«Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ»
«Ան որ բնա՛ւ թերթ չի կարդար՝ անխելք է, իսկ ան որ իր կարդացածին կը հաւատայ պարզապէս քանի որ թերթին մէջ գրուած է՝ ա՛լ աւելի անխելք է» (Օկըսթ ֆոն Շլոցեր, գերմանացի պատմագէտ եւ հրապարակագիր [1735-1809])։
ԵԹԷ անձ մը աւելի քան 200 տարի առաջ չէր կրնար վստահիլ թերթին մէջ գրուած ամէն ինչի, պարագան նոյնն է ներկայիս համացանցին մէջ գրուածներուն մեծ մասին։ Անսահման տեղեկութիւններ կան առցանց, եւ արդի արհեստագիտութեան միջոցաւ զանոնք դիւրութեամբ կրնանք գտնել։ Բազմաթիւ տեղեկութիւններ՝ ճիշդ, օգտակար եւ անվնաս են, սակայն բազմաթիւ այլ տեղեկութիւններ՝ սխալ, անօգուտ եւ վտանգաւոր են։ Այս պատճառով, պէտք է զգուշութեամբ ընտրենք մեր կարդալիքը։ Մանաւանդ անոնք որոնք նոր սկսած են համացանցը գործածել, կը կարծեն որ պարզապէս քանի որ լուրը ե–նամակով ղրկողը բարեկա՛մ մըն է, ատիկա ճիշդ է, որքան ալ տարօրինակ կամ մեծցուած ըլլայ։ Աստուածաշունչը տեղին ըլլալով կ’ըսէ. «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ, բայց խելացին իր քայլերը կը քննէ» (Առ. 14։15)։
«Խելացի» անհատը ուշադիր կ’ըլլայ եւ կը հաւատայ միա՛յն ճիշդ եղող բաներուն։ Ան չի խաբուիր ու չի հաւատար սխալ տեղեկութիւններու, որքա՛ն ալ հանրածանօթ ըլլան։ Ինչպէ՞ս կրնանք «խելացի» ըլլալ։ Նախ՝ դուն քեզի հարցուր. «Տեղեկութիւնը պաշտօնական եւ վստահելի կայքէջէ՞ մըն է, թէ ոչ համացանցային օրագիրէ մը (blog) կամ անծանօթ աղբիւրէ մը։ Վստահելի կայքէջ մը արդէն իսկ ցուցուցա՞ծ է թէ ատիկա սխալ է»a։ Ուրեմն «հանճար» ունեցիր (Առ. 1։4)։ Եթէ լուր մը անհաւատալի կը թուի, ուրեմն իրապէս ալ անհաւատալի է։ Նաեւ, երբ ուրիշներու մասին ժխտական լուրեր կարդաս, մտածէ թէ ո՛վ պիտի օգտուի եթէ լուրը տարածուի, եւ թէ լուրը հանողը ի՛նչ յետին նպատակներ ունի զայն տարածելուն մէջ։
ՄԻՇՏ ՍՏԻՊՈՒԱԾ ԿԸ ԶԳԱ՞Ս ԹԷ ՊԷՏՔ Է ՂՐԿԵՍ
Ոմանք իրենց ստացած լուրը կը ղրկեն իրենց գիտցած բոլոր անձերուն, առանց ստուգելու որ ատիկա ճիշդ է կամ ոչ, կամ ալ առանց հետեւանքները հաշուի առնելու (Բ. Թագ. 13։28-33)։ Սակայն եթէ «խելացի» ենք, պիտի մտածենք ատոր պատճառելիք վնասին մասին։ Օրինակ՝ ատիկա կրնայ անձի մը կամ կազմակերպութեան մը անունը աւրել։
Թերեւս լուրը ղրկողը չստուգէ թէ ատիկա ճիշդ է կամ ոչ, քանի որ ասիկա ընելը ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ։ Ան ստացողներուն վրայ կը ձգէ ստուգելը։ Բայց անո՛նց ժամանակն ալ արժէքաւոր է (Եփ. 5։15, 16)։ Փոխանակ մտածելու՝ «Թէեւ կասկած ունիս, ղրկէ», աւելի լաւ կ’ըլլայ մտածել՝ «Եթէ կասկած ունիս, ջնջէ»։
Դուն քեզի հարցուր. «Միշտ ստիպուած կը զգա՞մ թէ ստացած ե–նամակներս պէտք է ուրիշներուն ղրկեմ։ Եղա՞ծ են ատեններ երբ պէտք եղած է որ ներողութիւն խնդրեմ մարդոցմէ, որոնց ղրկած եմ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք սխալ կամ նոյնիսկ սուտ ելած են։ Երբեք մէկը ինձմէ խնդրա՞ծ է որ իմ ստացած ե–նամակներս անգամ մըն ալ իրեն չղրկեմ»։ Մի՛ մոռնար որ այն բարեկամներդ որոնք ե–նամակ ունին, նո՛յնպէս կրնան համացանցը գործածել եւ առանց քու օգնութեանդ հետաքրքրական բաներ գտնել։ Պէտք չկայ խնդալիք պատմութիւններ, վիտէոներ կամ նկարներ տեղացնելու իրենց վրայ։ Նաեւ, իմաստութիւն չէ ձայնագրուած կամ գրի առնուած աստուածաշնչական դասախօսութիւններ ղրկել ուրիշներունb։ Եւ յիշէ որ եթէ անձ մը անձնապէս ուսումնասիրութիւն ընէ, համարները բանայ կամ ժողովներուն տալիք իր պատասխանները պատրաստէ, աւելի պիտի օգտուի քան՝ եթէ իրեն ղրկես ասոնք։
Հետաքրքրաշարժ ե–նամակ մը պէ՞տք է ուրիշին ղրկեմ
Լաւ, ի՞նչ պէտք է ընես երբ համացանցին մէջ Եհովայի կազմակերպութեան մասին սուտ լուրերու հանդիպիս։ Անմիջապէս այդ սուտերը մերժէ։ Ոմանք կը կարծեն թէ պէտք է զանոնք ուրիշներուն ուշադրութեան յանձնեն, որպէսզի անոնց կարծիքը առնեն։ Բայց ասիկա վնասակար տեղեկութիւն տարածելէ զատ բան մը պիտի չընէ։ Եթէ համացանցին մէջ տեսնես բան մը եւ մտահոգուիս, Եհովայէն իմաստութիւն խնդրէ եւ հասուն եղբայրներու հետ խօսէ ատոր մասին (Յակ. 1։5, 6. Յուդա 22, 23)։ Պէտք չէ զարմանանք որ մարդիկ մեր մասին սուտ բաներ կը խօսին։ Մարդիկ Յիսուսին մասին սուտ բաներ խօսեցան, եւ ան իր հետեւորդները զգուշացուց թէ թշնամիները զիրենք պիտի հալածէին եւ ‘սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր պիտի խօսէին իրենց վրայ’ (Մատ. 5։11. 11։19. Յովհ. 10։19-21)։ Հարկ է որ «խոհեմութիւն» ու «հանճար» ունենանք, որպէսզի զատորոշենք «նենգութիւններ խօսող մարդ»ը եւ զանոնք՝ որոնց «ընթացքը խոտորնակ է» (Առ. 2։10-16)։
ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՅԱՐԳԷ
Նաեւ պէտք է ուշադիր ըլլանք երբ պիտի ղրկենք հոգեւոր լուրեր կամ փորձառութիւններ, որոնք մեր ականջին կը հասնին։ Նոյնիսկ եթէ լսածնիս ճիշդ է, պայման չէ որ նշանակէ, թէ պէտք է տարածուի։ Երբեմն, ուրիշներուն տեղեկութիւններ տարածելը ճիշդ չ’ըլլար, ոչ ալ՝ սիրալիր, նոյնիսկ եթէ ճշգրիտ ըլլան (Մատ. 7։12)։ Օրինակ՝ բամբասանքը տարածելը ո՛չ սիրալիր է ոչ ալ շինիչ (Բ. Թես. 3։11. Ա. Տիմ. 5։13)։ Կարգ մը տեղեկութիւններ կրնան անձնական ըլլալ, եւ պէտք է յարգենք ուրիշներուն իրաւունքը որ իրենց ուզած ժամանակին եւ կերպով զանոնք յայտնեն։ Այսպիսի տեղեկութիւններ կանխաւ յայտնելը կրնայ շատ վնաս հասցնել։
Ներկայիս լուրերը շատ արագ կրնան տարածուիլ, ըլլան ճիշդ թէ սխալ, օգտակար թէ անօգուտ, անվնաս թէ վտանգաւոր։ Ան որ ե–նամակ կամ կարճ հաղորդագրութիւն կը ղրկէ նոյնիսկ մէկ անձի, պէտք է գիտակցի որ ուզէ–չուզէ՝ ատիկա կրնայ կայծակի արագութեամբ աշխարհի չորս կողմը հասնիլ։ Ուստի տեղեկութիւնները անմիջապէս չղրկենք ամէն մարդու որ գիտենք։ Թէեւ սէրը «ամէն բանի կը հաւատայ» եւ կասկածամիտ չէ, սակայն պէտք չէ միամիտ ըլլանք եւ ամէն հետաքրքրաշարժ եւ նոր պատմութեան հաւատանք։ Ամէնէն աւելի, սէրը Եհովայի կազմակերպութեան մասին եղած չարամիտ ակնարկութիւններու չի հաւատար, ոչ ալ կը հաւատայ եղբայրներու մասին տարածուած սուտերու։ Յիշէ թէ անոնք որոնք այս սուտերը կը տարածեն, ‘ստութեան հայրը’՝ Բանսարկու Սատանան կը հաճեցնեն (Յովհ. 8։44. Ա. Կոր. 13։7)։ Խոհեմութիւնը եւ հանճարը մեզի պիտի օգնեն որ «խորագէտ» ըլլանք եւ գիտնանք ինչպէ՛ս պատասխանատուութեամբ վարուիլ հետզհետէ աւելցող տեղեկութիւններուն հետ։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Միամիտները յիմարութիւն կը ժառանգեն, իսկ խորագէտները գիտութեամբ կը պսակուին» (Առ. 14։18, ԱԾ)։
a Գիտակցէ՛ որ թերեւս լուր մը ատեն–ատեն դարձեալ ջուրին երեսը ելլէ, հակառակ որ անցեալին մէջտեղ ելած էր որ սխալ է։ Ատիկա կրնայ քիչ մը փոխուած ըլլալ, որպէսզի իրականի պէս երեւի։
b Տե՛ս ապրիլ 2010–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ «Հարցումի տուփ»ը։