Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 8/1 էջ 6
  • Աստուած կրնայ քեզ մխիթարել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուած կրնայ քեզ մխիթարել
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուած ինչպէ՞ս կը մխիթարէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Ո՞ւր կարելի է իսկական մխիթարութիւն գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • «Բոլոր սգաւորները մխիթարել»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուծոյ մեծագոյն նուէրը ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2017
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 8/1 էջ 6

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է

Աստուած կրնայ քեզ մխիթարել

«Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց» (Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7։6)։

Երիտասարդուհի մը իր Սուրբ Գիրքը կը կարդայ

«Աստուծոյ Որդին. . . զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 2։20)

ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Ոմանք, նոյնիսկ երբ մխիթարութեան մեծ կարիք կ’ունենան, կը խորհին թէ անձնասիրութիւն է Աստուծմէ խնդրել որ միջամտէ եւ օգնէ, իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Ռաքէլ անունով կին մը կ’ըսէ. «Երբ կը նայիմ երկրագունդին անհամար բնակչութեան, եւ կը մտածեմ անոնց դիմագրաւած լուրջ խնդիրներուն մասին, մտահոգութիւններս ինծի այնքան աննշան կը թուին, որ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելու կը վարանիմ»։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Աստուած արդէն իսկ հիանալի կերպով միջամտած է, մարդոց օգնելու եւ մխիթարելու համար։ Երկրագունդին վրայ ամէն մարդ ժառանգած է մեղքը,– Աստուծոյ պահանջներուն կատարելապէս գոհացում տալու մնայուն ձախողութիւն։ Սակայն, Աստուած «մեզ սիրեց ու իր Որդին [Յիսուս Քրիստոսը] ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու» (Ա. Յովհաննէս 4։10)։ Յիսուսի զոհաբերական մահուան միջոցաւ, Աստուած կարելի կը դարձնէ որ ունենանք՝ մեղքերու ներում, մաքուր խղճմտանք, եւ խաղաղ նոր աշխարհի մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսa։ Բայց արդեօք այդ զոհը պարզապէս որպէս ամբողջութիւն մարդկային ցեղի՞ն համար է, թէ ոչ անձնապէս քեզի՛ հանդէպ Աստուծոյ հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ։

Նկատի առ Պօղոս առաքեալը։ Ան Յիսուսի զոհաբերութենէն այնքա՛ն ազդուած էր, որ գրեց. «Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղատացիս 2։20)։ Ճիշդ է որ երբ Յիսուս մեռաւ, Պօղոս դեռ քրիստոնեայ մը չէր, սակայն ան Յիսուսի զոհը նկատեց որպէս Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած անձնական նուէր մը։

Քեզի ալ Աստուծոյ անձնական նուէրն է Յիսուսի զոհաբերական մահը։ Այս պարգեւը կը փաստէ թէ Աստուծոյ աչքին որքա՜ն թանկագին ես։ Անիկա կրնայ քեզի «յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս» շնորհել, ‘քեզ հաստատելով ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ’ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։15, 16)։

Յիսուս իր կեանքը զոհեց գրեթէ 2000 տարի առաջ։ Ուստի ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուած ներկայիս կ’ուզէ որ դուն իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենաս։

a Յիսուսի զոհին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել