«Տաճար»ը եւ «Իշխան»ը այսօր
«Իշխանը անոնց մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ»։—ԵԶԵԿԻԷԼ 46։10
1, 2. Բանալի ի՞նչ ճշմարտութիւն մեզի կ’օգնէ որ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքին իմաստը հասկնանք։
ՀՐԵԱՅ վաղեմի ռաբբիներէն ոմանք շատ գոհ չէին Եզեկիէլի գիրքէն։ Թալմուտի համաձայն, անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ այդ գիրքը Սուրբ Գրութիւններու կանոնագրքէն հանելու մասին մտածեցին։ Անոնք տաճարի տեսիլքը չկրցան մեկնաբանել եւ զայն կոչեցին մարդկային հասկացողութենէն վեր բան մը։ Աստուածաշունչի ուրիշ ուսումնականներ, Եհովայի տաճարին մասին Եզեկիէլի տեսիլքով շփոթած են։ Մեր մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։
2 Մաքուր պաշտամունքը վերահաստատուելէն ի վեր, Եհովա իր ժողովուրդը օրհնած է, հոգեւոր հասկացողութեան բազմաթիւ լուսաւորութիւններ տալով անոնց, մէջը ըլլալով Աստուծոյ հոգեւոր տաճարին՝ մաքուր պաշտամունքի համար Եհովայի տաճարանման կարգադրութեան՝ հասկացողութիւնը։a Այս բանալի ճշմարտութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Եզեկիէլի տաճարի տեսիլքին իմաստը պարզենք։ Աւելի մօտէն քննենք այս տեսիլքին չորս բաղկացուցիչ տարրերը. տաճարը, քահանայութիւնը, իշխանը եւ երկիրը։ Այսօր, ասոնք ի՞նչ իմաստ կը կրեն։
Տաճարը եւ Դուք
3. Տաճարի մուտքի բարձր առաստաղէն եւ պատերուն քանդակներէն ի՞նչ կը սորվինք։
3 Պահ մը երեւակայենք որ պտոյտ մը կը կատարենք այս տեսլական տաճարին մէջ։ Անոր հսկայ դռներէն մէկուն եօթը աստիճանները կը բարձրանանք։ Այս դրան սեմին կայնելով, ահաբեկուած կը նայինք։ Առաստաղը 30 մեթրէն բարձր է։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ թէ Եհովայի պաշտամունքի կարգադրութեան մէջ մտնելու չափանիշները բարձր են։ Պատուհաններէն ներս մտնող շողերը լոյս կը սփռեն պատերու վրայ քանդակուած արմաւենիներուն վրայ, որոնք Աստուածաշունչին մէջ ուղիղութիւն կը պատկերացնեն։ (Սաղմոս 92։12. Եզեկիէլ 40։14, 16, 22) Այս սուրբ վայրը բարոյապէս եւ հոգեւորապէս ուղիղ եղողներուն համար է։ Ասոր համապատասխանելով, կ’ուզենք ուղիղ մնալ, որպէսզի մեր պաշտամունքը ընդունելի ըլլայ Եհովայի։—Սաղմոս 11։7
4. Որո՞նց արգիլուած է տաճար մտնել, եւ ասիկա ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
4 Մուտքին երկու կողմերը պահակներու երեք խուցեր կան։ Պահակները մեզի արտօնութիւն պիտի տա՞ն որ ներս մտնենք։ Եհովա Եզեկիէլի կ’ըսէ որ «սրտով անթլփատ» ոեւէ օտարական չի կրնար ներս մտնել։ (Եզեկիէլ 40։10. 44։9) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ Աստուած որպէս երկրպագու կ’ընդունի միմիայն անոնք որոնք իր օրէնքները կը սիրեն եւ անոնց համեմատ կ’ապրին։ (Երեմեայ 4։4. Հռովմայեցիս 2։29) Ան իր հոգեւոր վրանին, իր պաշտամունքի տան մէջ, բարի գալուստ կը մաղթէ միայն այսպիսի անհատներու։ (Սաղմոս 15։1-5) 1919–ին մաքուր պաշտամունքը վերահաստատուելէն ի վեր, Եհովայի երկրային կազմակերպութիւնը Իր բարոյական օրէնքները պաշտպանած ու զանոնք աստիճանաբար յստակացուցած է։ Անոնք որոնք գիտակցաբար կը մերժեն հնազանդիլ, չեն կրնար շարունակել ընկերակցիլ իր ժողովուրդին հետ։ Ներկայիս, չզղջացող յանցագործները վտարելու սուրբ գրային սովորութիւնը մեր պաշտամունքը մաքուր ու ջինջ պահելու նպաստած է։—Ա. Կորնթացիս 5։13
5. (ա) Եզեկիէլի տեսիլքին եւ Յայտնութիւն 7։9-15–ի մէջ արձանագրուած Յովհաննէսի տեսիլքին միջեւ, ի՞նչ նմանութիւններ կան։ (բ) Եզեկիէլի տեսիլքին դուրսի գաւիթին մէջի 12 ցեղերու երկրպագուները որո՞նք կը պատկերացնեն։
5 Մուտքը կը տանի դուրսի գաւիթը, ուր ժողովուրդը Եհովան կը պաշտէ ու կը փառաբանէ։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ Յովհաննէս առաքեալի ‘մեծ բազմութեան’ տեսիլքը, որոնք Եհովան կը պաշտէին «ցորեկ ու գիշեր իր տաճարին մէջ»։ Երկու տեսիլքներուն մէջ ալ արմաւենիներ նկարագրուած են։ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ, անոնք մուտքի պատերը կը զարդարեն։ Յովհաննէսի տեսիլքին մէջ, երկրպագուները իրենց ձեռքերուն մէջ արմաւենիներ ունին, որոնք կը խորհրդանշեն Եհովան փառաբանելու եւ որպէս թագաւոր Յիսուս Քրիստոսը ողջունելու մէջ իրենց ունեցած ուրախութիւնը։ (Յայտնութիւն 7։9-15) Եզեկիէլի տեսիլքին բովանդակութեան մէջ, Իսրայէլի 12 ցեղերը կը պատկերացնեն «ուրիշ ոչխարներ»ը։ (Յովհաննու 10։16. համեմատել՝ Ղուկաս 22։28-30։) Դուք ալ մաս կը կազմէ՞ք անոնց, որոնք իր Թագաւորութիւնը ծանուցանելով Եհովան փառաբանելու մէջ ուրախութիւն կը գտնեն։
6. Դուրսի գաւիթի ճաշասենեակները ի՞նչ նպատակի կը ծառայէին, եւ ասիկա ուրիշ ոչխարներուն վայելած ո՞ր առանձնաշնորհումը կը յիշեցնէ մեզի։
6 Մինչ դուրսի գաւիթը կը պտըտինք, կը տեսնենք 30 ճաշասենեակներ, ուր ժողովուրդը իր կամաւոր ընծաներէն մաս մը կ’ուտէր։ (Եզեկիէլ 40։17) Ներկայիս, ուրիշ ոչխարները անասնական զոհեր չեն մատուցաներ, սակայն պարապ ձեռքերով ալ չեն գար հոգեւոր տաճարը։ (Համեմատել՝ Ելից 23։15։) Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուսի] ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։ Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի»։ (Եբրայեցիս 13։15, 16. Ովսեայ 14։2) Եհովայի այսպիսի զոհեր մատուցանելը մեծ առանձնաշնորհում է։—Առակաց 3։9, 27
7. Տաճարին չափուիլը ի՞նչ բան կ’երաշխաւորէ։
7 Եզեկիէլ կը դիտէ, մինչ հրեշտակ մը կը չափէ այս տեսլական տաճարը։ (Եզեկիէլ 40։3) Նոյն կերպով, Յովհաննէս առաքեալի ըսուեցաւ. «Չափէ՛ Աստուծոյ տաճարն ու սեղանը եւ անոր մէջ երկրպագութիւն ընողները»։ (Յայտնութիւն 11։1) Չափելուն իմաստը ի՞նչ է։ Ակներեւաբար, երկու պարագային ալ ասիկա երաշխիք կու տար որ ո՛չ մէկ բան մաքուր պաշտամունքի նկատմամբ Եհովայի նպատակներուն կատարման արգելք կրնար հանդիսանալ։ Այսօր ալ, վստահ կրնանք ըլլալ որ ո՛չ մէկ բան, ո՛չ իսկ հզօր կառավարութիւններու կողմէ եկած վայրագ հակառակութիւնը, կրնայ կասեցնել մաքուր պաշտամունքի վերահաստատումը։
8. Որո՞նք դռներէն մտնելով կ’անցնին ներքին գաւիթը, եւ այս դռները մեզի ի՞նչ կը յիշեցնեն։
8 Մինչ դուրսի գաւիթին մէկ կողմէն միւսը կը քալենք, կը տեսնենք որ երեք դռներ կան, որոնք ներքին գաւիթը կ’առաջնորդեն. ներսի դռները նոյն շարքի վրայ շարուած՝ դուրսի դռներուն չափն են։ (Եզեկիէլ 40։6, 20, 23, 24, 27) Միայն քահանաները կրնային ներքին գաւիթը մտնել։ Թէեւ ներսի դռները մեզի կը յիշեցնեն թէ օծեալները պէտք է աստուածային չափանիշներու եւ օրէնքներու գոհացում տան, սակայն բոլոր ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ նոյն չափանիշներով եւ օրէնքներով կ’առաջնորդուին։ Սակայն, քահանաներուն գործը ի՞նչ է եւ անիկա ներկայիս ի՞նչ նշանակութիւն ունի։
Հաւատարիմ Քահանայութիւն մը
9, 10. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ քահանայ դասակարգով պատկերացուած «թագաւորական քահանայութիւն»ը ի՞նչպէս հոգեւոր դաստիարակութիւն կու տայ։
9 Նախաքրիստոնէական ժամանակներուն, քահանաները ծանր կ’աշխատէին տաճարին մէջ։ Զոհուելիք անասունները մորթելը, զանոնք զոհասեղանին վրայ մատուցանելը եւ միւս քահանաներուն եւ ժողովուրդին ծառայելը ֆիզիքապէս յոգնեցուցիչ գործ մըն էր։ Բայց անոնք ուրիշ կարեւոր գործ մըն ալ ունէին։ Եհովա քահանաներուն նկատմամբ պատուիրեց. «Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն»։—Եզեկիէլ 44։23. Մաղաքեայ 2։7
10 Կը գնահատէ՞ք որպէս դասակարգ՝ «թագաւորական քահանայութիւն»՝ օծեալներուն կատարած ծանր գործը եւ հեզ ծառայութիւնը մաքուր պաշտամունքին ի նպաստ։ (Ա. Պետրոս 2։9) Վաղեմի ղեւտական քահանայութեան նման, անոնք հոգեւոր դաստիարակութիւն տալու մէջ առաջնորդութիւն առած են, մարդոց օգնելով որ հասկնան թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչ բան մաքուր եւ ընդունելի է, եւ ինչ բան՝ ոչ։ (Մատթէոս 24։45) Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած գրականութիւններու եւ քրիստոնէական ժողովներու ու համաժողովներու միջոցաւ տրուած այսպիսի դաստիարակութիւն, միլիոնաւոր մարդոց օգնած է, որ Աստուծոյ հետ հաշտուին։—Բ. Կորնթացիս 5։20
11. (ա) Եզեկիէլի տեսիլքը ի՞նչպէս կը շեշտէ որ քահանաները մաքուր պէտք է ըլլան։ (բ) Վերջին օրերուն, օծեալները ի՞նչպէս մաքրուած են հոգեւոր առումով։
11 Սակայն, քահանաները ուրիշներուն մաքրութիւն սորվեցնելէն աւելին պէտք է ընեն. նախ իրե՛նք մաքուր պէտք է ըլլան։ Անոր համար, Եզեկիէլ Իսրայէլի քահանաներուն համար զտումի գործողութիւն մը կանխատեսեց։ (Եզեկիէլ 44։10-16) Նոյն կերպով, պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ 1918–ին, Եհովա իր հոգեւոր տաճարին մէջ նստաւ որպէս «հալեցնող» եւ քննութեան ենթարկեց քահանայական օծեալ դասակարգը։ (Մաղաքեայ 3։1-5) Անոնք որոնք իրենց նախկին կռապաշտութենէն զղջացին կամ հոգեւորապէս մաքուր համարուեցան, իր հոգեւոր տաճարին մէջ ծառայութեան առանձնաշնորհումը շարունակելու արտօնութիւն ստացան։ Բայց ոեւէ մէկու նման, օծեալներէն ոմանք անհատապէս կրնան՝ հոգեւորապէս եւ բարոյապէս անմաքուր դառնալ։ (Եզեկիէլ 44։22, 25-27) Անոնք պէտք է ծանր աշխատին, որպէսզի իրենք զիրենք ‘անարատ պահեն աշխարհէն’։—Յակոբու 1։27. համեմատել՝ Մարկոս 7։20-23։
12. Ինչո՞ւ պէտք է գնահատենք օծեալներուն կատարած գործը։
12 Իւրաքանչիւրս կրնանք հարցնել. ‘Երկար տարիներու իրենց հաւատարիմ ծառայութեամբ, օծեալներուն ձգած օրինակը կը գնահատե՞մ։ Անոնց հաւատքը կ’ընդօրինակե՞մ’։ Լաւ է որ մեծ բազմութեան անդամները յիշեն որ օծեալները միշտ իրենց հետ պիտի չմնան երկրի վրայ։ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի քահանաներուն մասին, Եհովա ըսաւ. «Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք։ Անոնց կալուածը ես եմ»։ (Եզեկիէլ 44։28) Նոյն կերպով, օծեալները երկրի վրայ մնայուն տեղ մը չունին։ Անոնք երկնային ժառանգութիւն ունին. իսկ մինչ երկրի վրայ են, մեծ բազմութեան անդամներուն համար առանձնաշնորհում է անոնց նեցուկ կանգնիլ եւ զանոնք քաջալերել։—Մատթէոս 25։34-40. Ա. Պետրոս 1։3, 4
Իշխանը Ո՞վ Է
13, 14. (ա) Իշխանը ինչո՞ւ ուրիշ ոչխարներէն ըլլալու է։ (բ) Իշխանը զո՞վ կը պատկերացնէ։
13 Հիմա հետաքրքրաշարժ հարցում մը կը ծագի. զո՞վ կը ներկայացնէ իշխանը։ Քանի որ անոր մասին խօսուած է որպէս անհատ եւ որպէս խումբ, կրնանք եզրակացնել որ ան այր մարդոց դասակարգ մը կը ներկայացնէ։ (Եզեկիէլ 44։3. 45։8, 9) Բայց ո՞ր դասակարգը։ Վստահաբար ոչ օծեալ դասակարգը։ Տեսիլքին մէջ ան սերտօրէն կը գործակցի քահանաներուն հետ, բայց ինք քահանայ մը չէ։ Քահանայական դասին հակառակը, երկրէն ժառանգութիւն կը տրուի անոր, հետեւաբար ինք ոչ թէ երկնքի մէջ, այլ երկրի վրայ ապագայ մը ունի։ (Եզեկիէլ 48։21) Մանաւանդ որ Եզեկիէլ 46։10–ի մէջ կ’ըսէ. «Իշխանը անոնց [քահանայական դասին չպատկանող ցեղերուն] մտած ատենը անոնց հետ թող մտնէ [տաճարին դուրսի գաւիթը] ու անոնց ելած ատենը անոնց հետ թող ելլէ»։ Ան ներքին գաւիթը չի մտներ, այլ դուրսի գաւիթին մէջ պաշտամունք կը մատուցանէ, ժողովուրդին հետ տաճար մտնելով ու ելլելով։ Այս ազդակները, որոշապէս իշխան դասակարգը կը դնեն ուրիշ ոչխարներու մեծ բազմութեան մէջ։
14 Որոշ է ուրեմն, որ իշխանը կարգ մը պատասխանատուութիւններ ունի Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ։ Դուրսի գաւիթին մէջ, ան Արեւելեան Դրան նախագաւիթին մէջ կը նստի։ (Եզեկիէլ 44։2, 3) Ասիկա վերատեսչական դիրք մը կը թելադրէ, Իսրայէլի երէցներուն նման, որոնք քաղաքին դուռը կը նստէին՝ դատեր վարելու համար։ (Հռութայ 4։1-12. Առակաց 22։22) Ուրիշ ոչխարներուն մէջէն ներկայիս որո՞նք վերատեսչութեան պաշտօն կը վարեն։ Մեծ բազմութեան մէջէն հոգիէն նշանակուած երէցներ, որոնք երկրային յոյս ունին։ (Գործք 20։28) Ուստի, իշխան դասակարգը հիմա կը մարզուի, նոր աշխարհին մէջ վարչական հանգամանքով ծառայելու ակնկալութեամբ։
15. (ա) Եզեկիէլի տեսիլքը ի՞նչպէս լոյս կը սփռէ մեծ բազմութենէն ու օծեալ քահանայական դասակարգէն եղող երէցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութեան վրայ։ (բ) Օծեալ երէցները ի՞նչ առաջնորդութիւն ստանձնած են Աստուծոյ երկրային կազմակերպութեան մէջ։
15 Սակայն, ներկայիս ի՞նչպիսի յարաբերութիւն գոյութիւն ունի քահանայական օծեալ դասակարգին եւ վերատեսչութեան դիրքերու վրայ ծառայող մեծ բազմութեան մաս կազմող այս երէցներուն միջեւ։ Եզեկիէլի տեսիլքը կը թելադրէ որ մեծ բազմութեան անդամներ եղող այդ երէցները, աջակցող եւ ստորադաս դեր մը ունին, մինչդեռ հոգեւոր հարցերու մէջ օծեալները կ’առնեն առաջնորդութիւնը։ Ի՞նչպէս։ Յիշեցէք որ տեսիլքին մէջ քահանաներուն պատասխանատուութիւն տրուեցաւ, որ հոգեւոր հարցերու մէջ ժողովուրդին սորվեցնեն։ Անոնց ըսուած էր նաեւ որ դատերու մէջ դատաւորներու դեր կատարեն։ Ասկէ զատ, Ղեւտացիները տաճարին դռներուն ‘վերահսկութիւն ընելու’ նշանակում ունէին։ (Եզեկիէլ 44։11, 23, 24, ՆԱ) Որոշ է որ իշխանը պէտք էր ենթարկուէր քահանաներուն հոգեւոր սպասարկութիւններուն եւ առաջնորդութեան։ Տեղին է ուրեմն, որ արդի ժամանակներուն, օծեալները մաքուր պաշտամունքին գլուխը անցած են։ Օրինակ, Եհովայի Վկաներու Կառավարիչ Մարմինին անդամները անոնց մէջէն ընտրուած են։ Այսպիսի հաւատարիմ օծեալ երէցներ տասնեակ տարիներէ ի վեր կը մարզեն մէջտեղ եկող իշխան դասակարգը, այս դասակարգին ապագացու անդամները պատրաստելով այն օրուան համար, երբ Աստուծոյ գալիք նոր աշխարհին մէջ լիարժէք հեղինակութիւն պիտի տրուի անոնց։
16. Ըստ Եսայեայ 32։1, 2–ի, բոլոր երէցներն ալ ի՞նչպէս պէտք է վարուին։
16 Այս ապագացու անդամները ի՞նչպիսի տեսուչներ են, որոնց՝ որպէս իշխան դասակարգ, պիտի յանձնուի աւելի ընդարձակ պատասխանատուութիւններ։ Եսայեայ 32։1, 2–ի մէջ գտնուած մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Ահա թագաւոր մը արդարութեամբ պիտի թագաւորէ ու իշխանները իրաւունքով պիտի իշխեն։ Այս մարդը [կամ՝ ամէն մէկը] հովին դէմ դնող պատսպարանի պէս ու փոթորիկին դէմ դնող ծածկոցի պէս, չոր տեղը՝ ջուրի վտակներու պէս եւ ծարաւուտ երկրի մէջ մեծ ապառաժի մը հովանիին պէս պիտի ըլլայ»։ Այս մարգարէութիւնը ներկայիս կը կատարուի, երբ Քրիստոնեայ երէցները՝ ըլլան օծեալներ թէ ուրիշ ոչխարներ՝ հօտը հալածանքի եւ յուսահատութեան նման «փոթորիկ»ներէն կը պաշտպանեն։
17. Քրիստոնեայ հովիւները իրենք զիրենք ի՞նչպէս պէտք է նկատեն, իսկ հօտը ի՞նչպէս պէտք է նկատէ զիրենք։
17 Հոս «իշխան» բառը մարդիկը բարձրացնելու նպատակաւ տրուած տիտղոս մը չէ։ Այլ ցոյց կու տայ այն պատասխանատուութիւնը որ այս մարդիկը պէտք է կրեն, Աստուծոյ ոչխարներուն հոգ տանելու համար։ Եհովա խստօրէն ազդարարեց. «Ա՛լ հերիք է ձեզի, ո՛վ Իսրայէլի իշխաններ։ Զրկանքն ու յափշտակութիւնը վերցուցէ՛ք եւ իրաւունք ու արդարութիւն ըրէ՛ք»։ (Եզեկիէլ 45։9) Լաւ է որ բոլոր երէցները ներկայիս այս խրատին անսան։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Իսկ հօտը իր կարգին, կը գիտակցի որ Յիսուս այս հովիւները որպէս «պարգեւներ» տուած է։ (Եփեսացիս 4։8) Անոնց որակումները Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին մէջ տրուած են։ (Ա. Տիմոթէոս 3։1-7. Տիտոս 1։5-9) Հետեւաբար, Քրիստոնեաներ երէցներուն առաջնորդութեան կը հետեւին։—Եբրայեցիս 13։7
18. Ներկայիս, ապագացու իշխան դասակարգին կարգ մը պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են, իսկ ապագային ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր պատասխանատուութիւնը։
18 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, կարգ մը իշխաններ աւելի մեծ հեղինակութիւն ունէին քան ուրիշներ։ Ներկայիս, մեծ բազմութենէն եղող երէցներ իրարմէ մեծապէս տարբեր պատասխանատուութիւններ ունին։ Ոմանք մէկ ժողովքի մէջ կը ծառայեն. ուրիշներ որպէս ճամբորդող տեսուչներ բազմաթիւ ժողովքներու կը ծառայեն. ուրիշներ ամբողջ երկրի մը կը ծառայեն, որպէս Մասնաճիւղի Յանձնախումբի անդամներ. տակաւին ուրիշներ Կառավարիչ Մարմինին տարբեր յանձնախումբերուն ուղղակիօրէն կ’օգնեն։ Նոր աշխարհին մէջ, Յիսուս «բոլոր երկրի մէջ իշխաններ» պիտի նշանակէ, որպէսզի երկրի վրայ Եհովայի երկրպագուներուն մէջ գլխաւորութիւն ստանձնեն։ (Սաղմոս 45։16) Անկասկած, ան ներկայիս հաւատարիմ երէցներուն մէջէն պիտի ընտրէ այդ իշխաններէն շատերը։ Քանի որ այս մարդիկը հիմակուընէ կը փաստեն իրենց որակումները, Յիսուս անոնցմէ շատերուն աւելի մեծ առանձնաշնորհումներ պիտի տայ ապագային, երբ նոր աշխարհին մէջ իշխան դասակարգին դերը բացայայտէ։
Ներկայիս Աստուծոյ Ժողովուրդին Երկիրը
19. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի երկիրը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
19 Եզեկիէլի տեսիլքը նաեւ կը նկարագրէ Իսրայէլի վերահաստատուած երկիրը։ Տեսիլքին այս երեսակը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Վերահաստատման ուրիշ մարգարէութիւններ կը նախագուշակէին որ երկիրը՝ Իսրայէլը, Եդեմի նման դրախտ մը պիտի ըլլար։ (Եզեկիէլ 36։34, 35) Ներկայիս մենք վերահաստատուած «երկիր» մը ունինք, եւ առումով մը անիկա ալ եդեմական է։ Նոյն կերպով, յաճախ կը խօսինք մեր հոգեւոր դրախտին մասին։ Դիտարան–ը մեր «երկիր»ը նկարագրած է որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդին «գործունէութեան ծիրը»։b Եհովայի ծառայ մը ո՛ւր որ ալ գտնուի, ան այդ վերահաստատուած երկրին մէջ է, այնքան ատեն որ Քրիստոս Յիսուսի քայլերուն հետեւելով ճշմարիտ պաշտամունքին սատար կը կանգնի։—Ա. Պետրոս 2։21
20. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի «սուրբ ընծայ»ին սկզբունքէն ի՞նչ կը սորվինք, եւ ի՞նչպէս կրնանք այդ սկզբունքը կիրարկել։
20 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել այդ հողաշերտին մասին, որ կոչուած էր «սուրբ ընծայ»։ Ժողովուրդը զայն ընծայած էր, քահանայութեան ու քաղաքին նեցուկ կանգնելու համար։ Նոյն կերպով, «երկրին բոլոր ժողովուրդը» հողաշերտ մը պէտք էր ընծայէր իշխանին։ Ասիկա ներկայիս ի՞նչ կը նշանակէ։ Անշուշտ չի նշանակեր որ Աստուծոյ ժողովուրդը կղեր դասակարգի ամսական վճարելու բեռին տակ պիտի գայ։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։8) Փոխարէն, երէցներուն տրուած օգնութիւնը գլխաւորաբար հոգեւոր է. անոր մէջ կ’իյնայ ներկայիս կատարուած գործին օգնել եւ աջակցող, հնազանդ հոգի մը ցուցաբերել։ Այո, Եզեկիէլի օրերուն նման, այս ընծան «Եհովայի» կը տրուի եւ ոչ թէ ոեւէ անհատի։—Եզեկիէլ 45։1, 7, 16, ՆԱ։
21. Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի երկրին բաժանումէն ի՞նչ կը սորվինք։
21 Այս վերահաստատուած երկրին մէջ միայն իշխանը եւ քահանաները չեն որ նշանակուած տեղ մը ունին։ Երկրին բաժանումէն յայտնի կ’ըլլայ թէ 12 ցեղերէն իւրաքանչիւրը ապահով ժառանգութիւն մը ունի։ (Եզեկիէլ 47։13, 22, 23) Ուստի, մեծ բազմութեան անդամները ո՛չ միայն ներկայիս հոգեւոր դրախտին մէջ տեղ մը ունին, այլ նաեւ, երբ Աստուծոյ Թագաւորութեան երկրային ծիրին մէջ տեղ մը ժառանգեն, իրենց ալ հողաշերտ մը պիտի նշանակուի։
22. (ա) Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի քաղաքը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ (բ) Քաղաքը բոլոր կողմերէն դռներ ունենալը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
22 Վերջապէս, տեսիլքին մէջի քաղաքը ի՞նչ կը ներկայացնէ։ Անիկա երկնային քաղաք մը չէ, քանի որ անիկա «անսուրբ» հողաշերտին մէջտեղը կը գտնուի։ (Եզեկիէլ 48։15-17) Ուստի, անիկա երկրային բան մը պէտք է ըլլայ։ Լաւ, ի՞նչ է քաղաք մը։ Անիկա իրարու քով հաւաքուած եւ կազմակերպուած խումբ մը կազմելու գաղափարը չի՞ հաղորդեր։ Այո՛։ Հետեւաբար, այնպէս կը թուի որ քաղաքը կը պատկերացնէ երկրային վարչութիւնը, որմէ կ’օգտուին երկրային արդար ընկերութեան բոլոր պատկանողները։ Անիկա լիարժէք կերպով պիտի գործէ գալիք ‘նոր երկրին’ մէջ։ (Բ. Պետրոս 3։13) Քաղաքը ամէն կողմերէն՝ իւրաքանչիւր ցեղի համար դուռ ունենալը, լաւ կերպով կը պատկերացնէ որ անիկա բաց է։ Ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդը գաղտագողի, ծածուկ վարչութեան մը ներքեւ չէ։ Պատասխանատու եղբայրները դիւրամերձ պէտք է ըլլան. զանոնք առաջնորդող սկզբունքները բոլորին ծանօթ են։ Այն իրողութիւնը թէ բոլոր ցեղերու պատկանող մարդիկ քաղաքին նեցուկ կանգնող հողաշերտը կը մշակեն, մեզի կը յիշեցնէ թէ ինչպէս ուրիշ ոչխարները սատար կը կանգնին՝ նոյնիսկ նիւթական գետնի վրայ՝ համայն աշխարհի Աստուծոյ ժողովուրդին համար եղած վարչական կարգադրութիւններուն։—Եզեկիէլ 48։19, 30-34
23. Յաջորդ յօդուածին մէջ ի՞նչ բաներ նկատի պիտի առնենք։
23 Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել տաճարին սրբարանէն հոսող գետին մասին։ Անիկա ներկայիս եւ գալիք ապագային ի՞նչ կը ներկայացնէ. ասիկա այս շարքին երրորդ եւ վերջին յօդուածին նիւթը պիտի կազմէ։
[Ստորանիշ]
a Տես՝ Յայտնութիւն—Անոր Հոյակապ Յանգումը Մօտ Է գրքին 64–րդ էջին 22–րդ պարբերութիւնը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
Վերաքաղի Կէտեր
◻ Եզեկիէլի տեսիլքի տաճարը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
◻ Տաճարին մէջ ծառայող քահանաները ի՞նչ կը ներկայացնեն։
◻ Իշխան դասակարգը ի՞նչ է, եւ անոր կարգ մը պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։
◻ Եզեկիէլի տեսիլքին մէջի երկիրը ի՞նչ է, եւ անիկա ի՞նչ առումով 12 ցեղերուն միջեւ կը բաժնուի։
◻ Քաղաքը ի՞նչ կը պատկերացնէ։
[Գծապատկեր/Քարտէս՝ էջ 25]
(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)
Եզեկիէլի տեսիլքին մէջ նկարագրուած՝ երկրին բաժանումը
ՏԱՍՆԸԵՐԿՈՒ ՑԵՂԵՐԸ
Մեծ Ծովը
Գալիլիոյ Ծով
Յորդանան Գետ
Մեռեալ Ծով
ԴԱՆ
ԱՍԵՐ
ՆԵՓԹԱՂԻՄ
ՄԱՆԱՍԷ
ԵՓՐԵՄ
ՌՈՒԲԷՆ
ՅՈՒԴԱ
ԻՇԽԱՆԸ
ԲԵՆԻԱՄԻՆ
ՇՄԱՒՈՆ
ԻՍԱՔԱՐ
ԶԱԲՈՒՂՈՆ
ԳԱԴ
[Գծապատկեր]
ՍՈՒՐԲ ԸՆԾԱՅԻՆ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄԸ
Ա. «Եհովա Հոն Է» (Եհովաշամա). Բ. քաղաքին մշակուած հողը
Ղեւտացիներու Բաժինը
Եհովայի Սրբարանը
Քահանաներու Բաժինը
Բ Ա Բ