Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • ժտ20 Սեպտեմբեր էջ 3
  • Զգոյշ եղիր որ սխալ տեղեկութիւններ չփոխանցես

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Զգոյշ եղիր որ սխալ տեղեկութիւններ չփոխանցես
  • Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • «Միամիտ մարդը ամէն խօսքի կը հաւատայ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Շարունակեցէք ձեր սորվածը գործադրել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2002
  • Բոլոր իրողութիւնները գիտե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ինթըրնէթի Գործածութեան Վտանգներուն Նկատմամբ Արթուն Եղէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
Տես աւելին
Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2020)
ժտ20 Սեպտեմբեր էջ 3

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Զգոյշ եղիր որ սխալ տեղեկութիւններ չփոխանցես

Կին մը կը ցնցուի երբ հեռաձայնին վրայ բան մը կը տեսնէ մինչ գնում կ’ընէ։

Ներկայիս, տեղեկութիւնները շատ արագ կրնան փոխանցուիլ, ըլլա՛յ տպուած կերպով, ռատիոյով, հեռատեսիլով կամ համացանցով։ Անոնք որոնք ‘ճշմարտութեան Աստուածը’ կը պաշտեն, չեն ուզեր սխալ տեղեկութիւններ փոխանցել, նոյնիսկ եթէ ատիկա դիտմամբ չըլլայ (Սաղ. 31։5. Ել. 23։1)։ Ուրիշներուն փոխանցուած սխալ տեղեկութիւնները կրնան մեծ վնաս հասցնել։ Որպէսզի գիտնաս թէ տեղեկութիւն մը ճի՛շդ է կամ ոչ, դուն քեզի հարցուր.

  • ‘Տեղեկութեան աղբիւրը վստահելի՞ է’։ Կրնայ ըլլալ որ պատմութիւնը պատմողը լման մանրամասնութիւնները չի գիտեր։ Երբ պատմութիւնները բերնէ–բերան կ’անցնին, ի վերջոյ կը փոխուին։ Մանաւանդ ժողովքին մէջ պատասխանատուութիւններ ունեցողները պէտք է զգոյշ ըլլան, որ չփաստուած տեղեկութիւններ չփոխանցեն, քանի որ անոնք տեղեկութիւններու վստահելի աղբիւր կը սեպուին։

  • ‘Տեղեկութիւնը զրպարտութի՞ւն է’։ Եթէ ատիկա մէկու մը կամ որոշ խումբի մը անունը կ’աւրէ, աւելի լաւ է որ զայն ուրիշներու չփոխանցենք (Առ. 18։8. Փլպ. 4։8)։

  • ‘Տեղեկութիւնը տրամաբանակա՞ն է’։ Զգոյշ եղիր երբ խենթանալիք պատմութիւններ կամ փորձառութիւններ կը լսես։

ԴԻՏԷ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՄ ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻՆ ՎԵՐՋ ԴՆԵԼ ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.

  • Տղայ մը կլոր տախտակի մը վրայ կապուած է, մինչ դանակները կը հարուածեն տախտակը։

    Ըստ Առակաց 12։18–ին, խօսքերը ի՞նչ վնաս կրնան հասցնել։

  • Խումբ մը մարդիկ քով–քովի հաւաքուելով կը բամբասեն։

    Փիլիպպեցիս 2։4–ը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի, որ գիտնանք ի՛նչ պէտք է խօսինք եւ ի՛նչ պէտք չէ խօսինք։

  • Անհատ մը բամբասող մէկու մը կռնակ կը դարձնէ։

    Ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ մարդիկ սկսին ծաղր ընել ուրիշները կամ ժխտական բաներ խօսիլ անոնց մասին։

  • Անհատ մը կը բամբասէ, մինչ ուրիշ մէկը լրագրողի մը պէս հագուած նոթեր կ’առնէ։

    Ի՞նչ հարցումներ պէտք է հարցնենք մենք մեզի, առաջ որ սկսինք ուրիշներու մասին խօսելու։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել