Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 1/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Ստեղծիչը կրնայ իմաստ տալ ձեր կեանքին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1999
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 1/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ի՞նչը շատերը կը մղէ որ Ստեղծիչի մը գոյութեան հաւատան։

Մայր մը իր երեխան կը սիրէ

Կեանքը հրաշալի կերպով չէ՞ ստեղծուած

Շուրջ 3000 տարի առաջ, սաղմոսերգուն գրեց. «Ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ» (Սաղմոս 139։14)։ Երբ պահ մը մտածես թէ մանուկ մը ինչպէ՛ս բջիջէ մը կը կազմուի, երկիւղով չե՞ս լեցուիր։ Շատեր ապրող էակներուն ծրագրուած կերպը կը վերագրեն Ստեղծիչի մը (կարդա՛ Սաղմոս 139։13-17. Եբրայեցիս 3։4)։

Ան որ տիեզերքը ստեղծեց եւ երկիրը բնակելի դարձուց, կեանքն ալ ստեղծեց (Սաղմոս 36։9)։ Ան մարդկութեան հետ հաղորդակցած է եւ Իր մասին տեղեկացուցած է (կարդա՛ Եսայի 45։18)։

Մարդը անասունէ՞ն բարեշրջուած է։

Մեր մարմինը շատ մը բաներու մէջ կը նմանի անասուններու մարմնին։ Բայց պարագան այս է, քանի որ Ստեղծիչը ծրագրեց որ մարդիկն ու անասունները երկրի վրայ ապրին։ Ան առաջին մարդկային զոյգը ստեղծեց ոչ թէ անասունէ մը, հապա՝ հողէն (կարդա՛ Ծննդոց 1։24. 2։7)։

Մարդ արարածը կը տարբերի անասունէն՝ երկու կարեւոր կերպերով։ Առաջին, մարդիկ կարողութիւն ունին Ստեղծիչը ճանչնալու, սիրելու եւ յարգելու։ Երկրորդ, անասունները չստեղծուեցան յաւիտեան ապրելու, մինչդեռ մարդիկ այդ նպատակով ստեղծուեցան։ Բայց այժմ ամէն մարդ մահը կը ժառանգէ, քանի որ առաջին մարդը՝ Ադամ, Ստեղծիչին առաջնորդութիւնը մերժեց (կարդա՛ Ծննդոց 1։27. 2։15-17)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին առաջին գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել