Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 8/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ա. հարցում՝ կեանքս նպատակ մը ունի՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 8/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Ա՞յս է կեանքը։

Տարեց տղամարդ մը եւ մանկիկ մը իրենց աչքերը սեւեռած են նոյն ուղղութեամբ

Երբեմն քեզի կը թուի՞ թէ կեանքը շատ կարճ է

Երբեք հարց տուա՞ծ ես, թէ կեանքը խաղալէ, աշխատելէ, ամուսնանալէ, ընտանիք կազմելէ եւ տարիք առնելէ աւելին է (Յոբ 14։1, 2)։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ շատ խելացի մարդիկ այս հարցումը իրենք իրենց հարցուցած են (կարդա՛ Ժողովող 2։11)։

Կեանքը որոշ իմաստ ունի՞։ Նախ, պէտք է հարց տանք. կեանքը ինչպէ՞ս սկսաւ։ Մեր ուղեղին եւ մնացեալ մարմնին հոյակապ ծրագրումը նկատի առնելէ ետք, շատեր այն եզրակացութեան հասած են թէ ատոնց ետին իմաստուն Ստեղծիչ մը կայ (կարդա՛ Սաղմոս 139։14)։ Եթէ այդ է պարագան, ուրեմն ան պատճառով մը մեզ ստեղծած է։ Այդ պատճառը գիտնալը կրնայ մեր կեանքը աւելի իմաստալից դարձնել։

Մարդիկ ինչո՞ւ ստեղծուեցան։

Աստուած մարդկային առաջին զոյգը օրհնեց եւ անոնց հետաքրքրական նշանակում մը տուաւ։ Իր նպատակն էր որ մարդիկ երկիրը լեցնեն, զայն դրախտի վերածեն եւ յաւիտեան ապրին (կարդա՛ Ծննդոց 1։28, 31)։

Երբ մարդիկ իր իշխանութեան դէմ ըմբոստացան, Աստուած իր նպատակին կատարումը յետաձգեց։ Բայց Աստուած մարդիկը չմերժեց եւ անոնց ու երկրին նկատմամբ իր նպատակը չփոխեց։ Աստուածաշունչը մեզ կը վստահեցնէ, թէ Աստուած գործի լծուած է որ հաւատարիմ մարդիկ ազատէ եւ թէ երկրին նկատմամբ անոր նպատակը պիտի իրագործուի։ Ուստի ան կ’ուզէ որ կեանքը վայելես ճիշդ ինչպէս որ ինք սկիզբէն նպատակադրած էր (կարդա՛ Սաղմոս 37։29)։ Աստուածաշունչէն նկատի առ, թէ ինչպէս կրնաս անձա՛մբ Աստուծոյ նպատակէն օգտուիլ։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 3–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել