«Խաղաղութեան ժամանակ»ը մօ՛տ է
«Ամէն բանի ատենը կայ . . . պատերազմի ժամանակ ու խաղաղութեան ժամանակ»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 3։1, 8
1. Քսաներորդ դարու ընթացքին պատերազմի ու խաղաղութեան նկատմամբ ի՞նչ ծիծաղելի կացութիւն մը գոյացած է։
ՄԱՐԴՈՑ մեծամասնութիւնը խաղաղութեան կարօտը կը քաշէ եւ իրաւունք ալ ունի։ Քսաներորդ դարը պատմութեան նախորդ դարերէն նուազ խաղաղութիւն ունեցած է։ Ասիկա ծիծաղելի կը թուի, քանի որ նախապէս խաղաղութիւնը ապահովելու համար բնաւ ա՛յսքան աշխատանք տարուած չէ։ 1920–ին Ազգերու Դաշնակցութիւնը կազմուեցաւ։ 1928–ին, աշխատասիրութիւն մը Գէլոկ–Պրիան Համաձայնագիրը կոչեց «Առաջին Աշխարհամարտէն ետք, խաղաղութիւնը պահելու ջանքերու շարքին ամենահսկայականը», որու սատար կանգնեցան «աշխարհի գրեթէ բոլոր ազգերը . . . համաձայնելով պատերազմէ հրաժարիլ, որպէս ազգային քաղաքականութեան միջոց»։ Ապա, 1945–ին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը հաստատուեցաւ, փոխարինելու համար վախճանած Ազգերու Դաշնակցութիւնը։
2. Միացեալ Ազգերուն դաւանեալ նպատակակէտը ի՞նչ է, եւ անիկա ո՞ր տարողութեամբ յաջողած է։
2 Ազգերու Դաշնակցութեան նման, Միացեալ Ազգերու դաւանեալ նպատակակէտն է աշխարհի խաղաղութիւնը ապահովել։ Բայց անիկա սահմանափակ յաջողութիւն արձանագրած է։ Այո, ճիշդ է որ աշխարհի մէջ որեւէ տեղ երկու աշխարհամարտերու տարողութեամբ պատերազմ չկայ։ Այսուհանդերձ, տասնեակ աւելի փոքր պատերազմներ տակաւին հարիւր հազարաւորներու մտքի խաղաղութիւնը, ստացուածքը եւ յաճախ կեանքն ալ կը խլեն։ Կրնա՞նք յուսալ որ Միացեալ Ազգերը կրնայ ԻԱ. դարը «խաղաղութեան ժամանակ»ի մը վերածել։
Իրական Խաղաղութեան Հիմը
3. Ինչո՞ւ ատելութեան կողքին իրական խաղաղութիւն չի կրնար գոյանալ։
3 Մարդոց եւ ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը զուտ հանդուրժողութենէն աւելին կը պահանջէ։ Ոեւէ մէկը կրնա՞յ խաղաղութեան մէջ ըլլալ իր ատած անհատին հետ։ Ո՛չ՝ ըստ Ա. Յովհաննու 3։15–ի. «Ամէն ով որ իր եղբայրը կ’ատէ՝ մարդասպան է»։ Ինչպէս արդի պատմութիւնը կ’ապացուցանէ, խոր արմատ կապած ատելութիւններ դիւրութեամբ բռնարարքներու կը վերածուին։
4. Միայն որո՞նք կրնան խաղաղութիւն ունենալ եւ ինչո՛ւ։
4 Քանի որ Եհովա ‘խաղաղութիւն պարգեւող Աստուած’ է, հետեւաբար խաղաղութիւն կրնան ունենալ միայն անոնք որոնք Աստուած կը սիրեն եւ իր արդար սկզբունքներուն հանդէպ խոր յարգանք ունին։ Ուստի, որոշ է որ Եհովա ամենուն խաղաղութիւն չի տար։ «‘Ամբարիշտները խաղաղութիւն պիտի չունենան’, կ’ըսէ իմ Տէր Աստուածս»։ Քանի որ ամբարիշտները չեն ուզեր առաջնորդուիլ Աստուծոյ սուրբ հոգիին կողմէ, որու պտուղներէն մէկը խաղաղութիւն է։—Հռովմայեցիս 15։33, Անթիլիաս. Եսայեայ 57։21. Գաղատացիս 5։22
5. Ի՞նչ բան ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն մտքէն իսկ չ’անցնիր։
5 Իրենց նմաններուն դէմ պատերազմ մղելը անկեղծ Քրիստոնեաներու մտքէն իսկ չ’անցնիր. ինչ որ այդպէս կոչուած Քրիստոնեաները յաճախ ըրած են՝ մանաւանդ Ի. դարուն։ (Յակոբու 4։1-4) Ճիշդ է որ անոնք Աստուած սխալ ներկայացնող ուսուցումներուն դէմ կը պատերազմին, բայց այս պատերազմին նպատակն է մարդոց օգնել, ոչ թէ՝ վնասել։ Կրօնական տարակարծութիւններու համար ուրիշները հալածելը, կամ ազգայնամոլ պատճառներով ֆիզիքապէս վնասելը, ճշմարիտ Քրիստոնէութեան ամբողջովին հակառակ եղող բան մըն է։ Պօղոս Հռովմի Քրիստոնեաներուն պատուիրեց. «Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք»։—Հռովմայեցիս 12։17-19. Բ. Տիմոթէոս 2։24, 25
6. Ներկայիս միայն ո՞ւր իրական խաղաղութիւն կարելի է գտնել։
6 Ներկայիս, Աստուծոյ կողմէ շնորհուած խաղաղութիւնը կարելի է գտնել միայն Եհովա Աստուծոյ ճշմարիտ երկրպագուներուն մէջ։ (Սաղմոս 119։165. Եսայեայ 48։18) Քաղաքական ո՛չ մէկ տարբերութիւն կը խանգարէ անոնց միութիւնը, քանի որ անոնք ո՛ւր որ գտնուին, քաղաքական գետնի վրայ չէզոք են։ (Յովհաննու 15։19. 17։14) Քանի որ անոնք «մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած» են, կրօնական ո՛չ մէկ անհամաձայնութիւն կը սպառնայ անոնց խաղաղութեան։ (Ա. Կորնթացիս 1։10) Ներկայիս Եհովայի Վկաներուն վայելած խաղաղութիւնը արդի հրաշք մըն է, հրաշք մը, որ Աստուած կատարած է իր խոստումին համաձայն. «Քու վերակացուներդ խաղաղութիւն պիտի սիրեն, քու իշխաններդ արդարութիւն պիտի ընեն»։—Եսայեայ 60։17. Եբրայեցիս 8։10
Ինչո՞ւ՝ «Պատերազմի Ժամանակ» մը
7, 8. (ա) Հակառակ իրենց խաղաղարար ըլլալուն, Եհովայի Վկաները ներկայ ժամանակը ի՞նչպէս կը նկատեն։ (բ) Քրիստոնէական պատերազմին գլխաւոր զէնքը ի՞նչ է։
7 Հակառակ անոր որ Եհովայի Վկաները խաղաղարար անհատներ են, սակայն ներկան կը նկատեն գլխաւորաբար «պատերազմի ժամանակ» մը։ Անշուշտ ոչ թէ բառացի պատերազմի ժամանակ մը, քանի որ Աստուածաշունչի պատգամը զէնքի ուժով ուրիշներուն պարտադրելը հակառակ է Աստուծոյ հրաւէրին, թէ «ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Պարտադիր հաւատափոխութիւն չի՛ կրնար ըլլալ։ Եհովայի Վկաներուն մղած պատերազմը բացարձակապէս հոգեւոր է։ Պօղոս գրեց. «Մեր զինուորութեան զէնքերը մարմնաւոր չեն, հապա Աստուծմէ զօրութիւն առած՝ ամրոցներ քակելու»։—Բ. Կորնթացիս 10։4. Ա. Տիմոթէոս 1։18
8 Մեր «զինուորութեան զէնքեր»ուն գլխաւորը «Հոգիին սուր»ն է, «որ Աստուծոյ խօսքն է»։ (Եփեսացիս 6։17) Այս սուրը զօրաւոր է։ «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ, որ կը թափանցէ մինչեւ շունչը ու ոգին եւ յօդուածները ու ծուծը։ Կը քննէ սրտին խորհուրդները ու մտածումները»։ (Եբրայեցիս 4։12) Այս սուրը գործածելով, Քրիստոնեաները կարողութիւնը կ’ունենան ‘խորհուրդներ եւ Աստուծոյ գիտութեանը դէմ բոլոր հպարտացած բարձր բաները քակելու’։ (Բ. Կորնթացիս 10։5) Անոր միջոցաւ անոնք կարող կ’ըլլան սուտ վարդապետութիւնները, վնասակար սովորութիւնները եւ, ոչ թէ աստուածային, այլ մարդկային իմաստութիւն արտացոլացնող փիլիսոփայութիւնները քօղազերծել։—Ա. Կորնթացիս 2։6-8. Եփեսացիս 6։11-13
9. Մեղաւոր մարմնի դէմ մեր մղած պատերազմը ինչո՞ւ պէտք է շարունակենք։
9 Մեղաւոր մարմնին դէմ մղուած պատերազմը, հոգեւոր պատերազմի ուրիշ կերպ մըն է։ Քրիստոնեաները Պօղոսի օրինակին կը հետեւին, որ ընդունեց. «Իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ»։ (Ա. Կորնթացիս 9։27) Կողոսայի Քրիստոնեաներուն խրատ տրուեցաւ որ իրենց «երկրաւոր անդամները [սպաննեն]. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը, չար ցանկութիւնը եւ ագահութիւնը, որ կռապաշտութիւն է»։ (Կողոսացիս 3։5) Իսկ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը՝ Յուդան, Քրիստոնեաներուն յորդոր տուաւ՝ «պայքար[եցէք] հաւատքին համար, որ ձեզի՝ Աստուծոյ ընտրեալներուդ աւանդուեցաւ միանգամընդմիշտ»։ (Յուդա 3, Անթիլիաս) Ինչո՞ւ պէտք է ընենք ասիկա։ Պօղոս կը պատասխանէ. «Եթէ մարմնաւորապէս ապրելու ըլլաք, պիտի մեռնիք. բայց եթէ Հոգիով մարմնին գործերը սպաննէք, պիտի ապրիք»։ (Հռովմայեցիս 8։13) Այս յստակ բացատրութեան ի տես, մեր գէշ հակումներուն դէմ պատերազմ մղելէ ետ պէտք չէ կենանք։
10. Ի՞նչ տեղի ունեցաւ 1914–ին, եւ ասիկա մօտ ապագային ի՞նչ բանի պիտի առաջնորդէ։
10 Ներկան պատերազմի ժամանակ նկատելու ուրիշ պատճառ մըն ալ այն է թէ «մեր Աստուծոյն վրէժխնդրութեան օրը» մօտ է։ (Եսայեայ 61։1, 2) 1914–ին, Եհովայի համար ժամանակը հասած էր որ Մեսիական Թագաւորութիւնը հաստատէ եւ թոյլ տայ որ անիկա ուղղակիօրէն պատերազմ մղէ Սատանայի դրութեան դէմ։ Այդ ժամանակ մարդոց համար վերջ գտաւ, առանց աստուածային միջամտութեան, մարդակերտ իշխանութեան ժամանակաշրջանը։ Փոխանակ Աստուծոյ Մեսիական Իշխանը ընդունելու, մարդոց մեծամասնութիւնը շարունակեց զինք մերժել, ինչպէս շատեր ըրին առաջին դարուն։ (Գործք 28։27) Հետեւաբար, Թագաւորութեան դէմ եղած հակառակութեան պատճառաւ, Քրիստոս ստիպուած եղաւ ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը տիրելու’։ (Սաղմոս 110։2) Բարեբախտաբար, Յայտնութիւն 6։2–ը (ՆԱ) կը խոստանայ որ ան ‘պիտի ամբողջացնէ իր յաղթանակը’։ Ասիկա պիտի ընէ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին . . . որ Եբրայեցերէն Արմագեդոն կը կոչուի»։—Յայտնութիւն 16։14, 16
«Խօսելու Ժամանակ»ը Հի՛մա Է
11. Ինչո՞ւ Եհովա չափազանց համբերած է, բայց ի՞նչ բան վերջապէս պիտի գայ։
11 Մարդկային պատմութեան դարձակէտը եղող 1914–էն 85 տարիներ անցած են։ Եհովա չափազանց համբերատար գտնուած է մարդոց հանդէպ։ Ան իր Վկաները իրապէս զգուշացուցած է կացութեան հրատապ ըլլալուն ի տես։ Միլիոնաւոր կեանքեր վտանգի տակ են։ Այս զանգուածները պէ՛տք է ազդարարուին, քանի որ «Տէրը . . . չ’ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա որ ամէնքը ապաշխարեն»։ (Բ. Պետրոս 3։9) Այսուհանդերձ, շուտով «Տէր Յիսուս երկնքէն [պիտի] յայտնուի իր զօրաւոր հրեշտակներովը»։ Ապա, անոնք որոնք գիտակցաբար մերժած են Աստուծոյ Թագաւորութեան պատգամը, իրենցմէ «վրէժ» պիտի առնուի, զոր Յիսուս պիտի բերէ անոնց վրայ, որոնք «Աստուած չեն ճանչնար եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին աւետարանին չեն հնազանդիր»։—Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9
12. (ա) Ինչո՞ւ որեւէ արժէք չունի ենթադրութիւն ընել թէ մեծ նեղութիւնը ե՛րբ կրնայ սկսիլ։ (բ) Այս առնչութեամբ Յիսուս ո՞ր վտանգին դէմ զգուշացուց։
12 Եհովայի համբերութիւնը վերջապէս ե՞րբ պիտի հատնի։ Ո՛չ մէկ արժէք ունի ենթադրել թէ «մեծ նեղութիւն»ը ե՛րբ կրնայ սկսիլ։ Յիսուս որոշ կերպով նշեց. «Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր»։ Իսկ միւս կողմէ, ան խրատեց. «Ուրեմն արթուն կեցէք, վասն զի չէք գիտեր թէ որ ժամուն ձեր Տէրը պիտի գայ։ . . . Դուք ալ պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։ (Մատթէոս 24։21, 36, 42, 44) Եթէ պարզացնենք, ասիկա կը նշանակէ թէ ամէն օր պէտք է մօտէն հետեւինք աշխարհի դէպքերուն եւ հաշուի առնենք մեծ նեղութեան պայթիլը։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։1-5) Որքա՜ն վտանգաւոր է խորհիլ թէ շտապելու պէտք չունինք, հիմա այդպէս կոչուած բնական կեանք մը վարենք եւ տեսնենք թէ խնդիրները ինչպէս պիտի զարգանան։ Յիսուս ըսաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասն զի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի»։ (Ղուկաս 21։34, 35) Բան մը կայ, որմէ կրնանք վստահ ըլլալ. ներկայիս Եհովայի «չորս հրեշտակներ»ուն կողմէ ետ պահուած կործանումի «չորս հովերը», յաւիտեան ետ պիտի չպահուին։—Յայտնութիւն 7։1-3
13. Մօտաւորապէս վեց միլիոն անհատներ ի՞նչ բանի գիտակցած են։
13 Հաշուետուութեան այս արագահաս օրուան ի տես, «խօսելու ժամանակ»ի մասին Սողոմոնի արտայայտութիւնը մասնաւոր իմաստ մը կը ստանայ։ (Ժողովողի 3։7) Գիտակցած ըլլալով որ հիմա խօսելու ժամանակ է, մօտաւորապէս վեց միլիոն Եհովայի Վկաներ եռանդուն կերպով կը խօսին Աստուծոյ Թագաւորութեան փառքին մասին եւ իր վրէժխնդրութեան օրուան մասին ազդարարութիւն կու տան։ Անոնք Քրիստոսի զօրութեան այս օրուան ընթացքին, յօժարակամօրէն իրենք զիրենք կը մատուցանեն։—Սաղմոս 110։3. 145։10-12
Անոնք Որոնք «‘Խաղաղութիւն Է’՝ կ’Ըսեն, Երբ Խաղաղութիւն Չկայ»
14. Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն ի՞նչ սուտ մարգարէներ գոյութիւն ունէին։
14 Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն, Աստուծոյ Երեմիա եւ Եզեկիէլ մարգարէները, Աստուծոյ անհնազանդ ըլլալով մոլորած Երուսաղէմի դէմ աստուածային դատաստանի պատգամները տուին։ Անոնց նախագուշակած կործանումը եկաւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, հակառակ անոր որ կրօնական կարկառուն եւ հեղինակաւոր առաջնորդներ Աստուծոյ պատգամաբերներուն հակասած էին։ Փաստուեցաւ որ անոնք ‘անզգամ մարգարէներ են, որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը մոլորեցնեն եւ Խաղաղութիւն է՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ’։—Եզեկիէլ 13։1-16. Երեմեայ 6։14, 15. 8։8-12
15. Ներկայիս ալ այսպիսի սուտ մարգարէներ կա՞ն։ Բացատրեցէք։
15 Այդ ժամանակուան «անզգամ մարգարէներ»ուն նման, ներկայիս ալ կրօնական առաջնորդներէն շատեր մարդիկը չեն ազդարարեր Աստուծոյ մօտալուտ դատաստանի օրուան ի տես։ Ընդհակառակը, անոնք քաղաքական խմբաւորումներուն միջոցաւ վերջապէս խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն իրագործուելուն նկատմամբ լաւատեսութիւն ցոյց կու տան։ Շատ աւելի հետաքրքրուած ըլլալով մարդիկը հաճեցնելով, քան՝ Աստուած, անոնք իրենց ծուխերուն կ’ըսեն ինչ որ անոնք կ’ուզեն լսել, փոխանակ անոնց բացատրելու որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուած է եւ թէ Մեսիական Թագաւորը շուտով իր յաղթանակը պիտի ամբողջացնէ։ (Դանիէլ 2։44. Բ. Տիմոթէոս 4։3, 4. Յայտնութիւն 6։2) Սուտ մարգարէներուն նման, անոնք ալ «‘խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ»։ Բայց անոնց համոզումը շուտով անակնկալ սարսափի պիտի վերածուի, երբ դիմագրաւեն Ան, որու սխալ ներկայացուցած եւ որու անուան վրայ նախատինք բերած են։ Աստուածաշունչին մէջ անբարոյ կնոջմով մը պատկերացուած սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան առաջնորդներուն ձայնը իրենց կոկորդին մէջ պիտի խեղդուի, մինչ խաղաղութեան համար իրենց մոլորեցնող աղաղակները կը բարձրացնեն։—Յայտնութիւն 18։7, 8
16. (ա) Եհովայի Վկաները ի՞նչ բանի արձանագրութիւն մը շինած են։ (բ) Անոնք ի՞նչպէս կը տարբերին անոնցմէ որոնք «‘խաղաղութիւն է’՝ կ’ըսեն, երբ խաղաղութիւն չկայ»։
16 Կարկառուն եւ հեղինակաւոր առաջնորդներուն մեծամասնութեան խաղաղութեան կեղծաւոր ու յարատեւ խոստումները, որեւէ կերպով չեն խախտեր իրական խաղաղութեան համար Աստուծոյ խոստումին հաւատք ընծայողներուն վստահութիւնը։ Աւելի քան դար մըն է որ Եհովայի Վկաները իրենք իրենց համար արձանագրութիւն մը շինած են, որպէս Աստուծոյ Խօսքին հաւատարիմ ջատագովներ, սուտ կրօնքի քաջարի հակառակորդներ եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան վճռակամ պաշտպաններ։ Փոխանակ մարդիկը օրօրելու խաղաղութեան մասին կեղծ լոզունգներով, անոնք տքնաջան կ’աշխատին որ զանոնք արթնցնեն, այն իրողութեան ի տես որ հիմա պատերազմի ժամանակ է։—Եսայեայ 56։10-12. Հռովմայեցիս 13։11, 12. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։6
Եհովա Լռութիւնը կը Խզէ
17. Եհովա երբ շուտով լռութիւնը խզէ, անիկա ի՞նչ պիտի նշանակէ։
17 Սողոմոն նաեւ ըսաւ. «Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը, վասն զի ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի»։ (Ժողովողի 3։17) Այո, Եհովա սուտ կրօնքին, եւ ‘իրեն ու իր Օծեալին դէմ իրենք զիրենք հաստատող երկրի թագաւորներուն’ վրայ իր դատաստանը բերելու համար ժամանակ մը որոշած է։ (Սաղմոս 2։1-6. Յայտնութիւն 16։13-16) Անգամ մը որ այդ ժամանակը հասնի, Եհովայի «լռելու» ժամանակը վերջացած պիտի ըլլայ։ (Սաղմոս 83։1. Եսայեայ 62։1. Երեմեայ 47։6, 7) Իր գահակալուած Մեսիական Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով պիտի ‘խօսի’ այն միակ լեզուով որ իր հակառակորդները երեւութապէս կը հասկնան. «Տէրը հզօրի պէս պիտի ելլէ, պատերազմող մարդու պէս իր նախանձը պիտի արթնցնէ. պիտի աղաղակէ ու բարձրաձայն պիտի գոչէ եւ իր թշնամիներուն պիտի յաղթէ։ Ես երկար ժամանակ լուռ կեցայ, ձայնս կտրեցի ու զիս զսպեցի. հիմա ծնանող կնոջ պէս պիտի պոռամ, պիտի աւերեմ ու մէկէն պիտի կլլեմ. լեռներն ու բլուրները անապատ պիտի ընեմ, անոնց բոլոր խոտը պիտի չորցնեմ, գետերը ցամաքի պիտի վերածեմ եւ լիճերը պիտի ցամքեցնեմ։ Կոյրերը իրենց չգիտցած ճամբուն մէջ պիտի պտըտցնեմ, զանոնք իրենց չգիտցած շաւիղներուն մէջ պիտի քալեցնեմ. անոնց առջեւ խաւարը՝ լոյս ու խորտուբորտ տեղերը հաւասար պիտի ընեմ. անոնց այս բաները պիտի ընեմ ու զանոնք երեսէ պիտի չձգեմ»։—Եսայեայ 42։13-16
18. Ի՞նչ առումով Աստուծոյ ժողովուրդը մօտ ատենէն ‘պիտի լռէ’։
18 Երբ Եհովա իր աստուածութիւնը պաշտպանելու համար ‘խօսի’, իր ժողովուրդը այլեւս պէտք պիտի չունենայ ինքնապաշտպանութեան համար խօսելու։ Այլեւս «լռելու» կարգը իրենցը պիտի ըլլայ։ Ինչպէս անցեալին Աստուծոյ ծառաներուն կիրարկուեցան, հետեւեալ խօսքերը պիտի կիրարկուին նաեւ իրենց. «Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք երեւցէք ու կեցէ՛ք, որպէս զի Տէրոջը ձեզի ըրած փրկութիւնը տեսնէք»։—Բ. Մնացորդաց 20։17
19. Շատ շուտով Քրիստոսի հոգեւոր եղբայրները ի՞նչ բանի առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։
19 Ի՜նչ ջախջախիչ պարտութիւն մը Սատանայի եւ իր կազմակերպութեան համար։ Քրիստոսի փառաւորուած եղբայրները պիտի մասնակցին արդարութեան համար տրուած ուշագրաւ յաղթանակին, ըստ հետեւեալ խոստումին. «Խաղաղութեան Աստուածը շուտով խորտակէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ»։ (Հռովմայեցիս 16։20) Երկար ժամանակէ սպասուած խաղաղութիւնը վերջապէս մօ՛տ է։
20. Շատ շուտով ի՞նչ բանի ժամանակը պիտի գայ։
20 Եհովայի զօրութեան այս հոյակապ յայտնաբերումէն վերապրողները երկրի վրայ ի՜նչ օրհնեալ կեանք մը պիտի վայելեն։ Անկէ շուտով ետք, անոնց պիտի միանան վաղեմի հաւատարիմ այրերն ու կիները, որոնց յարութեան ժամը հասած պիտի ըլլայ։ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը իրապէս «տնկելու ժամանակ . . . շինելու ժամանակ, . . . ծիծաղելու ժամանակ, . . . կաքաւելու ժամանակ, . . . գրկելու ժամանակ ու . . . սիրելու ժամանակ» մը պիտի ըլլայ։ Այո, եւ անիկա յաւիտենապէս «խաղաղութեան ժամանակ» մը պիտի ըլլայ։—Ժողովողի 3։1-8. Սաղմոս 29։11. 37։11. 72։7
Ի՞նչ Է Ձեր Պատասխանը
◻ Մնայուն խաղաղութեան հիմը ի՞նչ է։
◻ Եհովայի Վկաները ներկայ ժամանակը ինչո՞ւ «պատերազմի ժամանակ» կը նկատեն։
◻ Աստուծոյ ժողովուրդը ե՞րբ պէտք է ‘խօսի’ եւ ե՛րբ ‘լուռ կենայ’։
◻ Եհովա ի՞նչպէս եւ ե՛րբ իր լռութիւնը պիտի խզէ։
[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 13]
Եհովա ժամանակ մը որոշած է՝
◻ Գոգը Աստուծոյ ժողովուրդին դէմ հանելու համար։—Եզեկիէլ 38։3, 4, 10-12
◻ մարդկային կառավարութիւններուն սրտին մէջ դնելու համար որ Մեծն Բաբելոնը կործանեն։—Յայտնութիւն 17։15-17. 19։2
◻ Գառնուկին հարսանիքը կատարելու համար։—Յայտնութիւն 19։6, 7
◻ Արմագեդոնի պատերազմը սկսելու համար։—Յայտնութիւն 19։11-16, 19-21
◻ Սատանան կապելու համար, որպէսզի Յիսուսի Հազարամեայ Իշխանութիւնը սկսի։—Յայտնութիւն 20։1-3
Այս ցանկը տրուած է Սուրբ Գրքին մէջի շարքաւորման համաձայն։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ այս հինգ դէպքերը Եհովայի որոշած շարքաւորումով եւ ճիշդ իր որոշած ժամանակին տեղի պիտի ունենան։
[Նկարներ՝ էջ 15]
Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութիւնը իրապէս ժամանակ մը պիտի ըլլայ . . .
ծիծաղելու . . .
գրկելու . . .
սիրելու . . .
ցանելու . . .
կաքաւելու . . .
շինելու . . .