Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ99 9/15 էջ 16-21
  • Արդեօք Եհովա շա՞տ կը պահանջէ մեզմէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արդեօք Եհովա շա՞տ կը պահանջէ մեզմէ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա Ի՛նչ Պահանջեց Անցեալին
  • Իսրայէլի Տուած Եհովայի Օրէնքը
  • Եհովայի Օրէնքը Բե՞ռ մըն Էր
  • Եհովա Իրապէս Ի՛նչ կը Պահանջէ
  • Անիկա Շատ Չէ
  • Աղջնակի մը համարձակութիւնը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Եհովա ի՞նչ կը պահանջէ մեզմէ՝ ներկայիս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
  • Օրէնքը՝ Քրիստոսէ առաջ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
դ99 9/15 էջ 16-21

Արդեօք Եհովա շա՞տ կը պահանջէ մեզմէ

«Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—ՄԻՔԻԱՅ 6։8

1. Ի՞նչ կրնայ ըլլալ պատճառը թէ ոմանք Եհովայի չեն ծառայեր։

ԵՀՈՎԱ իր ծառաներէն բան մը կը պահանջէ։ Բայց Միքիայի մարգարէութենէն մէջբերուած վերոյիշեալ խօսքերը կարդալէ ետք, կրնաք իրապէս եզրակացնել որ Աստուծոյ պահանջները տրամաբանական են։ Այսուհանդերձ, շատեր չեն ծառայեր մեր Հոյակապ Ստեղծիչին, իսկ ոմանք որ ատեն մը կը ծառայէին, հիմա դադրած են ծառայելէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կը խորհին թէ Աստուած շա՛տ բան կը պահանջէ մեզմէ։ Ասիկա ճի՞շդ է արդեօք, թէ ոչ Եհովայի պահանջներուն նկատմամբ անհատին մտավիճակին մէջ սխալ մը կայ։ Պատմական տեղեկութիւնը թոյլ կու տայ որ այս հարցը աւելի լաւ ըմբռնենք։

2. Նէեման ո՞վ էր, եւ Եհովայի մարգարէն իրեն ի՞նչ ըսաւ որ ընէ։

2 Նէեման՝ Ասորիներու զօրագլուխը, բորոտութեամբ զարնուած էր, բայց իրեն խորհուրդ տրուեցաւ որ Իսրայէլի մէջ մարգարէ մը կար որ կրնար բուժել զինք։ Ուստի, Նէեման իր անձնակազմով Իսրայէլ գնաց եւ վերջապէս Աստուծոյ մարգարէին՝ Եղիսէի, բնակարանը հասաւ։ Փոխանակ իր յարգարժան այցելուին բարի գալուստ մաղթելու համար տունէն դուրս գալու, Եղիսէ ծառայ մը ղրկեց, Նէեմանի հետեւեալը ըսելու համար. «Գնա՛ Յորդանանի մէջ եօթը անգամ լուացուէ՛. մարմինդ քեզի պիտի դառնայ ու պիտի մաքրուիս»։—Դ. Թագաւորաց 5։10

3. Նէեման սկիզբը ինչո՞ւ մերժեց ընել Եհովայի պահանջածը։

3 Եթէ Նէեման Աստուծոյ մարգարէին տուած պատուէրին զիջէր, իր զզուելի հիւանդութենէն պիտի բուժուէր։ Ուստի, Եհովայի պահանջածը շա՞տ բան մըն էր։ Իրապէս՝ ո՛չ։ Բայց Նէեման Եհովայի պահանջածը ընելու տրամադիր չէր։ «Դամասկոսի Աբանա ու Փարփար գետերը Իսրայէլի բոլոր ջուրերէն աղէկ չե՞ն», բողոքեց ան։ «Միթէ չե՞մ կրնար անոնց մէջ լուացուիլ ու մաքրուիլ»։ Ասոր վրայ, Նէեման ցասումով հեռացաւ։—Դ. Թագաւորաց 5։12

4, 5. (ա) Նէեմանի հնազանդութիւնը ի՞նչպէս վարձատրուեցաւ եւ ան ի՛նչպէս ընդառաջեց։ (բ) Հիմա ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

4 Իրականութեան մէջ ի՞նչ էր Նէեմանի խնդիրը։ Հարցը այն չէր որ պահանջուածը շատ դժուար բան մըն էր։ Անոր ծառաները փափկանկատութեամբ անոր ըսին. «Եթէ մարգարէն քեզի մեծ բան մը ըսէր՝ պիտի չընէի՞ր. ո՞ւր մնաց որ անիկա քեզի ‘Լուացուէ ու պիտի մաքրուիս’, ըսաւ»։ (Դ. Թագաւորաց 5։13) Խնդիրը Նէեմանի մտավիճակն էր։ Ան խորհեցաւ որ իրեն հետ յարգարժան կերպով չվարուեցան եւ թէ իրմէ պահանջուեցաւ ընել բան մը, որ երեւութապէս անազդեցիկ կամ նուաստացուցիչ թուեցաւ իրեն։ Այսուհանդերձ, Նէեման ընդառաջեց իր ծառաներուն փափկանկատութեամբ տուած խրատին եւ եօթը անգամ Յորդանան Գետին մէջ մխրճուեցաւ։ Երեւակայեցէ՛ք անոր ուրախութիւնը, երբ «անոր մարմինը պզտիկ տղու մը մարմնին պէս եղաւ ու մաքրուեցաւ»։ Անոր սիրտը երախտագիտութեամբ լեցուեցաւ։ Ասկէ զատ, Նէեման ըսաւ որ այլեւս Եհովայէն զատ ուրիշ աստուած պիտի չպաշտէր։—Դ. Թագաւորաց 5։14-17

5 Մարդկային պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, Եհովա մարդոցմէ պահանջած է որ տարբեր հրահանգներու ենթարկուին։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ անոնցմէ քանի մը հատը նկատի առնէք։ Մինչ ասիկա կ’ընէք, դուք ձեզի հարց տուէք, որ եթէ ձեզմէ այսպիսի բան մը պահանջուէր, ի՛նչպէս պիտի ընդառաջէիք։ Յետոյ, պիտի քննենք թէ այսօր Եհովա մեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։

Եհովա Ի՛նչ Պահանջեց Անցեալին

6. Մարդկային առաջին զոյգէն ի՞նչ պահանջուեցաւ, եւ եթէ դուք ըլլայիք, ի՞նչպէս պիտի ընդառաջէիք այսպիսի պատուէրի մը։

6 Եհովա մարդկային առաջին զոյգին՝ Ադամի ու Եւայի, պատուէր տուաւ որ զաւակներ մեծցնեն, երկրին տիրեն, եւ անասնական կեանքը իրենց տիրապետութեան ներքեւ պահեն։ Մարդուն ու կնկան ընդարձակ պարտիզանման բնակարան մըն ալ տրուած էր։ (Ծննդոց 1։27, 28. 2։9-15) Բայց արգելք մը դրուած էր։ Եդեմի պարտէզին մէջ բազմաթիւ ծառերէն որոշ ծառ մը կար, որմէ պէտք չէր ուտէին։ (Ծննդոց 2։16, 17) Ասիկա շատ մեծ պահանջ մը չէր, այդպէս չէ՞։ Եթէ դուք ըլլայիք, կատարեալ առողջութեամբ յաւիտեան ապրելու հեռանկարով այսպիսի նշանակում մը ուրախութեամբ պիտի չկատարէի՞ք։ Նոյնիսկ երբ փորձիչ մը երեւան գար պարտէզին մէջ, անոր առարկութիւնները պիտի չմերժէի՞ք։ Իսկ, համաձայն պիտի չգտնուէի՞ք որ Եհովա արգելիչ օրէնք մը դնելու իրաւունքը ունի։—Ծննդոց 3։1-5

7. (ա) Նոյի ի՞նչ նշանակում տրուեցաւ եւ ան ի՛նչ հակառակութիւն դիմակալեց։ (բ) Նոյէն Եհովայի պահանջածը ի՞նչպէս կը նկատէք։

7 Հետագային, Եհովա Նոյին պատուէր տուաւ որ տապան մը շինէ, որպէսզի համերկրային ջրհեղեղէ մը վերապրի։ Քանի որ հսկայ տապան մը պիտի ըլլար, անիկա դիւրին գործ մը չէր, մանաւանդ որ հաւանաբար շատ ծաղրանքի եւ հակառակութեան պիտի հանդիպէր։ Սակայն, Նոյի համար որքա՜ն մեծ առանձնաշնորհում մըն էր իր ընտանիքը փրկել, չըսելու համար՝ նաեւ բազմաթիւ անասուններ։ (Ծննդոց 6։1-8, 14-16. Եբրայեցիս 11։7. Բ. Պետրոս 2։5) Եթէ ձեզի տրուէր այսպիսի նշանակում մը, ծանր պիտի աշխատէի՞ք, զայն իրագործելու համար. թէ ոչ պիտի եզրակացնէիք որ Եհովա շա՛տ կը պահանջէ ձեզմէ։

8. Աբրահամէն ի՞նչ պահանջուեցաւ, եւ անոր ենթարկուելով ան ի՞նչ բանի որպէս պատկեր ծառայեց։

8 Աստուած Աբրահամէն շա՛տ դժուար բան մը խնդրեց, երբ անոր ըսաւ. «Հիմա քու սիրած մէկ հատիկ որդիդ Իսահակը առ ու Մօրիայի երկիրը գնա եւ հոն զանիկա ողջակէզ ըրէ լեռներէն մէկուն վրայ»։ (Ծննդոց 22։2) Քանի որ Եհովա խոստացած էր որ տակաւին անզաւակ եղող Իսահակ սերունդ պիտի ունենար, Իսահակը ետ կեանքի բերելու Աստուծոյ կարողութեան վրայ Աբրահամի հաւատքը փորձի ենթարկուեցաւ։ Երբ Աբրահամ կը փորձէր Իսահակը զոհել, Աստուած պահպանեց երիտասարդին կեանքը։ Այս դէպքը կը պատկերացնէր որ Աստուած իր իսկ Որդին մարդկութեան համար պիտի մատուցանէր, ապա պիտի յարուցանէր զայն։—Ծննդոց 17։19. 22։9-18. Յովհաննու 3։16. Գործք 2։23, 24, 29-32. Եբրայեցիս 11։17-19

9. Աբրահամէն Եհովայի պահանջածը ինչո՞ւ շատ մեծ բան մը չէր։

9 Ոմանք կրնան խորհիլ որ Եհովա Աստուած շա՛տ մեծ բան պահանջեց Աբրահամէն։ Բայց ասիկա ճի՞շդ է։ Արդեօք մեռելները յարուցանելու կարողութիւն ունեցող մեր Ստեղծիչին կողմէ անսիրալիր բա՞ն մըն է մեզմէ պահանջել որ իրեն հնազանդ ըլլանք, եթէ նոյնիսկ անոր պատճառաւ ժամանակաւորապէս մահուան քունի մէջ պիտի մնանք։ Յիսուս Քրիստոս եւ իր նախկին հետեւորդները այդպէս չխորհեցան։ Անոնք Աստուծոյ կամքը կատարելու համար յօժար էին ֆիզիքական նախատինք կրելու, նոյնիսկ մահանալու։ (Յովհաննու 10։11, 17, 18. Գործք 5։40-42. 21։13) Եթէ պարագաները այսպիսի բան մը պահանջէին ձեզմէ, նոյնպէս պիտի վարուէի՞ք։ Հիմա նկատի առէք կարգ մը բաներ, զորս Եհովա պահանջեց անոնցմէ որոնք յօժարեցան իր ժողովուրդը ըլլալ։

Իսրայէլի Տուած Եհովայի Օրէնքը

10. Որո՞նք խոստացան Եհովայի բոլոր պահանջածը ընել, եւ ան ի՞նչ տուաւ անոնց։

10 Իր որդւոյն՝ Իսահակէ եւ իր թոռան՝ Յակոբէ կամ Իսրայէլէ սերած Աբրահամի սերունդը մեծցաւ ու Իսրայէլ ազգը կազմեց։ Եհովա Իսրայելացիները Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրեց։ (Ծննդոց 32։28. 46։1-3. Բ. Թագաւորաց 7։23, 24) Անկէ անմիջապէս ետք, անոնք խոստացան ընել այն ինչ որ Աստուած կը պահանջէր իրենցմէ։ Անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք»։ (Ելից 19։8) Իր կողմէ կառավարուելու Իսրայելացիներուն ցանկութեան ընդառաջելով, Եհովա աւելի քան 600 օրէնքներ տուաւ այդ ազգին, մէջը ըլլալով Տասը Պատուիրանները։ Ժամանակի ընթացքին, Մովսէսի միջոցաւ տրուած Աստուծոյ այս օրէնքները պարզապէս ճանչցուեցան որպէս Օրէնքը։—Եզրասայ 7։6. Ղուկաս 10։25-27. Յովհաննու 1։17

11. Օրէնքին նպատակներէն մէկը ի՞նչ էր, եւ այդ նպատակը իրագործելու համար դրուած կանոններէն ոմանք ի՞նչ էին։

11 Օրէնքին նպատակներէն մէկն էր Իսրայելացիները պաշտպանել, անոնց տալով օգտակար կանոններ, սեռային բարոյականութեան, առեւտրական գործառնութեանց եւ զաւկի հոգատարութեան նման հարցերու շուրջ։ (Ելից 20։14. Ղեւտացւոց 18։6-18, 22-24. 19։35, 36. Բ. Օրինաց 6։6-9) Կանոններ տրուած էին մարդ արարածին, ինչպէս նաեւ անասուններուն հետ ի՛նչպէս վարուելու մասին։ (Ղեւտացւոց 19։18. Բ. Օրինաց 22։4, 10) Տարեկան տօնախմբութիւններուն եւ պաշտամունքի համար հաւաքուելու հետ առնչուող պահանջները, ժողովուրդին հոգեւորականութիւնը պահպանելու նպաստեցին։—Ղեւտացւոց 23։1-43. Բ. Օրինաց 31։10-13

12. Օրէնքին գլխաւոր նպատակը ի՞նչ էր։

12 Օրէնքի գլխաւոր նպատակին ակնարկութիւն ըրած է Պօղոս առաքեալ, որ գրեց. «Օրէնքը աւելցաւ յանցանքը յայտնելու համար, մինչեւ գայ այն սերունդը՝ [Քրիստոս] որուն խոստացուեր էր»։ (Գաղատացիս 3։19) Օրէնքը Իսրայելացիներուն վերյիշեցուց որ անկատար էին։ Ուստի, տրամաբանօրէն կատարեալ զոհի մը կարիքը ունէին, որ կարենար իրենց մեղքերը ամբողջովին վերցնել։ (Եբրայեցիս 10։1-4) Ուստի, Օրէնքին նպատակն էր ժողովուրդը պատրաստել որ ընդունին Յիսուսը, որ Մեսիան կամ Քրիստոսն էր։ Պօղոս գրեց. «Օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէս զի մենք հաւատքով արդարանանք»։—Գաղատացիս 3։24

Եհովայի Օրէնքը Բե՞ռ մըն Էր

13. (ա) Անկատար մարդիկ ի՞նչպէս նկատեցին Օրէնքը եւ ինչո՛ւ։ (բ) Օրէնքը իրապէս բե՞ռ մըն էր։

13 Թէեւ Օրէնքը «սուրբ եւ արդար ու բարի» էր, շատեր զայն բեռ նկատեցին։ (Հռովմայեցիս 7։12) Քանի որ Օրէնքը կատարեալ էր, Իսրայելացիները չէին կրնար անոր բարձր չափանիշներուն գոհացում տալ։ (Սաղմոս 19։7) Անոր համար Պետրոս առաքեալ զայն կոչեց «այնպիսի լուծ մը . . . որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կրցանք վերցնել»։ (Գործք 15։10) Անշուշտ Օրէնքը ինքնին բեռ չէր եւ անոր հնազանդիլը ժողովուրդին օգտին կը ծառայէր։

14. Կարգ մը օրինակներ տուէք, որոնք ցոյց կու տան թէ Օրէնքը մեծապէս օգտակար եղաւ Իսրայելացիներուն։

14 Օրէնքին ներքեւ, զոր օրինակ, գող մը չէր բանտարկուեր, այլ պէտք էր աշխատէր, որպէսզի իր գողցած բանին կրկինը կամ աւելին վճարէր։ Այս կերպով զոհ գացած անհատը չէր տուժեր, ոչ ալ ծանր աշխատող ժողովուրդին վրայ աւելորդ բեռ կը դրուէր, որպէսզի բանտային դրութեան նեցուկ կանգնէր։ (Ելից 22։1, 3, 4, 7) Անապահով ուտելիքը արգիլուած էր։ Խոզին միսը եթէ լաւ եփած չըլլայ, կրնայ ձարակախտ պատճառել, իսկ նապաստակինը՝ ճագարաջերմ։ (Ղեւտացւոց 11։4-12) Նոյն կերպով, դիակներու դպչիլը արգիլելով, Օրէնքը որպէս պաշտպանութիւն կը ծառայէր։ Անհատ մը եթէ դիակի մը դպչէր, պահանջուած էր որ ան իր մարմինը, ինչպէս նաեւ հագուստները լուար։ (Ղեւտացւոց 11։31-36. Թուոց 19։11-22) Կղկղանքը պէտք էր թաղուէր. ասիկա ժողովուրդը կը պաշտպանէր մանրէներու տարածման դէմ, որոնց գոյութիւնը գիտնականները միայն վերջին դարերուն երեւան հանեցին։—Բ. Օրինաց 23։13

15. Ի՞նչ բան բեռ մը եղաւ Իսրայելացիներուն համար։

15 Օրէնքը շատ բան չէր պահանջեր ժողովուրդէն։ Բայց նոյնը չենք կրնար ըսել այն մարդոց մասին, որոնք Օրէնքը մեկնելու դերը ստանձնած էին։ Անոնց պարտադրած կանոններուն առնչութեամբ, Ճէյմս Հէսթինկի կողմէ հրատարակուած՝ Աստուածաշունչի Բառարան–ը (Անգլերէն) կը նշէ. «Սուրբ գրային իւրաքանչիւր պատուիրան աւելի պզտիկ կանոններու ցանցով մը շրջապատուած էր։ . . . Ջանք թափուած էր որ մարդուն մտքէն անցած որեւէ պարագայ Օրէնքին տեսադաշտով դիտուէր, եւ անողոք տրամաբանութեամբ մը, մարդոց ամբողջ վարմունքը կամայական խիստ կանոններու ենթարկել։ . . . Խղճի ձայնը լռեցուցած էին. դուրսէն եկած կանոններու զանգուածին ներքեւ, աստուածային խօսքին կենդանի ազդեցութիւնը չէզոքացուած էր»։

16. Յիսուս ի՞նչ ըսաւ կրօնական առաջնորդներուն դրած ծանր կանոններուն եւ աւանդութիւններուն մասին։

16 Յիսուս Քրիստոս, կանոններու շարան մը դրած կրօնական առաջնորդները դատապարտեց, ըսելով. «Ծանր եւ տանելու դժուար բեռներ կը կապեն ու կը դնեն մարդոց ուսերուն վրայ եւ իրենց մատովը չեն ուզեր զանոնք շարժել»։ (Մատթէոս 23։2, 4) Ան շեշտակիօրէն ցոյց տուաւ որ իրենց բեռան նման մարդակերտ կանոններն ու աւանդութիւնները, մէջը ըլլալով մեծ խնամքով կատարուած մաքրական արարողութիւնները, ‘Աստուծոյ խօսքը կը խափանէին’։ (Մարկոս 7։1-13. Մատթէոս 23։13, 24-26) Յիսուս երկիր գալէն առաջ իսկ, Իսրայէլի կրօնական ուսուցիչները Եհովայի պահանջները խեղաթիւրած էին։

Եհովա Իրապէս Ի՛նչ կը Պահանջէ

17. Եհովա ինչո՞ւ անհաւատ Իսրայելացիներու զոհերը չհաւնեցաւ։

17 Եսայի մարգարէին միջոցաւ, Եհովա ըսաւ. «Ձեր խոյերուն ողջակէզներէն ու պարարտ անասուններուն ճարպէն կշտացած եմ։ Եւ զուարակներուն ու գառներուն եւ նոխազներուն արիւնները չեմ ուզեր»։ (Եսայեայ 1։10, 11) Աստուած ինչո՞ւ չէր հաւներ այս զոհերը, զորս ինք պահանջած էր Օրէնքին մէջ։ (Ղեւտացւոց 1։1–4։35) Քանի որ ժողովուրդը անյարգալից կերպով կը վարուէին իրեն հետ։ Ուստի, անոնց հետեւեալ խրատը տրուեցաւ. «Լուացուեցէ՛ք, մաքրուեցէ՛ք, իմ աչքերուս առջեւէն ձեր չար գործերը մէկդի՛ ըրէք, չարութիւն գործելէ դադրեցէ՛ք. բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք»։ (Եսայեայ 1։16, 17) Ասիկա մեզի չ’օգնե՞ր որ գիտնանք թէ Եհովա ի՛նչ կը պահանջէ իր ծառաներէն։

18. Եհովա իրապէս ի՞նչ կը պահանջէր Իսրայելացիներէն։

18 Յիսուս ցոյց տուաւ որ Աստուած իրապէս ի՛նչ կ’ուզէր։ Ասիկա ըրաւ, երբ իրեն հարցուցին՝ «Ո՞ր պատուիրանքը մեծ է օրէնքին մէջ»։ Յիսուս պատասխանեց. «‘Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ’։ Այս է առաջին ու մեծ պատուիրանքը։ Ու երկրորդը՝ ասոր նման. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Այս երկու պատուիրանքէն կախուած են բոլոր օրէնքը եւ մարգարէները»։ (Մատթէոս 22։36-40. Ղեւտացւոց 19։18. Բ. Օրինաց 6։4-6) Մովսէս մարգարէն նոյն կէտը շեշտեց, երբ հարցուց. «Քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել»։—Բ. Օրինաց 10։12, 13. 15։7, 8

19. Իսրայելացիները ի՞նչպէս ջանացին սուրբ երեւիլ, բայց Եհովա ի՞նչ ըսաւ իրենց։

19 Յանցագործ ըլլալով հանդերձ, Իսրայելացիները կ’ուզէին սուրբ երեւիլ։ Թէեւ Օրէնքը միայն տարեկան Քաւութեան Օրը ծոմ պահել կը պահանջէր, անոնք սկսան յաճախ ծոմ պահել։ (Ղեւտացւոց 16։30, 31) Բայց Եհովա զանոնք յանդիմանեց, ըսելով. «Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը, թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը ու մարմինդ անտեսելն է»։—Եսայեայ 58։3-7

20. Յիսուս ի՞նչ բանին համար յանդիմանեց կրօնական կեղծաւորները։

20 Այս ինքնարդար Իսրայելացիները կրօնական կեղծաւորներուն ունեցած խնդիրը ունէին, որոնց Յիսուս ըսաւ. «Անանուխին ու սամիթին եւ չամանին տասանորդը կը վճարէք ու կը ձգէք օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը. ասոնք պէտք է ընէիք եւ զանոնք չձգէիք»։ (Մատթէոս 23։23. Ղեւտացւոց 27։30) Յիսուսի խօսքերը մեզի չե՞ն օգներ գնահատելու թէ Եհովա իրապէս ի՛նչ կ’ուզէ մեզմէ։

21. Միքիա մարգարէն ի՞նչպէս ամփոփեց Եհովայի մեզմէ պահանջած ու չպահանջած բաները։

21 Յստակացնելու համար ինչ որ Եհովա մեզմէ կը պահանջէ եւ ինչ որ չի պահանջեր, Աստուծոյ Միքիա մարգարէն հարցուց. «‘Տէրոջը առջեւ ինչո՞վ երթամ ու Բարձրեալ Աստուծոյն առջեւ իյնամ. արդեօք անոր առջեւ ողջակէզներո՞վ, մէկ տարեկան հորթերո՞վ երթամ։ Արդեօք Տէրը հազարաւոր խոյերու կամ բիւրաւոր իւղի գետերու պիտի հաւնի՞. արդեօք իմ յանցանքիս համար իմ անդրանի՞կս ու հոգիիս մեղքին համար որովայնիս պտո՞ւղը տամ’։ Քեզի յայտնեց, ո՛վ մարդ, թէ ի՛նչ է աղէկը ու Տէրը քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, բայց միայն իրաւունք ընել, ողորմութիւն սիրել ու խոնարհութիւնով քու Աստուծոյդ հետ քալել»։—Միքիայ 6։6-8

22. Եհովա մասնաւորաբար ի՞նչ կ’ուզէր Օրէնքի ներքեւ եղողներէն։

22 Արդ, Եհովա մասնաւորաբար ի՞նչ կը պահանջէր Օրէնքին ներքեւ եղողներէն։ Անշուշտ, անոնք Եհովա Աստուած պէտք էր սիրէին։ Բացի այդ, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Բոլոր օրէնքը այս մէկ խօսքին մէջ կ’ամփոփուի. ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’»։ (Գաղատացիս 5։14) Նոյն կերպով, Պօղոս Հռովմի Քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ո՛վ որ ընկերը կը սիրէ՝ օրէնքը կը կատարէ. . . . օրէնքին լրումը սէրն է»։—Հռովմայեցիս 13։8-10

Անիկա Շատ Չէ

23, 24. (ա) Եհովա ի՛նչ որ ալ պահանջէ, ինչո՞ւ բնաւ շատ պէտք չէ նկատենք։ (բ) Յաջորդիւ ի՞նչ բան նկատի պիտի առնենք։

23 Եհովայի այսքան սիրալիր, խորհող, ողորմած Աստուած մը ըլլալը ձեզ չի՞ տպաւորեր։ Իր միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, երկիր եկաւ Աստուծոյ սէրը ուշագրաւ դարձնելու համար. թոյլ տալով որ մարդիկ գիտնան թէ իրենք որքա՜ն թանկագին են Եհովայի աչքին։ Աստուծոյ սէրը պատկերացնելու համար, Յիսուս համեստ ճնճղուկներու մասին ըսաւ. «Անոնցմէ մէկը գետինը չիյնար առանց ձեր Հօրը հրամանին [«գիտութեան», Անթիլիաս]»։ Ուստի ան եզրակացուց. «Ուրեմն մի՛ վախնաք, վասն զի շատ ճնճղուկներէ լաւ էք դուք»։ (Մատթէոս 10։29-31) Վստահաբար, այսպիսի սիրալիր Հայր մը ի՛նչ որ ալ պահանջէ մեզմէ, բնաւ շատ չէ։

24 Արդ, Եհովա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ ներկայիս։ Իսկ ոմանց ինչո՞ւ կը թուի թէ Աստուծոյ պահանջածը շա՛տ է։ Այս հարցումները քննելով, պիտի կարենանք տեսնել թէ ինչո՛ւ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն է ընել այն ինչ որ Եհովա կը պահանջէ մեզմէ։

Կրնա՞ք Պատասխանել

◻ Ինչո՞ւ ոմանք չեն ուզեր Եհովայի ծառայել։

◻ Տարիներու ընթացքին, Եհովայի պահանջները ի՞նչպէս տարբեր եղած են։

◻ Օրէնքը ի՞նչ նպատակներու ծառայեց։

◻ Եհովայի մեզմէ պահանջածը ինչո՞ւ շատ չէ։

[Նկար՝ էջ 18]

Մեծ խնամքով կատարուած մաքրական արարողութիւններու նման մարդակերտ կանոններ պաշտամունքը ճնշիչ դարձուցին

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել