ապրեցան։ (Եզեկիէլ 37։1-14. Յայտնութիւն 11։3, 7-12) Այս կենսատու ջուրերը անկէ ի վեր հոգեւորապէս մեռած ուրիշ անհատներու ալ հասած են, եւ անոնք կեանքի գալով, Եհովան սիրող ու անոր ծառայող ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութիւն մը կազմած են։ Շատ շուտով, այս հայթայթումը պիտի հասնի յարուցեալներու հսկայ զանգուածներու։

14. Մեռեալ Ծովու ափին ծաղկած ձկնորսութեան ճարտարարուեստը ներկայիս ի՞նչ կը պատկերացնէ։

14 Հոգեւոր կազդուրումը արդիւնաբերութեան պատճառ կ’ըլլայ։ Ասիկա նախապէս մեռած ծովուն ափերուն ձկնորսութեան ճարտարարուեստի ծաղկումով պատկերացուած է։ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Ձեզ մարդոց որսորդ ընեմ»։ (Մատթէոս 4։19) Վերջին օրերուն, այս ձկնորսութիւնը սկսաւ օծեալներու մնացորդը հաւաքելով, բայց հոն չկեցաւ։ Եհովայի հոգեւոր տաճարէն հոսող կենսատու ջուրը, մէջը ըլլալով ճշգրիտ գիտութեան օրհնութիւնը, բոլոր ազգերուն հասած է։ Այդ գետը ո՛ւր որ հասած է, հոն հոգեւոր կեանք ծաղկած է։

15. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ ամէն մարդ պիտի չընդունի կեանքի համար Աստուծոյ հայթայթումները, եւ այսպիսիներուն վախճանը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

15 Անշուշտ, ամէն մարդ նպաստաւոր կերպով չ’ընդառաջեր կեանքի պատգամին. Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ընթացքին բոլոր յարուցուողներուն պարագան ալ նոյնը պիտի ըլլայ։ (Եսայեայ 65։20. Յայտնութիւն 21։8) Հրեշտակը կը ծանուցանէ որ ծովուն կարգ մը մասերը չեն բուժուիր։ Այդ տղմալից, անկենդան տեղերը՝ «աղի համար պիտի պահուին»։ (Եզեկիէլ 47։11) Մեր ժամանակակից մարդոց պարագային նման, Եհովայի կենսատու ջուրին հետ շփման մէջ եկող բոլորը չեն որ զայն կ’ընդունին։ (Եսայեայ 6։10) Բոլոր անոնք որոնք նախընտրեցին հոգեւորապէս մեռած եւ հիւանդ վիճակի մէջ մնալ, Արմագեդոնին աղի համար պիտի պահուին, այսինքն յաւիտեան պիտի բնաջնջուին։ (Յայտնութիւն 19։11-21) Սակայն, անոնք որոնք հաւատարմօրէն խմած են այս ջուրերը, վերապրելու եւ այս մարգարէութեան վերջնական կատարումը տեսնելու յոյսը կրնան ունենալ։

Գետը կը Հոսի Դրախտին Մէջ

16. Ե՞րբ եւ ի՞նչպէս Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը իր վերջնական կատարումը պիտի ունենայ։

16 Վերահաստատման միւս մարգարէութիւններուն նման, Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքը իր վերջնական կատարումը կ’ունենայ Հազարամեայի ընթացքին։ Այն ժամանակ, քահանայական դասակարգը հոս երկրի վրայ պիտի չըլլայ։ «Անոնք Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ [երկնքի մէջ] հազար տարի պիտի թագաւորեն»։ (Յայտնութիւն 20։6) Այս երկնային քահանաները Քրիստոսի պիտի ընկերակցին, Քրիստոսի փրկանքի զոհին օգուտները լիարժէք կերպով մատակարարելով։ Այս կերպով, արդար մարդկութիւնը պիտի փրկուի եւ կատարելութեան պիտի բերուի։—Յովհաննու 3։17

17, 18. (ա) Յայտնութիւն 22։1, 2–ի մէջ կենսատու ի՞նչ գետ նկարագրուած է, եւ այդ տեսիլքին գլխաւոր կիրարկումը ե՞րբ է։ (բ) Դրախտին մէջ, կենաց ջուրի գետը ինչո՞ւ մեծապէս պիտի ընդլայնի։

17 Արդարեւ, այն ատեն, Եզեկիէլի տեսած գետէն աւելի ազդու կեանքի ջուրեր պիտի հոսին։ Յայտնութիւն 22։1, 2–ի մէջ արձանագրուած մարգարէութեան գլխաւոր կատարումը ա՛յդ ժամանակ տեղի պիտի ունենայ. «Ինծի կեանքի ջուրի գետ մը ցուցուց ակնվանիի պէս պայծառ, որ Աստուծոյ ու Գառնուկին աթոռէն կ’ելլէր։ Այն քաղաքին հրապարակին մէջ ու այն գետին մէկ կողմէն ու միւս կողմէն կենաց ծառ մը կար, որ տասներկու կերպ պտուղ կը բերէր։ Ամէն ամիս իր պտուղը կու տար։ Այն ծառին տերեւները հեթանոսներուն բժշկութիւն կ’ըլլային»։

18 Հազարամեայի ընթացքին, ֆիզիքական, մտային ու զգացական ամէն հիւանդութիւն պիտի բուժուի։ Ասիկա լաւ կերպով պատկերացուած է խորհրդանշական ծառերու միջոցաւ ‘հեթանոսներուն բժշկութեամբ’։ Քրիստոսի եւ 144,000–ի միջոցաւ մատակարարուած հայթայթումներուն շնորհիւ, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24) Իսկ գետը իր ամենածաւալուն վիճակին մէջ պիտի ըլլայ։ Անիկա աւելի լայն ու աւելի խորունկ պիտի ըլլայ, որպէսզի միլիոնաւոր, թերեւս միլիառաւոր, յարուցուողներու յարմարութիւն տայ, կեանքի այս ջինջ ջուրէն խմելու։ Տեսլական գետը բուժեց Մեռեալ Ծովը, ջուրին հոսած տեղը կեանք պատճառելով։ Դրախտին մէջ, տղամարդիկ ու կիներ բառին բուն առումով պիտի ապրին, ադամական ժառանգուած մահէն բուժուելով, եթէ իրենց մատուցուած փրկանքի օգուտներուն հաւատք ընծայեն։ Յայտնութիւն 20։12–ը կ’ըսէ որ այդ ժամանակ «գիրքեր» պիտի բացուին, հասկացողութեան նոր լոյսեր հայթայթելով, որոնցմէ յարուցեալները պիտի օգտուին։ Դժբախտաբար, նոյնիսկ Դրախտին մէջ, ոմանք պիտի չուզեն բուժուիլ։ Այս ըմբոստները «աղի համար պիտի պահուին», այսինքն, յաւիտենական կործանումի պիտի երթան։—Յայտնութիւն 20։15

19. (ա) Դրախտին մէջ երկրին բաժանումը ի՞նչպէս պիտի կատարուի։ (բ) Դրախտին մէջ քաղաքը ի՞նչ երեսակ կը պատկերացնէ։ (գ) Քաղաքին վայրը տաճարէն քիչ մը անդին գտնուելուն իմաստը ի՞նչ է։

19 Այդ ժամանակ, Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի հողային բաժանումներն ալ իրենց վերջնական կատարումը պիտի ունենան։ Եզեկիէլ երկրին պատշաճօրէն բաժնուիլը տեսաւ. նոյն կերպով, իւրաքանչիւր հաւատարիմ Քրիստոնեայ կրնայ վստահ ըլլալ որ Դրախտին մէջ տեղ մը, ժառանգութիւն մը պիտի ունենայ։ Հաւանաբար, անձնական տուն ունենալու եւ անոր հոգ տանելու իւրաքանչիւրին փափաքին գոհացում պիտի տրուի կարգ ու կանոնով։ (Եսայեայ 65։21. Ա. Կորնթացիս 14։33) Եզեկիէլի տեսած քաղաքը տեղին ըլլալով կը պատկերացնէ նոր երկրի համար Եհովայի նպատակադրած վարչութիւնը։ Օծեալ քահանայական դասը ֆիզիքապէս ներկայ պիտի չըլլայ մարդկութեան մէջ։ Տեսիլքը ասիկա կը թելադրէ, քաղաքին վայրը պատկերացնելով տաճարէն որոշ հեռաւորութեան վրայ եղող «անսուրբ» հողաշերտին մէջ։ (Եզեկիէլ 48։15) Սակայն, մինչ 144,000–ը երկնքի մէջ Քրիստոսի հետ կ’իշխեն, Թագաւորը երկրի վրայ ալ ներկայացուցիչներ պիտի ունենայ։ Իր մարդկային հպատակները մեծապէս պիտի օգտուին իշխան դասակարգին սիրալիր առաջնորդութենէն եւ ուղղութենէն։ Սակայն, կառավարութեան բուն աթոռը երկրի վրայ պիտի չըլլայ, հապա՝ երկնքի մէջ։ Երկրի վրայ ամէն մարդ, մէջը ըլլալով իշխան դասակարգը, Մեսիական Թագաւորութեան պիտի հնազանդի։—Դանիէլ 2։44. 7։14, 18, 22

20, 21. (ա) Քաղաքին անունը ինչո՞ւ յարմար է։ (բ) Եզեկիէլի տեսիլքին հասկացողութիւնը ո՞ր հարցումներուն դուռ կը բանայ։

20 Նկատի առէք Եզեկիէլի մարգարէութեան վերջին խօսքերը. «Այն օրէն քաղաքին անունը Եհովաշամա [«Եհովա Հոն Է», ՆԱ] պիտի ըլլայ»։ (Եզեկիէլ 48։35) Քաղաքին գոյութիւնը մարդոց զօրութիւն կամ հեղինակութիւն տալու համար չէ. ոչ ալ ոեւէ մարդու կամքը պարտադրելու համար անիկա հոն պիտի ըլլայ։ Անիկա Եհովայի քաղաքն է, որ Իր միտքը եւ Իր սիրալիր, բանաւոր գործելակերպը կ’արտացոլացնէ։ (Յակոբու 3։17) Ասիկա մեզի սրտապնդիչ երաշխիք կու տայ թէ Եհովան իր մարդկային ընկերութեան ‘նոր երկրի’ կառոյցը յաւիտեան պիտի օրհնէ։—Բ. Պետրոս 3։13

21 Մեր դիմաց գտնուող այս ակնկալութիւնը մեզ չ’ոգեւորե՞ր։ Ուստի, տեղին ըլլալով, ամէն մէկս լաւ է որ հարց տանք. ‘Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ յայտնուած հոյակապ օրհնութիւններուն ի՞նչպէս կ’ընդառաջեմ։ Հաւատարմօրէն նեցուկ կը կանգնի՞մ սիրալիր տեսուչներուն՝ մէջը ըլլալով օծեալ մնացորդին եւ իշխան դասակարգի ապագացու անդամներուն՝ կատարած գործին։ Մաքուր պաշտամունքը իմ կեանքիս կորիզը դարձուցա՞ծ եմ։ Ներկայիս առատապէս հոսող կենաց ջուրերէն լիովին կ’օգտուի՞մ’։ Թող որ իւրաքանչիւրս շարունակենք այդ բոլորը ընել ու յաւիտեանս յաւիտենից Եհովայի հայթայթումներէն հաճոյք առնել։

[Ստորանիշներ]

a Այս ձորը կրնայ ակնարկել Կեդրոն հեղեղատին, որ Երուսաղէմի հարաւ–արեւելքէն մինչեւ Մեռեալ Ծով կ’երկարի։ Անոր մասնաւորաբար վերջին մասը անջրդի եւ չոր է ամբողջ տարին։

b Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1881 եւ 1 Յունիս 1981 (Անգլերէն)։

Ի՞նչպէս պիտի պատասխանէիք

◻ Տաճարէն հոսող ջուրերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։

◻ Եհովա ի՞նչ բուժում կատարած է խորհրդանշական գետին միջոցաւ, եւ գետին ծաւալը ինչո՞ւ հետզհետէ աւելցած է։

◻ Գետին ափերուն գտնուող ծառերը ի՞նչ կը պատկերացնեն։

◻ Հազարամեայի ընթացքին քաղաքը ի՞նչ պիտի պատկերացնէ, եւ անոր անունը ինչո՞ւ յարմար է։

[Նկարներ՝ էջ 32]

Կենաց գետը փրկութեան համար Աստուծոյ կարգադրութիւնը կը ներկայացնէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել