Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 6/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Իսկական խաղաղութիւն. ո՞ր աղբիւրէն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Իսկական խաղաղութիւն փնտռեցէք եւ անոր ետեւէն գացէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ծառայենք՝ որպէս աստուածային խաղաղութեան պատգամաբերներ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Համաշխարհային խաղաղութիւնը ինչո՞ւ այսքան դժուար է
    Աստուածաշնչական հարցումներու պատասխանները
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 6/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ինչո՞ւ համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելը դժուար եղած է։

[Նկար՝ էջ 16]

Միայն այն կառավարութիւնը, որ կրնայ մարդոց սրտերը փոխել, համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ

Աստուածաշունչը կը նշէ երկու պատճառ։ Նախ, թէեւ մարդիկ հոյակապ բաներ իրագործած են, բայց իրենց քայլերը ուղղելու կարողութեամբ չեն ստեղծուած։ Երկրորդ, մարդկային ծրագիրները ձախողած են, քանի որ «բոլոր աշխարհ չարին մէջ է», այսինքն՝ Բանսարկու Սատանային ազդեցութեան տակ է։ Հետեւաբար, մարդկային ջանքերը չեն կրցած համաշխարհային խաղաղութիւն բերել (կարդա՛ Երեմիա 10։23. Ա. Յովհաննէս 5։19)։

Շահասիրութիւնը եւ փառասիրութիւնը ե՛ւս համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատելը դժուարացուցած են։ Միայն համաշխարհային կառավարութիւն մը, որ կրնայ մարդոց սորվեցնել ճիշդը սիրել ե՛ւ իրարու հոգ տանիլ, համաշխարհային խաղաղութիւն պիտի բերէ (կարդա՛ Եսայի 32։17. 48։18, 22)։

Ո՞վ երկրի վրայ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ։

Ամենակալ Աստուած խոստացած է մէջտեղ բերել մէկ կառավարութիւն, որ ամբողջ մարդկութեան վրայ պիտի իշխէ։ Ատիկա պիտի փոխարինէ մարդկային կառավարութիւնները (Դանիէլ 2։44)։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, պիտի իշխէ որպէս խաղաղութեան Իշխան։ Ան չարիքը երկրագունդէն պիտի վերացնէ եւ խաղաղութեան ճամբան մարդոց պիտի սորվեցնէ (կարդա՛ Եսայի 9։6, 7. 11։4, 9)։

Յիսուսի առաջնորդութեան ներքեւ, արդէն աշխարհի տարածքին միլիոնաւորներ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, կը գործածեն մարդոց սորվեցնելու թէ ինչպէ՛ս ուրիշներու հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Մօտ օրէն, համաշխարհային խաղաղութիւնը իրողութիւն մը պիտի ըլլայ (կարդա՛ Եսայի 2։3, 4. 54։13)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել