Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 8/15 էջ 18-22
  • Իրարու հոգ տանինք եւ զիրար յորդորենք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Իրարու հոգ տանինք եւ զիրար յորդորենք
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «ԻՐԱՐՈՒ ՀՈԳ ՏԱՆԻՆՔ»
  • ‘ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄՂԵՆՔ’
  • ‘ՄԷԿԶՄԷԿ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ’
  • ԶԻՐԱՐ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԷՋ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
  • Որեւէ ժամանակէ աւելի իրար քաջալերենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Նախանձախնդրաբար մէկզմէկ քաջալերեցէք բարի գործերու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2015)
  • «Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Շարունակէ ցուցաբերել շինութիւն ընող սէրը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 8/15 էջ 18-22
[Նկար՝ էջ 18]

Իրարու հոգ տանինք եւ զիրար յորդորենք

«Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով» (ԵԲ. 10։24)։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

  • Ի՞նչ կը նշանակէ ‘իրարու հոգ տանիլ’։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք զիրար «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել»։

  • Ինչպէ՞ս կրնանք ‘զիրար յորդորել’։

1, 2. Ի՞նչ բան 230 Վկաներու օգնեց, որ Բ. Աշխարհամարտին վերջաւորութեան մահուան երթէն վերապրին։

ՄԻՆՉ Բ. Աշխարհամարտը իր վախճանին կը հասնէր եւ Հիթլերի բանակը պատերազմին մէջ կը պարտուէր, հրաման տրուեցաւ որ սպաննուին հազարաւոր բանտարկեալներ, որոնք տակաւին համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ էին։ Զագսընհաուզընի բանտարկեալները պիտի տարուէին նաւահանգիստներ, ուր նաւերու մէջ պիտի դրուէին եւ յետոյ ծովուն մէջ պիտի ընկղմէին։ Ասիկա մաս կը կազմէր ռազմավարութեան մը, որ յետագային ճանչցուեցաւ որպէս մահուան երթեր։

2 Զագսընհաուզըն համակեդրոնացման ճամբարին մէջ եղող 33,000 բանտարկեալներէ պահանջուեցաւ 250 քմ. քալել դէպի Լուպեք, Գերմանիոյ մէկ նաւահանգիստը։ Անոնց մէջ կային 6 երկիրներու պատկանող 230 Վկաներ, որոնց հրամայուեցաւ որ միասին արշաւեն։ Սովն ու հիւանդութիւնը բոլորը տկարացուցած էր։ Մեր բոլոր եղբայրները ինչպէ՞ս կրցան արշաւէն վերապրիլ։ Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Անդադար զիրար քաջալերեցինք, որ շարունակենք քալել»։ Աստուծմէ իրենց ստացած «անսահման զօրութիւնը» եւ իրարու հանդէպ սէրը օգնեցին որ վերապրին (Բ. Կոր. 4։7, Անթիլիաս)։

3. Ինչո՞ւ հարկ է որ զիրար քաջալերենք։

3 Ներկայիս, թէեւ մահուան երթի մը մէջ չենք, սակայն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուելէ ետք, Սատանան երկնքէն վռնտուեցաւ եւ երկրագունդի շրջակայքը արգելափակուեցաւ. ան «շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ» (Յայտ. 12։7-9, 12)։ Մինչ այս աշխարհը իր վախճանին կը մօտենայ, Սատանան կը ջանայ փորձութիւններով եւ ճնշումներով մեզ հոգեւորապէս տկարացնել։ Ասկէ զատ, ամէնօրեայ կեանքի ճնշումներուն ներքեւ ենք (Յոբ 14։1. Ժող. 2։23)։ Ատեններ, բոլոր այս դժուարութիւնները կրնան մեզ ա՛յնքան տկարացնել, որ ի՛նչ որ ալ ընենք, տակաւին վհատած կը զգանք։ Նկատի առ եղբօր մը պարագան, որ տասնամեակներ շարունակ բազմաթիւ եղբայրներու հոգեւորապէս օգնեց։ Իր տարեց տարիքին, ինք ու իր կինը հիւանդացան, եւ սկսաւ շա՛տ վհատիլ։ Այդ եղբօր նման, բոլորս պէտք ունինք Եհովայի տուած ‘անսահման զօրութեան’ եւ մեր փոխադարձ քաջալերութեան։

4. Եթէ կ’ուզենք ուրիշները քաջալերել, Պօղոսի ո՞ր յորդորը պէտք է լուրջի առնենք։

4 Եթէ կ’ուզենք քաջալերութեան աղբիւր ըլլալ ուրիշներուն, պէտք է լուրջի առնենք Պօղոսի յորդորը եբրայեցի քրիստոնեաներուն։ Ան ըսաւ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։ Այս իմաստալից խօսքերուն խրատը ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել։

«ԻՐԱՐՈՒ ՀՈԳ ՏԱՆԻՆՔ»

5. Ի՞նչ կը նշանակէ ‘իրարու հոգ տանիլ’, եւ ասիկա ի՞նչ ջանք կը պահանջէ։

5 ‘Իրարու հոգ տանիլ’ կը նշանակէ՝ «ուրիշներուն կարիքները հաշուի առնել, անոնց մասին մտածել»։ Եթէ Թագաւորութեան սրահին մէջ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն արագ բարեւ տանք կամ անկարեւոր նիւթերու մասին խօսինք, ցոյց կու տա՞նք որ անոնց կարիքները հաշուի կ’առնենք։ Ո՛չ։ Անշուշտ կ’ուզենք ‘մեր գործը գործել’ եւ ‘հետաքրքիր չըլլալ’ (Ա. Թես. 4։11. Ա. Տիմ. 5։13)։ Բայց եւ այնպէս, եթէ կ’ուզենք մեր եղբայրները քաջալերել, պէտք է իրապէս զիրենք ճանչնանք,– անոնց կեանքի պարագաները, յատկութիւնները, հոգեւորութիւնը եւ անձնաւորութեան զօրաւոր ու տկար կողմերը։ Հարկ է որ անոնք մեզ իրենց բարեկամները նկատեն եւ վստահ ըլլան որ զիրենք կը սիրենք։ Ասիկա կը պահանջէ որ իրենց ժամանակ տրամադրենք,– ոչ միայն երբ խնդիրներ դիմագրաւեն կամ վհատին, հապա ուրիշ ատեններ ալ (Հռով. 12։13)։

6. Ի՞նչ բան պիտի օգնէ երէցին որ եղբայրներուն ու քոյրերուն ‘հոգ տանի’։

6 Ժողովքի երէցներուն հետեւեալ յորդորը տրուած է. «Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք», կամաւ եւ յօժարութեամբ (Ա. Պետ. 5։1-3)։ Ժողովքը ազդուօրէն հովուելու համար, հարկ է որ անոնք իրենց հոգատարութեան տակ եղող ոչխարները լաւ ճանչնան (կարդա՛ Առակաց 27։23)։ Եթէ երէցները հաւատակիցներուն մատչելի ըլլան եւ անոնց հետ ժամանակ անցընեն, անոնք շատ հաւանաբար իրենց օգնութիւնը պիտի խնդրեն՝ երբ հարկ ըլլայ։ Եղբայրներուն ու քոյրերուն իսկական զգացումներն ու մտահոգութիւնները գիտնալով, երէցները կարող պիտի ըլլան անոնց ‘հոգ տանիլ’ եւ անհրաժեշտ օգնութիւնը հայթայթել։

7. Վհատ անհատներուն ‘անսանձ խօսակցութիւնը’ ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք։

7 Թեսաղոնիկէի ժողովքին ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս ըսաւ. «Տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք» (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14)։ «Վատասիրտները» կամ ընկճուածները, ինչպէս նաեւ վհատ անհատները, առումով մը տկար են, ըստ Առակաց 24։10–ին, որ կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է»։ Խորապէս վհատած անհատը թերեւս ‘անսանձ խօսակցութիւն’ ունենայ (Յոբ 6։2, 3, ՆԱ)։ Երբ այսպիսիներու ‘հոգ կը տանինք’, պէտք է ի մտի ունենանք թէ անոնք կրնան ըսել բաներ, որոնք ըսել չեն ուզեր։ Ռաշէլ, որուն մայրը խոր ընկճուածութենէ կը տառապէր, փորձառաբար կ’ըսէ. «Շատ անգամ մայրս վիրաւորական խօսքեր կ’ըսէր։ Այդ ատենները կը ջանայի յիշել թէ մայրս իսկապէս ինչպիսի՛ անձնաւորութիւն ունի,– սիրալիր, ազնիւ եւ առատաձեռն։ Գիտակցեցայ, թէ ընկճուածները կ’ըսեն բաներ, որոնք ըսել չեն ուզեր։ Ամէնէն գէշ բանն է՝ այսպիսի խօսքերու կամ արարքներու բացասականօրէն հակազդել»։ Առակաց 19։11–ը կը նշէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է»։

8. Մասնաւորաբար որո՞ւն հանդէպ մեր սէրը պէտք է ‘հաստատենք’ եւ ինչո՞ւ։

8 Ինչպէ՞ս կրնանք ‘հոգ տանիլ’ անոր, որ անցեալին գործած մեղքի մը պատճառաւ տակաւին կ’ամչնայ ու վհատած կը զգայ, թէեւ իր ընթացքը ճշդած է։ Կորնթոսի մէջ զղջացող յանցագործի մը մասին Պօղոս գրեց. «Աւելի ներել պէտք է անոր ու մխիթարել զայն, որ չըլլայ թէ այնպիսին չափազանց տրտմութենէն ընկղմի։ Ուստի կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք [«վաւերացնէք», ԱԾ]» (Բ. Կոր. 2։7, 8)։ Չենք կրնար պարզապէս ենթադրել, թէ անհատ մը իրեն հանդէպ մեր ունեցած սէրն ու մտահոգութիւնը կը զատորոշէ։ Հարկ է որ ան զայն տեսնէ մեր վերաբերմունքին եւ արարքներուն միջոցաւ։

‘ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄՂԵՆՔ’

9. Ի՞նչ կը նշանակէ՝ «սիրոյ եւ բարեգործութեան մղել»։

9 Պօղոս գրեց. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով»։ Եթէ կ’ուզենք կրակ մը վառած վիճակի մէջ ձգել, պէտք է ածուխը հովենք կամ արծարծենք (Բ. Տիմ. 1։6)։ Նմանապէս, կրնանք կարգ մը բաներ ընել, որպէսզի մեր եղբայրները մղենք որ շարունակեն Եհովայի նախանձախնդրօրէն ծառայել։ Այս ուղղութեամբ, յարմար գովասանքը կարեւոր է։

[Նկար՝ էջ 20]

Ուրիշներու հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցէ՛

10, 11. ա) Մեր մէջ որո՞նք գովասանքի պէտք ունին։ բ) Լուսաբանէ թէ գովասանքը ինչպէ՛ս ‘յանցանքով բռնուած’ անհատին կրնայ օգնել։

10 Բոլորս գովասանք լսելու պէտք ունինք, վհատած ըլլանք կամ ոչ։ Երէց մը գրեց. «Հայրս բնա՛ւ չէ ըսած թէ բան մը շիտակ կերպով ըրած եմ։ Ուստի մեծցայ առանց ինքնահամարում ունենալու։ . . .Այժմ 50 տարեկան ըլլալով հանդերձ, տակաւին զիս կը հանգստացնէ բարեկամներուս հաւաստիացումը, թէ որպէս երէց լաւ աշխատանք կը տանիմ։ . . .Անձնական փորձառութիւնս ինծի սորվեցուցած է, թէ որքա՜ն կարեւոր է ուրիշները քաջալերել»։ Անոր համար, այս երէցը միշտ պատեհութիւններ կը փնտռէ ուրիշները քաջալերելու։ Գովասանքը կրնայ բոլորը ոգեւորել,– ներառեալ՝ ռահվիրաները, տարեցները եւ վհատ անհատները (Հռով. 12։10)։

11 Երբ ‘հոգեւոր անհատները փորձեն ուղղութեան բերել որեւէ յանցանքով բռնուած’ կամ սխալ քայլ առած անձը, սիրալիր խրատն ու յարմար գովասանքը կրնան յանցագործը մղել, որ դարձեալ բարի գործեր գործէ (Գաղ. 6։1)։ Միրիէմի պարագան այսպէս էր։ Ան կը գրէ. «Ցնցիչ պարագայէ մը անցայ, երբ մտերիմ բարեկամներս ճշմարտութիւնը ձգեցին եւ միեւնոյն ժամանակ հայրս ուղեղի արիւնահոսութիւն ունեցաւ։ Շա՛տ ընկճուեցայ։ Եւ այդ վիճակէն դուրս ելլելու համար, սկսայ ոչ–Վկայի մը հետ ժամադրուիլ»։ Բայց ասիկա պատճառ դարձաւ որ զգայ թէ Եհովայի սիրոյն արժանի չէ, եւ մտածեց ճշմարտութիւնը ձգել։ Բայց երէց մը իրեն յիշեցուց բոլոր այն բաները, որոնք Եհովայի ծառայութեան մէջ ըրած էր եւ հաւաստիացուց թէ Եհովան տակաւի՛ն զինք կը սիրէ։ Առ ի արդիւնք, Միրիէմի սէրը Եհովայի հանդէպ ամրացաւ։ Ան իր ռոմանթիկ փոխյարաբերութեան վերջ դրաւ եւ շարունակեց Եհովային ծառայել։

[Նկար՝ էջ 20]

Սիրոյ եւ բարեգործութեան մղէ՛

12. Ի՞նչ կրնայ պատահիլ երբ մեր եղբայրները ուրիշներու հետ բաղդատենք, քննադատենք, կամ յանցաւոր զգալ տանք։

12 Մինչ մեր եղբայրները ‘կը մղենք’ որ Աստուծոյ նախանձախնդրօրէն ծառայեն, պէտք է ուշադիր ըլլանք։ Պէտք չէ զիրենք ուրիշներու հետ բաղդատենք, մեր դրած կանոններու հիման վրայ զիրենք քննադատենք, կամ իրենց մէջ յանցաւոր ըլլալու զգացումը արթնցնենք, քանի որ աւելին չեն ըներ։ Այս բաները թերեւս զիրենք մղեն որ կարճ ժամանակուան մը համար բարեփոխումներ ընեն, բայց արդիւնքը մնայուն պիտի չըլլայ։ Լաւագոյն կերպն է՝ զիրենք գովել ե՛ւ օգնել որ գիտակցին, թէ Աստուծոյ սէրն է որ մեզ կը մղէ ծառայութեան մէջ մեր լաւագոյնը տալու (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 2։1-4)։

‘ՄԷԿԶՄԷԿ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ’

13. Ուրիշները յորդորելը ի՞նչ կը պարփակէ (տե՛ս բացման պատկերը)։

13 Պէտք է զիրար ‘յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնենք’։ Ուրիշները յորդորելը կը պարփակէ՝ զիրենք մղել, որ շարունակեն յառաջդիմական կերպով Աստուծոյ ծառայել։ Ճիշդ ինչպէս որ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելը կարելի է նմանցնել մարելու վրայ եղող կրակ մը վառ պահելու ջանքերուն, ուրիշները յորդորելը կարելի է նմանցնել կրակին վրայ պենզին թափելուն։ Զիրար յորդորելը կը պահանջէ վհատ անհատները զօրացնել եւ մխիթարել, անոնց հետ ջերմութեամբ եւ ազնուօրէն խօսելով (Առ. 12։18)։ Ասկէ զատ, պէտք է ‘արագ ըլլանք լսելու մէջ եւ ծանր խօսելու մէջ’ (Յակ. 1։19)։ Եթէ կարեկցաբար լսենք, թերեւս կարենանք զատորոշել այն պարագաները, որոնք հաւատակիցը կը վհատեցնեն, եւ ըսել բան մը, որ իրեն կ’օգնէ կացութեան հետ գլուխ ելլելու։

[Նկար՝ էջ 21]

Օգտակար ընկերակցութիւն վայելէ՛

14. Վհատ եղբայր մը ինչպէ՞ս օգնութիւն ստացաւ։

14 Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կարեկից երէց մը կրցաւ օգնել եղբօր մը, որ տարիներէ ի վեր անգործունեայ էր։ Երբ երէցը եղբօր մտիկ կ’ընէր, նշմարեց թէ ան տակաւի՛ն Եհովայի հանդէպ խոր սէր ունէր։ Ան ժրաջանօրէն Դիտարան–ի իւրաքանչիւր թիւ կ’ուսումնասիրէր եւ կը ջանար ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիլ։ Բայց ժողովքի կարգ մը անդամներուն արարքները զինք յուսախաբ ըրած էին եւ ձեւով մը դառնացած էր։ Երէցը կարեկցաբար եղբօր մտիկ ըրաւ, ջանաց անոր զգացումները հասկնալ առանց զինք դատելու, եւ զինք հաւաստիացուց թէ սիրուած է։ Աստիճանաբար եղբայրը անդրադարձաւ, թէ թոյլ կու տար անցեալի վատ փորձառութիւններուն որ կասեցնեն իր սուրբ ծառայութիւնը։ Ապա ան յօժարեցաւ երէցին հետ ծառայութեան մասնակցելու։ Այսպէս, երէցին օգնութեամբ ան գործունեայ դարձաւ եւ ի վերջոյ դարձեալ երէց նշանակուեցաւ։

[Նկար՝ էջ 22]

Համբերութեամբ մտիկ ըրէ այն անհատին, որ քաջալերութեան պէտք ունի (Տե՛ս պարբերութիւն 14, 15)

15. Սրտաբեկները քաջալերելու նկատմամբ, Եհովայէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

15 Վհատ անհատը թերեւս շուտով հանգիստ չզգայ կամ անմիջապէս չընդառաջէ տրուած օգնութեան։ Հարկ է որ շարունակենք իրեն աջակցիլ։ Պօղոս ըսաւ. «Տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք» (Ա. Թես. 5։14)։ Փոխանակ շուտով յանձնուելու, շարունակե՛նք տկարներուն օգնել, այնքան ատեն որ անոնք պէտք ունին։ Անցեալին, Եհովան համբերութիւն ցուցաբերեց իր ծառաներուն հանդէպ, որոնք ատեններ վհատած կ’ըլլային։ Օրինակ, ան գթառատ գտնուեցաւ Եղիայի հանդէպ, անոր զգացումները նկատի առնելով, եւ հարկ եղածը հայթայթեց, որպէսզի մարգարէն իր ծառայութիւնը շարունակէ (Գ. Թագ. 19։1-18)։ Իսկ Դաւիթ քանի որ սրտանց զղջաց, Եհովան ազնուօրէն իրեն ներեց (Սաղ. 51։7, 17)։ Ան նաեւ օգնեց 73–րդ սաղմոսը յօրինողին, որ քիչ մնաց որ Իրեն ծառայելէ դադրէր (Սաղ. 73։13, 16, 17)։ Եհովան գթառատ եւ ազնիւ է, մանաւանդ երբ սրտաբեկ եւ վհատած ենք (Ել. 34։6)։ «Անոր գթութիւնը չի սպառիր» եւ ‘ամէն առտու կը վերանորոգուի’ (Ողբք 3։22, 23, ԱԾ)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ իր օրինակին հետեւինք եւ ընկճուածներուն հետ փափկանկատութեամբ վարուինք։

ԶԻՐԱՐ ՅՈՐԴՈՐԵՆՔ՝ ԿԵԱՆՔԻ ՏԱՆՈՂ ՃԱՄԲՈՒՆ ՄԷՋ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

16, 17. Մինչ այս աշխարհի վախճանը կը մօտենայ, ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել եւ ինչո՞ւ։

16 Զագսընհաուզընի համակեդրոնացման ճամբարէն ելլող 33,000 բանտարկեալներէն հազարաւորներ մեռան։ Բայց ճամբարէն ելլող 230 Վկաները բոլո՛րն ալ վերապրեցան։ Անոնք պիտի չկարենային ողջ մնալ առանց փոխադարձ քաջալերութեան եւ աջակցութեան։

17 Այժմ ‘կեանքի տանող ճամբուն մէջ’ ենք (Մատ. 7։14)։ Շուտով Եհովայի բոլոր երկրպագուները պիտի վերապրին ու մտնեն արդար նոր աշխարհը (Բ. Պետ. 3։13)։ Ուստի վճռե՛նք իրարու օգնել, որպէսզի բոլորս մնանք յաւիտենական կեանքի տանող ճամբուն մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել